ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Արիւն հեղեղ յորդեց այս սուրբ ձորերէ, Բայց չի փախի՛ս, փարէ՛ երկրիդ, զայն սիրէ՛, Հողիդ վրայ գերի մ՚ըլլար, այլ տիրէ…
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Արիւն հեղեղ յորդեց այս սուրբ ձորերէ,
Բայց չի փախի՛ս, փարէ՛ երկրիդ, զայն սիրէ՛,
Հողիդ վրայ գերի մ՚ըլլար, այլ տիրէ՛»…
15 Փետրուար 2020
Հայաստան
Ո՞վ կու լայ այսպէս խշտեակիս շեմքին.
– Քո՛յր, ղարիպն է, բաց:
Կմա՞խք մը կ՚անցնի դուրսէն լալագին.
– Սովն է, դուռըդ բաց:
Տապա՞րն է ջախջախ դրանըս կուրծքին.
– Ջարդն է, դուռըդ բաց:
․․․
Ամբողջ Եւրոպայի մէջ, աշխարհի էն շքեղ կեդրոններէն մինչեւ ամենամութ ու խաւարին անկիւնները, ես չեմ տեսեր ու չեմ ալ կրնար հաւատալ, որ գտնուի տակաւին ՄԷԿ ՈՒՐԻՇ ԱԶԳ, որ ամէն օր ու ամէն վայրկեան ապրէր դերասանի ճշմարտապէս կեղծ ու գերեզմանօրէն ծիծաղելի այն կեանքը, որ դարերէ ի վեր մեր կեանքը եղաւ, մեր՝ ստրկացած թրքահայերուս կեանքը…
Տառապիլ ու ստիպուած ըլլալ ամենաերջանիկ կերպարանք մը ցոյց տալու… անպատուուիլ, բռնաբարուիլ, գետնաքարշ տապալիլ ու ստիպուած ըլլալ գոհութեան ջերմագին աղաղակներ բարձրացնելու… ժպտիլ այնպիսի մէկ վայրկեանիդ, որ արիւն արցունք պիտի պոռթկար աչերէդ, մաղթանքի ճիչեր հանել կոկորդէդ այն բռնակալ ձեռքին համար, որ զքեզ կը խեղդէ, մեռնիլ ու հոգեպէս մեռնիլ ու ապրիլ ձեւացնել, ահա՛ դերասանական ահռելիօրէն կեղծ կեանքը, որ մերը եղաւ այնքան երկար տարիներ։
Արդ ինչպէ՞ս կ’ուզէք, որ այսպիսի պայմաններու մէջ ժառանգօրէն ու բնածինօրէն մեր ամենաանկեղծ յատկութիւնը մեր կեղծելը չըլլար ու մեր բնական յարմարութիւնը՝ դերասանութիւնը։
․․․
Վերջին օրօր
Օրօ՜ր, օրօ՜ր… օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս,
Վիրաւոր հօրըդ ճիչերն ա՜լ չիմանաս,
Ծիծէս ծըծածըդ թոյն է… կաթ չէ՛, գիտնաս…
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։
Արիւն հեղեղ յորդեց այս սուրբ ձորերէ,
Բայց չի փախի՛ս, փարէ՛ երկրիդ, զայն սիրէ՛,
Հողիդ վրայ գերի մ՚ըլլար, այլ տիրէ՛…
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։
Հօրըդ վըրայ եթէ անշո՜ւնչ չինկայ ես,
Զի ուխտեցի՛ Հռոմի էգ գայլին պէս
Նոր Ռոմուլոս մը դիեցնել ստինքէս…
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։
Բազուկներուս պարա՜ն, ոտքիս ալ կացի՜ն,
Ստինքիս զո՜յգ պտուկներն ալ կտրեցին։
Վէրքէս արիւնս ծծէ, որդեակ միածին…
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։
Ահա կ՚իյնամ… Հայաստանը մա՜յր քեզի,
Կտակ կուտամ այս կոտրած սուրն երկսայրի՝
Ուր հայրիկիդ դեռ տաք արիւնը կ՚այրի…
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։
*
* *
Բարի լոյս՝ բազմաչարչար մեր ժողովուրդին պարտադրուած անհուն եւ անվերջ ԱՐՀԱՒԻՐՔին դէմ ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒՆ ՑԱՍՈՒՄը անմահացուցած մեծ երգիչին՝ Ռուբէն Սեւակի (Չիլինկիրեան, 1885-1915) կանխահաս հանճարին առջեւ խոնարհելով։
Բարի լոյս՝ մեր շրթներուն վրայ աղօթքի պէս վերաթարմացնելով ԱՐԴԱՐ ՊՈՌԹԿՈՒՄԻ ԱՆՄԱՀ ԵՐԳԸ Փետրուար 15ի այս օրը ծնած, վաղ-երիտասարդ տարիքին արդէն իր ստեղծած գրականութեամբ ընթերցողներու ջերմ ընդունելութեան արժանացած, բայց երեսուն տարիքը հազիւ թեւակոխած ցեղասպան թուրքին կողմէ բառացիօրէն մորթոտուած Ռուբէն Սեւակի։
Բարի լոյս՝ աշխարհով մէկ ցրիւ եղած հայրենահան ու որբացեալ հայ ժողովուրդի բեկորներուն Ռուբէն Սեւակի անկորնչելի ժառանգութիւնը հաղորդութեան պէս բաշխելու երկիւղածութեամբ։
Հայոց Արհաւիրքին ականատեսի իրաւութեամբ ու խռովայոյզ խորութեամբ՝ Ռուբէն Սեւակ մեր սերունդներուն առջեւ պարզեց ահաւորութիւնն ու խելագարութեան մղող մղձաւանջը ՀԱՅ ՑԵՂԸ ՊԵՏԱԿԱՆՕՐԷՆ ԲՆԱՋՆՋԵԼՈՒ ԹՐՔԱԿԱՆ ՈՃԻՐԻՆ։
Ռ․ Սեւակ նաեւ վառեց ՎՐԷԺԻ ԽԱՐՈՅԿը հայոց գալիք սերունդներու հոգիին մէջ, այլեւ՝ առաքելաշունչ ցասումով խարազանեց ՀԱՅՈՒՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺը տկարացնող, կրծող ու ջլատող ներքին տկարութիւնները, ձաղկելով ՈՒԺԵՂ ՈՍՈԽԻՆ ԱՌՋԵՒ ՍՏՈՐՆԱՑՄԱՆ ՀԱՍՆՈՂ ստրկամտութիւնը ԾՆԿԱՉՈՔ, այլեւ ՔԵՏՆԱՔԱՐՇ ՀԱՅՈՒՆ, եւ փոխարէնը՝ երգելով փառքն ու հզօրութիւնը ազգային ՄԵՐ ՄԱՐՏՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ, հնչեցնելով ռազմի շեփորները ընդդէմ ամէն կարգի թէ՛ արտաքին ոսոխներու, թէ՛ վնասակար տարրերու։
Բարի լոյս՝ հայ մայրերուն ուղղուած նորածինին տուած կաթին հետ նաեւ ԱՆԽՈՑԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ու ԱՆՊԱՐՏԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱԿԱԹՈՅՆ ներարկելու ՍԵՒԱԿԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄով։
Որպէսզի ո՛չ մէկ ժամանակ եւ ո՛չ մէկ պարագայի ջարդարարին կամ ցեղասպանին տապարը համարձակի «ԴՈՒՌԴ ԲԱՑ» գոռալ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ