Թուրքի Մը Գողցած Հայկական Աւետարանը Կիպրոս Վերադարձուած Է

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայկական ձեռագիր Աւետարանը, որ գողցուած էր Թուրքիոյ կողմէ հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւումէն ետք, այժմ Կիպրոս վերադարձուած է:

Ըստ «Ֆամակուսթա» թերթին՝ ընդհանուր առմամբ 173 մասունք վերադարձուած է Կիպրոս:
Անոնք վերադարձուած են, երբ Գերմանիոյ վերաքննիչ դատարանը վերջնական որոշում կայացուցած է Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Կիպրոսի շրջաններէն թուրք մաքսանենգներու գողցած գանձերուն մասին:

Գանձերը, որոնց մէջ կային եկեղեցիներու որմանկարներու կտորներ, սրբապատկերներ, հայկական ձեռագիր Աւետարանը եւ նախապատմական հնութիւններ, յայտնաբերուած էին 1997ին, Միւնիխ ապրող թուրք մաքսանենգի մը բնակարանին մէջ:

http://www.azadkhosk.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail