Նամակ երկրէն – ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄ ԵՒ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷ՛Կ ՃԱԿԱՏԸ
Նամակ երկրէն – Սկիզբը՝ //ՆԱԽՈՐԴԸ//:
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄ ԵՒ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷ՛Կ ՃԱԿԱՏԸ
Շնորհիւ ամերիկահայութեան տասնամեակներու վրայ երկարող անդուլ ջանքերուն, Ամերիկայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ամբողջական ճանաչումը մտաւ անշջելի փուլ: Գլխաւորաբար ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի, նաեւ՝ Հայկական Համագումարի, ամերիկահայ աստղերու, հեղինակաւոր անհատներու եւ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչներու շարունակական ճիգերուն՝ պատմական յաղթանակ արձանագրուեցաւ Ուաշինկթընի մէջ: Նոր օթոմանիզմի ռահվիրայ՝ սուլթան Էրտողանի վերջին տարիներու վտանգաւոր եւ ապակայունացնող քաղաքականութիւնը եւս իր կարեւոր դերը ունեցաւ Գոնկրէսի ոչ-թրքանպաստ շարք մը որոշումներու կայացման մէջ: Հայկական ճակատը ճիշդ կարդաց պահը եւ արձանագրեց պատմական յաղթանակ:
Հայաստանի արձագանգը չուշացաւ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «պատմական իրադարձութիւն» համարեց Սենատի որոշումը, ճշմարտութեան եւ արդարութեան յաղթանակ, եւ համայն հայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Սենատին: Հայաստանի Ազգային Ժողովը յոտնկայս ծափողջոյններով սկսաւ օրուան նիստը, իսկ Ազգային Ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկահայութեան, յատկապէս նշելով «Հայ Դատի Յանձնախումբի ու Ամերիկայի Հայկական Համագումարի ընկերները»:
Հայաստանի կեցուածքին մէջ յատկանշական էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յստակ բանաձեւուած հայաստանեան քաղաքականութիւնը՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Թուրքիոյ հանդէպ: Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ պաշտպանական պիւտճէի քննարկման ընթացքին, վարչապետը յատուկ անդրադարձաւ Սենատի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման, շեշտելով, որ Թուրքիոյ ժխտողականութիւնը Հայաստանի անվտանգութեան սպառնալիք է: Թուրքիան պէտք է ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը ու վերատեսութեան պէտք է ենթարկէ տարածաշրջանի մէջ իր «ագրեսիւ» քաղաքականութիւնը, նշեց վարչապետը: Փաշինեան նաեւ յստակացուց, որ Հայաստանի նախորդ կառավարութիւններու օրերուն որդեգրուած՝ Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ հաստատելու քաղաքականութիւնը կը մնայ ի զօրու:
Պաշտպանութեան պիւտճէին անդրադառնալով, Փաշինեան նշեց, որ ի հեճուկս ոմանց քաղաքական շահարկումներուն, Հայաստանը անցնող մէկուկէս տարիներուն ընթացքին աննախադէպ քանակով սպառազինութիւն ձեռք բերած է: Նկատի ունենալով մեր շրջապատի ագրեսիւ երկիրներու (Ադրբեջան եւ Թուրքիա) կեցուածքը, յառաջիկայ քանի մը տարիներուն նոր սպառազինութեամբ օժտուիլը եւ ռազմական զսպող հակակշիռ հաստատելը Հայաստանի անվտանգութեան քաղաքականութեան մաս կը կազմէ, ըսաւ Փաշինեան եւ շեշտեց, որ Հայոց բանակը Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութեան երաշխաւորն է:
Յստակ է, որ Հայաստանն ու համայն հայութեան աշխարհասփիւռ համայնքները տարբեր կեցուածքներ չեն կրնար ունենալ թրքական վտանգին ու Ցեղասպանութեան ճանաչման հրամայականին հանդէպ: Եւ չեն կրնար չհամաձայնիլ, որ ագրեսիւ Թուրքիան սպառնալիք է Հայաստանի համար, եւ հզօր պետութիւն-հզօր բանակը մեր գոյատեւման ու զարգացման, մեր անվտագութեան ԳԼԽԱՒՈՐ երաշխիքն է:
Ամերիկահայութիւնը այսօր արտաքին ճակատի վրայ համահայկակա՛ն յաղթանակ արձանագրեց, եւ ասոր զուգահեռ, Հայաստանը յստակացուց իր սկզբունքային ամուր կեցուածքը՝ Թուրքիոյ եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրին հանդէպ: Եւ մենք ամէն պատճառ ունինք հաւատալու, որ այսուհետեւ Թուրքիոյ հանդէպ քաղաքական սկզբունքային կեցուածքը պիտի մնայ ամուր եւ անփոփոխ: Այլեւս հայութիւնը օրակարգէն դուրս հանած է առաջին նախագահի օրերու թրքական վախւորած քաղաքականութիւնը: Անցան այլեւս «Ցեղասպանութեան ճանաչումը արտաքին քաղաքականութեան մաս չի կազմեր»ու օրերը: Ամէն պատճառ ունինք հաւատալու, որ անցան նաեւ երկրորդ եւ երրորդ նախագահներու օրերուն սկսած՝ Թուրքիոյ հետ գաղտնի յանձնաժողովներ կազմելն ու բանակցութիւններ վարելը. հայութիւնը դառնութեամբ կը յիշէ Քոչարեանի թաքուն TARC-ն ու Սերժ Սարգսեանի օրհնութեամբ գաղտնօրէն մշակուած հայ-թրքական խայտառակ արձանագրութիւնները:
Աշխարհաքաղաքական, տարածաշրջանային նոր եւ վտանգաւոր իրադարձութիւնները դեռ «մեր առջեւում են», ինչպէս կ’ըսեն Հայաստանի մէջ: Մեր մեծագոյն մարտահրաւէրը՝ Հայաստանի անվտանգութիւնն է, Արցախեան ռազմաճակատները, թրքական շրջափակումները ու Հայաստանը մեկուսացնելով՝ տկարացնելու եւ զիջումներ պարտադրելու թուրք-ադրբեջանական քաղաքականութիւնը:
Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը ոչ միայն պատմական արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը վերականգնելու նպատակ ունի, այլեւ՝ Հայաստանի անվտանգութեան համար խիստ կարեւոր պահանջ է անկասկած:
Այստեղ հայութեան տարբեր հատուածներուն միջեւ երկու կարծիք գոյութիւն չի կրնար ունենալ:
Րաֆֆի Տուտագլեան
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com
««Հասունացել է Հայոց ցեղասպանության համար հատուցման ժամանակը»»