Նամակ երկրէն
ԱՆՑԵԱԼԻ ՀԵՏ ԱՊԱՀԱՐԶԱՆԸ ՄԻԱԿ ԼՈՒԾՈՒՄՆ Է
Ամուլսարը անցեալի՝ նախայեղափոխական ժամանակաշրջանի ուրուականն է Նոր Հայաստանի մէջ:
//ՆԱԽՈՐԴԸ//:
Հայրենի բնութեան պահպանման, իրաւական եւ արդար հասարակարգի ի խնդիր պայքար տանող ակտիւիստներու, եւ իրաւատէրի գիտակցութիւնը նուաճած քաղաքացիական հասարակութեան համար, Ամուլսարի ոսկին անցեալի՝ հին Հայաստանի խորհրդանիշն է։
Հանքարդիւնաբերութիւնը ընդհանրապէս, Ամուլսարի ոսկին մասնաւորաբար, ու դեռ՝ օտար եւ տեղացի մեծ, այլեւ ագահ դրամագլուխի տէրերուն ծառայող օֆշորները առ հասարակ, ընդերքի շահագործման խախուտ օրէնսդրութիւնը եւ այս բոլորին դէմ բողոքող հանրութեան տեսակէտի անտեսումը՝ անցեալ կը բուրեն, Սերժ Սարգսեանական ռեժիմ կը յիշեցնեն: Ամուլսարով ի յայտ եկող մութ կապերը, անտեսանելի դրամատէրերը, վարագոյներու ետին տեղի ունեցած կասկածելի գործարքները հին Հայաստանի յոռի բարքերու մարմնացումն են՝ քաղաքացիական հասարակութեան եւ ակտիւիստներու կարեւոր շրջանակի մը համար։
Այլ խօսքով՝ համաժողովրդային յեղափոխութեան առաջին գիծերէն քալող ակտիւիստներուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան համար, Ամուլսարի ոսկիի հանքը՝ անցեալէն եկած կոռուպցիայի, երկրի հարստութեան անխնայ թալանի եւ ժողովուրդի կարծիքի ոտնակոխման ամենավառ օրինակն է, Սերժ Սարգսեանական ռեժիմի յոռի բարքերու վերապրումը՝ Նոր Հայաստանի մէջ: Այլեւս վախի կապանքներէն վերջնականապէս ազատագրուած գիտակից քաղաքացիին համար՝ Ամուլսարի հանքի շահագործումը կը նշանակէ համակերպիլ անցեալի ահաւոր սխալներուն, զանոնք մերժելու եւ արմատախիլ ընելու փոխարէն: Ընդունիլ Ամուլսարի ոսկին կը նշանակէ ենթարկուիլ Սերժ Սարգսեանի եւ իր շուրջը հաւաքուած տզրուկներու խաղի կանոններուն, խաղի նոր եւ աւելի արդար օրէնքներ եւ իրաւարարութիւն ստեղծելու փոխարէն:
Բայց չէ՞ որ յեղափոխութիւնը հինի մերժումն էր՝ ամէն բանէ առաջ, յանուն նոր եւ արդար Հայաստանի, չէ՞ որ հիներու ստեղծած յոռի վարք ու բարքին արտաքսումն էր նոր ու վերածնած Հայաստանէն:
Ահա թէ ինչու քաղաքացիական հասարակութեան եւ ակտիւիստներու լայն շրջանակներու համար՝ ոչ միայն Ամուլսարի շահագործումն է անընդունելի, այլեւ՝ հանքարդիւնաբերութեան ներկայ դրուածքն ու օրէնսդրութիւնը ընդհանրապէս:
Յեղափոխութեան աջակցած որեւէ քաղաքացիի համար, Ամուլսարի հանքի շահագործումը անցեալի հետ քաղաքական եւ ընկերատնտեսական ամուսնական կապի վերականգնումն է, մինչդեռ հասարակութիւնը ընդհանրապէս եւ քաղաքացիական շարժումներն ու ակտիւիստները մասնաւորաբար՝ անցեալի հետ ամբողջական եւ վերջնական ապահարզան կը պահանջեն ներկայ ղեկավարութենէն:
Եւ ահա թէ ինչու, ներկայ իշխանութիւնները, Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ, շատ վտանգաւոր սխալ կ’ընեն, երբ կամա-ակամայ կը մարսեն նախորդներու հակապետական գործունէութենէն ժառանգ մնացած ապազգային ու հակամարդկային հանքահէնութիւնը…
Հասկնալի է, երբ անցեալի իշխանութիւնները եւ իրենց լծակից դարձած ուժերը չեն կրնար բացայայտօրէն մերժել Ամուլսարի ընդերքի շահագործումը: Ամուլսարը մերժելով, մերժած պիտի ըլլան իրենց սեփական վարքագիծը եւ անուղղակիօրէն ընդունած պիտի ըլլան իրենց սեփական մեղքի բաժինը: Այդքան վեհանձնութենէ զուրկ են նախկին ռեժիմի մնացորդացը ու շատ պարզ ու հասկնալի է, նոյնիսկ ինչ որ տեղ ընդունելի է անոնց պիղատոսեան քաղաքականութիւնը: Իսկ հասարակութեան համար այս ուժերու դիրքորոշումը այս օրերուն այդքան մեծ նշանակութիւն չունի: Հանրութիւնը, սակայն, չի հասկնար եւ չ’ընդունիր նոր իշխանութիւններու անվճռական եւ երկդէմ վարքագիծը, որքան ալ իրենց քայլը արդարացնող իրաւական, քաղաքական եւ տնտեսական հետեւանքներու մասին բացատրութիւն տան անոնք:
Նոր իշխանութիւններուն համար յստակ պէտք է ըլլայ, որ այս րոպէին Ամուլսարի ոսկին արդէն միայն հանքի խնդիր չէ: Յաչս հասարակութեան, Ամուլսարի հանքի շահագործումը այլ բան չէ, եթէ ոչ՝ անցեալի տրովադայի ձին՝ Նոր Հայաստանի մէջ: Հոգիի վաճառքի դիմաց՝ Սատանայի խոստացած Երուսաղէմն է Ամուլսարի ոսկին, կամ՝ համաժողովրդային յեղափոխութեան յայտարարած արժեքներու թաղման դիմաց վճարուած գինն է անիկա: Եւ այս իսկ պատճառով, համաժողովրդային յեղափոխութեամբ խանդավառ ոեւէ մարդու համար՝ Ամուլսարի ոսկին, որքան ալ թանկարժէք ըլլայ, պարզապէս անընդունելի է, ու ի սկզբանէ՝ մերժելի:
Րաֆֆի Տուտագլեան
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com