ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Անցեալի արդար վաստակին չարաշահումը՝ անոր հաշւոյն ՓԱՌՔ ՈՒ ՊԱՏԻՒ մուրալը
մեղքերուն ամէնէն աններելին է
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
Անցեալի արդար վաստակին չարաշահումը՝
անոր հաշւոյն ՓԱՌՔ ՈՒ ՊԱՏԻՒ մուրալը
մեղքերուն ամէնէն աններելին է
9 Փետրուար 2020
Գնդակ որոտաց Նոյեմբեր ամսուն,
Պաշարուած ենք մենք, սիրուն իմ Սօսէ.
Վեր առ մոսինը, քաջութիւնն հոս է,
Քո սիրած Սերոբին օրհնեալ օրն այս է:
Ձայն տուաւ Սօսէն՝ Սերո՛բ ջան հոս եմ,
Զինուած պատրաստուած ձայնիդ կը սպասեմ.
Քեզ հետ կռուելու, քու կողքին մեռնելու
Ամէն օր, ամէն ժամ, պատրաստ է Սօսէն։
Չխուրի շրջանի Քիւրտերը, Ահմատ աղայի եւ Զամախանի ղեկավարութեամբ, մեր շրջանները կողոպտելու ելած էին: Այդ օրերը կ’ենթադրեմ, որ 1880 թուականներն էին: Անոնց աչքերը դարձած էին Սերոբենց տան վրայ:
Սերոբենց տունը կը կոչուէր Մխոյ-Խչոյի տուն: Անոնք հաստատուած էին Սոխուրդ գիւղը, որ կը գտնուէր Նեմրութի տակ:
Բազմամարդ տուն մը, ուր Սերոբ իր երեք եղբայրներուն, հօրեղբայրներուն եւ անոնց որդիներուն հետ շէն կը պահէին հարուստ ու նահապետական տունը, որուն գլուխը կանգնած էր Մխէն, Սերոբի մեծ եղբայրը: Իսկ Սերոբը՝ չորս եղբայրներու ամէնէն փոքրը, իր երեք քոյրերուն սիրելին էր:
Այդ թուականներուն Սերոբը զինուած կը պտըտէր եւ որսորդութիւն կ’ընէր: Ահմատ աղան, իր ուժերուն վստահ, կ’ուզէր կողոպտել Սոխուրդի ոչխարները: Զէնքով դիմադրողը Սերոբն եղաւ: Ահմատ աղան պարտուած՝ հեռացաւ գիւղի սահմաններէն:
Սերոբի անունը բոլորի շրթունքներուն վրայ էր, բոլորին սիրելի: Անիկա շատ յաճախ կուգար մեր տունը եւ կ’ըլլար եղբայրներուս հետ:
«Սերոբը գեղեցիկ տղամարդ մըն էր, բարձրահասակ, հուժկու եւ արագաշարժ: Վարմունքի մէջ շատ լուրջ եւ խօսքի մէջ խելացի:
Ես շատ երես առած աղջիկ մըն էի մեր տան մէջ եւ, հետեւաբար, միշտ կը գտնուէի տղամարդոց մէջ եւ համարձակութեամբ կը խօսէի բոլորին հետ:
Մեր գիւղէն քանի մը ընտանիքներ կ’ուզէին կանուխէն նշան մը կապել մեր տան հետ, որպէսզի զիս հարս տանին: Ես միշտ համարձակութեամբ կը մերժէի, եւ հօրեղբայրներս ալ իմ կամքը կը կատարէին:
Անգամ մը հօրեղբայրներս, նորէն կատակով, ուզեցին գիտնալ, թէ ես որո՞ւն հետ նշանուիլ կ’ուզեմ: Այդ օրը Սերոբ ալ եղբայրներուս հետ մեր տունն էր: Ես հօրեղբօրս ըսի.
– Եթէ նշանուիմ, Սերոբին հետ կ’ուզեմ նշանուիլ:
Բոլորն ալ խնդացին: Սերոբն ալ խնդաց: Բայց քիչ յետոյ լրջացաւ, լռեց եւ հաց ուտելէ յետոյ մեկնեցաւ:
Քանի մը ամիս հազիւ անցած էր այդ խօսքի վրայ, երբ Սերոբի տունէն Մըխէն եկաւ իմ նշանը դնելու: Կատակը լուրջի փոխուեցաւ:
1881ին (եթէ չեմ սխալիր) ես եւ Սերոբ ամուսնացանք: Ես տասնեւերեք տարեկան էի: Երկու տարի յետոյ ունեցայ առաջին զաւակս, Յակոբը:
(Պատառիկ՝ Սօսէ Մայրիկի ինքնակենսագրականէն)։
*
* *
Լոյսը բարի թող բացուի հայաշխարհի հորիզոնին եւ բոլորիս հոգիները ջերմացնէ ՅԵՂԱՓՈԽԱՇՈՒՆՉ ԱՒԱՆԴՈՎը ԱՂԲԻՒՐ ՍՕՍԷ ՄԱՅՐԻԿի (1868-1953), որ Փետրուար 9ի այս օրը, 67 տարի առաջ, վերջին հրաժեշտը տուաւ իր պաշտած Ազգին ու Հայրենիքին։
Բարի լոյս՝ Յեղափոխական Հայու եւ Դաշնակցական Ֆետայիի կանացի՝ ՄԱՅՐԱԿԱ՛Ն ԿՏԱԿով իր օրը իմաստաւորող պահանջատէր հայութեան բոլոր անկեղծ զինուորներուն, որոնք ամէն առաւօտեան, արդար արեգակին գաղափարական հուրով, կը վերանորոգեն հաւաքական մեր ուխտը՝ յաղթաքայլ շարունակելու երթը դէպի վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԶԱՏ ու ԱՐԴԱՐ ԿԱՐԳԵՐՈՎ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄը։
Աղբիւր Սօսէ Մայրիկ մեր սերունդներուն ԺԱՌԱՆԳ թողուց անկորնչելի ԵՐԵՔ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ․-
Ա․) Հայուհին իրաւահաւասար զինուորն է հայոց Ազգի եւ Հայրենիքի ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ յարատեւ կռուին։ Սօսէ իր պատանի տարիքէն հաւատարմագրուեցաւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ, որուն անվեհեր դրօշակիրի կեանքը ապրեցաւ Սասնոյ լեռներուն վրայ, թէ տարագրութեան հեռու-հեռաւոր ափերուն։
Բ․) Աղբիւր Սօսէ Յեղափոխականի ԻՆՔՆԱՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆը մարմնաւորեց եւ իբրեւ ժառանգութիւն կտակեց հայոց սերունդներուն՝ թէ՛ ամուսնու կողքին զինեալ կռիւ մղելու ժամանակ, թէ՛ ամուսնու կորուստէն ետք անոր ՖԵՏԱՅԻ ՀԱՅԴՈՒԿԱՊԵՏԻ լուսաւոր՝ ճառագայթո՛ղ ԱՌԱՍՊԵԼը աշխարհով մէկ ցիրուցան եղած հայոց բեկորներուն մէջ բոցավառելու տարագրութեան շրջանին։
Ա․) Սօսէ Մայրիկ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿԻ ԱՆԲԱՍԻՐՈՒԹԵԱՄԲ ՈՒ ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՄԲ քալեց հայաշխարհի ողջ տարածքին՝ բոլորին սորվեցնելով, որ անցեալի արդար վաստակին չարաշահումը՝ անոր հաշւոյն ՓԱՌՔ ՈՒ ՊԱՏԻՒ մուրալը մեղքերուն ամէնէն աններելին է յեղափոխական հայութեան համար։
Բարի լոյս՝ Աղբիւր Սերոբի ՖԵՏԱՅԱԿԱՆ ԽՍՏԱՊԱՀԱՆՋՈՒԹԻՒՆը եւ Սօսէ Մայրիկի ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆը, հայ կեանքի այսօրուան որոգայթներուն եւ ցեցերուն դէմ, ԱՆՊԱՐՏԵԼԻ ՊԱՏՆԷՇի վերածող բոլոր հաւատաւորներուն։
Բարի լոյս՝ հայաշխարհով մէկ երգելու եւ յուշելու համար, որ՝
Նեմրութայ սարը հազար ակն ունի՝
Հազարն էլ Մըշու դաշտն ի վայր կ’երթայ –
Մենակ Սերոբի աղբիւրը սրտի
Խեղճ ժողովուրդի սրտի մէջ կ’երթայ –
Ազատ օրերի, դալար օրերի
Ծարաւ ժողովրդի սրտի մէջ կ’երթայ․․․
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ