ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – Վարկ տրամադրող խաբեբայ բոլոր հաստատութիւնները – Փակել թէ Բացել
19 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆԻ ԱՆԿԻՒՆԸ: Սկիզբը՝ //ՆԱԽՈՐԴԸ//:
Փակել թէ Բացել
Փակել;
Վարկ տրամադրող խաբեբայ բոլոր հաստատութիւնները
Անորակ եւ Ազգադաւ հեռուստակայաններու կողմէ պատրաստուած «սերեալները»
Գողացուած դրամներով կառուցուած որեւէ հաստատութիւն
Անսանձ գիշերային ակումբները
Բնակչութեան տարածքի մէջ բոլոր խաղատները եւ գիշերային վայելքի կեդրոնները
Աղանդաւորական ցանկացած կեդրոն
Այնպէս ծրագրեր ի յայտ քան որպէսզի կամաց կամաց փակուին Բանտերը
Եւ վերջապէս փակել անզուսպ բերանները
Ահա եւ մի քանի փակուելիք երեւոյթներ յարգելի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ
Իսկ դրանց փոխարէն կրնաք բանալ հետեւեալները
Մանկապարտէզներ
Ծերերու համար զբաղմունքի վայրեր
փոքր մարզական միութիւններ
Ծննդատուներ
Հիւանդանոցներ
Դաստիարակչական հեռուստատեսային հաղորդումներ
փողոցներում հսկող ոստիկանատան կրպակներ
Աշխատող մայրերու համար յատուկ խնամքի կեդրոններ որտեղ կարելի է երեխան թողնել 8ժամ
Եւ այսպիսի բազում ու բազում կենսական եւ Ազգային կեդրոններ
Սակայն ցաւօք մենք երբեմն ականատէս կըլլանք երկրորդ սիւնակի մէջ գտնուող
կառոյցներու փակման եւ նաեւ ականատէս կըլլանք առաջին սիւնակի մէջ գտնուողներու բացման երեւոյթին․․․
Գիտնալով հանդերձ որ լաւն ու վատը օգտակարն ու վնասակարը յարաբերական իմաստներ կրնան ունենալ սակայն այստեղ է ըսուած թէ պիտի տրամաբանականը յաղթէ միթէ՞ կարելի է խաղատուներ բանալ եւ ծննդատուներ փակել միթէ՞ կարելի է մի ոմն անհատ բանայ իր ցանցի 148-րդ մասնաճիւղը եւ ուրիշ մի ոմն չկարողանայ բանալ առաջինը
Մտածենք սիրելի պետական մարմիններու ներկայացուցիչներ
Բարեւս տուի անցայ գնացի
ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ