Րաֆֆի Տուտագլեան – Անկախ ըլլալ կը նշանակէ ունենալ նախընտրութիւններ կամ հակառակութիւններ եւ ազատօրէն արտայայտուիլ անոնց մասին

Րաֆֆի Տուտագլեան – Անկախ ըլլալ կը նշանակէ ունենալ նախընտրութիւններ կամ հակառակութիւններ եւ ազատօրէն արտայայտուիլ անոնց մասին

29 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ: – //ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են
Րաֆֆի Տուտագլեան

ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՂՁ

Իբրեւ հրապարակագիր, յաճախ քննադատաբար կ՚անդրադառնամ Հայաստանի մէջ գործող քաղաքական ուժերու գործունէութեան։ Նաեւ՝ այս ուժերուն մասին ուրիշներու քննադատական յօդուածները կիսած եմ ու կը կիսեմ դիմատետրի էջիս վրայ։
Քննադատաբար անդրադարձած եմ Հանրապետական կուսակցութեան, Բարգաւաճ Հայաստանի, ՀՅԴ-ի եւ այսօրուայ իշխանութիւններու անցեալի ու ներկայի գործունէութեան ու քաղաքական վարքագիծին։ Բազմաթիւ քննադատական յօդուածներ հաւաքած ու տեղադրած եմ էջիս՝ նոյն նիւթերով։

Ամենաշատը թիրախաւորած եմ Հանրապետական կուսակցութիւնը, որովհետեւ անցնող 25 տարիներուն այս կուսակցութիւնը կա՛մ իշխանութեան մէջ եղած է (սկսելով Տէր Պետրոսեանի օրերէն), կամ ալ եղած է իշխող միակ կամ ամենամեծ ուժը։

Իբրեւ հրապարակագիր կը փորձեմ միտքերս արտայայտել առանց կեղծիքի։ Անկողմնակալ ձեւանալ չեմ ուզէր, սուտ անաչառութենէ կը զզուիմ։ Կ՚ըսեմ այն, ինչ որ ճիշդ կը համարեմ։ Ասոր անոր ուրախացնելու նպատակ ալ չունիմ, որովհետեւ ո՛չ քաղաքական, ոչ ալ այլ պաշտօնի կը ձգտիմ։ Հրապարակագիրը իր մտածածն ու զգացածը պէտք է արտայայտէ առանց բառերը ծամծմելու, ի հարկին մնալով քաղաքավարութեան սահմաններուն մէջ։

Եթէ դեռ կան մարդիկ, կուսակցականներ կամ հակակուսակցականներ, որոնք չեն հասկցած թէ ի՛նչ կը նշանակէ ազատ հրապարակագիր, լաւ կ՚ըլլայ որ յօդուածներս չկարդան եւ ընդհանրապէս գրութիւններէս եւ գրառումներէս հեռու մնան։ Քանի որ այս մարդիկը երբեք պիտի չհասկնան, որ քննադատել, քննադատութիւն հրապարակել կամ էջի վրայ տեղադրել, սկանդալներու եւ սայթաքումներու անդրադառնալ չի՛ նշանակեր մաղձ ու թոյն թափել։

Երբ Նիկոլի ընդդիմախօսները կը քննադատեմ, կամ ասոնց մասին այլոց քննադատական յօդուածները կը հրապարակեմ, ՀՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի համակիրներ կամ անդամներ անմիջապէս «պախարակման» արշաւ մը կը սկսին իմ դէմ, զիս «նիկոլական» համարելով։

Երբ իշխող ուժի սխալները կը քննադատեմ, կամ վարչապետի ու կառավարութեան գործունէութեան մասին բացասական կարծիք կ՚արտայայտեմ կամ այլոց գրութիւնները կը տեղադրեմ, այս անգամ կ՚արժանանամ իշխանութիւններու համակիրներու խիստ «յարձակումներուն»։

Ըստ երեւոյթին, հայերուս համար անկախ մարդ ըլլալը մեծագոյն յանցանք է։ Կամ դէմ պէտք է ըլլալ, կամ՝ կողմ։ Եթէ անկախ ես, ուրեմն սխալ բան մը ունիս, հաւանաբար նոյնիսկ վտանգաւոր ես, քանի որ ինչպէ՞ս կրնաս դէմ ըլլալ եւ… գունաւորում չունենալ։

Ի դէպ, ըսեմ, որ անկախ ըլլալ չի նշանակեր չէզոք ըլլալ։ Անկախ ըլլալ կը նշանակէ սխալին սխալ, ճիշդին ճիշդ ըսել, առանց կուսակցական, գաղափարական, կամ քաղաքական կաշկանդումներու։

Անկախ ըլլալ կը նշանակէ ունենալ նախընտրութիւններ կամ հակառակութիւններ եւ ազատօրէն արտայայտուիլ անոնց մասին։

Անկախ ըլլալ կը նշանակէ չվախնալ սեփական տեսակէտը արտայայտելէ եւ սեփական հաւատամքը քարոզելէ։

Ես այս սկզբունքներով կ՚առաջնորդուիմ։ Եւ պատրաստ չեմ սկզբունքներս փոխելու՝ ասոր կամ անոր, այս կամ այն կողմին չվշտացնելու կամ ուրախ պահելու, այս կամ այն ուժին հակահարուածներէն խուսափելու համար։

Այլապէս, կը նախընտրեմ ընդհանրապէս լուռ մնալ, քան թէ ուրիշի ականջին հաճելի թուացող բառեր շարադրել եւ արտասանել։

Եւ ուրեմն կեցցէ՛ անկախութիւնը, որ պարգեւեալ է մեզ ի Տեառնէ, ամէն…

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Րաֆֆի Տուտագլեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail