Րաֆֆի Տուտագլեան – ՆԵՐՈՂ ԵՂԻՐ, ԵԹԷ ԴԵՌ ՈՒՇ ՉԷ ԱՐԴԷՆ
Րաֆֆի Տուտագլեան – ՆԵՐՈՂ ԵՂԻՐ, ԵԹԷ ԴԵՌ ՈՒՇ ՉԷ ԱՐԴԷՆ
Րաֆֆի Տուտագլեան – //ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Վերջերս, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի որոշումով, Դաշնակցութեան շարքերէն հեռացուեցաւ վաստակաշատ մտաւորական, ՀՅԴ գաղափարախօս, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի օրկան՝ «Ազդակ» օրաթերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր, ՀՅԴ պաշտօնաթերթ՝ «Դրօշակ»ի երկար տարիներու խմբագիր, հրապարակախօս, դաստիարակ եւ դաշնակցական սերունդներու մենթոր՝ ընկեր Նազարէթ Պէրպէրեանը։
Մինչ վերջինս կը տեղեկացնէր, թէ տեղեակ չէ Բիւրոյի այս որոշումէն, որովհետեւ ոչ մէկը իրեն իմաց տուած էր այս տնօրինումին մասին, անդին, բազմաթիւ մարդիկ, Նազարէթ Պէրպէրեանի գաղափարակից նախկին եւ այժմու ընկերներ, զարմանք, ափսոսանք կամ զայրոյթ կ՚արտայայտէին Բիւրոյի այս անակնկալ որոշումին համար։ Անակնկալ, որովհետեւ Բիւրոյի հերթական հարուածին թիրախ դարձած դաշնակցական ընկերը ոչ հարցաքննուած էր, ոչ ալ ինքնապաշտպանութեան առիթ ունեցած էր, մինչդեռ բոլոր դաշնակցականները գիտեն, որ կարգապահական որեւէ տնօրինումէ առաջ, ենթակայ ընկերոջ հարցաքննելն ու ինքնապաշտպանութեան առիթ տալը կանոնագրային պահանջ է՝ նախ քան ամէն բան։
Մէկ կողմէն ականատես եղանք ափսոսանքի եւ դժգոհանքի խօսքերու, միւս կողմէ, սակայն, ի զարմանս շատերուն, կուսակցական շրջանակներու մէջ բացայայտ յարձակում մը, արշաւ մը, պախարակումի գրոհ մը սկսաւ Նազարէթ Պէրպէրեանի դէմ։ Հին ու նոր գրչակներ, դիմատետրի գրառում կատարող նորօրեայ իմաստակներ, լուրջ ու խորհրդաւոր դէմքեր զգենած հին ու նոր սոփեստներ ինչե՜ր ըսես չգրեցին Նազարէթ Պէրպէրեանին եւ անոր հեռացման դէմ արտայայտուողներու մասին։ Ու դաւաճա՜ն, ու երդմնադրու՜ժ, ու կանոնազանց, ու հերետիկո՜ս ու… հազար բան։ Ու ամէնէն հետաքրքրականը՝ կանոնագիրը Սուրբ գիրքի, կամ Մաու Ցէ Թունկեան Կարմիր գիրքի վերածած, երկնապարգեւ տասնաբանեայի պահապաններու խստապահանջութեամբ յիշեցին ու յիշեցուցին բոլորին, որ բոլոր անոնք, որոնք կը մեղանչեն կուսակցութեան «սրբութեան սրբոց»ին դէմ, արժանի են խաչ բարձրացուելու…
Իրենք յիշեցին մեղանչողները, իսկ ես յիշեցի Նիկոլ Աղբալեանի մէկ այլ միտքը՝ ՀՅԴ կանոնագիրի մասին։
Նիկոլ Աղբալեան ըսած է, որ ՀՅԴ կանոնագիրը հպատակներու համար չէ, ընկերներու՛ համար է։ Ահաւասիկ այդ միտքը.
«…Ընդարձակ բացեր թողած է նա (կանոնագիրը) գործադրողի կամքին, որ եթէ չարեացակամ մէկն է և ձևապաշտ բծախնդիր՝ կարող է բարեացակամ կանոնագիրը դարձնել պատուհաս և անարժէք բախումները՝ դատ ու վէճ: Կանոնագիրը համառօտ է և էական, որովհետև նրա մշակողը եղած է Դաշնակցութեան ընտրանին և մշակած է ո՛չ թէ հպատակների, այլ ընկերների համար»:
Լա՛ւ կարդանք։ Նիկոլ Աղբալեան կը զգուշացնէ, որ կանոնագիրը գործադրողները եթէ «չարեացակամ» են, բծախնդիր են ձեւականօրէն, ապա կրնան կանոնագիրը վերածել «պատուհաս»ի, այսինքն ՝ փորձանքի, աղէտի։ Եւ պէտք է հասկնալ, որ կանոնագիրը ընկերներու համար է, ընկերական յարաբերութիւններու ընթացքին ծագած խնդիրներու լուծման համար է եւ ոչ թէ՝ ընկերներուն հպատակի տեղ դնելու եւ ձեւական մարգարէ դառնալով՝ ընկերներու գլխուն կրակ թափելու համար։
Իսկ երբ հիմա, դաշնակցականի իմ հոգւոյս համար այս տխուր օրերուն, երբ անգամ մը եւս կը կարդամ գաղափարական ընկեր եւ դաստիարակ Նազարէթ Պէրպէրեանի դէմ «իմաստուն» կուսակցականներու գրառումները, երբ կը տեսնեմ անոնց որակն ու մակարդակը, կը մտածեմ որ ահա ասոնք են Նիկոլ Աղբալեանի մատնանշած հպատակները եւ անոնց «ղեկավար», ձեւապաշտօրէն բծախնդիր տէրերը։ Ինչ ինչ պատճառներով կուսակցական դարձած այս խեղճութիւններուն համար չկան ընկերներ, կան հպատակներ։
Կան հակառակորդներ եւ «մերոնք»ականներ։ Այս մարդիկ եթէ Ստալինի օրերուն ապրէին, Բերիայի հաւատարիմ զինուորները պիտի ըլլային անկասկած։ Այս տեսակի «կուսակցական»ներն են, որ ընկեր չեն կրնար ըլլալ, կը մնան ծառան կամ հպատակը խումբի մը, բայց ոչ կուսակցութեան, կը մնան ենթական խումբ մը «ղեկավար»ներու, բայց ոչ՝ գաղափարաբանութեան, մահակը առած կը հարուածեն բոլոր անոնց, որոնք այդ «ղեկավար»ներուն չեն հպատակիր։ Այնքան ատեն որ այս տեսակները կուսակցութեան մէջ ընկերներուն հանդէպ թոյնով լեցուած են, կուսակցութիւնը կը դատարկուի գաղափարաբանութենէ եւ կը վերածուի Նիկոլ Աղբալեանի նշած հպատակներու հաւաքականութեան։
Եթէ հպատակ չըլլային մարդկային այս խեղճութիւնները, եթէ ընկե՛ր ըլլային, առաջին հերթին պէտք է բողոքած ըլլային Նազարէթ Պէրպէրեանի օրինակով կարգապահական հակականոնագրային բազմաթիւ տնօրինումներուն դէմ։ Վաղուց բողոքած պէտք է ըլլային կանոնագրի կամայական, այլեւ կամակոր գործադրութեան դէմ։ Եւ որու՞ ձեռքով, եթէ ոչ անոնց, որոնք Նիկոլ Աղբալեանի բառերով, կանոնագիրը պատուհասի վերածած չարյացակամ կուսակցկաններ, ձեւապաշտ բծախնդիրներ են։
Եթէ հպատակ չըլլային այս զոմբիանման էակները, եթէ ընկեր ըլլային, ապա վաղուց պէտք է պատասխանատւութեան կանչել տային բոլոր այն «ղեկավարները», որոնք, Պէրպէրեանի բառերով, «սատանայական գործակցութեան» մէջ էին Քոչարեան-Սերժ յանցաւոր, ու ժողովուրդին կողմէ մերժուած ռեժիմներուն հետ։
Ու դեռ կարելի է յիշել, թէ հպատակները ինչպէս հանդուրժեցին ժողովուրդը հարստահարողներու հետ դաշնակցած ու այդ ճամբով հարստութիւն դիզած կուսակցական պետպաշտօնեաներու եւ «շեֆ»երու հակաժողովրդական ընթացքը։ Ինչպէ՛ս ընդունեցին զեղծուած հանրաքուէները, Սերժ Սարգսեանի հակաժողովդավար ու հակաժողովրդական իշխանութիւնը յաւերժացնելու իրենց «շեֆ»երուն գաղտնի ու բացայայտ գործարքները…
Բայց հպատակներէն ուրիշ ի՞նչ ակնկալել։ Անոնք պահուած են այնտեղ, գործիք դառնալու կանոնագիրը դաշնակցականներու գլխուն պատուհաս դարձուցած մարդոց ձեռքին մէջ։
Դատարկ տեղը չէր, որ Նիկոլ Աղբալեան կը զգուշացնէր կանոնագիրը պատուհաս դարձնող չարեացակամներէն ու ընկերականութիւնը հպատակութեան հետ շփոթողներէն։
Ահա թէ ինչու եւ ահա թէ ինչպէս, այսօր, սրտի խոր կսկիծով ականատեսը կ՚ըլլանք դաշնակացականութենէ, այսինքն գաղափարականութենէ դատարկած կուսակցութեան մը անկումին։ Կուսակցութիւն մը, որ վաղուց դադրած է գաղափարական շարժում ըլլալէ, ու հայրենիքի ու հայութեան համար ճակատագրական այս օրերուն, կը ծառայէ կարգ մը «ղեկավար»ներու խմբակային նեղ շահերուն։
Ներող եղիր, Նիկոլ Աղբալեան, որ բաւարար զգաստ չէինք, տեսնելու համար քու մատնանշած վտանգը։
Ներող եղիր, հանգուցեալ ընկեր, որ բաւարար չպայքարեցանք կանխելու համար պատուհասի գալուստն ու հպատակներու գոյառումը։
Ներող եղիր, եթէ դեռ ուշ չէ արդէն…
Րաֆֆի Տուտագլեան