ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ. Ինչպէ՞ս Մերժուեցաւ Հայաստանի Հոգատարութիւնը

– Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ. Ինչպէ՞ս Մերժուեցաւ Հայաստանի Հոգատարութիւնը

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ. Ինչպէ՞ս Մերժուեցաւ Հայաստանի Հոգատարութիւնը` «Յառաջ» Օրաթերթի 17 Յուլիս 1920-ի Լրատուութիւնը

30 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ա. Աշխարհամարտէն ետք յաղթական ուժերը իրարու միջեւ բաժնեցին պարտուած Օսմանեան կայսրութեան տարածքները: Թուրքիոյ եւ Հայաստանի պարագային, Ազգերու լիկայի Գերագոյն խորհուրդը փափաք յայտնեց, որ Ամերիկան ստանձնէ անոնց հովանաւորութիւնը եւ ճշդէ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանը:

Ընդառաջելով այս փափաքին` Ամերիկայի նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն քաղաքական եւ զինուորական երկու առաքելութիւններ Փոքր Ասիա եւ Հայաստան գործուղելէ ետք, 24 մայիս 1920-ին դիմեց ծերակոյտին` վաւերացնելու համար Միացեալ Նահանգներու կողմէ յանձն առնելու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը (mandate)` իբրեւ ընդառաջում Սան Ռեմոյի վեհաժողովի (19-26 Ապրիլ 1920) խնդրանքին: Նախագահը միեւնոյն ժամանակ յայտնեց, որ ինք համաձայն գտնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու ընդարձակման` ներառելով Թուրքիոյ Վան, Պիթլիս, Տրապիզոն եւ Էրզրում նահանգները (Սեւրի դաշնագիրի սահմանները) (1):

Ստորեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հրատարակուող ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Յառաջ»-ի 17 յուլիս 1920 թիւին «Ինչպէս մերժուեց Հայաստանի հոգատարութիւնը» լրատուութիւնը` արեւմտահայերէնի վերածուած:

««Թայմզ»-ի Ուաշինկթընի թղթակիցը յունիս 2 թուակիր հետեւեալ հեռագիրը յղած է իր թերթին. «Երէկ ծերակոյտը 62 ձայնով, ընդդէմ 12-ի, մերժեց նախագահին առաջարկը` Հայաստանի հոգատարութիւնը ընդունելու մասին: Նախապէս արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը տեղեկագիր մը ներկայացուցած էր, որուն մէջ քաղաքավար կերպով կը մերժէր նախագահը լիազօրել` ընդունելու Հայաստանի հոգատարութիւնը: Այս վճիռին դէմ քուէարկած էին քանի մը ռամկավար (դեմոկրատ` նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի կուսակցութենէն, ՅՉ) անդամներ այն առարկութեամբ, որ յանձնախումբը գործած էր առանց հարցը բաւարար կերպով ուսումնասիրելու:

«Յառաջ»-ի 17 Յուլիսի լուրը

Ծերակուտական (Կիլպըրթ, 1859-1934, Նեպրասքա, դեմոկրատներու խօսնակ, Յ.Չ.) Հիչքոք աշխատեցաւ այս վճիռը վերստին յանձնել յանձնախումբին, մինչեւ որ Ամերիկան կարողանար Գերմանիոյ հետ հաշտութիւն կնքել, սակայն չյաջողեցաւ, եւ ան այլ առաջարկ մը ներկայացուց, որով նախագահին իրաւունք պիտի տրուէր ուսումնասիրելու Հայաստանի վերականգնումին հարցը եւ առնուազն 50 միլիոն (տոլար) փոխառութիւն տալու նորակազմ հանրապետութեան. 34-ի դէմ 41 ձայնով այս առաջարկն ալ մերժուեցաւ:

«Այդ ժամանակ «Ազգերու դաշնակցութեան» անհաշտ հակառակորդներէն` ծերակուտական Պրանճետին (Ֆրենք Պրանտեկի 1864-1924, Քոնեքթիքըթ, հանրապետական) պահանջեց ծերակոյտէն` տալու իր աներկդիմի մտածումը Հայաստանի հոգատարութեան մասին, պահանջելով, որ նախագահին յանձնարարութիւնը ընդունուի:

«Այս հանգամանքը շփոթեցուց դեմոկրատները, որոնց առիթ չտրուեցաւ խնդիրը առաջ մղելու, եւ անոնցմէ միայն 12-ը կողմնակից մնացին նախագահին: Հայաստանի վերաբերեալ քաղաքականութեան մէջ Ուիլսընի դէմ քուէարկողներուն մէջ էր պ. Անտըրվուտը (Օսքար, 1862-1929, Ալապամա, ՅՉ), որ դեմոկրատներուն պարագլուխն է: Հայաստանի հոգատարութեան դէմ մէջբերուած պատճառաբանութիւնները քաղուած են զօրավար Հարպորտի տեղեկագիրէն (3), (4), (5), որ թէեւ հոգատարութեան ի նպաստ կողմեր ունի, սակայն միաժամանակ ցոյց կու տայ այն հսկայ սպառումը (ծախսը` 5 տարուան վրայ շուրջ 750 միլիոն տոլար, ընդգրկելով ամբողջ Թուրքիան եւ Հայաստանը, ՅՉ), որ կը յառաջանայ հոգատարութիւնը ստանձնելէն ետք»:

Սակայն քոնկրեսականները ուշադրութիւն չեն դարձուցած զօրավար Հարպորտի ա՛յն եզրակացութեան` մարգարէութեան, ուր կ՛ըսէ. «Նախընտրելի է միլիոններ ծախսել հոգատարութեան, քան թէ միլիառներ` ապագայ պատերազմներուն»: Ցայսօր Ամերիկան հազարաւո՛ր միլիառներ ծախսեց Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, եւ ըստ նախագահ Թրամփի` 7 թրիլիոն (6), այսինքն` 7 հազար միլիառ, եւ տակաւին պիտի շարունակէ ծախսել`«Հարպորտ առաքելութեան» տեղեկագիրը լրջօրէն չուսումնասիրելուն եւ հոգատարութիւնը չընդունելուն պատճառով:

12 օգոստոս 2018

———————

(1) http://www.aztagdaily.com/archives/315557

(2) «Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, Բ. տարի, թիւ 150, 17 Յուլիս 1920, էջ 4:

(3) http://www.aztagdaily.com/archives/400768

(4) http://www.aztagdaily.com/archives/359818

(5) http://www.aztagdaily.com/archives/359654

(6) https://www.news18.com/news/world/donald-trump-says-7-trillion-wasted-in-middle-east-wars-us-will-pull-out-of-syria-very-soon-1703487.html

 

aztagdaily.com/archives/406672

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail