Պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի ա­ւանդ­նե­րու հետ­քե­րով (Ա. մաս)

22 Նոյեմբերի 2017 – Պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի ա­ւանդ­նե­րու հետ­քե­րով, azator.gr:

Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան

Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք հա­մա­հայ­կա­կան 6րդ ­հա­մա­ժո­ղո­վին ա­ռի­թով՝ հայ­րե­նիք կե­ցու­թիւնս շա­բա­թով մը եր­կա­րաձ­գե­ցի, տա­րի­նե­րու իմ մէկ ե­րազս ի­րա­կա­նաց­նե­լու՝ Ա­րեւմտեան, կամ Պատ­մա­կան, կո­րու­սեալ կամ բռնագ­րա­ւեալ ­Հա­յաս­տան, ­Պա­պե­նա­կան ­Հայ­րե­նիք — ­Տուն այ­ցե­լե­լու հա­մար։ ­Թուր­քե­րը յա­ջո­ղե­ցան զայն Ա­րե­ւե­լեան Ա­նա­տո­լու կո­չել, փո­խա­կեր­պե­լով Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նը ի­րենց քա­ղա­քա­կան մի­տում­նե­րուն, շե­ղող ու շե­ղեց­նող ար­տա­յայ­տու­թեամբ ծած­կագ­րո­ւած ա­նո­ւա­նու­մով մը։ ­Հոն այ­ցե­լե­լու նպա­տակս՝ շրջա­նին մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու եւ պատ­մու­թեան բախ­տո­րոշ ժա­մա­նակ­նե­րու ան­ցեա­լը վե­րապ­րե­լու պա­հանջ­քէ մը բխող հո­գե­կան կա­րիք մըն էր։

Անց­քիս վրայ էին Ա­նիի ա­ւե­րակ­նե­րը, ­Կարս քա­ղա­քը իր նշա­նա­ւոր բեր­դով, բնու­թեան գե­ղեց­կա­գոյն Ար­տա­հա­նով, Ա­ռա­քե­լոց՝ հա­յոց յե­ղա­փո­խու­թեան յե­նա­կէ­տը հան­դի­սա­ցող վան­քով, մեր յե­ղա­փո­խա­կան ու մտա­ւո­րա­կան զար­թօն­քի շարժ­ման օր­րան՝ ­Վա­նը, ­Մու­շը ու Տա­րօ­նի աշ­խար­հը, ինչ­պէս նաեւ ­Սե­բաս­տիոյ, ­Սա­սու­նի լեռ­նա­պա­րե­րը։ Ա­ւե­լին, ­Կար­սի մէջ Ե­ղի­շէ ­Չա­րեն­ցի ծննդա­վայ­րի տու­նը, ­Վար­դա­նի կա­մուր­ջը, Իգ­դի­րի, ­Պա­յա­զի­տի, ­Բերկ­րիի ջրվէ­ժի, Ար­ճէշ գա­ւա­ռի։

Ար­ճէ­շը նշա­նա­ւոր ե­ղած է իր դպրոց­նե­րով (տղոց 150, աղջ­կանց 100 ա­շա­կերտ­նե­րով)։ Ար­ճէ­շի գա­ւա­ռը կամ ­Մա­կո­ւի խա­նու­թիւ­նը որ մեր գիտ­ցած պատ­մա­կան Շա­ւար­շա­նի դաշտն է, ­Վաս­պու­րա­կա­նի հա­րուստ գա­ւառ­նե­րէն ­Հա­յոց ­Ձո­րը, ուր կ­’ը­սո­ւի թէ հոն ա­ւան­դա­բար ապ­րած է ­Հայկ նա­հա­պե­տը իր գեր­դաս­տա­նով։ ­Կող­քին՝ հայ-պարս­կա­կան սահ­մա­նին վրայ գտնո­ւող Անգղ գիւ­ղը եւ իր Աս­տո­ւա­ծա­ծին վան­քը, որ կա­ռու­ցո­ւած է ­Թա­դէոս Ա­ռա­քեա­լի կող­մէ, երբ հայ­կա­կան աշ­խարհ գտնո­ւած է քրիս­տո­նէու­թիւ­նը քա­րո­զե­լու ա­ռա­քե­լու­թեամբ։

Ու դեռ ­Վա­նայ լի­ճի հիւ­սի­սը գտնո­ւող ­Թոնտ­րա­կե­ցի­նե­րու (­Թան­դու­րեք) ա­ղան­դի, ­Վա­րա­գայ վան­քի, Մ­հե­րի փա­ռա­ւոր դրան՝ մեր բա­նա­հիւ­սու­թե­նէն քա­ղո­ւած եւ Սա­սուն­ցի ­Դա­ւի­թի դիւ­ցազ­ներ­գու­թեան նմա­նու­թիւն­նե­րով յի­շա­տա­կեալ վայ­րին, որ ան­յաղթ սու­րի մէկ հա­րո­ւա­ծով խո­շոր ժայ­ռը ճեղ­քեց եր­կու­քի, որ­պէս­զի ան օր մը գայ յաղ­թա­կան ար­շա­ւով ու ա­զա­տագ­րէ հայ­րե­նի­քը։ ­Տա­կա­ւին՝ Աղ­թա­մար կղզիի ու ա­նոր վրայ կա­ռու­ցո­ւած Սուրբ ­Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ, ­Վա­նի բեր­դի, Ի­սա­հակ փա­շա­յի ամ­րո­ցի՝ իր շրջա­փա­կին մէջ գտնո­ւող հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցիով, ինչ­պէս նաեւ յի­շար­ժան շարք մը պատ­մա­վայ­րե­րու, որ պա­տա­նե­կան — ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­րի­նե­րէս շեշ­տա­կիօ­րէն դրոշ­մած են նե­րաշ­խարհս մեր ազ­գա­յին, յե­ղա­փո­խա­կան, աշ­խար­հագ­րա­կան վեր­ջին 100-150 տա­րո­ւան մրրկա­շունչ պատ­մու­թեամբ ու մեր ան­սանձ հե­րոս­նե­րու քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով։

Պատ­մու­թիւ­նը՝ մեր պատ­մու­թեան բա­ժան­ման կէ­տե­րը շա­տոնց փո­խած է կար­ծես եւ ճշդած է նոր պատ­մա­կան ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւն մը, որ եր­բեմն մերն է, բայց ընդ­հան­րա­պէս՝ այ­սօր, մե­րը չէ՛, քա­նի ստեղ­ծո­ւած են խորհր­դան­շա­կան զա­նա­զան նոր հար­թակ­ներ, որ յա­ջոր­դա­կա­նօ­րէն մտա­բե­րել կու­տան, թէ քա­ղա­քա­կան ան­կում­նե­րու, ռազ­մա­կան գե­րե­վա­րում­նե­րու ժա­մա­նակ­նե­րուն իսկ, հայ ժո­ղո­վուր­դը չկորսն­ցուց ոչ իր ու­ժը, ոչ իր հա­ւատ­քը, ոչ նկա­րա­գի­րը, ոչ ալ ան­հա­տա­կա­նու­թիւ­նը, որ զինք կը մղէ հին եւ նոր հար­ցա­կան­նե­րու, ո­րոնք պա­տաս­խան­նե­րու կա­րի­քը կը զգան։

Պատ­մա­կա­նօ­րէն, գի­տենք, իյ­նա­լը յան­ցանք չէ. ոտ­քի չել­լե­լը յան­ցանք է։

Մ­տա­ւո­րա­կան ու յե­ղա­փո­խա­կան ան­ցեա­լի այդ սե­րուն­դը չկայ այ­սօր, բայց հո՛ն է, այդ հո­ղե­րուն վրայ ներ­կայ է իր անջն­ջե­լի պատ­մու­թիւ­նը, ի­րեն վստա­հո­ւած մեր քա­ղա­քակր­թա­կան ա­ռա­քե­լու­թեամբ ու ա­նոր յա­րա­կից բաղ­դա­տա­կան հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք այժ­մէա­կան նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ կեն­դա­նի կը պա­հեն ի­րենց «ազ­գայ­նա­կա­նու­թիւ­նը», զգա­ցա­կա­նու­թիւ­նը, ժա­մա­նա­կին՝ այդ նոյն ժա­մա­նա­կին մէջ գե­րար­ժե­ւո­րե­լով ի­րենց զա­նա­զա­նե­լի կամ ոչ դերն ու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը, վե­րաճշ­դե­լով ու վե­րաբ­նո­րո­շե­լով մա­նա­ւանդ մեր ժա­մա­նակ­նե­րու պար­տու­թիւն­նե­րուն ու յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն տա­րեր­քը եւ նոր քար­տէս մը ձե­ւա­ւո­րե­լով ­Թուր­քիոյ նոր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։

Պատ­մա­կան հնչե­ղու­թիւն ու­նե­ցող մեր ռազ­մի, մարտն­չում­նե­րու, տե­սակ տե­սակ պա­տե­րազմ­նե­րու եւ հե­րո­սու­թիւն­նե­րու թա­տե­րա­բեմ դար­ձած ու ա­րիւ­նով խո­րա­պէս ո­ռո­գո­ւած հո­ղեր են ա­նոնք։ Ար­շա­ւանք­նե­րը, կո­տո­րած­նե­րը, ապս­տամ­բու­թիւն­նե­րը, հայ­դու­կա­յին կռիւ­նե­րը ան­հա­մար՝ սել­ճուք­նե­րու, թու­րան­նե­րու, թա­թար­նե­րու, տար­բեր ու տար­բեր բար­բա­րոս ցե­ղե­րու՝ ա­րաբ­նե­րու, պար­սիկ­նե­րու, ­Բիւ­զան­դիո­նի, հռո­մէա­ցի­նե­րու, օս­ման­ցի­նե­րու, թուր­քե­րու ու նոր օս­ման­ցի-թուր­քե­րու, ինչ­պէս նաեւ քիւր­տե­րու եւ բա­զում այ­լոց։

Թուր­քե­րը ի­րենց ա­մէ­նա­խո­րունկ հետ­քը ձգե­ցին՝ անջն­ջե­լի, վայ­րագ, հա­լա­ծան­քի, տա­րագ­րու­թեան, ջար­դի, ցե­ղաս­պա­նու­թեան. ժո­ղո­վուր­դի մը սիս­տե­մա­թիք ու հե­տե­ւո­ղա­կան ոչն­չաց­ման, բնակ­չագ­րա­կան ան­հե­տաց­ման, բռնի իս­լա­մաց­ման, ժո­ղովր­դագ­րա­կան ան­հա­րա­զա­տու­թեան ու օ­տա­րաց­ման, ի­րա­րու միա­ձու­լո­ւած ծի­նա­յին նոր տի­պա­րի բա­ղադ­րու­թիւն մը պար­տադ­րե­լով, որ քիչ մը հայ է, քիչ մը յոյն է, պոն­տոս­ցի է, լազ է, ա­սո­րի է, քիւրտ է, ա­րաբ է, պար­սիկ է, չեր­քեզ է, մոն­կոլ է, չէ­թէ է, ե­նի­չե­րի է, հրեայ է, քաղ­դէա­ցի է, քը­զըլ­պաշ ա­լե­ւի է, քրիս­տո­նեայ է, համ­շէն է, ա­ւե­լին է, ա­մէն ի՛նչ է, ու ա­մէն ինչ չէ՛…։ Ա­մէն պա­րա­գա­յի ան­ցեա­լի պայ­ման­նե­րը տե­սակ մը նոյնն էին, հի­մա նոյ­նը չեն, բո­լո­րո­վին փո­խո­ւած են մեր ժա­մա­նա­կա­կից կեան­քին նոր դե­րեր ու պատ­մա­կան պար­տա­մուր­հակ­ներ պար­տադ­րե­լով։

Գի­տէ՞ք, այս հո­ղե­րը ա­նի­ծո­ւած բան մը ու­նին ի­րենց մէջ. ո՛վ որ ի­րա­կան ու հա­րա­զատ տան­տէ­րը չէ, ժա­մա­նա­կին մէջ դա­տա­պար­տո­ւած է փճա­նա­լու։ Իսկ հա­յե­րը՝ շատ բա­րի էին այդ աշ­խար­հին հա­մար, որ լե­ցո­ւած էր ջար­դա­րար­նե­րով։

Ան­ցեա­լի պատ­մու­թեան մէջ ազ­գաս­պա­նա­կան այս խժդժու­թիւն­նե­րը թուր­քը յա­ջող­ցուց տեղ-տեղ յամ­րա­քայլ ու հետք չձգող զար­տու­ղի կշռոյ­թով, տեղ-տեղ ալ թրքա­մէտ ա­րա­գըն­թաց հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ, մար­տա­վա­րա­կան ու ռազ­մա­վա­րա­կան շին­ծու պա­ռակ­տում­նե­րով, ա­ռանց նոյ­նիսկ իր ա­տե­նի ըն­կե­րա­յին ու մշա­կու­թա­յին նո­ւա­զա­գոյն կա­ռոյց­նե­րը տրա­մադ­րե­լու, այլ միայն լա­ւա­պէս կազ­մա­կեր­պո­ւած թրքա­կեդ­րոն դի­ւա­նա­կա­լա­կան ընդ­յա­տա­կեայ ներ­քին մե­քե­նայ մը, որ բնաջնջ­ման կիր­քի անմր­ցե­լի ա­խո­յե­նու­թեան կը տի­րա­նար, կը տի­րա­նա՛յ։

Թուր­քե­րու կի­րար­կած կա­ռա­վար­չա­կան այս քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով, տա­րա­ծաշր­ջա­նը տար­բեր ու ա­նի­րա­կան նկա­րա­գիր մը ստա­ցաւ. միա­ցաւ ինք­նի­րեն եւ հար­կադ­րո­ւե­ցաւ թրքա­կան բռնու­թեան, դար­ձաւ միա­տարր, միա­ձոյլ եւ ապ­րե­ցաւ ա­ւե­լի նոր ու ար­կա­ծախն­դիր ող­բեր­գու­թիւն­ներ՝ քա­ղա­քա­կան պատ­շաճ ընտ­րանք­նե­րով քիչ մը ռու­սե­րու, քիչ մը ֆրան­սա­ցի­նե­րու, քիչ մը բրի­տա­նա­ցի­նե­րու, քիչ մը գեր­մա­նա­ցի­նե­րու հետ։

Իսկ մենք, տե­ւա­բար, կը սոր­վէինք ոտ­քի կանգ­նիլ, երբ գե­տին կ­’իյ­նա­յինք։ Ու­րիշ ելք ու ընտ­րանք ձգած չէին մե­զի։ ­Մեր մար­տու­նա­կու­թիւ­նը կը յատ­կան­շո­ւէր ոտ­քի կանգ­նե­լու հար­կադ­րան­քի բար­դոյ­թով։

Ան­ցեա­լին՝ հա­յաբ­նակ տա­րա­ծուն ու ազ­դե­ցիկ ներ­կա­յու­թիւն դար­ձած ու ապ­րած այս շրջա­նը, ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վերջ բնակ­չագ­րա­կան գա­հա­վէժ ան­կում կրեց եւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն տկա­րա­ցաւ մե­ծա­գոյն ու փոք­րա­գոյն մա­կար­դակ­նե­րու վրայ, զրկո­ւե­լով իր քա­ղա­քա­կան ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րէն, քա­նի մէկ օ­րէն միւ­սը հա­յը կորսն­ցուց իր ազ­գա­յին, ազ­գա­պատ­կան քա­ղա­քա­կան ու քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը եւ բռնօ­րէն երկ­րի սպան­դա­նոց­նե­րը ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ իր ող­բեր­գա­կան ա­հա­ւոր վեր­ջա­լոյ­սը ապ­րե­լու հա­մար։

Պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի տա­րա­ծու­թիւ­նը 300.000 քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթր էր։ ­Ծա­նօթ իբ­րեւ Թր­քա­հա­յաս­տան, ա­նոր մաս կը կազ­մէին վեց նա­հանգ­ներ՝ ­Վա­նի, ­Կա­րի­նի, ­Բա­ղէ­շի, Խար­բեր­դի, ­Սե­բաս­տիոյ, ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի։ ­Հա­յոց թի­ւը կը գնա­հա­տո­ւէր 2.800.000 (1882)ին։ Տա­կա­ւին Տ­րա­պի­զո­նի նա­հան­գին մէջ հա­յե­րու թիւն էր 120.000, ­Հա­լէ­պի նա­հան­գի­նը 100.000, Ա­տա­նա­յի նա­հան­գին մէջ 280.000։ ­Հա­յե­րը բազ­մա­թիւ էին ընդ­հան­րա­պէս ­Պոլ­սոյ, Իզ­մի­րի, Կե­սա­րիոյ, ­Քո­նիա­յի, ­Մա­րա­շի, ­Զէյ­թու­նի, Այն­թա­պի եւ այլ քա­ղաք­նե­րու մէջ։
Իսկ ­Կար­սի դաշ­նագ­րով (1921) թուր­քե­րու ճնշու­մով եւ Պ­րեսթ ­Լի­թովս­քիի դաշ­նագ­րէն յե­տոյ Խորհր­դա­յին ­Միու­թիւ­նը զի­ջե­ցաւ ի վնաս ­Հա­յաս­տա­նի Ա­խալ­քա­լա­քի հա­յաբ­նակ գա­ւա­ռը, Նա­խի­ջե­ւա­նը եւ Ար­ցա­խը։

Ան­յի­շե­լի ժա­մա­նակ­նե­րէն ե­կող այդ տա­րա­ծաշր­ջան­նե­րուն վրայ գո­յա­տե­ւող հա­յու­թիւ­նը, 19րդ դա­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան եւ 20րդ ­դա­րու սկիզ­բը ազ­գայ­նօ­րէն զար­գաց­ման ու հա­ղոր­դակ­ցու­թեան գո­հու­նակ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծած ըլ­լա­լով, կրցած էր նաեւ ժո­ղո­վուր­դի պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար յե­ղա­փո­խա­կան ազ­դու կա­ռոյց­ներ ստեղ­ծել իր ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը, այ­լեւ ինք­նա­վա­րու­թիւ­նը լա­ւա­պէս կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար։

Այս հո­ղե­րուն վրայ տի­րած, ապ­րած ու տի­րա­պե­տած են հայ­կա­կան թա­գա­ւո­րու­թիւն­ներ, իշ­խա­նու­թիւն­ներ, ար­քա­յա­կան տոհ­մեր-տու­ներ, հայ­կա­կան կայս­րու­թիւն­ներ, տե­ղի ու­նե­ցած են ապս­տամ­բու­թիւն­ներ, ար­շա­ւաք­ներ, ա­ռանց շպա­րի յե­ղա­փո­խա­կան կռիւ­ներ, ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քար­ներ։ Այս բո­լո­րը դժո­ւար է քա­նի մը պար­բե­րու­թիւն­նե­րով նկա­րագ­րել ու բաղ­դա­տել այ­սօր։ ­Կա­րե­լի է սա­կայն, խղճի ա­մե­նայն հանգս­տու­թեամբ հաս­տա­տել, թէ պատ­մու­թիւ­նը կը գրո­ւի ա­րիւ­նով, այլ նաեւ ի­րա­կան օ­րի­նակ­նե­րու նկա­րագ­րու­թեամբ, յա­ճախ նաեւ իւ­րա­ցու­մով, ըն­կա­լու­մով, ա­ւե­լի ճիշդ իւ­րաց­ման ըն­կա­լու­մով։

Հա­յե­րը այդ տա­րա­ծաշր­ջան­նե­րուն մէջ լաւ ու ա­ռա­քի­նի օ­րի­նակ­նե­րու ցու­ցա­նիշ ե­ղան։ Օ­տա­րը չկրցաւ, կամ չու­զեց եր­բեք հասկ­նալ, թէ մենք ինչ­պէ՞ս հայ­րե­նիք ստեղ­ծե­ցինք, քա­նի Հա­յաս­տանն ու հա­յը, պատ­մու­թեան ո­րոշ ժա­մա­նակ­նե­րուն մէջ, ջար­դո­ւած ու ստո­րա­կա­յո­ւած ժո­ղո­վուրդ մը հա­մա­րո­ւած են։

Հա­յե­րու ներ­կա­յու­թեան մա­սին բազ­մա­կող­մա­նիօ­րէն՝ պատ­մա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ իր ա­տե­նի ի­մաս­տով ժա­մա­նա­կագ­րա­կան վեր­լու­ծում­ներ կա­րե­լի է հան­դի­սադ­րել, քա­ղա­քա­կան, քա­ղա­քակր­թա­կան ու հանգ­րո­ւա­նա­բար զար­գա­ցող ու բար­գա­ւա­ճող՝ տե­ղա­կան, շրջա­նա­յին, կա­ռու­ցա­յին, ազ­գագ­րա­կան ու տե­սակ մը՝ «կե­թո­յա­ցած» հա­մե­րաշխ ու խա­ղա­ղա­սէր կեան­քի մը մա­սին, որ իր մի­ջա­վայ­րովն իսկ կը բազ­մա­պատ­կէր մար­դոց հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը եւ սէ­րը սե­փա­կան հո­ղին ու հա­յու ջերմ օ­ճա­խին հան­դէպ։

Կա­րե­լի է եր­կար խօ­սիլ նաեւ 1915ի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յա­ջոր­դած տա­րագ­րու­թեան բա­ցա­սա­կան ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մա­սին, այդ շրջան­նե­րուն մէջ փրկո­ւած ու ապ­րած ծպտեալ ու իս­լա­մա­ցած հա­յե­րու եւ ա­նոնց բռնի նոր կար­գա­վի­ճակ ստա­ցած այ­լա­սե­րող պայ­ման­նե­րու մա­սին, այդ պայ­ման­նե­րու ժա­մա­նա­կին բո­վով ան­ցած հանգ­րո­ւա­նա­յին հո­լո­վոյ­թին, փու­լա­յին ու ի­րար յա­ջոր­դող տաս­նա­մեակ­նե­րուն մէջ ձե­ւա­ւո­րո­ւած հայ տար­րի բա­ղադ­րու­թեան, նկա­րագ­րին, առ­ժա­մեայ թէ մնա­յուն հա­ւա­տա­փո­խու­թեան, կրօ­նա­փո­խու­թեան ող­բեր­գա­կան ու ան­հա­րա­զատ պայ­ման­նե­րու մա­սին, մին­չեւ 30ա­կան, մին­չեւ 60ա­կան, մին­չեւ 80ա­կան, եւ դեռ այ­սօ­րո­ւան մա­սին, ուր հա­յե­րը սկսան սփիւռք դառ­նալ, սկիզ­բը ան­հա­ղորդ դիւ­րու­թեամբ, ա­ռանց նա­խա­պէս սփիւռ­քա­ցած ըլ­լա­լու հո­գե­բա­նու­թեան տի­րա­նա­լու, ա­ռանց իբ­րեւ սփիւռ­քեան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն ի­րենց ներ­քին հա­կա­սու­թիւն­նե­րը ձե­ւա­ւո­րող հար­կադ­րա­կան են­թա­հող մը ու­նե­նա­լու։ Գ­րե­թէ սա­կայն, բո­լոր սփիւռք­նե­րու ճա­կա­տագ­րա­կան հո­լո­վոյ­թը նոյն ձե­ւով կը զար­գա­նայ եւ նոյն ո­ճով ալ կը ձե­ւա­ւո­րո­ւի։

Եւ այս­պէս, հա­յը սկսաւ փո­խո­ւիլ ա­ռանց ինք­զինք հեր­քող հե­ռան­կա­րի մը, որ­մէ չկրցաւ խու­սա­փիլ ո՛չ ե­րէկ, ո՛չ ալ մա­նա­ւանդ այ­սօր։ Այ­սօ­րը սա­կայն կը յու­շէ, թէ այս հար­ցը աս­կէ վերջ շատ ա­ւե­լի դժո­ւար պի­տի դի­մագ­րա­ւո­ւի, քան ան­ցեա­լին։
Հի­մա այ­լեւս թուր­քե­րը ի­րենց երկ­րին մէջ կ­’ո­րո­շեն ընդ­հան­րա­պէս ներ­հա­մայն­քա­յին կա­ռոյց­նե­րու կամ թրքաց­մամբ ըն­դե­լու­զո­ւած տար­րե­րու եւ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու քա­ղա­քա­ցիա­կան եւ կրօ­նա­կան ի­րա­վի­ճա­կի, կարգ ու սար­քի վե­րա­բե­րում­նե­րու կա­նոն­նե­րը։

Պատ­կե­րը՝ միայն ա՛յս է այ­սօր։ ­Կար­ծիքն ու բազ­մա­կար­ծու­թիւ­նը ար­տօ­նե­լի ե­րե­ւոյթ­ներ չեն։ Սահմռ­կե­ցու­ցիչ ձե­ւով կը լռեց­նեն խօ­սո­ղը եւ խօ­սեց­նել կը պար­տադ­րեն լռո­ղը։ Այս երկ­րին մէջ մար­դիկ այ­լեւս թե­ւեր չու­նին թռչե­լու, ոչ իսկ ե­րե­ւա­կա­յու­թեամբ ժա­մա­նա­կին մէջ ճամ­բոր­դե­լու ու ե­րա­զե­լու։ Կ’ե­րե­ւի՝ քիչ մըն ալ ա­ւե­լի կը լռեց­նեն մտա­ծո­ղը, կամ ա­ռանց ար­տօ­նու­թեան մտա­ծել ու­զո­ղը։

Հա­յե­րու մաս մը իս­լա­մա­ցած է, մաս մը քրտա­ցած է, իսկ ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի (այ­սօ­րո­ւայ Տիար­պէ­քիր) մէջ ­տէր­սիմ­ցի ա­սո­րի դար­ձած ու հա­մա­կեր­պած է ա­սո­րի կրօն­քին ու մշա­կոյ­թին, կար­ծես յա­րա­փո­փոխ քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը իր հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թիւ­նը կը պար­տադ­րէ։ Ընդ­հա­կա­ռա­կը սա­կայն, ս­փիւռ­քի մէջ ալ ձու­լո­ւե­լէ խու­սա­փող ա­սո­րին, այ­սօր կը նա­խընտ­րէ հայ ըլ­լալ, հա­յե­րէն խօ­սիլ եւ հա­յու­թեան կառ­չիլ։

Ա­սո­րի ըլ­լալն ու մնալն ալ դժո­ւա­րա­ցած է։

Ա­հա՛ այս ձե­ւով է որ ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը բռնի իս­լա­մաց­ման կրօ­նա­փո­խու­թեամբ ­Թուր­քիոյ մէջ ի­րենց ա­պա­գայ են­թա­կա­յու­թիւ­նը ա­րո­ւես­տա­կան մղում­նե­րով տե­սակ մը կը ձե­ւա­ւո­րեն ժա­մա­նա­կին մէջ, ժա­մա­նա­կին ա­ռըն­թեր՝ քիւր­տի, ա­սո­րիի, համ­շէ­նի, ա­րա­բի, նոյ­նիսկ թուր­քի հա­րա­զատ թէ ան­հա­րա­զատ ե­րե­ւոյթ­նե­րով, կեր­պար­նե­րով, թէ բռնազ­բօ­սիկ կեր­պա­րա­նա­փո­խու­թեամբ։

Ա­պա­գան ի՞նչ կը վե­րա­պա­հէ այս հա­կա­սա­կան ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ազ­գա­զուրկ զա­ւակ­նե­րուն, քիչ մը դժո­ւար է պատ­կե­րաց­նել, քիչ մը դժո­ւար է ե­րե­ւա­կա­յել։ Ե­կէք խու­սա­փինք ցա­ւա­լի նա­խա­տե­սում­ներ ը­նե­լէ։

Այ­նու­հե­տեւ՝ զար­գա­ցող քա­ղա­քա­կան ու բնակ­չագ­րա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւանք­ներ այ­սօր ա­ռաջ­նոր­դած են նոր ի­րա­կա­նու­թեան մը որ­դեգ­րու­մին, այն հո­ղե­րուն վրայ, ուր տի­րա­պե­տող տար­րը քիւրտ ազ­գաբ­նակ­չու­թիւնն է, ե­րե­ւու­թա­պէս ա­նո­րոշ, ե­րե­ւու­թա­պէս շփոթ, բայց վստա­հա­բար պայ­թու­ցիկ ու ար­մատ­ներ տա­րա­ծող լռե­լեայն ու հե­ռան­կա­րա­յին նա­խադ­րեալ­նե­րով։ ­Քիւր­տերն ալ չամ­բող­ջա­ցած ե­րազ­նե­րու զոհ կ­’եր­թան։ Կ’ե­րե­ւի՝ ա­նոնց թե­ւերն ալ փխրուն են, ա­ռայժմ մեծ ոս­տում­նե­րով թռչե­լու հա­մար։

Այս շրջան­նե­րը ա­մէն օր օ­րա­կար­գի վրայ են, ոչ միայն քիւր­տե­րու, ոչ միայն ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան վեր­նա­խա­ւին, այլ նաեւ մեծ ու շա­հագր­գիռ տէ­րու­թիւն­նե­րու ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան հե­ռան­կար­նե­րու պատ­ճա­ռով, ո­րոնք ա­մէն ի­րա­դար­ձու­թեան դի­մաց կը հա­կադ­րո­ւին ա­րա­գօ­րէն, դիր­քո­րո­շում կը փո­խեն ան­մի­ջա­պէս, կամ կ­’ամ­րաց­նեն, կը պատ­շա­ճեց­նեն, ի­րենց վե­րա­բե­րում­նե­րը ե­րե­ւու­թա­պէս խա­ղաղ սպառ­նա­կա­նու­թեամբ մը։ ­Խօս­քը ­Թուր­քիոյ, ­Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու, ­Ռու­սիոյ, Ի­րա­նի, ­Սու­րիոյ, Իս­րա­յէ­լի մա­սին է։ Եւ ան­շուշտ, ա­նոնց ե­տին քո­ղար­կո­ւած մե­ծա­պե­տա­կան ան­յայտ ու­ժե­րուն։

Շր­ջա­նը կ­’ապ­րի յա­ջոր­դա­կան սե­րունդ­նե­րու մէջ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան վե­րած­նող պատ­կա­նե­լիու­թեան մը ո­րոն­ման տես­լա­կա­նով, հա­յա­դար­ձու­թեան, ազ­գա­դար­ձու­թեան հաս­տատ­ման ու ճշդո­ւած սահ­ման­նե­րով հայ­րե­նիք ստեղ­ծե­լու հե­ռան­կա­րի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան մը վրայ, թօ­թա­փե­լով մոն­կոլ քո­չո­ւոր­նե­րը, որ հայ­րե­նի­քի վե­րա­ծե­ցին ու­րի­շի դա­րա­ւոր հայ­րե­նի­քը։

«­Հա­յաս­տա­նի հա­մար կայ պայ­ծառ եւ ե­րա­նե­լի ա­պա­գայ»,- կ­’ը­սէր ­Ճէյմս Պ­րայս։ Կ’ե­րե­ւի, պատ­ճառ ու­նինք յի­շե­լու զինք, քա­նի մեր խա­ղաղ օ­րե­րուն, այս քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը տա­րա­ծո­ւե­ցաւ աշ­խար­հի մէջ եւ ազ­դեց յա­ռա­ջա­դէմ այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մշա­կոյ­թի զար­գաց­ման ու վե­րել­քին վրայ, մշա­կոյ­թին հան­դէպ մշա­կոյթ եւ ոչ թէ պա­տե­րազմ հան­դի­սադ­րե­լով։

Դա­րե­րով օս­ման­ցի­նե­րը այդ հո­ղե­րուն կու­տա­յին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան պատ­կա­նե­լու­թեան «հո­վա­նին»։ ­Թուրք-­Թուր­քիա բա­ռե­րը, որ օս­ման­ցի­նե­րուն կող­մէ հա­մա­զօր էին ար­հա­մար­հան­քի ու լու­տան­քի՝ գոր­ծա­ծո­ւիլ սկսան սուլ­թա­նի տա­պա­լու­մէն ետք, երբ 1908ին Ե­րիտ-թուր­քե­րը տի­րա­ցան իշ­խա­նու­թեան եւ նոյն տա­րին ալ ստեղ­ծե­ցին ի­րենց ա­ռա­ջին սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը։ Ա­ւե­լի ետք՝ ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մալ հիմ­նեց ­Թուր­քիոյ ա­ռա­ջին Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը 1923էն յե­տոյ, երբ «օս­ման­ցի» բա­ռը դադ­րե­ցաւ գոր­ծա­ծո­ւե­լէ եւ ա­րա­բա­տառ թրքե­րէ­նը փո­խա­րի­նո­ւե­ցաւ լա­տի­նա­տառ ի­րենց «այ­բեն­գի­մ»ով։

Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ սա­կայն, փաս­տօ­րէ՛ն, նոր թուր­քե­րը հա­ւա­տար­մօ­րէն շա­րու­նա­կե­ցին օս­մա­նեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ժա­ռան­գա­կա­նու­թիւ­նը բա­նիւ եւ գոր­ծով, գոր­ծով ու բռնու­թեամբ, նո­րա­տիպ հա­յա­տեաց մո­լուց­քով, ինչ որ կը շա­րու­նա­կո­ւի մին­չեւ հի­մա, ե­րե­ւու­թա­պէս տար­բեր -տար­բեր նկա­րագ­րով ու ե­րան­գա­ւո­րում­նե­րով, պատ­մու­թիւն կեղ­ծե­լու եւ խե­ղա­թիւ­րե­լու անն­ման հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ մը, որ իր նմա­նը չճանչ­ցած մեր­ժու­մի ու ժխտու­մի նո­րահ­նար ու ա­նի­մա­նա­լի ո­ճով մը կը շա­րու­նա­կո­ւի սե­ւը խառ­նե­լով ճեր­մա­կին եւ ճեր­մա­կը սե­ւին։ Եւ ե­րե­ւա­կա­յել, որ դեռ ու­րիշ գոյ­ներ ալ կան։

Օս­ման­ցի­ներն ու թուր­քե­րը ի­րենց մի­ջեւ ու­նին ազ­գա­յին, ազ­գագ­րա­կան, ազ­գայ­նա­կան, հա­սա­րա­կա­կան, կրօ­նա­կան ու կրօ­նա­մո­լա­կան նմա­նու­թիւն­ներ, այ­լեւ տար­բե­րու­թիւն­ներ, սա­կայն այն­քան մօտ ու նման են ի­րա­րու՝ ջու­րի եր­կու կա­թի­լի հա­րա­զա­տու­թեամբ, որ կը հա­մա­րո­ւին տե­սակ մը՝ նոյն ցե­ղին, նոյն ցե­ղա­խում­բե­րուն, նոյն զան­գո­ւա­ծա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րուն միա­տարր ու ի­րար լրաց­նող հո­մա­նիշ շա­րու­նա­կու­թիւն։

Ի՛նչ ալ ըլ­լայ, օս­ման­ցի, օս­ման­լի թէ թուրք, ա­սոնք բո­լորն ալ վա­րա­կո­ւած են ու կը յատ­կան­շո­ւին ի­րենց բնազ­դա­յին ու բար­դու­թա­յին ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան մաղ­ձով։ Ա՛յս յատ­կա­նիշ­ներն են որ քով-քո­վի բե­րին, այ­լա­կեր­պե­ցին, միա­ձու­լե­ցին բազ­մա­թիւ այ­լազգ ու այ­լա­դա­ւան ցե­ղա­խում­բեր ու ժո­ղո­վուր­դի վե­րա­ծե­ցին զա­նոնք այդ հո­ղե­րուն վրայ։ ­Բայց, չմոռ­նանք, այն ինչ որ Անգ­լիոյ վար­չա­պետ Կ­լա­տըս­թըն կ­’ը­սէր.- «Ուրկէ՛ որ թուր­քե­րը ան­ցան, ա­րեան հետ­քեր ձգե­ցին»։

Խնդ­րոյ ա­ռար­կայ տա­րա­ծաշր­ջան­նե­րուն մէջ տե­ղա­կան, տե­ղա­ծին, բնա­ծին ու հնա­մե­նի ժո­ղո­վուրդ­ներ ու փոք­րա­մաս­նու­թիւն­ներ՝ հա­յեր, յոյ­ներ, պոն­տոս­ցի­ներ, ա­սո­րի­ներ (թուր­քերն ալ փոք­րա­մաս­նու­թիւն էին, յե­տոյ ծա­ւա­լե­ցան եւ մե­ծա­մաս­նու­թիւն ե­ղան), խա­ղաղ ու ստեղ­ծա­րար կեանք մը կ­’ապ­րէին, նախ­քան թուր­քե­րու տա­րա­ծաշր­ջան խու­ժումն ու տի­րա­պե­տու­թիւ­նը։ ­Տեղ մը հա­յե­րը մե­ծա­մաս­նու­թիւն էին, ու­րիշ տեղ մը յոյ­նե­րը, ա­սո­րի­նե­րը, ու­րիշ տեղ ալ ա­ւե­լի փոքր կազ­մա­կերպ թէ ան­կազ­մա­կերպ կեանք ապ­րող ցե­ղեր, ցե­ղա­խում­բեր, հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­ներ։ Այս բո­լո­րին տար­բե­րու­թիւ­նը այն է, որ հա­յերն ու յոյ­նե­րը ա­ռա­ւել չա­փով ի­րենց հո­լո­վու­թա­յին կա­ռու­ցո­ղա­կան փո­խա­նա­կում­նե­րով ինք­նու­թեան ու ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան կազ­մա­ւո­րու­մը զար­գա­ցու­ցած էին եւ կը ներշն­չո­ւէին ազ­գա­յին ու կրօ­նա­կան միաս­նա­կան ու հա­սա­րա­կաց ապ­րում­նե­րով ու գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեամբ, ա­զա­տագ­րա­կան տես­լա­կան­նե­րով, այ­լեւ ըն­կե­րա­յին ու հա­սա­րա­կա­կան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րու նոյն նպա­տա­կին ծա­ռա­յող զու­գա­հեռ ու տա­րո­րո­շիչ շեշ­տադ­րու­մով, ան­շուշտ ներշն­չո­ւե­լով նաեւ 1789ի ֆրան­սա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան գա­փա­րա­կան տես­լա­կան­նե­րէն ու ի­տէալ­նե­րէն։

Հայ ժո­ղո­վուր­դը այդ տա­րածք­նե­րուն մէջ ապ­րե­ցաւ մին­չեւ 20րդ ­դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րի­նե­րը եւ 1918ին ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղ­ծումն ու ան­կա­խա­ցու­մը։ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղծ­ման ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծիչ­նե­րը, բռնագ­րա­ւեալ այդ տա­րածք­նե­րուն մէջ պայ­քա­րե­ցան հայ­րե­նիք­ներ ա­զա­տագ­րե­լու հա­մար, ինչ­պէս Ա­րա­մը, Անդ­րա­նի­կը, Հ­րայր Դ­ժոխ­քը, ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նը, ­Պետ­րոս ­Սէ­րէմ­ճեա­նը, Իշ­խա­նը, ­Ռու­բէ­նը, ­Քե­ռին, Վ­ռա­մեա­նը, Դ­րոն, Սմ­բա­տը, Աղ­բիւր ­Սե­րո­բը, Եփ­րեմ, ­Խա­նը, Գէորգ ­Չա­ւու­շը, ­Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րա­տը, Հ­րայր Դ­ժոխ­քը, ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նը, ­Խա­նա­սո­րի խում­բը, ­Նեվ­րու­զի խում­բը, ­Կա­րա­պետ ­Բա­լա­պե­խի խում­բը, ­Սօ­սէ ­Մայ­րի­կը, ­Ռու­բի­նան, Մա­րօն եւ դեռ հա­րիւ­րա­ւոր­ներ, հա­զա­րա­ւոր­ներ։ Ա­նուն ու­նե­ցող­ներ, մոռ­ցո­ւած ա­նուն­ներ, ան­յայտ ա­նուն­ներ, գե­րեզ­ման ու­նե­ցող­ներ, գե­րեզ­ման չու­նե­ցող­ներ։ ­Յի­շո­ղու­թիւնն ալ խտրու­թիւն կը դնէ եր­բեմն։

Այ­սօր՝ ինչ է ա­լի­քի պէս ա­ճող ու տա­րա­ծո­ւող այս բո­լո­րին շա­րու­նա­կու­թիւ­նը, երբ դժո­ւա­րա­ցած է ազ­գա­յին մեր գո­յա­պայ­քա­րի գո­յու­թե­նա­կան հար­ցը, որ պարզ հարց մը չէր ե­ղած եր­բեք, ոչ ալ պարզ է այ­սօր։ Ե­րէկ թէ այ­սօր, մեր դա­տը՝ մեր ժո­ղո­վուր­դին դատն է, մեր կեան­քի ա­ռա­քե­լու­թեան դատն է, մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց դատ է, ո­րով­հե­տեւ ար­դա­րու­թեան ու ի­րա­ւուն­քի հար­ցե­րը մար­դու ար­դա­րու­թեան ու ի­րա­ւուն­քի հար­ցեր ըլ­լա­լէ չեն դադ­րիր դա­րե­րու ըն­թաց­քին։

Հայ ­Դա­տը միայն հա­յու զգա­ցա­կան հարց չէ, զուտ քա­ղա­քա­կան հարց է։ Եւ ­Թուր­քիա կը սար­սա­փի որ օ­րին մէ­կը հա­յու­թեան հար­ցը կը փո­խադ­րուի ի­րա­ւա­կան դաշ­տի հար­թակ­նե­րու վրայ եւ կը ստա­նայ ի­րա­ւա­կան կշի­ռի հա­ւա­քագ­րում, բնոյթ ու էու­թիւն։ ­Բայց հա­յու­թիւ­նը յստա­կօ­րէն հա­տուց­ման ու պա­հան­ջա­տի­րու­թեան այդ ճամ­բուն վրայ կը գտնո­ւի այ­լեւս։ Եւ այս գա­ղա­փա­րը վճռա­կա­նօ­րէն թող ըն­կա­լո­ւի իբ­րեւ նոր սե­րուն­դի հնչեղ մար­տահրա­ւէր։

Հա­յը խա­ղա­ղա­սէր ժո­ղո­վուրդ է, բայց պա­տե­րազ­մէն չի վախ­նար։ Ո­րո­շած է սա­կայն, յա­նուն ար­դա­րու­թեան ու ի­րա­ւուն­քի, չվա­րա­նիլ պա­տե­րազ­մելէ, նոյ­նիսկ երբ հարկ զգա­ցո­ւի պա­տե­րազ­միլ՝ պա­տե­րազ­մին դէմ։

azator.gr/?p=7568

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail