
09 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Զօր. Թովմաս Նազարբէկեան
Զօրավար Թովմաս Նազարբէկեան (Նազարբէկով). ռազմական գործիչ, ռուսական բանակի զօրավար-հազարապետ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան զօրավար տեղակալ, գլխաւոր հրամանատար Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, սպարապետ, ազգային հերոս, անկուսակցական: 1918 մայիսեան հերոսամարտերու ընդհանուր հրամանատար: Ծնած է 4 օգոստոս 1855-ին, Թիֆլիս, ունեւոր ընտանիքի յարկի տակ: Ընդհանրապէս ռուսական շրջանակի մէջ կազմաւորուեցաւ, զինուորականի իր կրթութիւնը ստացաւ Մոսկուայի մէջ. ցարական զինուորական բարձրագոյն վարժարանը աւարտեց եւ նորահաս սպայ էր տակաւին, երբ ռազմական իր տաղանդին ու քաջագործութիւններուն կրակի մկրտութիւնը ստացաւ 1877-1878 թուականներուն ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին: Բայց յատկապէս 1904-1905 թուականներուն ռուս-ճափոնական պատերազմին գնդապետի աստիճանով իր մասնակցութեամբ է, որ Նազարբէկովի հերոսական սխրանքները մեծ հռչակ ապահովեցին անոր եւ արժանացուցին ցարական բանակի հրամանատարութեան ոսկեայ սուրի պարգեւին:
1903-1905 թուականներուն նաեւ ցարական Ռուսիոյ հակահայ ոտնձգութիւններու ժամանակաշրջաններն էին: Հայ եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման փորձով իր բարձրակէտին հասած «Հայաստանն առանց հայու» ցարիզմին ծաւալած հալածանքը իր հակահայ դրսեւորումը ունեցաւ նաեւ ռուս կայսերական բանակէն ներս, երբ հայ ծագումով բարձրաստիճան զինուորականները հեռու պահուեցան զօրաբաժիններու հրամանատարութեան իրենց պաշտօններէն:
Նոյնը պատահեցաւ նաեւ զօր. Նազարբէկեանի պարագային, որ անվարան ներկայացաւ իր գերադասին եւ ներկայացուց ցարական բանակէն իր հրաժարականը` խրոխտութեամբ յայտարարելով, թէ ո՛չ միայն հայկական ծագում ունի, այլեւ լիարժէք հա՛յ է ու հպարտ է իր հայութեամբ:
Ամբողջ տասը տարի ռուսական բանակէն հեռու մնալէ ետք, 1914-ին, Ա. Աշխարհամարտի բռնկումին հետ, ցարական քաղաքականութիւնը շրջադարձ ապրեցաւ հայութիւնը ներգրաւելու նպատակով, ռուսական բանակի վերին հրամանատարութիւնը վերստին ծառայութեան կանչեց զօր. Նազարբէկեանը` անոր յանձնելով Կովկասեան Բ. հրացանաձիգ զօրաբաժինի հրամանատարութիւնը:
Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ կռուած է Կովկասեան ճակատին վրայ, 1914 հոկտեմբեր 22-էն եղած է Կովկասեան 2-րդ հրաձգային զօրագունդի, իսկ 18 նոյեմբեր 1916-ին Կովկասեան 2-րդ հրաձգային բաժինի հրամանատար:
16-18 ապրիլ 1915-ի Տիլմանի ճակատամարտին զօր. Նազարբէկեան ջախջախիչ պարտութեան մատնեց հարաւ-արեւելքէն` պարսկական սահմանէն Հայաստանի ուղղութեամբ արշաւող Խալիլ փաշային զօրքը, որուն համար արժանացած է Գէորգիեւեան խաչի 4-րդ աստիճանի շքանշանին:
Զօր. Նազարբէկեան մարտական հմտութիւն ցուցաբերեց, երբ մուտք գործեց Պիթլիս, ազատագրեց Մուշը եւ արշաւեց Վանի ուղղութեամբ եւ ազատագրեց Վասպուրականի հայութիւնը:
1917-ին Թիֆլիս հաստատուած Հայ ազգային խորհուրդը հայկական զօրաբանակի ընդհանուր հրամանատար նշանակեց զօրավար Նազարբէկեանը:
Զօրավար Թովմաս Նազարբէկեանը, որ դարձած էր զինուորական մեծահռչակ հեղինակութիւն, երբ քայքայուած ճակատի վերակազմակերպման համար Թիֆլիսի Հայ ազգային խորհուրդին կողմէ, երկար վարանումներէ ետք, դիմում ստացաւ, հանգստեան կոչուած 62 տարեկան հայազգի զօրավարը, Թիֆլիսի իր բնակարանի դահլիճին մէջ, երկարօրէն ունկնդրելէ ետք Ազգային խորհուրդի պատուիրակներուն բացատրութիւններն ու խնդրանքները, դանդաղօրէն կը բարձրանայ, կ՛իջեցնէ պատէն կախուած զօրավարի սուրը, կը կապէ մէջքին եւ պարթեւահասակ ու թիկնեղ` բարեւի կը կենայ իր ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն դիմաց:
Առնականօրէն շքեղ եւ պատկառելի էր հայոց սպարապետ Թովմաս Նազարբէկեանը: Հակառակ իր յառաջացեալ տարիքին` երիտասարդական խանդով ոտքի ելաւ եւ իր սուրն ու հմտութիւնը գործի լծեց հայ մարտական ուժի վերականգնումին նպատակով:
Հայոց սպարապետը` զօր. Նազարբէկեան ազգային-ազատագրական պայքարի եւ ֆետայական կռուի կարգապահ եւ խիզախ դպրոցը անցած հայ յեղափոխականներով` Անդրանիկ ու Դրօ, Քեռի ու Նժդեհ, Ռուբէնով ու Արամ Մանուկեան, հրամանատարական իր կազմերը շրջապատեց:
Թովմաս Նազարբեկեանի ընդհանուր հրամանատարութեամբ հայկական զօրքերը 1918 մայիսի երրորդ տասնօրեակին կասեցուցին թուրքերու հետագայ առաջխաղացումը Վանաձորի (Ղարաքիլիսա) ուղղութեամբ:
Ռուսացած ու ռուս կայսերական բանակին մէջ կազմաւորուած եւ մարտական փայլուն ասպարէզ նուաճած զօրավար Նազարբէկովը, իր ազգային արմատներուն ամբողջապէս տէր կանգնելով, հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան եւ ազգային ազատագրութեան թէժ մարտերը ղեկավարող փայլուն հրամանատարը դարձաւ, Հայաստանի անկախութեան կերտումի ճակատամարտերուն մէջ հիմնական ներդրում ունեցաւ եւ դարաւոր գերութենէ ազատագրուած հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի ազգային բանակին հիմնադիր սպարապետը եղաւ:
Զօր. Նազարբէկեան պատմակշիռ ներդրում ունեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը կերտած Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսական ճակատամարտերու ղեկավարման մէջ` այնուհետեւ արժանանալով նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային բանակի սպարապետի բարձրագոյն պաշտօնին:
25 մարտ 1919-ին` Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուորական խորհուրդի նախագահ եւ զօրքերու հրամանատար: 15 յուլիս 1919-ին անոր շնորհուած է զօրավար-տեղակալի կոչում:
Հայաստանի Հանրապետութեան սպարապետ զօր. Թովմաս Նազարբէկեանի դերը հայկական զօրաբանակի ստեղծման մէջ անուրանալի է:
Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք, Նազարբէկեանի որոշումով, հայ զինուորը կ՛ունենայ իր յատուկ համազգեստը` ռուսականի փոխարէն, հայերէնի կը թարգմանուի զինուորական կանոնագիրքը ու հայերէնով կը տրուին հրամանները:
Խորհրդային կարգեր հաստատուելէ ետք, Լենին-Քեմալ մեղսակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան տիրացած հայանուն պոլշեւիկները իրենց առաջին հարուածը ուղղեցին հայոց սպարապետին` յունուար 1921-ին. 1200 սպաներու հետ զայն հետիոտն աքսորելով մինչեւ Մոսկուայի մերձակայքը: Ապա` Ռյազանի համակեդրոնացման ճամբար:
Թէեւ քանի մը ամիս ետք` մայիս 1921-ին, խորհրդայինները ներում շնորհեցին եւ վերջ տուին հայոց սպարապետի աքսորին, բայց զօրավար Նազարբէկեանի առջեւ վերջնականապէս փակուած էին ազգային ծառայութեան բոլոր դռները®
Ան կ՛որոշէ հաստատուիլ իր ծննդավայր Թիֆլիսի մէջ, ուր կ՛ապրի ծայրահեղ աղքատութեան մէջ: Զօրավարը գրած է իր յուշերը:
Անկախ Հայաստանի կերտման նուիրուած սպարապետ զօր. Թովմաս Նազարբէկեանը կը մահանայ 19 փետրուար 1931-ին:
Լիպարիտ Նազարեանց
Լրագրող, իրաւաբան, լեզուագէտ, հրապարակագիր, բանաստեղծ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Լիպարիտ Նազարեանց ծնած է 1868-ին, Ջալալ Օղլի, Լոռի, բարեկեցիկ ընտանիքի մէջ: Ուսումը ստացած է Երեւանի ռուսական ուսումնարանին մէջ, որմէ ետք կ՛աւարտէ Մոսկուայի համալսարանի իրաւաբանական ճիւղը. ապա` 1901-ին Պերլին, ուր համալսարանին մէջ կը հետեւի փիլիսոփայութեան:
Եւրոպայի մէջ թղթակցած է ռուսական եւ գերմանական թերթերու: Երբեմն հանդէս եկած է Ռ. Լեռնեան ստորագրութեամբ:
1905-ին Լիպարիտ Եւրոպայէն անցած է Պաքու, ապա` Թիֆլիս, մասնակցած է ՀՅԴ-ի գործօն կեանքին, ուր կը ստանձնէ «Յառաջ»-ի խմբագրութիւնը:
Օսմանեան սահմանադրութեան օրերուն կը մեկնի Պոլիս եւ նոր հրատարակուած Դաշնակցութեան օրկան «Ազատամարտ»-ի խմբագիրներէն մէկը կը դառնայ:
Պալքանեան պատերազմի նախօրէին Լիպարիտ լրագրողի պաշտօնով կ՛այցելէ Մակեդոնիա, ապա` Պուլկարիա:
Եւրոպական պատերազմի սկզբնաւորութեան Լիպարիտ Նազարեանց Գերմանիա եղած է, ապա, 1914 դեկտեմբերի վերջը Պոլսոյ գերման դեսպանին հաւանութեամբ Լիպարիտին անցագիր յանձնուած է, եւ ան Պերլինէն Պոլիս անցած է: 30 մարտ 1915-ին Լիպարիտ Սոֆիա է արդէն, ապա Պերլին` Հայեւգերման ընկերակցութեան զեկոյց տալու: Այնուհետեւ, վերստին Սոֆիա մեկնելով` ստանձնած է «Հայաստան» թերթին խմբագրութիւնը: Սոֆիա մնալով` յարաբերութեան մէջ կը մտնէ Պերլին գտնուող բժիշկ Լեփսիուսի հետ, որուն կը տեղեկացնէ հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածներու մասին:
Լիպարիտ կարճ ժամանակ մը Ռուսիա է արդէն:
1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումով, աշխարհի չորս կողմ կը նշանակուին դիւանագիտական ներկայացուցիչներ: Ուստի, Գերմանիոյ մայրաքաղաքին մէջ Լիպարիտ կը նշանակուի գործակից եւ խորհրդական` Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ճէյմս Կրինֆիլտի (մօրը կողմէ հայ), 1919-1920 թուականներուն: Լիպարիտ դիւանագիտական յարաբերութիւններ վարած է Պերլինի եւ Մոսկուայի Քերենսքիի, ապա Թրոցքիի կառավարութիւններու հետ:
Լոզանի խորհրդաժողովին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան կողմէ հրատարակուած ֆրանսերէն քանի մը հրատարակութիւններու պատրաստութեան մէջ Լիպարիտ եւս բերած է իր աջակցութիւնը Փարիզի մէջ:
1928-ին կ՛անցնի Եգիպտոս. Գահիրէի մէջ մնայուն աշխատակից կը դառնայ «Յուսաբեր»-ի, իսկ աւելի ետք` խմբագրութեան անդամ, նոյն ատեն անհատական դասեր կու տայ գերմաներէն, ռուսերէն եւ հայերէն լեզուներու, ինչպէս նաեւ` երաժշտական:
Լիպարիտ Նազարեանց մահացած է 23 սեպտեմբեր 1947-ին, Եգիպտոս:
Վահան Նաւասարդեան
Վահան Նաւասարդեան. գաղափարախօս, հրապարակախօս եւ քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Ծնած է 29 նոյեմբեր 1886-ին, Շուշի, Արցախ: 1898-ին յաճախած է Արցախի Թեմական դպրոցը, իսկ 1904 -ին` Պաքուի Ռէալականը: 1907-ին Փեթերսպուրկի համալսարանին մէջ հետեւած է հասարական գիտութեան եւ բարձրագոյն ուսումը ստացած է Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանին մէջ` վկայուելով տնտեսագիտութեան բաժանմունքէն:
1910-ին մասնակցած է ՀՅԴ կուսակցական-քարոզչական աշխատանքներու` Շուշիի, Պաքուի եւ Թիֆլիսի մէջ: 1905-ին կ՛ընտրուի երիտասարդ պատգամաւոր` մասնակցելու համար Էջմիածնի մէջ գումարուած Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովին, որուն կը նախագահէ Սիմոն Զաւարեան: Այդ ժողովին Նաւասարդեան կ՛ունենայ բոցաշունչ ելոյթ մը` ուղղուած ցարական իշխանութեան հակահայ քաղաքականութեան դէմ: Նաւասարդեանի սուր ելոյթին պատճառով ցարական ոստիկանութիւնը կ՛արձակէ ձերբակալման հրամանագիր մը, եւ ան կը ստիպուի փախուստի դիմել:
1913-1917 տարիներուն կը դառնայ ուսուցիչ եւ դասախօս նախ Շուշի, ապա` Գէորգեան ճեմարանին մէջ:
Ս. Փեթերսպուրկէն կը վերադառնայ Պաքու ու կը սկսի իր կազմակերպական աշխատանքներուն եւ կ՛աշխատակցի Թիֆլիսի «Հորիզոն»-ին, ապա` Ալեքսանդրապոլի (այժմ` Գիւմրի) «Յառաջ»-ին: Միաժամանակ աշխատակցած է Պաքուի` «Արեւ»-ին եւ Շուշիի «Ապառաժ»-ին:
Կովկասեան ռազմաճակարտի վերաշխուժացման կարիքը տեսնելով, ռուսական յեղափոխութենէն ետք, ան իր ներդրումը կ՛ունենայ հայ կամաւորական ուժերու ստեղծման մէջ: Կ՛ընտրուի Ալեքսանդրապոլի Քաղաքային վարչութեան անդամ եւ յետոյ` Քաղաքային վարչութեան նախագահ:
Վահան Նաւասարդեան մայիսեան գոյամարտին իր ներդրումը կ՛ունենայ Ղարաքիլիսայի հերոսամարտի կազմակերպման մէջ:
Հայաստանի անկախութեան կերտումէն ետք իրեն կը վստահուի Թիֆլիսի ՀՅԴ-ի «Հորիզոն» պաշտօնաթերթի խմբագրութիւնը: Թիֆլիսի ոստիկանութիւնը կը սկսի զինք հետապնդել, երբ հայ-վրացական զօրքերու միջեւ պատերազմ սկսաւ, եւ ան կը ստիպուի թաքստոցէն վարել հայ-վրացական հաշտութեան բանակցութիւնները:
Կ՛ընտրուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր եւ կը փոխադրուի Երեւան: Իբրեւ պատգամաւոր` իր մասնակցութիւնը կը բերէ արտաքին դիւանագիտական աշխատանքներուն մէջ ներս, կեդրոնանալով հայ-ռուսական բանակցութիւններուն վրայ:
1920-ին կ՛աշխատի ռազմաճակատի կազմակերպման ու ամրապնդման աշխատանքներուն կը մասնակցի հայ-թրքական պատերազմի ընթացքին:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Նաւասարդեան կ՛որոշէ հեռանալ: Սակայն վրացական սահմանը անցնելու ժամանակ կը ձերբակալուի եւ Երեւանի մէջ կը բանտարկուի: Կը յաջողի բանտէն փախուստ տալ եւ կարճ ժամանակ կը գործէ Պոլիս, իսկ 1923-ին վերջնականապէս կը հաստատուի Գահիրէ, Եգիպտոս:
Գահիրէի մէջ կը խմբագրէ «Յուսաբեր» օրաթերթը եւ շուրջ քառորդ դար ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ կ՛ըլլայ:
Նաւասարդեան կարեւոր իր աջակցութիւնը կը բերէ Համազգային հայ մշակութային միութեան հիմնադրութեան:
Վահան Նաւասարդեան կը մահանայ 24 յունիս 1956-ին, Գահիրէ:
Յարութիւն Նանումեան
Յարութիւն Նանումեան. ծանօթ` Զեմլեակ ծածկանունով: Հայ ազգային ազատագրական շարժման գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Ծնած է Գանձակ: Խմբապետ, կամաւորական Բ. ձիաւոր խումբի հարիւրապետ:
1918-ին կը մասնակցի Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն եւ կը նահատակուի թուրք թշնամիի գնդակով, չորս զինուորներու հետ, երբ կը փորձէին գրաւել բարձր դիրքեր Արագածի լանջերուն:
Յարութիւն Նանումեան կը թաղուի Երեւան:
(Շար. 15)
aztagdaily.com/archives/415700





