Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Պատգամը` Ուղղուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Յանձնաժողովին

29 սեպտեմբեր 2015

Նորին վսեմութիւն Սերժ Սարգսեան
Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան
Նորին Վսեմութիւն Բակօ Սահակեան
Նախագահ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան
Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց
Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէր,
Վերապատուելի եւ սիրելի ներկաներ,

Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք ձեզ: Տարի մը առաջ ճշդուած ժամանակացոյցին համաձայն, այս օրերուն կը գտնուինք Զուիցերիա, գնահատանքի ու երախտագիտութեան Մեր խօսքը ուղղելու զուիցերիացի ժողովուրդին` գլխաւոր չորս քաղաքներուն մէջ իրենց կողմէ կազմակերպուած հաւաքներու ընթացքին: Ինչպէս գիտէք, զուիցերիացի ժողովուրդը Հայոց ցեղասպանութենէն ետք առանցքային դեր կատարեց անորոշութեան ու տառապանքի ճիրաններուն մէջ տուայտող մեր ժողովուրդի զաւակներուն` յատկապէս որբահաւաքի ու ընկերային ծառայութեան մարզերուն մէջ, Արեւմտեան Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն սկսեալ մինչեւ արաբական երկիրներ:

Բնականաբար, ներկայ հանդիպման ընթացքին իրապաշտ ոգիով ու համապարփակ մօտեցումով ընդհանուր արժեւորումը պիտի կատարէք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունեցած ձեռնարկներուն ու կատարուած աշխատանքներուն: Այս առիթով, կ’ուզէինք ձեզի հետ ամփոփ կերպով բաժնել քանի մը մտածումներ.

ա) Անկասկած որ 2015 թուականը մեր հայրենիքի ու ժողովուրդի կեանքին մէջ իր իւրայատուկ տեղը պիտի գրաւէ ո՛չ միայն Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համազգային նշումով, այլ նաեւ այդ ծիրին մէջ կատարուած կարեւոր իրագործումներով: Նախ եւ առաջ մեր ազգային միասնականութեան ամրապնդումը կը նկատենք մեր ժողովուրդի ամէնէն հիմնական իրագործումներէն մէկը: Հայրենիքին ու մեր ազգային պահանջատիրութեան շուրջ մեր ժողովուրդի համախմբումը նոր էջ մը բացաւ մեր կեանքին մէջ: Անհրաժեշտ է նոր հունաւորում ու որակ տալ մեր միասնականութեան` զայն դարձնելով համահայկական մտածելակերպ ու գործելակերպ զարգացնող եւ ձեւաւորող նպատակասլաց ու մնայուն ընթացք: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրի յայտարարութիւնը այլապէս պերճախօս վկայութիւն մըն էր մեր հաւաքական հաւատքին, կամքին ու յանձնառութեան: Տակաւին չենք ուզեր յիշել Երեւանի, Ուաշինկթընի, Ս. Էջմիածնի, Անթիլիասի եւ այլ տեղեր տեղի ունեցած ձեռնարկները եւ յատկապէս` օտարներուն ցուցաբերած զօրակցութիւնը մեր արդար դատին նկատմամբ: Այս շրջագիծին մէջ կ’արժէ յատկապէս յիշել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով սրբազան քահանայապետին` Ֆրանչիսքոս պապին կատարած յայտարարութիւնը, որ վստահաբար մեծապէս պիտի նպաստէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին:

բ) Այս բոլորէն յետոյ ի՞նչ. այլ խօսքով` 2015-էն յետոյ ի՞նչ պէտք է ընել: «Բնականաբար մեր աշխատանքները պիտի շարունակենք» ըսելը երկդիմի եւ անորոշ մօտեցում պիտի ըլլայ: Այո՛, մեր հաւաքական աշխատանքը պիտի շարունակենք, պէ՛տք է շարունակենք. բայց ինչպէ՞ս: Ա՛յս է մեր դիմաց կանգնող մարտահրաւէրը: Անցնող ամիսներուն ընթացքին զանազան առիթներով այս ուղղութեամբ Մեր անձնական պատկերացումը պարզած ենք ու կարեւորութեամբ շեշտած, որ մեր ազգային պահանջատիրութիւնը նոր գործելաձեւ ու շեշտաւորում պէտք է ունենայ` նկատի ունենալով աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ պայմանները: Առանց թերագնահատելու ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղուած մեր աշխատանքները, յատկապէս լոպիինկի եւ քաղաքական ու դիւանագիտական յարաբերութիւններու ճամբով, Մեր կարծիքով յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի Հայ դատի իրաւական տարածքին: Այլ խօսքով, մեր աշխատանքին կիզակէտը իրաւական բնագաւառը պէտք է դառնայ: Միջազգային օրէնքի ու միջպետական համաձայնագիրներու եւ աշխարհաքաղաքական տուեալներու լոյսին տակ անհրաժեշտ է լրջօրէն ուսումնասիրել մեր դատի քաղաքական-իրաւական երեսներն ու հետեւանքները:

Այս յոյժ կարեւոր աշխատանքը պէտք է կատարուի հետեւեալ հանգրուաններով.

1) Միջազգային ու թրքական օրէնքներու մասնագէտներէ բաղկացած իրաւագէտներու յատուկ յանձնախումբի մը նշանակում:

2) Վաւերաթուղթերու, ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներու եւ Սեւրի ու մանաւանդ Լոզանի առնչուած փաստաթուղթերու մէկտեղում ու ցանկագրում:

3) Հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներու ձեռքբերումի իբրեւ առաջին գործնական քայլ իրաւական գործընթացներու դիմում թրքական եւ միջազգային ատեաններու մօտ:

Այս աշխատանքներուն մէջ բնականաբար Հայաստանի պետութիւնը առաջնորդողի դերը պէտք է ստանձնէ, անշուշտ միշտ նկատի ունենալով Հայաստանի ու Ղարաբաղի անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ առաւելագոյն չափով Հայաստանը հեռու պահելով նման քայլի մը վտանգաւոր հետեւանքներէն: Հետեւաբար, այս երկարաշունչ աշխատանքի ծիրին մէջ Հայաստանի ու սփիւռքի միջեւ դերերու յստակեցումն ու ներդաշնակումը կը նկատենք խիստ կենսական:

Արդ, Մեր կարծիքով, եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ նշանակուած ներկայացուցչական ու սեղմ մարմին մը, իր կողքին ունենալով միջազգային օրէնքի մասնագէտներէ բաղկացած յանձնախումբ մը, անմիջապէս չլծուի հայ ժողովուրդի իրաւունքները վերականգնելու ձգտող աշխատանքի, 100-ամեակով առաւել հզօրացած մեր պահանջատիրական պայքարը պիտի կորսնցնէ իր ուժականութիւնն ու այժմէականութիւնը: Հետեւաբար, հաւաքական պատասխանատուութիւն մը ունինք մեր սրբացած նահատակներու կտակին նկատմամբ ու պատմութեան դիմաց:

Սա պահուն, չենք կրնար յատուկ կարեւորութեամբ չանդրադառնալ Սուրիոյ հայութեան: Մեր խոր գնահատանքը կ’ուզենք յայտնել Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, հայրենի իշխանութեան, մեր բոլոր կառոյցներուն, բարերարներուն եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք անցնող տարիներուն իրենց կարելին կատարեցին օգտակար հանդիսանալու Սուրիոյ հայութեան: Սուրիոյ հայ գաղութը սկսած է կամաց-կամաց հիւծիլ: Սակայն, գաղութը պահելու Սուրիոյ հայութեան հաւատքն ու կամքը երբեք տկարութիւն ու նահանջ չէ ճանչցած` հակառակ շարունակուող դժնդակ պայմաններուն: Սուրիոյ գաղութին անվտանգութեան պահպանումը եւ ազգային-եկեղեցական կեանքի վերականգնումը հրամայական ու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է եւ համահայկական հիմնախնդիր` նկատի ունենալով գաղութին դերակատարութեան կարեւորութիւնը յատկապէս արաբական աշխարհին մէջ: Հետեւաբար, Մեր առաջարկը պիտի ըլլայ, որ պատկառելի այս ժողովը, Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան գծով արտայայտութիւն մը ունենայ: Համահայկական նման կեցուածք մը ո՛չ միայն Սուրիոյ մեր ժողովուրդի զաւակները պիտի գօտեպնդէ, այլ նաեւ իրենց մօտաւոր թէ հեռաւոր շրջապատին պատգամ մը պիտի փոխանցէ, թէ Սուրիոյ հայ գաղութը առանձին չէ, այլ` պաշտպան մը ունի Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ:

Մեր խօսքի աւարտին, կ’ուզենք անգամ մը եւս Մեր սիրոյ ու բարեմաղթութեան խօսքը ուղղել Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին` վերահաստատելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Հայաստանի ու Ղարաբաղի հզօրացման նպաստող բոլոր աշխատանքներուն:

Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ հզօր ու անվտանգ պահէ մեր սիրելի հայրենիքը` Իր երկնային հովանիին ներքեւ:

Հայրապետական ջերմ սիրով ու օրհնութեամբ,

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

26 Սեպտեմբեր, 2015

http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail