Դաւիթ Բաբայեան. «Բանավէճը Ցոյց Տուաւ, Որ Պաշտօնական Պաքուն Պատրաստ Չէ Որեւէ Կառուցողական Քայլի»

Դաւիթ Բաբայեան. «Բանավէճը Ցոյց Տուաւ, Որ Պաշտօնական Պաքուն Պատրաստ Չէ Որեւէ Կառուցողական Քայլի»

17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

«««Ադրբեջանի Հանրապետության իշխանությունների իրականացրած հանցագործությունները՝ հայերի, տարածաշրջանի այլ ժողովուրդների նկատմամբ»»»

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Արցախի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան կ՛ըսէ, որ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերեալ Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած Փաշինեան-Ալիեւ բանավէճը անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ պաշտօնական Պաքուն պատրաստ չէ որեւէ բնականոն, կառուցողական քայլի:

«Քիչ մը զարմացած ենք, որովհետեւ կը պատկերացնէինք, որ Ալիեւը քիչ մը աւելի խոր գիտելիքներ ունեցած ըլլայ սեփական պատմութեան մասին: Պաշտօնական Պաքուն եւ անոր ղեկավարը կը մոռնան իրենց նորագոյն պատմութիւնը», նկատել տուաւ Դաւիթ Բաբայեանը` ըսելով, թէ Իլհամ Ալիեւի հայրը` Հայտար Ալիեւը, 1994-ին, անկէ ետք քանի մը անգամ զինադադար խնդրած է. «Դիմած է Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութեան` նամակին մէջ նշելով Ղարաբաղի Հանրապետութիւն ու խնդրելով զինադադար, այդ նամակներուն բնօրինակները մեր քով կան, եթէ այդպէս է, այն ժամանակ չկար որեւէ այլ հարց, հիմա իր որդին այլ բաներ կը խօսի, պէտք է զօրքեր դուրս բերել եւ այլն, այսինքն` այս բոլորը ցոյց կու տան, որ Ազրպէյճան պետութիւնը պատրաստ չէ որեւէ կառուցողական երկխօսութեան»:

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանին, այս բանավէճէն ետք պէտք է հասկնանք, որ Ազրպէյճանի պահանջները չեն փոխուած:

Կովկասյան-լեռնաշղթան Արցախի Մարտակերտի շրջանի Մաղավուզ գյուղից

www.aztagdaily.com/archives/464899

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail