ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները – ԺԲ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները – ԺԲ.

06 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ:

//ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Յստակ է, որ հնութիւններով զբաղողներուն մեծամասնութիւնը ո՛չ թէ հնագէտներ եւ պատմաբաններ, այլ մեծահարուստներ են, որոնք սիրողական կերպով թանկարժէք առարկայ մը ունենալ կը ցանկան, ըլլան անոնք անհատ հնութիւն հաւաքողներ, կամ թանգարաններ եւ անոնց պատկանած երկիրները: Ուրեմն այս դասակարգին` խումբին պատկանողներուն համար հնութեան տնտեսական արժէքն է կարեւորը, որ առարկային ետին կանգնած պատմութենէն կ՛արժեւորուի, թէ` որքան հին է եւ հազուագիւտ:

Հնագէտ Նիկողայոս Մառը (հայրը սկովտիացի, մայրը` վրացի, 1864-1934) եւ իր բանուորները Անիի մէջ, «Գեղարուեստ» ամսագիր 1908 թիւ 2, եւ Մառը Անիի փլատակներու կողքին, 1905-ին:

Անոնք` մեծահարուստ անհատներ, նշանաւոր թանգարաններ եւ երկիրներ, բնա՛ւ պիտի չուզեն, որ իրենց հաւաքածոյի առարկաներէն այլ օրինակներ կրկին յայտնաբերուին, կամ աւելի հինը յայտնաբերուի ա՛յլ վայրի մը մէջ, քանի որ այդ պարագային, իրենց ունեցածին գինը պիտի արժեզրկուի եւ մակարդակը նուազի: Այս տեսակին համար մարդկութեան ընդհանուր պատմութիւնը, հազարամեակներէ  մինչեւ ներկան վերականգնելը, կը ծառայեցնեն մի՛այն իրենց ունեցածին արժէքը պահպանելու, կամ բարձրացնելու` ցարդ «ընդունուած», այլեւս «հինցած ու յետամնաց» քաղաքակրթութեան դասական պատմութեան վրայ հիմնուելով: Ըստ երեւոյթին, անգլիացի Սելքըրք եւ իր խմբագրած բրիտանական երկու հանդէսները այս խումբին կը պատկանին: Թերահաւատները պէտք է այցելեն Հայաստանի թանգարանները, կամ հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային Ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի կայքէջը (1) (1):

Ակադեմական հնագիտութիւնը սկսաւ Եւրոպայի Վերածնունդի (renaisance) շրջանին` 15-16 դար, երբ պատմական Հայաստան աշխարհը անկախ չէր, մեծ մասը օսմանեան, իսկ մնացեալը ցարական Ռուսիոյ տիրապետութեան տակ էր: Հայաստանի անունով հարազատ խօսող եւ պատմական ու մշակութային ժառանգութիւնը, իրաւունքը պաշտպանող  չկար ու շատերուն կողմէ «Հայաստան» կամ «Պատմական Հայաստան» անունը փոխարինուած էր «Արեւելեան Անատոլու (ծիծաղելի սխալ*)», Անատոլու, արեւելեան Թուրքիա, Փոքր Ասիա, Կովկաս, Անդրկովկաս, Հարաւային Կովկաս եւ նոյնիսկ Ռուսիա անուններով, որոնք ցարդ կը շարունակուին թէ՛ հին գիրքերուն եւ աշխատասիրութիւններուն, թէ՛  նորերուն մէջ: Նախորդիւ (Ը. մաս) հաստատեցինք, թէ յոյներն էին, որ իրենց արեւելքը գտնուող Հայաստանին Անաթոլի` (յունարէն արեւելք*) կը կոչէին, ուրեմն Անատոլու կը նշանակէ Հայաստան եւ վե՛րջ:

1. Գարեգին եպս. Յովսէփեան, 2. Ալեքսանդր Թամանեան, 3. Աշխարհբէկ Լորիս-Մելիք Քալանթար

Նոյնը պատահեցաւ խորհրդային շրջանին, երբ «Արեւմուտքը», վերոնշեալին կողքին, բոլոր նշանաւոր հայերը իբրեւ «ռուս» կը ճանչնար, օրինակ` Արամ Խաչատուրեան, Յովհաննէս Այվազովսքի, Վիքթոր Համբարձումեան, Միկոյեան եղբայրներ, մարշալ Յովհաննէս Բաղրամեան եւ այլն:

Յետցարական շրջանին անկախ Հայաստանի հնութիւններու պահպանումի աշխատանքը կը սկսի 1918-ին, երբ Հայոց ազգային խորհուրդի նախագահ Աւետիս Ահարոնեանի յանձնարարութեամբ հնագէտ-պատմաբան Աշխարհբէկ Լորիս-Մելիք Քալանթար կը կազմակերպէ Անիէն շուրջ 6000 հնագիտական իրերու փրկութիւնը, որոնք այժմ կը պահուին Հայաստանի Պատմութեան պետական թանգարանին մէջ: 7 յուլիս 1920-ին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը նշանակէ. «Հայաստանի հնութիւններու պետական պահպանութեան կոմիտէ»-ն (կրթական նախարարութեան բաժանմունքին առընթեր*), հետեւեալ անդամներով` Հայաստանի գլխաւոր ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեան եւ համալսարանի դասախօսներ` Գարեգին եպս. Յովսէփեան (հետագային` Ա. կաթողիկոս Յովսէփեան*) եւ հնութիւններու վարիչ Աշխարհբէկ Լորիս-Մելիք Քալանթար:

Այժմ կը վերադառնանք գիտական անաչառ հնագիտութեան եւ ձիերուն:

Տէյվիտ Վ. Անթոնի` Ամերիկայի Փենսիլվանիա համալսարանի մարդաբանութեան պատուակալ փրոֆեսէօր, հնդեւրոպական պատմութեան եւ լեզուներու մէջ մասնագիտացած, 2007-ին հրատարակեց «Ձին, անիւը եւ լեզուն – ինչպէ՞ս պրոնզէ դարու ձիաւորները եւրասիական տափաստաններէն եկած` կազմաւորեցին արդի աշխարհը» (2) 568 էջ գիրքը, որ 8 անգամ վերահրատարակուեցաւ եւ 2010-ին արժանացաւ Ամերիկայի Հնագիտութեան ընկերակցութեան լաւագոյն գիրքի մրցանակին:

Ձիաւոր Յարութ Մեջլումեան, Դաշտադէմի, Լոռի մարզ,   ՔԱ 2-1,5 հազարամեակ, պրոնզ միակ դպրոցի 7 աշակերտներէն մէկը «Հետք» (3)

«Ձին հեծնելու ծագումը` սկիզբը» խորագիրին տակ, էջ 221, Անթոնի կը գրէ. «Հաւանաբար ձին հեծնելու պատմութիւնը չսկսաւ հիւսիսային Ղազախստանի մէջ (ինչպէս ցարդ կը կարծուէր*): Պոթայ-թերսէք ժողովուրդը ձիաւոր պաշարախոյզներ` ասպատակներ էին: Թերսէք հնավայրերու մէջ կրնայ քիչ մը արջառի ոսկորներ (?) գտնուիլ, սակայն աւելի արեւելք գտնուող Պոթայ հնավայրերու մէջ բնաւ չկային նոյնիսկ ոչխարի մնացորդ ոսկորներ: Հաւանական է, որ Պոթայ-թերսէքները անասուններու ընտելացման գաղափարը ձեռք բերին իրենց արեւմտեան հարեւաններէն (օրինակ Հայաստանէն*), որոնք արջառ, ոչխար եւ հաւանաբար ձիեր ընտելացուցած էին ՔԱ 3700-3500-էն հազար տարի առաջ:

«Պոթայի ձիավարութեան (ամենահին*) ապացոյցները միակը չեն: Թերեւս ամենահետաքրքրական զուգահեռը տափաստաններէն այն կողմ (արեւմուտք*), Հայաստանի Մոխրաբլուրի (Արմաւիր մարզ*) ուշ պղինձէ դարու (ՔԱ 4-3 հազարամեակ Chalcolithic*) դամբարաններէն պեղուած, ՔԱ 4000–3500 թուականի հինգ տարեկան յովատակի (արու ձի) ծնօտին` միջին ակռային վրայ 3 միլիմեթրէն աւելի խորունկ մաշումն է (սանձի մետաղէ լկամներուն պատճառով*): Այս մէկը կը թուի հնամենի ակռայի մաշումի այլ պարագայ մը, որ հաւանաբար Պոթայէն աւելի հին է, սակայն հաստատելու համար մեր կողմէ քննութիւն չկատարեցինք» (նշեմ, որ հեղինակը Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ եւ Ղազախստանի մէջ հնագիտական պեղումներու մասնակցած է): Այստեղ հեղինակը թիւ 33 վերագրումը նշած է, որ կը պատկանի Սոնա Մեջլումեանի աշխատասիրութեան` ներկայացուած 1990-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած Հնէակենդանաբանութեան 6-րդ միջազգային գիտաժողովին, որուն մասին նշած էինք Է. մասին մէջ:

Քարաշամբի դամբարանները` 2013-ին եւ թիւ 100 դամբարանին իրերէն պրոնզէ դաշոյն մը, Վանաձորի մէջ շինուած, ՔԱ 20-19-րդ դար, (4) տեսանիւթ:

Հնդեւրոպական լեզուներու ծագումին մասին, էջ 97, «Կովկասեան կապեր եւ Անատոլեան հայրենիքը» ենթախորագիրին տակ կը գրէ. «Նախահնդեւրոպական լեզուներու բնօրրանը պէտք է տեղադրուի Կովկասի մէջ, Հայաստանի (այժմու, 2007-ի) մօտ , կամ` արեւելեան Անատոլուի մէջ»… այսինքն` Հայաստանի մէջ:

Ռոպըրթ Տրիւզի «Ռազմականացում եւ Եւրոպայի հնդեւրոպականացումը» 2017-ին հրատարակած գիրքին մէջ (5), որ կը փորձէ փաստել, թէ Եւրոպայի հնդեւրոպականացումը էապէս սկսաւ ՔԱ 1600-էն կարճ ժամանակ առաջ, երբ Եւրոպայի բնական պաշարներով հարուստ երկիրներ գրաւուեցան Եւրասիական տափաստանէն եւ հարաւկովկասեան ռազմական ուժերու կողմէ:

«Պատերազմը Հարաւային Կովկասի մէջ մինչեւ ՔԱ 1700» գլուխին տակ կը գրէ. «…. Մասնաւոր ուշադրութեան արժանի է պեղում մը, որ հայ հնագէտներ (Վահան Յովհաննիսեան*) յայտնաբերեցին 1987-ին` Հայաստանի կեդրոնը գտնուող (Կոտայք մարզ*) Քարաշամբի մօտ դամբարանի մը պեղումէն: Անոնք գտան, հանգուցեալին մնացորդին կողքին, զոհաբերուած կենդանիներու ոսկորներ, զանազան տեսակի զէնքեր եւ մետաղէ իրեր (6):

«Այս իրերուն ամէնէն աւելի տպաւորիչը արծաթէ գաւաթն էր, որ յայտնապէս տեղական գործ է (Վանաձորի մէջ շինուած*), նման` Վրաստանի Թրիալէթի գաւաթին: Սակայն Քարաշամբի գաւաթին վրայ ուռուցիկ քանդակազարդ տեսարաններ կան` ծիսակատարութեան, պատերազմի եւ գլխատումի: Նիզակներով մարդիկ կը յարձակին թշնամիներուն վրայ, որ կը պատկերացնէ կազմակերպուած բանակ մը, քանի որ զինուորները միւս ձեռքին ինքնապաշտպանութեան համար վահան բռնած են: Վարի շարքին` բանտարկեալներ կը գլխատուին»: Գաւաթին նկարը տես նախորդ` ԺԱ. մասին մէջ:

Դաշոյն եւ զրահաբաճկոնի կոճակներ, Քարաշամբ, պրոնզ, ՔԱ 14-13 դար

Միջանկեալ` գաւաթին մասին թանգարանի հնագիտութեան բաժինի աւագ գիտաշխատող Ժուլիեթա Կարապետեանը «Արմէնփրես»-ին կ՛ըսէ. «Քարաշամբի գաւաթը իր հնագիտական արժէքին հետ մէկտեղ, կիրառական արուեստի եզակի նմուշ է: Ընդամէնը 13 սմ բարձրութեամբ (եւ 10 սմ տրամագիծով*) գաւաթին վրայ հմուտ վարպետը կրցած է առասպելը ներկայացնել բոլոր մանրամասնութիւններով եւ իր ժամանակին համար բացառիկ վարպետութեամբ` համաչափ, արտայայտիչ եւ կենդանի պատկերներով: Գաւաթին վրայ ամենայն մանրամասնութեամբ պատկերուած են 25 մարդկային, 36 անասունի եւ 60-է աւելի տարբեր առարկաներու պատկերներ` միջինը 3 սմ բարձրութեամբ: Քարաշամբի գաւաթը ցուցադրուած է աշխարհի տարբեր թանգարաններուն մէջ, մասնաւորապէս` Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն արուեստի թանգարանին, Մոսկուայի` Ռուսիոյ պատմութեան թանգարանին, Ֆրանսայի` Նանթի Տոպրէ թանգարանին եւ Լիոնի` Կալլօ – հռոմէական քաղաքակրթութեան, Առլի արուեստի թանգարաններուն, Պուտափէշտի` Քարոլի Միհալի պալատին, Թեհրանի` Իրանի ազգային թանգարանին մէջ եւ այլուր» (7): Տարիներ առաջ դիտեցի այժմ հանգուցեալ Վահան Յովհաննիսեանի այս գաւաթին մասին դասախօսութիւնը, որ հեռարձակուեցաւ Հ1 կայանէն, կ՛արժէ Հ1-ի արխիւէն գտնել տեսերիզը:

«Քարաշամբի գաւաթին ռազմական տեսարանները եւ յայտնաբերուած զէնքերուն թիւը ուսումնասիրողին կը թելադրեն, որ ՔԱ երկրորդ հազարամեակին սկիզբը արդէն ռազմական ձգտումը, կամ յաւակնութիւնը ունէին Հարաւային Կովկասի իշխաններն ու առաջնորդները:…. (Ամերիկայի Քորնել համալսարանի*) հնագէտ Ատամ Սմիթը, Հայաստանի «ԱրԱԳԱԾ» ծրագիրին գիտաշխատողը, այնտեղի միջին պրոնզէ դարաշրջանը (ՔԱ 1500-1200*) կը նկատէ դիւրաշարժութեան եւ ռազմականացումի դարաշրջան: Ըստ Սմիթին, ձիերը եւ եզները կարեւորութիւն ստացան Հարաւային Կովկասի մէջ: Շարժուն հովուութիւնը եւ աճող բռնութիւնը «կը թուի, թէ սերտօրէն առնչուած են դասակարգային անհաւասարութեան`ռազմական վերնախաւին եւ հանրութեան միջեւ»:

«Հարաւային Կովկասի մէջ ռազմակառքերու (chariot) գործածութիւնը այս դարաշրջանին հաւանական է, սակայն` ոչ ապացուցանելի: Ձիու եւ կառքերու հնագիտութիւնը խորհրդային շրջանին Լճաշէնի մէջ յայտնաբերուածներն են, որոնք ուսումնասիրութեան կը կարօտին: Սակայն Յակոբ Սիմոնեանի կատարած  30 տարիներու պեղումները` Հայաստանի Արագած լերան հարաւային լանջին, Վերին եւ Վարին Նաւերի մէջ, հնէակենդանաբան Նինա Մանասերեանի հետ յայտնաբերած են սեւ փայլուն սափոր մը, որուն վրայ գծուած են 4 շառաւիղով 6 բոլորաձեւ գծագրութիւններ, որոնք մեկնաբանած են իբրեւ ռազմակառքի անիւներ:

Վերջապէս, «Սիմոնեանի յայտնաբերած Վարին Նաւերի N1 դամբարանէն, քարպոնային քննութեամբ, ՔԱ 3-րդ հազարամեակի վերջին քառորդին (ՔԱ շուրջ 2250*) ձիու սանձի երկու մասով երկաթէ լկամը աշխարհի վրայ առաջինն ու ամենահինն է եւ ձիուն վրա՛յ հեծնելու իրողութիւնը կը փաստէ: Իսկ երկու մասով երկաթէ լկամը ինքնին 700 տարիով աւելի հին է ուրիշներէն եւ ատոր երկաթէ ըլլալը 1000 տարիէ աւելի հին է, քան` ցարդ ընդունուածը, եւ բոլորովին կը խանգարէ երկաթէ դարու եւ պրոնզէ դարու հասկացողութիւնը»: Այսինքն Հայաստանի մէջ երկաթ կը գործածուէր ընդունուած երկաթէ դարէն 1000 տարի առաջ: Մարտակառքերու մասին` յաջորդիւ:

28 դեկտեմբեր 2019
(Շար. 12)

* Լուսաբանութիւնները իմս

(1)  http://www.iae-nas.com/index.php/home-en2, http://www.iae-nas.com/index.php/karashamb

(2)  «The Horse, the Wheel, and Language: How Bronze-Age Riders from the Eurasian Steppes Shaped the Modern World»,David W. Anthony,Winner of the 2010 Book Award, Society for American Archaeology, ISBN: 9780691148182, Princeton University Press, 2007 568 pages:

https://erenow.net/ancient/the-horse-the-wheel-and-language/10.php

(3)  https://hetq.am/hy/article/93438

(4)  https://youtu.be/U81KWlSvF_k

(5)  «Militarism and the Indo-Europeanizing of Europe», Robert Drews, Taylor & Francis Group, London, 2017,  ISBN 1138282723, 9781138282728, 284 pages:

(6)  https://hetq.am/hy/article/58266

(7)  https://armenpress.am/arm/news/917092.html

aztagdaily.com/archives/459907

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail