ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – Ծանօթ մոռցուած բառ մը, «Հայրենադարձութիւն» – Բարեւս տուի անցայ գնացի
23 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆԻ ԱՆԿԻՒՆԸ: Սկիզբը՝ //ՆԱԽՈՐԴԸ//:
Ծանօթ մոռցուած բառ մը, «Հայրենադարձութիւն»․
Այսօրուայ պետական մարմինները որոնք մօտիկ անցեալին կը խօսէին մեծ եւ իսկական հայրենադարձութեան մասին այսօր գէթ բառ մը անգամ չէն արտայայտուիր այդ կապակցութեամբ, լուծարուած սփիւռքի նախարարութեան գործը շարունակող Պարոն Զարեհ Սինանեանը լուռ է եւս բոլոր իմաստներով եւ կրկին անգամ հայրենադարձուելու երեւոյթը դրուած է սփիւռքի միլիոնաւոր անհատներու անհատական որոշումին վրայ ․
Այստեղ կան բազմաթիւ «Եթէ»ներ առանց որոնց անհնար է անհատական որոշում կայացնել;
Հայրենիքի մէջ;
Եթէ Ինքնասպանութեան երեւոյթները անպակաս են
Եթէ Լոյս աշխարհ գալու ծննդատուներ կը փակուին
Եթէ Բախտախաղը ամենէ շատ ծանուցուող ապրանքատեսակն է
Եթէ փաստացի յաղթողը պարտուած կը համարուի
Եթէ փոխ նախարարը տակաւին գողութիւն կընէ
Եթէ տնտեսական, առողջական, կրթական, մշակութային աճերը անհատ մը պարզապէս լսողական զգայարանքով միայն պիտի զգայ
Եթէ եւ Հազար եթէներու ընդմէջէն դժուար թէ առանց պետական հովանաւորչութեան, առանց Սփիւռքեան կառոյցներու քաջալերական ծրագրերու անհատը որոշում կայացնէ հայրենադարձուելու․
Բայց նաեւ Յիշենք մեծն Ռաֆայէլ Պատկանեանի տողերը «Կը կատարուին այդ ամէն եթէ ի սպառ մենք ջնջենք փոքրոգիութիւն մեր սրտէն»
Ուրեմն Յարգելի եւ Սիրելի պետական, Եկեղեցական կուսակցական այրեր եւ տիկնայք այսօր ժամանակն է Ի սպառ ջնջելու փոքրոգիութիւնը ձեր Սրտերէն․․․
Հակառակ վերոնշեալ յոռի երեւոյթներուն, հակառակ պատկան մարմիններու ծրագրերու բացակայութեան Հայրենադարձուիլը ճիշդն է երկու իմաստով, առաջին որ նշուած երեւոյթները եւս անպակաս են սփիւռքեան մեծ մասամբ երկիրներու մէջ իսկ երկրորդը որ հայրենադարձուիք քանակի ու որակի գնով այդ երեւոյթները ի սպառ միասին ջնջենք․․․
Բարեւս տուի անցայ գնացի
ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ