Նազարէթ Պէրպէրեան – «Երանի թէ ունենայի․․․ արտ մը՝
պատերազմի դաշտի տեղ, խրճիթ մը՝ պալատի տեղ»
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Երանի թէ ունենայի․․․ արտ մը՝
պատերազմի դաշտի տեղ,
խրճիթ մը՝ պալատի տեղ»
21 Յունուար 2020
– Ա՜հ, երանի թէ գեղջուկ մ’ըլլայի եւ հայր ու մայր ունենայի, արտ մը՝ պատերազմի դաշտի տեղ, ծառի մի շուք՝ մեծաշուք յաղթանակաց տեղ, խրճիթ մը՝ պալատի տեղ, փոքր ընտանիքի մը տէր ըլլայի՝ բիւրաւոր զօրաց հրամանատարութեան տեղ։
– Զш՛րկ, որ թագաւորդ պարծի, մեռի՛ր, որ թագաւորդ ապրի․․․ Եւ ի՞նչ է թագաւորելը, եթէ ոչ հրամայել եւ զբօսնուլ, թագաւորը սուր կուտայ եւ ժողովուրդը կը զարնէ կամ կը զարնուի, դրօշակ կուտայ եւ զինուորը կը կանգնէ կամ իրեն պատանք կ’ընէ։
– Ժողովուրդին ձայնը շուտ կը խեղդուի արեան մէջ․․․ դիւրի՞ն է միթէ գահ մը տապալել, որուն կը հսկեն բանտ, աքսոր եւ սուր։
– Աղքատն իր տնակին մէջ չոր եւ նեխոտ հացով կը գոհանայ, իսկ հարուստին ապարանը նոր խորտիկներ կը հնարուին… Զինուորը պատերազմի փողին գոռումէն կը սարսռի, վասնզի
իր սիրելիէն պիտի բաժնուի, թագաւորը անդին կոյս աղջիկ մը կ’առեւանգէ մօրը գրկէն… Ի՜նչ սոսկալի են ասոնք… Որչա՛փ կը տարբերուին իրարմէ հիւղակն ու պալատը․․․ Երկուքին մէջտեղ վիհ մը կայ, որուն մութին մէջէն ջահ ի ձեռին կ’արձանանայ արդարութիւնը, հիւղակը հովէն կը սարսի, իսկ պալատը՝ ոճիրներէն։
*
* *
Յունուար 21ի այս օրը ծնած է հայ գրականութեան «հանճարեղ պատանին»՝ ՍԻՐՈՅ եւ ՏՐՏՈՒՆՋՔի անկրկնելի քնարերգակ Պետրոս Դուրեանը (1851-1872), որու քնարին ինքնատիպ մէկ լարին՝ ազգային-ընկերային յուզաշխարհի բաբախումներէն քաղուած են այսօրուան բարի լոյսին խոհական հաղորդութեան պահ տրամադրող, հորիզոն բացող եւ թռիչք տուող վերեւի պարզիմաստ, այլեւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ծարաւով յագեցած մտքերը։
Դուրեանի անմահ ժառանգութեան մաս կը կազմեն նաեւ անոր գրած թատերախաղերը, առաւելաբար հայոց պատմութենէն ընտրուած նիւթերու նուիրուած արձակ թատրերգութիւնները, որոնք գեղարուեստական իրենց որակով շատ բան չեն աւելցներ հանճարեղ բանաստեղծի իր արժէքին վրայ, բայց որոնք հայոց սերունդներուն աւանդ կը յանձնեն ՀԱՅԱՇՈՒՆՉ ԿՏԱԿը մեծն Դուրեանի։
Տարբեր թատերախաղերէ ի մի բերուած եւ անոնց հերոսներու բերնին մէջ դրուած Դուրեանի խոհերն ու պատգամները կղպուած չմնացին միայն թատերական այդ գործերուն մէջ։ Դուրեան ազգային, հայրենասիրական եւ ԱԶԱՏԱԽՈՀԱԿԱՆ իր զեղումները մեր սերունդներուն կտակեց նաեւ արժէքաւոր բանաստեղծութեանց ճամբով, որոնցմէ նմոյշներ ներկայացուցած եմ առանձինն՝ դիմատետրիս այսօրուան էջով։
Բարի լոյս՝ կեանքը լիարժէք ապրելու եւ արարելու Պետրոս Դուրեանի անսահման ՍԷՐը մեր առաւօտեան առաջին թոթովանքին միախառնելու եւ զայն ջերմացնելու, հարստացնելու ողջոյնը ուղղելով հայաշխարհի չորս ծագերուն։
Բարի լոյս՝ ՀԱՅը ԱԶԱՏ, ազգի ու հայրենիքի ՏԷՐ ու ՊԱՇՏՊԱՆ, այլեւ՝ ամբողջական ազատագրումի պայքարին ԶԻՆՈՒՈՐԱԳՐԵԱԼ տեսնելու հանճարեղ Դուրեանի յայտնատեսութեամբ․-
«…Դեռ կը գոչեմ Ձեզ, Հայե՛ր,
«Որ դամբանիս մէջ չը լըսեմ Ձեր վայեր:
«Հարուստն ու կղեր թէ ազգ ըզգան ու վառին,
«Թէ «լոյս եւ սէր» Հայ սրտերուն մէջ թառին,
«Թէ լուսոյ դարն երկնէ «ազատ զաւակներ»,
«Թ՚եղբայրութիւն, սիրոյ վառին կըրակներ,
«Թէեւ ըլլամ ես մեռել,
«Դամբանէս դուրս կ՚նետուիմ ԱԶԱՏ Հայն տեսնել»:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ