Հիւսիսային Օսեթիոյ «Ուրուականի Վերածուող» Գաղութը – ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

14 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Հիւսիսային Օսեթիոյ հայութեան պատմութիւնը կը սկսի ԺԸ. դարուն: Վաւերական փաստաթուղթերը կը վկայեն, որ առաջին հայերը բնակութիւն հաստատեցին Մոզտոքի մէջ, 1763 թուականին: Ծերակոյտի հրահանգով անոնք  առանձնաշնորհումներ ստացան` առանց մաքսատուրքերու լեռնականներուն հետ առեւտուրի իրաւունք, գիւղատնտեսական աշխատանքներու համար սեփական հող ունենալու արտօնութիւն` առանց որեւէ սահմանափակումներու եւ տուրքերէ ազատ մնալու իրաւունքով: Հայութեան մեծամասնութիւնը Մոզտոք փոխադրուեցաւ դրացի շրջաններէն` Քապարտինօ Պալքարէն, Աստրախանէն, Ղզլարէն: Քաղաքին մէջ գոյութիւն ունէր հայկական թաղամաս, ուր գրեթէ ինն հարիւր բնակիչներէն եօթը հարիւրը հայեր էին: 1863 թուականին Մոզտոքի մէջ կը բնակէր 8760 մարդ, որոնցմէ 3000 հայ բնակչութիւն էր: Հայերը ոչ միայն բնիկ մոզտոքցիներ կը համարուին, այլ նաեւ` քաղաքը առաջին կառուցողները: 1763 թուականին, հազիւ քաղաքին հիմը դրուեցաւ, մէկ տարի ետք արդէն հոն կ՛ապրէին տասնեակ մը հայ ընտանիքներ, որոնց շարքին` Պետրոսեաններ եւ Վարդանեաններ ընտանիքները: Հոն, ուր հայերը կը հաստատուէին, անմիջապէս եկեղեցիներ կը կառուցուէին, արհեստներ կը զարգանային, առեւտուրը կ՛աշխուժանար: Մոզտոքի հայութեան զաւակներէն շատերը դարձան հանրածանօթ գիտնականներ, մշակոյթի գործիչներ եւ յաջող գործարարներ: 1992 թուականին, ազգային գիտակցութիւնը ամրապնդելու նպատակով, Մոզտոքի մէջ սկսան հիմնուիլ ազգային մշակութային միութիւններ: Անոնցմէ առաջինը եղաւ «Արարատ» մշակութային միութիւնը, որուն հիմնական նպատակները դարձան ազգային մշակոյթի պահպանումը, հայերէնի ուսուցումը, ինչպէս նաեւ` բարեգործական գործունէութիւնը: 2013 թուականին Հիւսիսային Օսեթիոյ խորհրդարանին մէջ Մոզտոքէն ընտրուեցաւ ազգութեամբ հայ երեսփոխան մը: Հիւսիսային Օսեթիոյ հայութեան մեծամասնութիւնը, սակայն, կեդրոնացած է Վլատիկավկազ քաղաքին մէջ, որ հանրապետութեան մայրաքաղաքն է: Առաջին հայերը` թիւով իննսուն վեց հոգի, որոնց մեծամասնութիւնը վաճառականներ եւ արհեստաւորներ էին, Վլատիկավկազ հասան ԺԹ. դարու առաջին կէսին, երբ ռուս-թրքական պատերազմէն ետք (1828-1829) Արեւելեան Հայաստանը կցուեցաւ Ռուսական կայսրութեան: 1839 թուականին քաղաքի մէջ հաստատուած հայերը առաքելական եկեղեցի կառուցելու փափաք յայտնած են իշխանութիւններուն: 1843 թուականին կատարուեցաւ փայտաշէն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ օծման կարգը: Յայտնի է, որ Վլատիկավկազի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին Հիւսիսային Կովկասի հնագոյն եկեղեցին է: Հետզհետէ հայ բնակչութեան թիւը աճ կ՛արձանագրէր, եւ պզտիկ եկեղեցին այլեւս սկսաւ նեղ գալ հաւատացեալներուն համար, մանաւանդ` տօնական օրերուն: 1897 յունիս ամսուն սկսաւ քարաշէն եկեղեցւոյ կառուցումը: Էջմիածինէն հրաւիրուած էին շինարարներ, իսկ նիւթական միջոցներ յատկացուեցան Աստրախանի Թեմական ժողովին կողմէ` Մատթէոս Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հրահանգով, ինչպէս նաեւ հանգանակութիւնը կատարուեցաւ տեղացի հայ հաւատացեալներուն մէջ: Ծախսերուն բաժին մը իր վրայ վերցուց Միքայէլ Լորիս Մելիքով, որ այն օրերուն Թերսքի մարզի մարզպետի պաշտօնը կը վարէր մարդ, որ իր փայլուն հետքը ձգած է քաղաքի պատմութեան մէջ: 18 օգոստոս 1902-ին կատարուեցաւ նորակառոյց եկեղեցուոյ օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այն օրէն սկսեալ եկեղեցին ոչ միայն աղօթքի տուն դարձած է, այլ նաեւ` Վլատիկավկազի հայութեան համախմբման միակ վայրը: Այսօր անոր շրջափակին մէջ քանի մը խաչքարեր զետեղուած են. Հայոց ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն սուրբ նահատակներուն նուիրուած, հայ ազգի քրիստոնէութեան ընդունման 1700-րդ ամեակին առիթով, ինչպէս նաեւ` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 170-րդ տարեդարձին նուիրուած: ԺԹ. դարու վերջաւորութեան Վլատիկավկազի հայ բնակչութիւնը կը կազմէր հազար եօթը հարիւր հոգի: Ցեղասպանութեան ժամանակ Արեւմտեան Հայաստանէն հազարաւոր գաղթականներ եկան եւ հաստատուեցան քաղաքին մէջ: 1915-էն ետք Մոզտոք եւ Վլատիկավկազ դարձեալ ջարդերէն ճողոպրած մեծ թիւով հայեր ընդունեցին (որոնց մէջ մեծ մեծ մեծ հայրս էր` Յակոբ Մուրատեանը իր ընտանիքով), մօտաւորապէս` վեց հազար վեց հարիւր հոգի: Այդ օրերուն Վլատիկավկազի մէջ այլեւս քիչ թէ շատ կազմակերպուած հայ համայնք կար` իր եկեղեցիով եւ բարեգործական միութեամբ, որ զգալի կերպով օգնեց գաղթականներուն` նիւթական եւ բարոյական դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ տեղւոյն կեանքին համարկուելու: Հայերը, որոնք Ի.-րդ դարու սկիզբը Հիւսիսային Օսեթիա հաստատուեցան, արտօնուած էր իրենց բնակած տեղերուն վրայ մնայուն կերպով մնալ եւ մաս կազմել քաղքենի դասակարգին: Պարտադիր պայման էր ռուսական քաղաքացիութեան ընդունումը, հայերը պարտէին զինուորական ծառայութիւնը կատարել միւս ազգաբնակչութիւններուն համահաւասար պայմաններով: 1920 նոյեմբերին հայ համայնքը գրեթէ տասը հազար կը հաշուէր: Հարկ է նշել, որ Վլատիկավկազի մէջ ծնած են հանրածանօթ դէմքեր, որոնց համբաւը տարածուեցաւ Հիւսիսային Օսեթիոյ սահմաններէն դուրս` Ռուսիոյ ամբողջ տարածքին եւ նոյնիսկ արտասահման: Միւնիխի ճեմարանի շրջանաւարտ Արտեմ Կացեանը` առաջին օդաչուն, որ 1915-ին Օսեթիոյ երկինք թռչող սարքը` երկթեւ օդանաւը բարձրացուց, Ռուսիոյ առաջին արհեստավարժ օդաչուներէն մէկն էր: Դպրոց յաճախած տարիներուն ուսուցիչները միշտ խրատեցին Կացեանը, որ գեղարուեստական կրթութեան հետեւի, սակայն ինքը «երկինքը ընտրեց»: Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ օդային կռիւներուն ընթացքին ցուցաբերած քաջութեան համար երկու Գէորգեան խաչերով պարգեւատրուեցաւ: Կացեանի դասընկեր Եւկենի Վախթանգով, յայտնի բեմավար, պատանի տարիքէն սկսաւ յատուկ սէր եւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել թատրոնի հանդէպ: Մոսկուայի մէջ թատերական դպրոց աւարտելէ ետք, Վախթանգովը շուտով հռչակաւոր բեմավար դարձաւ եւ իր ներդրումը ունեցաւ Ռուսիոյ թատերական արուեստի զարգացման մէջ: Մինչեւ 1917 թուական հայեցի կրթութիւն կարելի էր ստանալ հայ եկեղեցուոյ հովանիին տակ գործող պզտիկ վարժարանի մը մէջ: Պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ետք, նոր տնտեսական քաղաքականութեան (ՆՏՔ) տարիներուն Վլատիկավկազի հայութիւնը իրաւունք ստացաւ քաղաքի թիւ 20 դպրոցին մէջ հայկական դասարան մը բանալ, ուր ուսուցումը գրեթէ ամբողջովին հայերէնով կը տրուէր: Ի դէպ, մեծ մեծ մայրս` Վառվառէ այս դպրոցի հայկական դասարանի շրջանաւարտներէն էր: Այս տարի Լիբանան այցելութեանս ընթացքին, հին եւ նոր ընկերներուս հետ զրուցելով, բաւական հետաքրքրական եւ հիացմունք պատճառող գիտելիքներ քաղած եմ իմ ապրած քաղաքիս մասին: Այդպէս իմացայ, որ Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն Վլատիկավկազի մէջ ՀՅԴ-ի «Նալպանտ» Կեդրոնական կոմիտէն հաստատուած էր, որ աւելի ուշ վերանուանուեցաւ «Ժլատ» անունով: Նաեւ գիտցայ, որ 1930-ական թուականներուն քաղաքիս Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը Խանասորի արշաւանքին մասնակիցներէն էր, որուն յուշերը առանձին գրքոյկով մը լոյս տեսած են: Ստալինի բռնապետութեան տարիներուն, 1930-ական եւ 1940-ական թուականներուն, երբ Ռուսիոյ ամբողջ տարածքին եկեղեցիները անգութ կերպով կը քանդուէին կամ կը գոցուէին, իսկ կրօնը եւ հոգեւորականները մնայուն հալածանքի տակ էին, Վլատիկավկազի Սուրբ Գրիգոր եկեղեցին միակ եկեղեցին էր քաղաքի մէջ, որ շնորհիւ իր հօտին քաջ եւ սպառնալիքները արհամարհած կեցուածքին` շարունակեց իր առաքելութիւնը տանիլ եւ դռները բաց պահել ոչ միայն հայ հաւատացեալներուն, այլ նաեւ միւս ազգերու եւ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներուն առջեւ, որոնք կու գային կիրակնօրեայ պատարագին մասնակցելու: Այս է մեր գաղութին անցեալը: Ի՞նչ ունինք այսօր: 1980-90-ական թուականներուն Հայաստանէն եւ Արցախէն Հիւսիսային Օսեթիա տեղափոխուեցան մօտաւորապէս ութ հազար հայեր, որմէ ետք գաղութի այսօրուան թուային պատկերը, անպաշտօն տուեալներով, քսան երեքէն քսան հինգ հազար դարձաւ: Խորհրդային Միութեան տարիներուն շրջանի հայութեան զաւակները հրաշալի կարելիութիւն ունէին նուիրատուութեանց միջոցով բացուած դպրոցի մը մէջ հայեցի կրթութեամբ կազմաւորուելու, սակայն տարիներու ընթացքին աշակերտութեան թիւը սկսաւ նուազիլ, պետութիւնը այլեւս մտադիր էր գոցելու վարժարանը, եւ երբ դպրոցին տնօրէնը իր զաւակները հայկական դպրոց դնելու տեղ ռուսական դպրոցը ղրկեց, իբրեւ պատրուակ օգտագործելով անոր այդ անխոհեմ քայլը` վերջնականապէս փակեց դպրոցը եւ շէնքը ներքին գործոց նախարարութեան յանձնեց: Այսօր շրջանին մէջ հայկական դպրոց չունինք, սակայն եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կիրակնօրեայ դասարան մը կը գործէ, ուր ամէն շաբաթ եւ կիրակի օրերը Հայաստանէն եկած ուսուցչուհին դասեր կու տայ: Ուսումնական ծրագիրը կը կազմէ երեք տարի, որոնց ընթացքին մանուկները եւ պատանիները կը սորվին հայոց գիրերը, ուղղագրութիւն, գրել-կարդալ, ինչպէս նաեւ` քիչ մը խօսիլ: Սակայն հարկ է նշել, որ դասարան յաճախողներուն թիւը քիչ է, բացառիկ տարիներուն տասէ աւելի կ՛ըլլայ: Աւելորդ պիտի չըլլայ խոստովանիլ, որ Օսեթիա ծնած ու մեծցած անձերը ընհանրապէս եւ երիտասարդները մասնաւորապէս մականունով հայ են միայն, ո՛չ հայերէնը գիտեն, ո՛չ ալ ազգային գիտակցութիւն, շատ յաճախ տեղացի ժողովուրդին աւանդութիւններուն, սովորութիւններուն, ինչպէս նաեւ որոշ պարագաներուն ալ լեզուին հանդէպ աւելի մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն, քան թէ` սեփական մշակոյթին: Շատերուն համար Մեսրոպ Մաշտոց եւ Վարդան Մամիկոնեան իսկ «անծանօթ դէմքեր» են: Թերեւս բնական է այս երեւոյթը: Հայեցի դաստիարակութիւն ստանալու հնարաւորութենէն զրկուած, կուսակցական կամ միութենական կեանք գոյութիւն չունեցած միջավայրի մը մէջ բնական է, որ մարդը պիտի ձուլուի եւ կորսուի: «Էրեբունի»  մշակութային միութիւնը գոյութիւն ունի Վլատիկավկազի մէջ, որուն 30-ամեակը այս տարի կը լրանայ: Սակայն երեսուն տարիներու ընթացքին ոչ մէկ արդիւնաւէտ քայլի մը կրցած են նախաձեռնել, որ օգտակար պիտի ըլլար համայնքին համար եւ կազմակերպէր գաղութը: Միութեան հետապնդած նպատակները (հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցումը, ազգային մշակոյթի պահպանումը, արուեստներու զարգացման քաջալերանքը) մեռեալ տառ մնացին թուղթի վրայ: Պատճառը այն է, որ իրենք զիրենք վարիչներ կարծող անձերը ո՛չ ազգային ջիղ ունին, ո՛չ ալ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն, արդէն չեմ ըսեր, որ հայերէնը չեն գիտեր եւ հայ պատմութեան ծանօթ չեն: Կը պատահին տարիներ, երբ ատենապետի պաշտօնը ազգութեամբ ոչ հայոց անհատը կը վարէ: Գաղութին միակ ազգային բուն կառոյցը եկեղեցին է, որ նոյնպէս լուրջ խնդիր կը դիմագրաւէ` տօնական օրացոյցը գործադրելու իմաստով: 2011-ին Էջմիածինէն հրահանգ եկաւ, որ մեր եկեղեցի Գրիգորեան (նոր) օրացոյցին անցնի (ութսուն ութ տարիներու ուշացումով), սակայն հայութեան մէկ մասը մերժեց հրահանգին ենթարկուիլ` տասնամեակներու ընթացքին ընդունուած կարգը չխախտելու պատրուակով: Այդպէս, շրջանի հայութիւնը երկուքի բաժնուած է. Հայաստանէն փոխադրուածները նոր օրացոյցին կը հետեւին, իսկ տեղացի հայութեան մեծամասնութիւնը հինին վրայ կը յամառի: Քանի մը տարի առաջ անիմաստ այս «մրցակցութիւնը» խելագարութեան աստիճանի հասած է, երբ հին օրացոյցին «հաւատարիմներու» ճնշումով եւ կողմերէն ոչ մէկուն նեղութիւն պատճառելու քահանայի «փափկանկատութեամբ», հանդիսաւոր կերպով երկու Զատիկ տօնուեցաւ` նոր եւ հին օրացոյցերով: Թերեւս իմ այս տողերը կարդալով` ընթերցողները պիտի ըսեն, որ անտեղի քննադատութիւններ կը թափեմ շռայլօրէն, որոնք իրականութեան չեն համապատասխաներ: Սակայն, յարգելի՛ հայրենակիցներ, հաւատացէ՛ք, որ իմ արդար զայրոյթէս եւ գաղութիս մէջ տիրող տխուր կացութենէն (ազգային եւ կազմակերպական առումով) հարիւրէն տասը տոկոս նոյնիսկ չեմ յայտներ սոյն տողերով: Յոռետես չեմ, բայց իրատես եմ: Տարիներէ ի վեր կը տեսնեմ, որ գաղափարականի տեղ չկայ մեր գաղութի հայութեան մէջ, այլ նախ եւ առաջ` նիւթականի: Նախքան որեւէ նախաձեռնութեան ձեռք զարնելը, մարդիկ, տալիքէն աւելի, ստանալիքի մասին կը մտածեն: Հաւանաբար միւս գաղութներուն մէջ ալ նմանատիպ խնդիր գոյութիւն ունի, սակայն ես կը կարծեմ, որ աններելի յանցագործութիւն է հազարներ հաշուող համայնքները անտէր վիճակին մէջ իր բախտին ձգելը, միաժամանակ` միասնականութեան հրաւէր կարդալով: Ուրեմն, այս յօդուածով գաղութիս ներկայացումը կատարելու զուգահեռ, ես կ՛ուզեմ հայութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել Հիւսիսային Օսեթիոյ հայ գաղութի ցաւալի վիճակին վրայ, որպէսզի անդրադարձ կատարուի միւս փոքր գաղութներուն եւ համայնքներուն վրայ, որոնց մասին չի խօսուիր, սակայն կան անոնք եւ լուսարձակներէ հեռու` կը տուայտին այլասերիչ ճիրաններու մէջ, տակաւ-տակաւ չքանալով եւ վերջապէս պարզ զանգուածներու վերածուած` տեղացի ժողովուրդներուն մէջ ձուլուելով: Մե՜ղք է, սիրելի՛ ընթերցող, որ հազարներ հաշուող համայնքները կը կորսուին, մինչ այդ, կազմակերպուելու պարագային, կրնան հոգեւորականներ, կրթական մշակներ, կուսակցական գործիչներ եւ մտաւորականներ տրամադրել, որոնք հայ կեանքէն ներս ներդրումի իրենց բաժինը կրնան ունենալ, եւ ինչո՞ւ չէ, ազգային յառաջդիմութեան ազդակներ կրնան դառնալ: Վերջապէս, չեմ ուզեր, որ քանի մը սերունդ ետք Վլատիկավկազի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցուոյ շէնքը միակ յիշատակարանը ըլլայ հոն  ապրած տասնեակ հազարաւոր հայութեան:

 

aztagdaily.com/archives/408574

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail