Գամիշլիահայութիւնը Կ’արձագանգէ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի Կոչին

04 հոկտեմբեր 2015

yerakouyn-lousavor_n

Սիրելի՛ հայորդիներ,

 

Գամիշլիի Ազգային Եփրատ վարժարանի տարբեր երկիրներ ապրող մի քանի շրջանավարտներ, ընդառաջեցին ԵՌԱԳՈՅՆ-ի կոչին եւ մեծ սիրով ու երախտագիտութեամբ յիշեցին իրենց կրթութիւն տուած օճախը, “միշտ պատրաստ ենք”, “մեր պարտականութիւնն է”, “շատ ուրախ կ’ըլլամ օգնելու այն դպրոցին ուր կրթութիւն ստացած եմ, Եփրատ վարժարանը մեր սրտերուն մէջ շատ սիրելի է”, նամ խօսքերով ընդառաջեցին մեր կոչին մեր սիրելի գամիշլիահայերը։

 

Յոյսով ենք, որ մնացած հայորդիները եւս կ’ոգեւորուին եւ իւրաքանչիւրը իր լուման կը ներդնէ՝ դպրոցին նեցուկ կանգնելու գործին։

 

Իւրաքանչիւր աշակերտի տարեկան ծախսը $50 է։

 

Գումարը կրնաք ուղարկել դրամատան միջոցոցով ուր ալ գտնուիք։

 

Հաշուեհամարը գիտնալու համար գրեցէք info@yerakouyn.com-ին։

 

http://www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail