Ամբաստանեալն Ու Ապաստանը

24 սեկտեմբեր 2015

Պոսթընի «Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագրականին մէջ կը կարդանք.

ՀՀ անկախութեան 24-ամեակի սեմին անցուդարձերը հետաքրքրական եզրակացութիւններու եւ վերլուծումներու դուռ կը բանան:

Բնականաբար ամենէն աւելի արտառոց դէպքը, այլախոհ հայորդի՝ «Ներազգային Ազատագրական Շարժում»ի ղեկավար Վարդան Մարտիրոսեանի Հայաստանէն փախուստն էր…դէպի սեւ ոսկիի եւ ձկնկիթի երկիր՝ Ատրպէյճան:

Մելան հոսեցնելը այս եղելութեան մասին եւ որեւէ պաշտպանողական մօտեցում՝ այս որոշումին մասին, կրնայ դուռ բանալ սուր բանավէճի: Ի վերջոյ դաւաճանութիւն մը արդարացնելը կամ կարելի եղածին չափ «քիչ յանցաւոր» նկատելը, նոյնքան դաւաճանութիւն է, որքան նոյնինքն դաւաճանն ու իր արարքը՝ ամբաստանեալն ու ապաստանը:

Այսուամենայնիւ, հոս տեղին է վերյիշեցումներ եւ մէջբերումներ կատարել:

Վարդան Մարտիրոսեան ամոլին եւ իրենց զաւակին փախուստի օրերուն, մղոններ հեռու, Եւրոխորհրդարանը կը քննարկէր Ատրպէյճանի մէջ տիրող կացութիւնը, ուր անարդարութիւնն ու զեղծարարութիւնը տեղւոյն հոսող քարիւղէն աւելի պարարտութեամբ կը գերազանցէ մնացեալ նախկին Խորհրդային երկիրները, որոնց կարգին նաեւ Հայաստանը:

Եւրոխորհրդարանը յստակօրէն կը նշէր թէ Ատրպէյճանէն ներս մարդկային իրաւունքները կը խախտուէին եւ բռնի կերպով ճնշումի տակ ենթարկուած, հալածուած, եւ ձերբակալուած ընդդիմադիր քաղաքագէտներու, իրաւապաշտպաններու ու լրագրողներու թիւը հետզհետէ կը բարձրանայ:

Աւելի՛ն, Եւրոմիութիւնը բազմիցս Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ ուղղած է չեղեալ յայտարարել ԵԱՀԿ-ի Պաքուի գրասենեակը փակելու որոշումը եւ շարունակ յայտարարած է, թէ պէտք է շարունակուի այդ կազմակերպութեան հետ համագործակցութիւնը:

Այս իրադարձութիւններու լոյսին տակ, Եւրոմիութեան երկիրներու արտաքին գործոց ծառայութեան ներկայացուցիչները պիտի հրաժարին Ատրպէյճանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, դիտորդներ ուղարկելու մտադրութենէն, նկատի ունենալով որ ներկայ պայմաններուն տակ, դիտորդներ ուղարկելը անիմաստ է եւ կը ծառայէ ընտրութիւններու օրինականացման, որոնք կրնան հաստատել եւ վաւերացնել լուրջ եւ ապօրինի խախտումներ:

Ուրեմն, Վահան Մարտիրոսեանը, նմանօրինակ կաշկանդուածներու եւ շահագործուածներու երկրի մը նոր քաղաքացին է: Այդ երկիրը, որուն մէկ զինուորականը ռազմադաշտերէն շատ հեռու, Պուտափեշթի մէջ, գրեթէ տաս տարի առաջ կազմակերպուած ՆԱԹՕ-ի մէկ ժողովին նենգաբար սպաննած էր հայ զինուորականը: …Եւ այդ ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովին կարելի նոյնքան նենգամտութեամբ ազատ արձակել բանտէն եւ նոյնիսկ պատուել ու պաշտօնի բարձրացում շնորհել:

…Ե՛ւ Վարդան Մարտիրոսեան տեղեակ է իր երկրի քաղաքացի եւ զինուորական Գուրգէն Մարգարեանի կացինահարումէն: Հաւանաբար ինքն ալ իբրեւ հերոս ընդունուած է Պաքուի մէջ, դառնալով պետութեան հաշւոյն, քարոզչական մեքենայի ամսական ստացողներու ցանկի անդամներէն մէկը:

Թէ՛ մարտիրոսութիւնէ եւ թէ՛ «Քաջն Վարդան»ութենէ շատ աւելի հեռու «սխրանք» մըն է Վարդան Մարտիրոսեանին կատարած արարքը: Հաւանաբար, Եւրոպա գաղթելու ամենէն աւելի դիւրամատչելի ձեւն է, որ ան մտայղացումը ունեցած է:

Հալածախտէ տառապող եւ բազմիցս յատուկ բուժման ենթարկուած, այս «Ներազգային Ազատագրական Շարժում»ին հերոսը չենթագիտակցիր, թէ անձրեւէն խոյս տալով…սաստիկ կարկուտի եւ ձիւնի հանդիպած է

http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail