Հայաստանի կառավարութեան պարտականութիւնն է, պարտաւորութիւնն է, որպէսզի քաղաքացիներուն անվտանգ եւ մաքուր սնունդ վաճառուի

Հայաստանի կառավարութեան պարտականութիւնն է, պարտաւորութիւնն է, որպէսզի քաղաքացիներուն անվտանգ եւ մաքուր սնունդ վաճառուի

22 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: – Րաֆֆի Տուտագլեան – //ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Հայաստանի կառավարութեան պարտականութիւնն է, պարտաւորութիւնն է, որ ամէն ինչ ընէ, որպէսզի քաղաքացիներուն անվտանգ եւ մաքուր սնունդ վաճառուի:

Բակերու, այգիներու, կառաժներու եւ բաց ու փակ կեղտոտ տարածքներու մէջ անասուն մորթելը, աւտոներու նստարաններու վրայ կամ սնտուկներու մէջ միսի տեղափոխումը ոչ միայն անընդունելի, այլեւ պատժելի պէտք է ըլլայ:

Ի՞նչ էր, ձեր կարծիքով, անցնող տարիներուն, մանկապարտէզներու հարիւրաւոր երեխաներու թունաւորման պատճառը: Ինչու՞ ամէն անգամ երբ թուրիստներ գան արտասահմանէն, ստամոքսա-աղիքային հիւանդութիւններ կ’ունենան: Անոնցմէ շատերու ես անձամբ հիւանդանոց հասցուցած եմ:

Անասունները պէտք է մորթուին սպանդանոցներուն մէջ՝ բժշկական քննութիւն անցնելէ ետք միայն, եւ շուկայ առաքուին համապատասխան մեքենաներով, որոնք օժտուած են սառնարանային սարքերով:

Աչքերովս տեսած եմ ամրան շոգին, 40 աստիճան տաքութեան օրերուն, ժիգուլիներու մէջ տեղափոխուող «թարմ» մսեղէն: Եւ սա ոչ թէ միջնադարուն, այլ ընդամէնը մի քանի ամիս առաջ:

Իր քաղաքացիները յարգող ոեւէ պետութիւն քաղաքացիներու առողջութիւնը առաջնահերթութիւն կը համարէ: Այս առումով, առողջ սնունդի մատակարարումը նուազագոյնն է, որ կ’ակնկալուի ոեւէ կառավարութենէ:

Միւս կողմէ, սակայն, կառավարութիւնը պէտք է համապատասխան միջոցներ որդեգրէ, սպանդանոցային հասանելի, մատչելի պայմաններ ստեղծէ, որպէսզի անասնապահները նոր օրէնքներու գործադրութեան ընթացքին նիւթական վնասներ չկրեն: Այս առումով, ողջունելի է օրէնքի գործադրութիւնը մինչեւ Յուլիս 1 յետաձգելու կառավարութեան որոշումը:

Յուսանք, որ մինչ այդ օրը սպանդանոցներու ցանցը արդէն իսկ կը կայանայ, իսկ անասնապահները բողոքելու փոխարէն, կը համագործակցին իշխանութիւներուն հետ, մաքուր, անվտանգ սնունդի խնդրի բարւոք լուծման համար:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են
Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail