ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – Հերթը հասաւ Անասնապահներուն – Բարեւս տուի անցայ գնացի
20 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆԻ ԱՆԿԻՒՆԸ: Սկիզբը՝ //ՆԱԽՈՐԴԸ//:
Հերթը հասաւ Անասնապահներուն
Միասեռականներէն եւ աղանդաւորականներէն զատ Արդեօք կառավարութեան շէնքի դիմաց բողոքի ձայն բարձրացնող այլ խմբեր մնացին՞
Հողագործները բողոքեցին
Ուսանողները բողոքեցին
Զոհուած զինուորներու հարազատները բողոքեցին
Վարորդները բողոքեցին
Ինքնաշարժի վաճառականները բողոքեցին
Մսագործները բողոքեցին
Արուեստագէտները բողոքեցին
Բնակարանատէրերը բողոքեցին
Յո՞ երթանք, Յարգելի կառավարութիւն Յո՞
Միթէ՞ երեխայ ժամանակ շարժուն գծանկար «մուլտիկ» չէք նայած, միթէ չգիտէք որ չի կարելի սղոցել այն ճիւղը որու վրայ որ նստած էք, միթէ՞ կարելի է առանց գորգ կամ սաւան բռելու թութի ծառը թափ տալ, միթէ կարելի է առանց նոր ծննդատուներ կամ հիւանդանոցներ բանալու հիները փակել, միթէ՞ կարելի է առանց համապատասխան սպանդանոցներ ունենալու արգիլել գիւղացուն կենդանի մորթելը, միթէ՞ կարելի է առանց շուներու ապաստանարաններ ունենալը արգիլել շուներու վերացումը եւ այսպիսի հազար ու մի օրինակ յարգելի կառավարութիւն,Միջազգային եւ եւրոպական պետութիւններէ դրամաշնորհ ստացած կազմակերպութիւններու համար դիւրին է թուղթի վրայ ապացուցել որ կը կատարուին բոլոր պայմանները սակայն այդ պայմաններէն Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացին է որ կը տուժէ մինչդեռ կազմակերպութիւններու եւ կառավարութեան պարտականութիւնը ճիշդ հակառակը պիտի ըլլայ անոնք պիտի դիւրացնեն քաղաքացիներու ապրելու պայմանները եւ ոչ թէ դժուարացնեն․․․
ոչ ոք չի ցանկանայ որ ինքնաշարժի կեղտոտ եւ ժանգոտած ետնամասով միս փոխադրեն, ոչ ոք չի ցանկանայ որ հիւանդ կամ անգամ սատկած կովը մորթէն ու վաճառէն, ոչ ոք չի ցանկանայ որ տաւարի միսի փոխարէն իշու կամ ձիու միս վաճառէն սակայն թուղթի վրայ ստորագրութեամբ մը այդ երեւոյթները չեն վերանար այլ անոնք կը պահանջէն համապատասխան լուծում յարգելի կառավարութիւն․․․
Յարգելի կառավարութիւն ոչ ոք ձեզանից ձեր ուժերէն վեր պահանջք չի ներկայացնէր պարզապէս Կատարէք ձեր աշխատանքները, պարտականութիւնները եւ պարտաւորութիւնները, իսկ եթէ չէք կրնար կատարել ձեզանից բողոքողներուն ըսէք այդ մէկը եւ թող իրենք որոշէն յաջորդ քայլերը․․․
Բարեւս տուի անցայ գնացի
ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ