ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Մարդ չպիտի էնքան քաղցր լինի` որ կուլ տան, չպիտի էնքան դառը լինի` որ թքեն
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
Բարի լոյս
«Մարդ չպիտի էնքան քաղցր լինի` որ կուլ տան, չպիտի էնքան դառը լինի` որ թքեն»։
12 Փետրուար 2020
… Պատմութիւնը ազգերի ու ժողովուրդների ճանապարհին նստած սֆինքս է, որ անցած ուղիներիդ դասը չի հարցնում – փորձում է իրենից՝ այսօրից անցնելու, գալիքին ոտք դնելու կամքդ:
…Ես ասում եմ. մարդ չպիտի էնքան քաղցր լինի` որ կուլ տան, չպիտի էնքան դառը լինի` որ թքեն։ Քեզ կուլ են տուել, ու գովում են, զաւակս, քեզ կուլ են տալիս: Ասում ես խիղճ, բայց խիղճը գիտե՞ս երբ է գեղեցիկ – երբ գազանի մէջ է: Քոնը խիղճ չի, խեղճութիւն է:
…Դուք ձեր սէրը թաշկինակ էք անում կապում աչքերիդ, որովհետեւ վախենում էք բաց աչքերով նայել ու ատել – յանկարծ կը տեսնեն, որ ատում էք ու կը տան կը սպաննեն: Մի՛ վախեցէք. մեռնելը դժուար է, ուզենաք էլ` չէք մեռնի. մի անգամ ձեր գլխի հետ թող իրենց բռունցքն էլ ցաւի – տեսնեմ միւս անգամ կը խփե՞ն. տղամարդու պէս մի անգամ կանգնէք` թող ձեզ զոռով ծալլեն, դուք մի կոտրուէք` ձեզ թող զոռով կոտրեն – միւս անգամ տեսնեմ կը կոտրե՞ն, կը ծալլե՞ն, կը մօտենա՞ն»:
*
* *
Բարի լոյս՝ ամէնէն բուռն ցասումի եւ պոռթկումի վերօրինակ խռովայոյզ պահերուն իսկ, ՀԱՅՈՒ ԲԱՐԻ ԵՒ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԱՆԴՈՐՐՈՒԹԻՒՆը չկորսնցնելու, պահպանելո՜ւ ՄԱՐԴԿԱՅՆՈՒԹԵԱՆ։
Բարի լոյս՝ Փետրուար 12ի օրը Լոռուայ աշխարհի Ահնիձոր գիւղին մէջ լոյս աշխարհ եկած, բայց եւ ողջ հայութեան ու մարդկութեան ապրելո՛ւ բերկրանքն ու լինելո՛ւ ցաւը իր մէջ խտացուցած, իւրովի՛ անմահացուցած եւ իր երգով անմահացած Հրանտ Մաթեւոսեանի (1935-2002) ժառանգութեամբ վերանորոգուողներուն։
Բարի լոյս՝ հայրենի ՀՈՂն ու ՄԱՐԴը պաշտամունքի խորանին բարձրացուցած Հրանդ Մաթեւոսեանի ստեղծագործական երկիւղածութեամբ, ինքնահաստատման ու ինքնամաքրման իրենց ուղին հարթողներուն։
Մեր սերունդները այսօր եւս սորվելու եւ ոգեշնչուելու այժմէակա՛ն շատ խոհ ու խորհուրդ կը գտնեն Հրանտ Մաթեւոսեանի գրական անկորչելի գանձերուն մէջ։
Մաթեւոսեանի վաստակին մշտանորոգ թարմութեան գաղտնիքը կը կայանայ ՍԵՓԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՍՐՏԻՆ ԲԱԲԱԽՈՒՄՆԵՐՈՎ ՀԱՂՈՐԴՈՒԵԼՈՒ՝ անոր ԱՆԽԱՌՆ ՊԱՏԳԱՄԱԲԵՐը դառնալու ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ մէջ։
Իր առաջին գործերէն մինչեւ իր կարապի երգը՝ Հրանտ Մաթեւոսեան բաց ճակատով քալեց Երեւանի փողոցներէն եւ հպարտ խօսակիցը մնաց պարզ ու սովորական հայ մարդոց, որոնց ոգեւորեց աւելի բարօր ու ազատ կեանքի, այլեւ՝ աւելի արդար աշխարհի ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄՈՎ։
Բարի լոյս՝ ՊԱԼԱՏԱԿԱՆ ԵՐԳԻՉի ամէն կարգի շլացուցիչ խայծերը մերժելու եւ սեփական ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՕՐՀՆԱՆՔին մէջ իր ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԲԱՒԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆը գտնելու մաթեւոսեանական գաղափարապաշտութեան։
Բարի լոյս՝ ԱՅԼԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ եւ ԱՅԼԱԿԱՐԾՈՒԹԵԱՆ այն պարզագոյն՝ գեղջկականի «եզերք»ին հանգիստ դեգերելու ԱՒԱՆԴին, որուն պատգամաբերը միշտ պիտի մնայ Հրանտ Մաթեւոսեան։
Մեր ժողովուրդը հազարամեակներու մաշումէն երիտասարդական աւիւնով վերականգնած է յատկապէս իր այն ԱՐԺԱՆԻՔով, որ չէ վախցած ԱՆԿՈԽ ՃԱՄԲԱՆԵՐէ քալելէ, ԲԻՐՏ ՈՒԺի եւ ԿԱՄԱԿՈՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ դէմ անհաւասար զէնքերով կռիւ մղած է, եւ կրցած է ԱՐԺԱՆԱՒՈՐԱՊԷՍ ՀԱՐԹԵԼ փոքր ածուի իր ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐՁՈՒՆՔը։
Բարի լոյս՝ հայոց ցեղասպանութեան ԽՈՑէն վերականգնելու ճամբին հայոց ԺԱՆԻՔին սպասող Հրանտ Մաթեւոսեանի ՊԱՏԳԱՄին։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ