Խամենէի. «Եթէ Որոշենք Մունայի Ողբերգութեան Հակադարձել, Ապա Սէուտցի Ղեկավարներուն Կացութիւնը Լաւ Պիտի Չըլլայ»

Այաթոլլա Ալի Խամենէի

01 հոկտեմբեր 2015

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէի յայտարարեց. «Եթէ Իրան որոշէ Մունայի ողբերգութեան հակադարձել, ապա սէուտցի ղեկավարներուն կացութիւնը լաւ պիտի չըլլայ»:

 

«Եթէ Ռիատ զոհերուն մարմինները վերադարձնելու իր պարտաւորութիւնները չկատարէ կամ ուխտաւորներուն նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունք ցուցաբերէ, ապա հակադարձութիւնը խիստ պիտի ըլլայ», նշեց Խամենէի` աւելցնելով, որ այդպիսի հակադարձութեան մը միջոցները ապահովուած են:

 

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան յայտնեց, որ Թեհրանի մէջ սէուտական դեսպանատան փոխանցուած է, որ աղէտի զոհերուն ընտանիքները պահանջած են իրենց հարազատներուն դիակները վերադարձնել Իրան եւ զանոնք չթաղել Սէուտական Արաբիոյ մէջ:

 

Իրանեան ներքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին Թեհրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ահմետ Մուալլետը անցեալ հինգշաբթի տեղի ունեցած Մունայի աղէտին հարցով չորրորդ անգամ ըլլալով իր մօտ կանչած է եւ զգուշացուցած անյայտ կորսուածներու ինքնութեան ճշդման, զոհերու մարմիններու պատրաստման ու ուղարկման մէջ որեւէ թերացումէ եւ անտարբերութենէ:

 

Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավարին յանձնուած է Իրանի ներքին գործոց նախարարին կողմէ նամակ մը` յղուած իր սէուտցի պաշտօնակիցին:

 

Իրանեան զինեալ ուժերու բանբեր Մասուտ Ժազայիրի յայտարարեց, որ զինեալ ուժերը պատրաստ են Մունայի հարցով որեւէ առաքելութիւն կատարելու: Ան արկածը նկատեց կասկածելի ու ծածուկ կողմեր ունեցող եւ ատոր համար պատասխանատու նկատեց Սէուտ արքայական ընտանիքը:

 

 

http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail