ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – …Քաջերի սահմանն իրենց զէնքն է հէնց …Քաջերի սահմանն իրենց զէնքն է հէնց
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«…Քաջերի սահմանն
իրենց զէնքն է հէնց»
17 Փետրուար 2020
* Մեսրոպ Մաշտոցի գիւտը, անտարակոյս, այն հզօր զէնքն է, որի շնորհիւ հայ ժողովուրդը պահպանեց իր գոյութիւնը 5րդ դարի մեծ պայքարում եւ մտնելով քաղաքակրթուած հնագոյն ժողովուրդների ընտանիքի մէջ՝ զարգացրեց իր ինքնուրոյն մշակոյթն ու շատ հարուստ գրականութիւնը։
Յակոբ Մանանդեան
* Հայոց այբուբենի գիւտը ուշագրաւ է նաեւ այն տեսանկիւնից, որ այն իրենից ներկայացնում է մի արտակարգ մշակութային եւ պատմական երեւոյթ՝ որպէս մինչ այդ գրականութիւն չունեցող մի ժողովրդի քրիստոնէական ազգային զարգացման փրկութեան գործողութիւն, ժողովուրդ՝ որը նոյնիսկ Հայաստանի պետական ինքնուրոյնութեան կորստից շատ քիչ առաջ կարողացաւ պահպանել հայկական ուրոյն կերպարը օտար ազգերի հետ միաձուլուելու վտանգից եւ կեանքի կոչեց համեմատաբար հարուստ մի մատենագրութիւն՝ յատկապէս պատմական եւ աստուածաբանական բովանդակութեամբ։
Հ․Մարկվարտ
* Ահա թե ինչո՛ւ Մաշտոցն է իսկական հեղինակն ու կազմակերպիչը մեր քաղաքական պայքարի երկու բախտորոշ յաղթանակների՝ ոչ միայն գրերի գիւտի, որի շարունակութիւնն էր Աւարայրը, այլ նաեւ Դուինի Ժողովի, որ պիտի Քաղկեդոնին ասէր՝ «ո՛չ»։ Ահա թէ ինչո՛ւ Մեսրոպն է մեր մեծագոյն եւ անբացատրելի քաղաքագէտը։
Հայ ժողովրդի ինքնութեանը սպառնացող եւ հետզհետէ կուտակուող ու սաստկացող այդ մոլեգին ամպերի ահեղ ամպրոպի ու որոտի միջավայրում հայ ժողովրդի ծոցից, ինչպէս Վահագնը եղէգնի փողից, դուրս եկաւ մի նոր վիշապաքաղ ուժ՝ արեւային Մեսրոպ Մաշտոցը, որն իր ջերմութեամբ ու իր լոյսով ցրեց շրջապատի խաւարն ու սառնութիւնը, լոյս տուեց հայ ժողովրդին, ջերմացրեց նրա հոգին հայրենասիրութեան ու ազգային գիտակցութեան անշէջ հրով։
…Քաջերի սահմանն իրենց զէնքն է հէնց:
Քաջեր մի՛շտ էլ կան,
Զէ՜նք է հարկաւոր:
Քաջեր մի՛շտ էլ կան,
Պէտք է ասպարէ՜զ:
Եւ նա էր ահա, որ ձեւաւորեց
Մի զէնք ժանգախոյս,
Եւ ծովաւորեց
Ասպարէզ մի նոր,
Ուր թոյլ-ուժեղի,
Շատ ու սակաւի,
Քիչ ու բազումի
Մրցութեան համար ասպարէզ չկա՜յ,
Քանզի նորատիպ այդ մաքառման մէջ
Այրուձիի տեղ մտքերն են կռւում,
Թանաք է հեղւում արեան փոխարէն,
Եւ յաղթանակը կոչւում է Մատեան…
Պարոյր Սեւակ
*
* *
Բարի լոյս եւ անմա՜ր լոյս՝ հայոց տառերու գիւտարար եւ հայ գրաւոր դպրութեան հիմնադիր ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑին (362-440), որ զրահներու ամէնէն անժամկէտ, անպարտելի եւ կենսայորդ զէնքով՝ ՀԱՅՈՑ ԱՅԲՈՒԲԵՆԻ ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ ԳԻՐԵՐով զինեց հայ ժողովուրդին, որպէսզի հազարամեակներու վրայ երկարած ազգային մեր դժուարին երթը կարենայ պաշտպանուիլ ու յաղթական դուրս գալ ամէն կարգի փորձանքներէ եւ վտանգներէ։
Փետրուարի 17ի օրը վախճանած է Օշականի ՅԱՅՏՆԱՏԵՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏը, որուն մահուան 1580ամեակին նուիրուած է յուշատետրի այսօրուան փոստը։
Բարի լոյս՝ Պարոյր Սեւակի բառերով ամէնէն «ՔԱՂԱՔԱԳԷՏ» հայոց Սուրբին, որ հնարը գտաւ ազատ ու անկախ, այլեւ բազմակողմանի ու լիակատար զարգացման անփոխարինելի զէնք ու զրահով ապահովելու ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆը։
Հայոց Պատմութեան յաղթարշաւին առջեւ ուղի հարթող իրա՛ւ քաղաքագէտն է Մաշտոց, որովհետեւ հայ ժողովուրդէն գերհզօր բռնիշխանութեանց դէմ անհաւասար ուժերով մղուած Ազգի ու Հայրենիքի օրհասական կռիւը ան յառաջ մղեց ամէն կարգի թափանցումներու, օտարացումներու եւ ինքնալքումներու դէմ անխորտակելի ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ՊԱՏՆԷՇ հաստատելով ու զայն ամրապնդելով։
Աւելին՝ միայն ինքնապաշտպանութեան ու ծառացումի ջահակիրը չեղաւ Մաշտոց՝ իր հնարած հայ գիրերու զէնքերով, այլ ընդհակառակն՝ բիւզանդական եւ պարսկական ծաւալապաշտութեան դէմ ազգային-ազատագրական անդուլ պայքարի դրօշակիրը դարձաւ հայերէն տառերու ու գիր-գրականութեան իր զինանոցով, այլասերման բոլոր հոսանքներուն դէմ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄի ղօղանջները հնչեցնելով։
Յատկապէս մեր օրերուն՝ երբ ՈՂՋ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀը միասնական շարքերով ոտքի կանգնած է պատմութեան քառուղիներու ներկայ խաչմերուկին վրայ եւ իր ուժերու առաւելագոյն լարումով լծուած է անկախ իր հանրապետութիւնը ԱԶԱՏ ՈՒ ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՈՎԱՍԻՍի վերածելու անարիւն յեղափոխութեան յաղթարշաւին։
Բարի լոյս՝ Հայաստանի ու հայութեան ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄին ի սպաս մեր բոլոր զէնքերը կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ պահելու, այլեւ Սուրբ Մաշտոցի կտակած ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԶԷՆՔը միշտ բարձր ու հատու բռնելու ԻՆՔՆԱՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ