ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Ջնջել Հայու ճակտին դաշուած ամօթի խարանը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Ջնջել Հայու ճակտին դաշուած ամօթի խարանը

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Ջնջել Հայու ճակտին դաշուած ամօթի խարանը․

Ամուր եւ անպարտելի պահել մեր փոքր ածուին
ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԶԷՆՔԸ

25 Յունուար 2020

Յունուար 25ի այս օրը դառնութեան, ընդվզումի եւ ցասումի տրամադրութիւններվ կը ծանրաբեռնէ «Բարի լոյս»ի մեր հանապազօրեայ խոկումի ու հաղորդութեան պահը։

Հայոց յուշատետրին 25 Յունուար 1921ի էջով կը բացուի սեւով ու մուրով գրուած ազգային ողբերգութիւնը Հայկական Բանակի գլխատումին՝ ատենի հայ պոլշեւիկներու նորահաստատ Յեղկոմին հրահանգով։

Դիմատետրի այսօրուան էջով՝ առանձին փոստով ներկայացուցած եմ հակիրճ պատմականը Հայկական Բանակի 1200 սպաներու աքսորին՝ նոյնինքն հայոց սպարապետ Զօր․ Նազարբէկեանի գլխաւորութեամբ։

Հայու ճակտին դաշուած ամօթի խարան է սեփական՝ ազգայի՛ն բանակին նկատմամբ գործուած քաղաքական այդօրինակ ոճիրը։

Փաստօրէն հայ ժողովուրդին ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺն ու ԿԱՄՔը փորձեցին ջլատել պոլշեւիկ յեղկոմականները՝ հայ սպաները զինաթափ ընելով եւ ձիւնի ու բուքի, ցուրտի ու սառնամանիքի մէջ, հետիոտն ու բռնութեան տակ քշելով դէպի Ռուսաստանի խորերը․․․

Փաստօրէն գործուած ՈՃԻՐը գլխատման քայլ էր՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումին ու պաշտպանութեան մէջ վճռորոշ, այլեւ պատմակերտ առաքելութիւն իրականացուցած հայոց բանակի ղեկավարութեան նկատմամբ։

Արդէն 99 տարիներ անցած են այդ օրերէն ասդին, պոլշեւիզմը ինք արդէն շատոնց նետուած է պատմութեան աղբանոցը, իսկ վերանկախացեալ Հայաստանի հետ Հայկական Բանակը յաղթաքայլ կը կատարելագործէ մեր փոքր ածուին ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԶԷՆՔԸ ամուր եւ անպարտելի պահելու իր ուժականութիւնը։

Բարի լոյս՝ ինչպէս երէկ, նաեւ՝ այսօր ու վաղը, ամէն Յունուար 25ի, իրարու պայծառ օր աւետելու բարի լոյսին հետ, Հայոց Բանակին իբրեւ մեր Ազգին ու Հայրենիքին ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՍՐԲՈՑը տէր կանգնելու ազգային հաստատակամութեամբ, այլեւ համազգային մեր այդ ուխտը վերանորոգելու ջերմեռանդութեամբ։

Բարի լոյս՝ Արամներու կերտած Հայաստանի Հանրապետութեան ժառանգորդ մեր պետութեան մէջ, արտաքին սպառնալիքներու թէ ներքին ցեցերու դէմ յանդիման, արթուն հսկելու վճռակամութեամբ։

Մանաւանդ այս օրերուն, երբ մեր ժողովուրդին ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ յեղափոխական յաղթարշաւը կը բախի իր թաւշեայ՝ խաղաղ, օրինապահ ու անխռով երթն ու եղանակը խանգարել փորձող աղմկարարներու․․․ խոչընդոտներուն։

Ջնջել Հայու ճակտին դաշուած ամօթի

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail