ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – «Կ՚ատեմ ճշմարտութիւնը․․․ Կը նախընտրեմ խաբկանքը ․․․Հայերէնս պիտի չմոռնամ ես»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – «Կ՚ատեմ ճշմարտութիւնը․․․ Կը նախընտրեմ խաբկանքը ․․․Հայերէնս պիտի չմոռնամ ես»

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Կ՚ատեմ ճշմարտութիւնը․․․
Կը նախընտրեմ խաբկանքը:
․․․Հայերէնս պիտի չմոռնամ ես»։

13 Փետրուար 2020

Երկար ատենէ ի վեր հայերէն չեմ խօսած:

Ու, լքուած նուագարանի մը նման, հայերէնս արդէն կարկամեր է միտքիս անկիւններուն մէջ: Խաշած ոսկորներու պէս, միսէ զուրկ ու ճերմակ, կաւիճ են դարձեր բառերս: Իրարու կը զարնեմ` գտնելու համար հին ձայները: Ի զո՜ւր, ի զո՜ւր:

Գիշերը երազիս մէջ իսկ հայերէն չեմ խօսիր: Վասն զի փոխուա՜ծ են մարդիկը, որ, երազներուս մէջ, շուրջս կը դառնան, եւ նոր ընկերներս, որ, լուս-օրերուն, հետս կ՚աշխատին:

– Պիտի մոռնաս լեզուդ, ու վաղը պիտի չուզես իսկ լսել զայ,- կ՚ըսէ մեր յիմարանոցին այրերու բաժնին ներքին բժիշկը, որ, ծագումով յոյն, ֆրանսական հիւանդանոցներու մէջ ապրելով, արդէն փոխեր է իր ազգը:

Կ՚ատեմ պաշտօնակիցս, որովհետեւ շարունակ կը պնդէ եւ դող կը հանէ ներսս: Եթէ յանուն անողոք ճշմարտութեան մը կը խօսի ան, դարձեալ կ՛ատեմ: Ու կ՚ատեմ ճշմարտութիւնն ալ: Կը նախընտրեմ խաբկանքը: Թողէ՛ք, որ յանձնուիմ սիրած պատրանքներուս, եւ երջանկանամ` մտածելով, որ հայերէնս պիտի չմոռնամ ես, իբրեւ բացառութիւն:

Պիտի չմոռնամ, պիտի չմոռնամ: Ամէն օր, հին նուագարանի մը պէս, դուրս պիտի հանեմ զայն միտքիս անկիւններէն: Պիտի նուագեմ զայն մինակս, անով պիտի լամ ու ծիծաղիմ, պիտի երգեմ ու կանչեմ: Ո՜վ իմ քաղցր հայերէնս:

Բայց… երկա՜ր, երկա՜ր ատենէ ի վեր հայերէն չեմ խօսած:

Այս առաւօտ․․․ աւելի քան երբեք կարօտն ունիմ հայերէն խօսելու:

Կ՚ուզեմ հայերէն խօսիլ բաց աչքով: Հա՜յ մը, հայ մարդ մը կը փնտռեմ, խօսելու համար հետը: Մուրացկա՜ն մը թող ըլլայ, աղտոտ սրիկայ մը թող ըլլայ, վերջապէս բերա՜ն մը, որուն հայերէն խօսէի եւ անկէ հայերէն պատասխան մը առնէի: Ո՜վ որ կը հասկնայ նոր ու տարօրինակ այս զգացումը, այս տառապեցնող զգացումը, կարօ՜տը լեզուին, թող օգնէ ինծի: Կ՛ուզեմ, որ հայ գաղթական մը, հոգ չէ թէ լեզուն մոռցած ըլլայ, բայց գիտնայ միայն մէկ բառ, իյնա՜յ ճամբուս վրայ, եւ ես կարենամ ըսել.

– Հա՞յ ես:

Անիկա գլխով «այո՛» ըսէր ինծի: Եւ ես անմիջապէս, հօրս մօրս սորվեցուցած լեզուովը գոչէի, ամբողջ յուզումս ու հոգիս թափէի իր ականջին մէջ սա մէկ բառով.

– Բարի-լոյս…
Ու ան ինծի պատասխանէր.
– Բարի-լոյս…
Տիեզե՛րք վկայ, ասկէ աւելի քաղցր եւ ասկէ աւելի տխուր բան չկայ: Այդ բառին մէջ մեր ժողովուրդը ինչե՜ր է պահած: Այդ բառին մէջ մեր հայերէնը ինչե՜ր է դրած:

Ո՜վ իմ մեծ հայերէնս, ես քեզի կը հաւատամ այս բառիդ մէջ, ես քեզ կարօտցած եմ այս բառիդ խորունկ նշանակութեան ըղձանքովը:

Ո՜վ իմ ըղձալի հայերէնս, առաւօտեան պէս թարմ եւ գիշերուան պէս խորունկ, մանուկի մը պէս զուարթուն եւ տարեցի մը պէս իմաստուն, սիրոյ պէս հաճելի եւ գարնան պէս գեղեցիկ:
Ո՜վ իմ անուշ հայերէնս, գիւղացիի ու քաղքցիի լեզու, բանուորին ու թագաւորին բերնին յարմար, երիտասարդ եւ հուժկու, ապրա՜ծ մնաս դուն:

Ո՜վ իմ բրդոտ հայերէնս, աղօթքի մը պէս մխիթարիչ, դեղի մը պէս օգտակար, եթէ մոռցայ մէկ վանկդ, թող ա՛լ չդառնայ լեզուս մեղաւոր բերնիս մէջ:

Ա՜խ, մեծ Աստուած, քեզի բնաւ չեմ հաւատար, բայց ցաւը զիս մանուկ է դարձուցեր, եւ նորէն, ահա նորէ՜ն ամպերուդ կը բարձրացնեմ ճակատս: Երկնքի Աստուած, հայերէն լեզուիս ամէնէն գեղեցիկ բառերը կու տամ, քեզի, միայն, թէ հրաման ըրէ, որ իմ լեզուս գտնէ իր երջանկութիւնը:

Ի՞նչ ընեմ, ի՞նչ ըսեմ: Այս պահուս շա՜տ յուսահատ եմ: Հոգիէս իսկ կը վախնամ, որովհետեւ երիտասարդի հոգի է, կը խաբուի՜ օտարին շքեղութիւններէն, կ՚ելլէ կը մոռնայ լեզուս: Ուստի ապաւէ՜ն մը կ՚ուզեմ, պաշտպանելու համար լեզուս:

Հայր մեր որ յերկինս ես…

(Շաւարշ Նարդունի, «Կարօտ Հայ Լեզուին»)

*
* *

Բարի լոյս՝ աշխարհի մեծ թէ փոքր քաղաքներու լայն պողոտաներէն կամ նեղ փողոցներէն իրենց առօրեայ գործին գացող թէ գործէն վերադարձող բոլոր հայ մարդոց, որոնք իրենց մտքին կամ սրտին մէջ սրբութեան պէս մասունք մը կը պահեն հայ մտքի ու գրականութեան ներհուն քրմապետներէն՝ ՇԱՒԱՐՇ ՆԱՐԴՈՒՆԻԻ (Այվազեան Ասքանազ, 1898-1968) արարած «Բանե՜ր, բանե՜ր, ի՜նչ բաներ»էն։

Բարի լոյս՝ Փետրուար 13ի այս օրը ծնած եւ ամբողջ կեանք մը – ստեղծագործական իր տաղանդն ու մտաւորական ողջ հարստութիւնը – հայ լեզուի պաշտամունքին ընդմէջէն հայ հոգիի պեղման, վերծանումին ու անմնացորդ բաշխումին ընծայաբերած ՀԱՅԱՏՐՈՓ ՆԵՐԱՇԽԱՐՀԻՆ։

Յուշատետրէս ընտրուած եւ առանձին ներկայացուած էջը կ՚անդրադառնայ Նարդունիի ազգային-քաղաքական ու գաղափարական հանգանակին։ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵ՛Ր» պատգամին ջերմեռանդ հաւատացեալն ու պերճախօս քարոզիչն էր Շաւարշ Նարդունի, որուն Հայ Լեզուի պաշտամունքին նուիրուած վերոբերեալ խոհերը կիզակէտը կը կազմեն այսօրուան մեր բարի լոյսի խոկումին։

Յետ-Եղեռնեան Հայկական Սփիւռքի առաջին սերունդին արժանաւոր պատգամաբերներէն է Նարդունի՝ «Փարիզեան Տղոց» ինքնուրոյն ճառագայթում մը։ Թէեւ իր ժամանակաշրջանին ու պայմաններուն դրոշմը զգալապէս ուժեղ է ՀԱՅԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՆՋը աւաղելու նարդունիական ողբասացութեան մէջ, այսուհանդերձ մեր օրերուն եւս եւ անկախ ու ազատ Հայաստանի իրականութեան մէջ անգամ՝ հայաշխարհը կամայ թէ ակամայ կը մխրճուի մայրենիի այլասերման եւ հիւծումի աւազուտքին մէջ։

Բարի լոյս՝ հոսանքն ի վեր թիավարելու եւ Սիզիֆեան վերելքի ու ընկրկումի, այլեւ անկումի ու վերականգնումի անվերջ ոլորապտոյտին մէջ ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻՆ ԿԱՌՉԵԼՈՎ մեր փրկութեան լաստը փնտռող պայծառատես հաւատաւորներուն։

Բարի լոյս՝ գիտութեանց ամէնէն տիեզերականը, երգերուն ամէնէն տարաշխարհիկը, իմաստասիրութեանց ամէնէն խորինը եւ սէրերուն ամէնէն խորհրդաւորը ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ արտայայտելու, հարստացնելու եւ յաւերժացնելու ԱԶԳԱՅԻՆ ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ։

Բարի լոյս՝ նոր Հայաստանի մէջ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՍԱՆՁԱԶԵՐԾՈՒՄԻՆ եւ ՄԱՔՈՒՐ ՁԵՌՔԵՐՈՎ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ տեսլականին հայաշունչ, ազգայի՛ն բովանդակութիւն հաղորդելու նպատակասլացութեան։

Ազգի ու Հայրենիքի վաղուան բարօր եւ լուսաւոր օրը ապահովելու ճամբան կ՚անցնի հաւաքական ուժի մեր անխարդախ կռուաններուն՝ յատկապէս հայ լեզուի զէնքը միշտ զօրեղ եւ պատրաստ պահելու մարտունակութենէն։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail