Նամակ Երկրէն – ՎԵԹԹԻՆԿԻ ԵՒ ԴԱՏԱՐԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ – Րաֆֆի Տուտագլեան

Նամակ Երկրէն – ՎԵԹԹԻՆԿԻ ԵՒ ԴԱՏԱՐԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ – Րաֆֆի Տուտագլեան

Նամակ Երկրէն (ՆԱԽՈՐԴԸ)

ՎԵԹԹԻՆԿԻ ԵՒ ԴԱՏԱՐԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

1991 Յուլիսին, ԱՄՆ նախագահ Ճորճ Պուշը Գոնկրէսին ներկայացուց Քլերընս Թոմըսի թեկնածութիւնը՝ Գերագոյն Ատեանի թափուր աթոռին համար: Թըրկուտ Մարշըլէն յետոյ, Քլերնս Թոմըս Ամերիկայի երկրորդ սեւամորթն էր, որ պիտի ընտրուէր Գերագոյն Ատեանի դատաւոր:

Կարճ ժամանակ մը ետք, ԱՄՆ Սենատին մէջ սկսան Քլերընս Թոմըսի թեկնածութեան քննարկումներն ու լսումները: Քուէարկութենէն առաջ, Գերագոյն Ատեանի թեկնածուին ուղղուեցան անհամար հարցումներ՝ իր իրաւական աշխարհահայեացքին, փիլիսոփայական ըմբռնումներուն եւ այլ իրական ու վերացական խնդիրներու եւ տեսակէտներու մասին:

Լսումները աւարտին հասած էին արդէն եւ ճշդուած էր քուէարկութեան թուականը՝ Հոկտեմբեր 8, երբ մամուլին մէջ սպրդեցաւ FBI-ի եւ Անիթա Հիլ անունով իրաւաբանի մը վերաբերող լուր մը, ըստ որուն՝ Քլերընս Թոմըս սեռային ճնշումներու (sexual harassment) ենթարկած է Անիթա Հիլը:

Եւ ահաւասիկ քեզի պատմութիւն… Այս լուրը դարձաւ մամուլի գլխաւոր թեմաներէն մէկը եւ ստեղծուած աղմուկ աղաղակին հետ վերաբացուեցաւ Քլերընս Թոմըսի թեկնածութեան լսումները եւ քննարկումները:

Սենատի Դատական Յանձնաժողովը հարցաքննութեան կանչեց ոչ միայն ԱՆիթա Հիլը եւ Քլերընս Թոմըսը, այլ նաեւ այս վերջինի հին ու նոր գործընկերներն ու ծանօթները: Եւ ի՜նչ հարցաքննութիւն, ի՜նչ վեթթինկ, ի՜նչ յարձակողականութիւն, ագրեսիա՝ Յանձնաժողովի կարգ մը անդամներուն կողմէ: Անգլերէնով՝ grill ըրին Քլերընս Թոմըսին եւ Անիթա Հիլին: Եւ այս բոլորը «լայվ» սփռուեցաւ ԱՄՆԻ ամբողջ տարածքին…

Այդ օրերուն, ես դեռ ուսանող էի Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըսի համալսարանին մէջ ու զարմանքով, երբեմն նոյնիսկ տեսածէս ու լսածէս ամչնալով կը հետեւէի այս աննախընթաց grilling-ին: Քլերընս թոմըսի վարքն ու բարքը եւ անձնական կեանքը այնքան մանրազննին քննարկումի ենթարկուեցան, որ պահ մը մտածեցի թէ մարդը պիտի չդիմանայ ճնշումներուն եւ կաթուած պիտի անցընէ:

Չէի պատկերացնէր, որ այսքան անխնայ եւ դաժան կրնային ըլլալ քաղաքական գործիչները՝ երկրի դատական կարեւորագոյն պաշտօնին յաւակնող դատաւորի մը հանդէպ:

Քլերընս Թոմըս վերջաւորութեան 4 քուէներու տարբերութեամբ ընտրուեցաւ Գերագոյն Ատեանի դատաւոր: Իր թեկնածութեան յայտարարութենէն մինչեւ ընտրութիւնը տեւեց 99 օր: ԱՄՆ Գերագոյն Ատեանի պատմութեան մէջ սա յատկանշական է, որովհետեւ միայն մէկ անգամ՝ 1975-ին, աւելի երկար տեւած է թեկնածութեան յայտարարութենէն մինչեւ ընտրութիւն ժամանակաշրջանը (108 օր)…

Այս օրերուն, Հայաստանի մէջ կը խօսուի դատաւորներու վեթթինկի մասին, դատական համակարգը փտախտի կեղտերէն մաքրելու եւ իրապէս անկախ եւ արդար համակարգ ունենալու մասին: Լուրերու կը հանդիպինք՝ Վենետիկեան յանձնաժողովի դրական կամ բացասական կարծիքներու մասին, կը կարդանք նախկին իշխանաւորներու մերձաւորներուն բազմաթիւ ու բազմատեսակ քննադատական գրութիւնները…

Բայց բոլորս, մամուլի մէջ թէ այլուր, յաճախ հանդիպած ենք այս կամ այն դատաւորի կուտակած հարստութեան, ստացած դրամական «նուէր»ներուն, կողմնակալութեան, կաշառակերութեան եւ հազար տեսակ չարագործութիւններու մասին լուրերու եւ տեղեկութիւններու… ու ոչ մէկ անգամ քննարկում ու լսումներու ականատես եղած ենք: Իսկ հիմա, երբ դեռ կը շարունակուին դատաւորներու գործունէութեան մասին զարմանհրաշ հրապարակումներն ու բացայայտումները, փոխանակ համապատասխան ատեաններու մէջ դատաւորներու վարք ու բարքին, անձնական եւ արհեստավարժ գործունէութեան վիճակացոյցին շուրջ լուրջ եւ հիմնաւորուած քննարկումներ եւ լսումներ կազմկերպելու, կը խօսինք դատական համակարգի կայունութիւնը չխաթարելու մասին: Իսկ ո՞վ ըսաւ, որ դատական համակարգը կեղտոտ դատաւորներէն մաքրելը անկայունութիւն կը ստեղծէ: Դատական համակարգը անկայուն էր եւ է տակաւին, քանի որ անիկա հազար ու մէկ թելերով կապուած է կոռուպցիայի հին ու նոր հովանաւորներուն հետ, կոռումբացուած պետական այրերու եւ անպարկեշտ գործարարներու հետ… Միայն մաքուր եւ անկախ դատաւորները կրնան երաշխաւորել դատական համակարգի կայուն գործունէութիւնը, ուրիշ ոչ ոք…

Վեթթինկ կը կոչէք թէ grilling, երկրորդական է արդէն: Առաջնայինը՝ դատական համակարգի առողջացումն է, իրա՛ւ արդարադատութեան ստեղծումը: Ես իրաւական մասնագիտութենէ հեռու եմ, բայց գիտեմ որ իմ ու երեխաներուս խնդիրները քննող դատաւորը, իմ ու երեխաներուս իրաւունքը երաշխաւորող դատաւորը պէտք է ունենայ մաքրամաքուր անցեալ, բարոյական եւ արհեստավարժ աշխատանքի անբասիր վիճակացոյց եւ վստահելիութեան բարձր մակարդակ: Արդարադատութիւնը նախ եւ առաջ վստահելիութեան վրայ հիմնուած գաղափար է, արդարադատութիւնը իրաւունքի պաշտպանուածութեան ընկալումն է, նախ քան գրուած օրէնք եւ գեղեցիկ շարադրուած սահմանադրութիւն ըլլալը:

Այդ վստահութիւնը պէտք է վերադարձուի ժողովուրդին: Եւ այստեղ է, ահա, որ ըսելիք պիտի ունենայ Ազգային Ժողովը, որուն տրուած է արմատական բարեկարգումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու մանդատը:

Շարժիլ է պէտք: Արա՛գ, վճռական եւ օրէնքի ուժի ամբողջական կիրառումով:

Քանի որ, ըստ ամենայնի, արդարադատութիւնը օրէնքի ուժի վճռական կիրառումն է նաեւ:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail