ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները Ե.

Սպիտակի մօտակայ գիւղի մը մէջ հնադարեան ձիու լքուած արձան մը (տապանաքա՞ր) եւ հայկական լեռնաշխարհի ձիեր

Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները Ե.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հայկական ձիերը Աստուածաշունչին մէջ. Սկիզբը՝ //ՆԱԽՈՐԴԸ//:

Փիլիսոփայութեան դասախօս եւ Ս. Գիրքի դպրագէտ, փրուսիացի Սըր Ճոն Տէյվիտ Միքայէլիսին (1717-1791) չորս հատոր «Մեկնաբանութիւն Մովսէսի օրէնքներուն» (1) գերմաներէնէ անգլերէնի թարգմանութիւնը հրատարակուած է 1814-ին, որ Հին կտակարանի մասին աստուածաբանական աշխատասիրութիւն մըն է, ուր հեղինակը ընդհանրապէս, աստուածաբանական մեկնաբանութիւններու կողքին, տեղանուններու, թուականներու եւ այլ պատմական տեղեկութիւններու ստուգում-մեկնաբանութիւններ կը կատարէ: Ան եբրայերէնին տիրապետած էր եւ Հալլի Մարթին Լուտեր համալսարանին մէջ, կրօնի կողքին, նաեւ սեմական լեզուներ կը դասաւանդէր: Մեզ հետաքրքրող հայկական ձիերու մասին Բ. հատորին մէջ կ՛ըսէ հետեւեալը.

Սպիտակի մօտակայ գիւղի մը մէջ հնադարեան ձիու լքուած արձան մը (տապանաքա՞ր) եւ հայկական լեռնաշխարհի ձիեր:

Ա.- «Հայաստանը նշանաւոր էր իր ձիերով», էջ 473-ի խորագիրը:

Բ.- «Նոյնիսկ Եզեկիէլ մարգարէին ժամանակ (Ք.Ա. 622-570*) Սուրի մէջ (Փիւնիկէ, Լիբանան *) հայկական ձիեր կը վաճառէին (2): Այնպէս որ, հին ժամանակներու հիւսիսի Հայաստանը, հարաւի Եգիպտոսի նման, իւրայատուկ բնիկ ձիերու երկիր էր, մինչ այս երկուքին միջեւ գտնուող երկիրները իրենց յատուկ տեսակի ձիեր չէին բուծաներ, այլ Հայաստանէն կամ Եգիպտոսէն կը ստանային իրենց ձիերը: Հաւանաբար վերը նշուած հիւսիսային քանանացիներուն ձիերը հայկական տեսակն էին»:

Գ.- «Դաւիթի (Իսրայէլի թագաւոր Ք.Ա. 1010-970 *) ահարկու թշնամին (հիւսիս-արեւելքի դրացի*) Արամ-Զոպայի թագաւորն էր, որ պատերազմի դաշտ բերաւ շատ ձիաւորներ, Դաւիթ յաղթեց եւ գերի առաւ ամբողջ բանակը` 20 հազար հետեւակ,  7000 հեծեալ եւ 1000 մարտակառք: Այս յաղթանակը ինչպէ՞ս կարելի էր` առանց հեծելազօր ունենալու, պիտի փորձեմ բացատրել այլ տեղ»:

«Ո՞վ էր այս հզօր թշնամին: Կը խորհիմ, որ հայկական լեռներուն ստորոտը գտնուող Միջագետքի արամէական Նեզպիս, ասորերէնը` Զոպօ, իսկ քաղդէրէնը` Զոպա կոչուող քաղաքի թագաւորն էր: Ես համաձայն չեմ Ժոզեֆըսի (Ֆլաւիուս, Flavius Josephus 37-100, առաջին դարու Երուսաղէմ  ծնած պատմաբան*) պնդումին, թէ` Զոպան եւ Սոֆենը նոյնն են (Սոֆենը հայկական Ծոփքն է. սեպագիրէ, մեհենագրութենէ, ուկարիթէ, եբրայերէնէ, հռոմ-լատիներէնէ, յունարէնէ, շումերէնէ, խուռիերէնէ, ասորերէնէ, քաղդերէնէ, էլամեներէնէ, սանսկրիտէ եւ այլն, գերմաներէնի կամ անգլերէնի քանի մը անգամ մէկը միւսին` իրարու տառադարձութենէ ետք անունները կ՛աղաւաղուին, երբ այս լեզուները «Ծ» տառը կամ հնչիւնը չունէին եւ «Զ» հնչիւնը գործածեցին, ուրեմն հաւանակա՛ն է, որ Ծոպօ, Ծոփօ` Ծոփքն էր*): Ամէն պարագայի, Նեզիպիսի թագաւորը կրնա՛ր, Հայաստանի թագաւորը ըլլալ եւ արդէն հետագային հայ թագաւորներ այնտեղ բնակեցան, ուրեմն, ա՛յս հարցին մէջ Ժոզեֆըսի հետ տարակարծիք չեմ»:

Հայկական կայսրութիւնը Ք.Ա. 95-էն 66,                                         Մովսէս Խորենացի, 14-րդ դարու ձեռագիր

Դ.- Դաւիթ գերի առած 7000 ձիերը կարթատեց (մովսէսական օրէնքով ոտքերուն կարթալարը` սմբակին վերի ջիղը կտրել, որպէսզի ձին անպէտք դառնայ*) բացի 100-էն, որ հաւանաբար պահեց իր ապագայ պահակագունդին կամ ռազմակառքերուն համար: Ուրեմն Դաւիթ մտադիր չէր հեծելազօր մը ստեղծելու (մինչեւ այդ թուականը Իսրայէլի մէջ ձիեր չէին օգտագործուեր, այլ` էշեր ու ջորիներ, նոյնիսկ Սաւուղ եւ Դաւիթ թագաւորները ջորիով կամ էշով կը ճամբորդէին, կամ` հետիոտն*), այլապէս, 7000 մարզուած այս հայկական ձիերը թանկագին աւար էին (մարտական նպատակով օգտագործելու*)» էջ 473-474:

Ե.- «(Իսրայէլի*) Ջորիները հաւանաբար Հայաստանէն», էջ 478-ի խորագիրը. քանի որ իրենց կրօնը կ՛արգիլէր տարբեր անասուններու զուգաւորումը:

Զ.- «Հայկական ձիերը ստորադաս էին եգիպտականէն», էջ 490-ի խորագիրը: Հեղինակը այստեղ կ՛ենթադրէ, որ եգիպտական ձիերը աւելի լաւ ըլլալու էին, որ Սողոմոն (Իմաստուն, Դաւիթի որդին, Իսրայէլի թագաւոր Ք.Ա. 970-931*) Եգիպտոսէն գնեց իր ձիերը»… Սակայն շատ մը այլ պատճառներ կրնային ըլլալ, օրինակ` անոնք աւելի՛ աժան էին, կամ` աշխարհագրականօրէն աւելի՛ մօտ, կլիմային աւելի՛ յարմար, եւ մանաւանդ եթէ թշնամի էին, իրենց ձի պիտի  չծախէին եւ այլն:

Է.- Էջ 499-ին մէջ, սակայն, իբրեւ եզրակացութիւն` կ՛ըսէ. «Սուրը (Փիւնիկէ*) Հայաստանէն կը գնէր իր ձիերը, Եգիպտոսէն ձիերու գնումը դադրած էր, եւ Արաբիան այսօրուան նման արժէքաւոր ձիերու տեսականի չունէր, կամ, ամէն պարագայի, հայկականէն ստորադաս էր»:

Հայաստան եւ Արամ Ք.Ա. 1200-1000 (10)                                            Հայկական բուժիչ կարմիր հողը, կաւը

Ըստ հեղինակին մեկնաբանութեան, Իսրայէլի հիւսիսը թէեւ քանի մը երկիրներ կային, սակայն բացի Քանանէն` բոլորը Հայաստան աշխարհին մաս կը կազմէին, աւելցնելով, որ Արամ անունը հայկական է, թէեւ արամայեցիներուն ալ կը վերաբերի (էջ 473): Արամի երկիր կը նկատուի այժմու Սուրիան (ո՛չ Ասորեստանը), եւ Արամ-Զոպան էր, որուն յաղթեց Դաւիթ թագաւորը եւ գերեվարեց վերեւ նշուած ձիերն ու մարտակառքերը: Հեղինակը այդ ջախջախիչ պարտութեան եւ գերեվարած զօրքին թիւերը անհաւանական կը նկատէ, «քանի որ Արամ-Զոպայի թագաւորը անմի՛ջապէս ետք երկրորդ պատերազմ մը մղած է զօրաւոր բանակով եւ հեծելազօրով»: Ան ընդհանրապէս, շատ մը այլ պարագաներու եւս, տրուած բոլոր թիւերուն մասին կասկած կը յայտնէ, երբեմն նոյնիսկ 100 անգամ աւելի եւ անտրամաբանական թիւեր տրուած են կ՛ըսէ:

Պատմիչ Մովսէս Խորենացին (410-490), իր կարգին, համաձայն չէ Ծննդոց գլուխ 22-ի 23-րդ համարին մէջ տեղ գտած հայոց ծագումին մասին գրութեան, ուր, ըստ Աբրահամի, իբր թէ իր եղբօր` Նոքովրի եւ Մեղքա մօրմէն ծնան «Հուսը եւ անոր եղբայրը` Բոզը ու Արամի հայրը Կ(Ք)ամուէլը»: Արամին անունը պէտք էր անպայման ձեւով մը յիշատակէին, «քանզի Հայկեան Արամը Հին Արեւելքի մէջ մեծ ճանաչում եւ հռչակ ունեցող պատմական անձ էր, եւ Աստուածաշունչով ամրագրուած է անոր աստուածաշնչեան կերպարը, սակայն սխալ կերպով Արամ նահապետը «սեմականացուած է», կ՛ըսէ Խորենացին:

Խորենացին կը բողոքէ, որ Նոյի երեք որդիներէն «Յաբեթի ճիւղագրութեան պարագային, անոր սերունդները բոլորովին կը բացակային» (Աստուածաշունչին մէջ*) (3): Հայերը սերած են Յաբեթի սերունդէն` Թորգոմէն, որ Հայկ նահապետին հայրն էր: Փաստօրէն, նոյն Աստուածաշունչին մէջ Եզեկիէլ մարգարէն Հայաստանը «Թորգոմայ երկիր» կը կոչէ:

Ըստ ժամանակագրող Դաւիթ Բաղիշեցիի (16??- 1673), Նոյի որդիներէն` «Յաբեթէն կը ծնի Գամերը, Գամերէն կը ծնի Թիրասը, Թիրասէն կը ծնի Թորգոմը, Թորգոմէն կը ծնի Հայկը, Հայկէն կը ծնի Արմենակը, Արմենակէն կը ծնի Արամայիսը, Արամայիսէն կը ծնի Ամասիան, Ամասիայէն կը ծնի Գեղամը, Գեղամէն կը ծնի Հարման, Հարմայէն կը ծնի Արամը, Արամէն կը ծնի Արան (գեղեցիկը)» (4):

Էպլայի հնութիւններէն եւ 1.800 ամբողջական սեպագիր գրատախտակներէն մէկը

Այստեղ կ՛արժէ նշել հայութեան եւ Հայաստանի ծագումին մասին յարաբերաբար «նոր» յայտնութեան մասին: Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն շուրջ 50 քմ դէպի հարաւ-արեւմուտք, 1964-ին սկսած եւ մինչեւ 2011 տեւած, Սուրիոյ վրայ պատերազմին պատճառով կասեցուած ու թալանուած, Իտլիպի Մարտիխ գիւղին մէջ իտալացի հնագէտներու (գլխաւորութեամբ Փաուլօ Մաթիէի, Paolo Matthiae) պեղումները յայտնաբերեցին Ք.Ա. 3500-էն 2300 թուական գոյութիւն ունեցած Էպլա թագաւորութիւնը: Շնորհիւ ցարդ այնտեղ յայտնաբերուած շուրջ 20 հազար սեպագիր կաւէ գրատախտակներուն` կը վերահաստատուի հայոց երկիր-պետականութեան իրողութիւնը Էպլայի գոյութեան ժամանակաշրջանին զուգահեռ: Էպլան առեւտրական-տնտեսական սերտ կապեր ունէր Հայաստանի հետ, որ սեպագիր գրատախտակներուն մէջ Արմի կոչուած է:

«Էպլայի արխիւներուն մէջ պահպանուած որոշ գրատախտակներու վրայ նշուած են առեւտրական գործառնութեան մասնակիցին անունը, ազգութիւնը եւ

հպատակութիւնը. (հայկական օրինակներէն մէկը*) «Հոյակապ որակի ձեռային աշխատանք` մէկ հիւսուածք եւ մէկ բազմերանգ հագուստ կը տրուի միջնորդ Հայային… քսան սիկղ (240 կրամ) ոսկի կշռող արտադրանք կը տրուի Հայային… Մէկ քուստի (Հին Արեւելքի չափի միաւոր) գործուածք` Արմի երկրէն եկած Մուրիային համար» (5):

1831-ին առաջին անգամ լոյս տեսած եւ 5 անգամ վերահրատարակուած Ուիլիըմ Եուաթի (1776-1847) «Ձին` բեռնատար բանագրութիւնով» անասնաբուժական գիրքին (6) մէջ կ՛ըսէ. «Հայաստանի մէջ ձիերու գեղեցիկ տեսակ մը կը բուծանէին: Քսերքսէսի (Աքեմենեան պարսից հզօրագոյն թագաւորը, Ք.Ա. 519-465*) կառքը հայկական ձիեր կը քաշէին, որոնք ամէնէն վեհաշուքն ու ազնուականն էին, որ իր կայսրութեան մէջ կը բուծանէին», 6-րդ էջ: Քսերքսէս կ՛ապաւինէր հայկական ձիերուն ուժեղ ոտքերուն, սմբակներուն. ան ըսած է, որ ինչպէս տուն մը ամուր հիմերու վրայ պէտք է կառուցուի, նոյնպէս ձիերը պէտք է գետնին վրայ ուժեղ ոտքեր ունենան: Նոյն գիրքին մէջ, էջ 501, կը խօսի «հայկական կաւ»-ի (Armenian bole) բուժիչ յատկութիւններուն մասին:

Գերմանացի Եոհան Վոննեքէ Քոպ 1470 թուականին գրած «Առողջութեան պարտէզ» (Gart der Gesundheit) բժշկական գիրքին մէջ նաեւ կը նկարագրէ «Հայկական հող»-ին բուժիչ յատկութիւնները (7):

Հայկական կարմիր կաւը, որ կը գտնուի Անիի եւ Իջեւանի շրջաններուն մէջ, ունի վէրքեր բուժելու յատկութիւն` վէրքեր չորցնող, արիւնահոսութիւնը դադրեցնող, ոսկրաբեկումի կաղապարի ծառայող եւ այլն, որ կը գործածուէր նա՛եւ ձիերու եւ այլ ընտանի անասուններու դարմանումին համար: Հայկական կաւին մասին ցարդ ծանօթ` առաջին գրաւոր յիշատակութիւնը կատարած է Կիլիկիա ծնած յոյն բժիշկ, դեղագործ, բուսագէտ, գիտնական` Փետանիուս Տիոսկորիտէսը (Pedanius Dioscorides 40-90), որ առաջին դարուն, շուրջ 70 թուականին հրատարակած է 5 հատոր յունարէն բժշկական համայնագիտարանը, որ 1500 տարի օգտագործուած է (8)(9):

4 սեպտեմբեր 2019
(Շար. 5)

* Լուսաբանութիւնները իմս:

(1) «Commentaries on the Laws of Moses», Volume II, Sir John Michaelis, 1814, London, էջ 473, 474, 490, 499:

https://books.google.com.lb/books?id=pvk_AAAAYAAJ&pg=PA474&dq=armenian+horses&hl=en&sa=X&ved=0ahUKEwjoqorYsoLkAhWrQkEAHYwxB844ChDoAQhAMAY#v=onepage&q=armenian%20horses&f=false

(2)  Աստուածաշունչ մատեան, Մարգարէութիւն Եզեկիէլի գլ. ԻԷ, 14-րդ համար:

(3)  https://hy.wikipedia.org/wiki/Արամ_(նահապետ)#Հայ-ասուրական_պատերազմը%3A_Արամի_Միջագետք_կատարած_արշավանքը

(4)  http://www.digilib.am/book/144/144/1293/?lang=en

(5)  Հայոց պատմութիւն, Լ.Ա. Մկրտումեան, «Տնտեսագէտ» հրատարակութիւն, Երեւան, 2016, էջ 6:

(6)  «The Horse: With a Treatise of Draught», William Youat, 1831, Baldwin and Cradock, London:

https://books.google.com.lb/books?id=rSFCAAAAcAAJ&pg=PA6&dq=armenian+horses&hl=en&sa=X&ved=0ahUKEwivjJOU1ubjAhVB6qQKHbvrC1oQuwUIKjAA#v=onepage&q=armenian%20horses&f=false

(7)   https://allinnet.info/news/the-healing-power-of-armenian-soil/

(8)   https://www.britannica.com/biography/Pedanius-Dioscorides

(9)   https://hy.wikipedia.org/wiki/Հայկական_կավ

(10) http://kukis.org/Doctrines/Aram.htm

aztagdaily.com/archives/458339

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail