ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Թող հանգիստ քնեն հայոց բոլոր մայրերը
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Թող հանգիստ քնեն
հայոց բոլոր մայրերը»
28 Յունուար 2020
Հայկական տօնատետրի Յունուար 28ի այս օրը, Հայաստանի եւ ողջ հայաշխարհի հայութեան համար, ազգային արդար հպարտութեան ու հաւաքական ուժի ինքնավստահութեան յաղթանակի տօնն է՝ 28 Յունուար 1992ին պաշտօնապէս կեանքի կոչուած Հայոց Ազգային Բանակի վերածնունդին տարեդարձը։
Յատկապէս ազգային մեր մարտունակութիւնը վերանորոգելու ուխտի օրն է այսօր, որովհետեւ գերազանցապէս ազգային ինքնապաշտանութեան ու ազատագրումի պայքարին ծնունդը եղաւ Հայոց Բանակը։
Բարի լոյս՝ հայ մարդուն եւ հայոց պետականութեան ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՂՆԱՇԱՐԸ կերտած ու նոյն յաղթարշաւը վերանորոգ թափով շարունակող հայոց աշխարհի հերոսական ծնունդներուն եւ արի առիւծներուն․ ե՛ւ 102 տարի առաջ Հայաստանի անկախութիւնն ու ազատ հանրապետութիւնը կերտած սերունդին, ե՛ւ 32 տարի առաջ Հայաստանի անկախութիւնը վերականգնած սերունդին, ե՛ւ 2 տարի առաջ համայն հայութեան ԱԶԱՏ ու ԱՐԴԱՐ ապրելու թռիչքը սանձազերծած սերունդին։
Բառին քաղաքական իմաստով դժուարին երկունք մը ունեցաւ մերօրեայ Հայոց Ազգային Բանակը։ Նոյնինքն Հ.Հ. պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին վկայութեամբ, 1988ին թափ առած Արցախեան Շարժումի առաջին իսկ քայլերէն սկսաւ Հայոց Ազգային Բանակին սաղմնաւորումը։
Հայկական բանակի երկունքին մէջ իրենց վճռորոշ ներդրումը ունեցան Արցախի հայութեան ինքնապաշտպանութեան նպատակով կազմուած ժողովրդային առաջին զինեալ խմբաւորումները, անոնց կազմակերպման եւ ձեւաւորման առաջադրանքով կեանք առած տարանուն Ֆետայական Ջոկատները, ինչպէս նաեւ ու մանաւա՛նդ խորհրդային բանակի հայ սպաներու յայտնութիւնը Արցախեան Շարժման յառաջապահ դիրքերուն վրայ։
Քաղաքական խիթեր ու գաղափարական ցաւագին գալարումներ շատ ունեցաւ Հայոց Բանակին երկունքը. նոյնինքն Արցախեան Շարժման յառաջատար ուժերուն միջեւ ներքին հակասութիւններն ու հակադրութիւնները անպակաս եղան՝ մինչեւ որ նորանկախ հայոց պետութիւնը կրցաւ յաղթահարել իր անդրանիկ իշխանութեանց այն մոլորանքը, թէ «մեր պաշտպանութիւնը մեր անպաշտպանուածութեան մէջ է»։
Բարի լոյս եւ անփորձանք երթ ազգովին բոլորիս՝ որ բախտը ունեցանք ականատեսն ու մասնակիցը դառնալու ՄԵՐ ԲԱՆԱԿԻ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻՆ։
Այն ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿին՝ որ ոչ միայն ՀԶՕՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐՁՈՒՆՔի հասցուց Ազգի ու Հայրենիքի պետական մարտունակութիւնը, այլեւ ի տարբերութիւն այլոց՝ գիտցաւ ու կրցաւ զէնքը չբարձրացնել սեփական ժողովուրդի զանգուածին դէմ, ներքին ցեցերու հանդէպ արդար բողոքի եւ պոռթկումի մեր ՃԱՐԱՀԱՏ ՊԱՀԵՐՈՒՆ։
Բարի լոյս եւ փառք՝ ԵՌԱԳՈՅՆը հայաշխարհի հորիզոնին լայն պարզած եւ «ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔ»ը, աղօթքի երկիւղածութեամբ, շրթներուն մշտահունչ պահող հայոց բանակի ՔԱՋԱՐԻ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԻՆ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ