ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Յովհաննէս Թումանեան (1869-1923) Ամենայն հայոց բանաստեղծ «հանճարեղ Լոռեցիին» Աւանդը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Յովհաննէս Թումանեան (1869-1923) Ամենայն հայոց բանաստեղծ «հանճարեղ Լոռեցիին» Աւանդը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Յուշատետր

Յովհաննէս Թումանեան (1869-1923).
Ամենայն հայոց բանաստեղծ «հանճարեղ Լոռեցիին» Աւանդը

Ն. Պէրպէրեան

Փետրուար 19ի այս օրը հայ ժողովուրդը կը նշէ ծնունդը իր հանճարեղ բանաստեղծներէն Յովհաննէս Թումանեանի, որ բարձրարուեստ ու անմահ իր ստեղծագործութիւններով՝ արժանաւորապէս նուաճեց պատուանդանը «ամենայն հայոց բանաստեղծ»ի կոչումին։

Մեծն Եղիշէ Չարենց իրաւամբ թարգմանը հանդիսացաւ հանուր հայութեան, երբ հայ գրականութեան «հանճարեղ Լոռեցին» հռչակեց Թումանեանը։

Առիթով մը Թումանեան խոստովանած է, որ «…Ես առաջ եմ գալիս ոչ թէ «տիրող հանգամանքներից», այլ մի արիւնոտ հողից, մի անօրինակ զարհուրելի պատմութիւնից, մի յօշոտուած ժողովուրդից, ուր ինձ բանաստեղծ է արել ճակատագիրը ու ներշնչել է անկեղծ լինել ամէնից առաջ»:

Իրա՛ւ բանաստեղծի անկեղծութեամբ ու ինքնահաւատարմութեամբ ապրեցաւ եւ ստեղծագործեց Թումանեան, որ իր երգերը վերցուց հայ ժողովուրդի սրտէն ու հայոց հոգեմտաւոր անսահման եւ անհուն ժառանգութենէն։
Եւ սրտի խօսք ու ոգեղէն ճշմարտութիւն երկնող բանաստեղծի վաւերականութեամբ՝ Թումանեան հայոց սերունդներուն շարունակ պատգամեց՝

«Անցեալի պատմութիւնը մի լուսատու լապտեր է, որ ամէն մի ժողովուրդ ձեռքին պէտք է ունենայ՝ իր ճամբէն անմոլոր գնալու համար»։

Իմաստութեան միեւնոյն աղբիւրէն կենարար ջուր հասցնելով հայոց սերունդներուն՝ Թումանեան սորվեցուց.-

«Ժողովուրդները շատ բան կարող են մոռանալ, բայց իրենց պատմութիւնը, իրենց կուլտուրան չեն կարող մոռանալ»…

Լոռեցի Թադէոս Թումանեանի որդի Յովհաննէսը ծնած էր 19 Փետրուար 1869ին, Դսեղ գիւղը, հոգեւորական ընտանիքի յարկին տակ։

Նախնական կրթութիւնը գիւղի դպրոցին մէջ ստանալէ ետք, ան յաճախեց Ջալալօղլուի (այժմու Ստեփանաւան) դպրոցը, որմէ շրջանաւարտ՝ 1883ին անցաւ Թիֆլիս, «Ներսիսեան» Ճեմարանի մէջ ուսումը շարունակելու համար։ Սակայն նիւթական ծանր պայմաններու ճնշումին տակ, 1887ին ակամայ լքեց դպրոցը եւ նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ՝ աշխատանք գտնելով նախ Թիֆլիսի հայոց Դատաստանական Խորհուրդի, ապա՝ Հայ Հրատարակչական Միութեան գրասենեակներուն մէջ։

Ուրուագծային այս տեղեկանքի պաստառին վրայ իրենց տեղն ու նշանակութիւնը կը գտնեն Յովհաննէս Թումանեան ՄԱՐԴուն, ՀԱՅուն, ԳՐՈՂին եւ ազգային-հասարակական ԳՈՐԾԻՉին տիրական յատկանիշները.

– Անսահման բարութեամբ եւ միշտ լաւատեսութեամբ՝ անհուն ժպիտով կեանքին նայող մարդը եղաւ Թումանեան։

– Սեփական ազգի բազմաչարչար պատմութեամբ տառապող, հայու սեփական սխալները սրտցաւօրէն քննդատող, ինքնաքննադատութեան եւ ինքնամաքրման յառաջապահ դիրքերուն վրայ կանգնող եւ, մանաւա՛նդ, հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի վաղուան պայծառ օրուան հաւատացող ու պայքարող հաստատակամ հայը եղաւ Թումանեան։

– Հայոց աշխարհի բնական գեղեցկութիւններով ու հայ ժողովուրդի տոհմիկ բարքերով գինովցած գրողը եղաւ Թումանեան, որ իր հանճարին ճառագայթումով՝ զուլալ ու առինքնող երգ տուաւ Հայաստանին ու հայութեան։

– Հայ ժողովուրդի ազգային զարթօնքին եւ ազատագրական պայքարին անձնուէր յառաջապահ մը եղաւ Թումանեան՝ ազգային-հասարակական իր գործունէութեամբ ու մտածողութեամբ, հաւատաւոր ջատագովը մնալով ինչպէս հայ ժողովուրդի անբուժելի ռուսասիրութեան, նոյնպէս եւ վրացի ու թուրք-թաթար հարեւաններուն հետ բարեմիտ, այլեւ անկեղծ բարեկամութեան։

Այս բոլորին ինքնատիպ եւ ճառագայթող համադրումը մարմնաւորեց Յովհաննէս Թումանեան։

Բազմազաւակ իր ընտանիքով եւ նահապետական նիստուկացով՝ ան արժանացաւ հայոց նոր դարաշրջանի ժողովրդային բանաստեղծի արդար փառքին։ Եւ պատահական չէ, որ իր դիւցաներգութեամբ, վիպերգներով, հեքիաթներով եւ առակներով՝ Թումանեան դարձաւ ամէնէն շատ սիրուած ու կարդացուած գրողներէն մէկը հայ իրականութեան մէջ։

Հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը հարստացնողի, վերանորոգողի եւ ջերմեռանդ պահապանի իր գրական ստեղծագործութեամբ, նաեւ ու մանաւա՛նդ իր վերնայարկ բնակարանին մէջ հիւրընկալած ատենի հայ լաւագոյն մտաւորականութեան «Վերնատան հանդիպումներով»՝ Թումանեան 1900ականներուն իրագործեց հոգեկան-գաղափարական միասնութեան ոգեշնչող մթնոլորտ մը, որ մինչեւ մեր ժամանակները կը պահպանէ օրինակելի աւանդի եւ ներշնչման աղբիւրի իր այժմէականութիւնն ու թելադրականութիւնը։

Երբ մեծապետական սադրանքներու եւ ծաւալապաշտական նենգ հաշիւներու հետեւանքով Անդրկովկասը 1905ին դարձաւ իր գլխաւոր երեք ազգութեանց՝ հայերուն, վրացիներուն եւ թաթար-թուրքերուն միջեւ արիւնալի ընդհարումներու թատերաբեմի, յատկապէս Թումանեան բարձրահասակ կանգնեցաւ հաշտարար խառն յանձնախումբերու առաջին դիրքերուն վրայ՝ ազգամիջեան ներքին համերաշխութեան ի սպաս հաւատաւոր աշխատանք ծաւալելով։

Կուսակցականի խառնուածք չունէր Թումանեան եւ միայն կարճ ժամանակի համար անդամակցեցաւ Դաշնակցութեան, որուն ազգային-գաղափարական ուղիին հաւատացող համակիրը մնաց մինչեւ վերջ։ Այդ պատճառով ալ, մտքի եւ գրչի իր ընկերներուն հետ՝ իբրեւ դաշնակցականի 1909ին բանտ նետուեցաւ ցարական իշխանութեանց կողմէ, որոնք այդ օրերուն ձեռնամուխ եղած էին Դաշնակցութեան «կազմալուծումին», համառուսական առաջին յեղափոխութեան շրջանին Դաշնակցութեան ծաւալած հակացարական պայքարը սանձելու քաղաքականութեամբ։

Թումանեան ազգային գործիչին կերպարը իր առաւելագոյն հնչեղութիւնը ստացաւ Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն, երբ Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպման իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերաւ։ Յատկապէս մեծ եղաւ Թումանեանի ներդրումը թրքական պետութեան գործադրած Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հարիւր-հազարաւոր հայ գաղթականներու պատսպարման, բուժման եւ սննդաւորման դժուարին գործին մէջ։

Այդ ժամանակ էր, որ Ս. Էջմիածնի վերանորոգուած վեհարանը գաղթականներուն առջեւ իբրեւ պատսպարան բանալու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի դժկամութեան առ ի պատասխան՝ Թումանեան յայտարարեց, թէ ինքն ալ «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ»ն է եւ, այդ իրաւունքով, բանալ տուաւ վեհարանը։

Յուշատետրի սահմանները նեղ են սպառիչ արժեւորումը կատարելու համար Յովհաննէս Թումանեան ԵՐԵՒՈՅԹին։ Բայց անպայման պէտք է աւելցնել ուրուագծային այս նշումներուն վրայ, որ ռուսասիրութիւնը ազգային խոր արմատներ ունեցող արեւելում էր Թումանեանի համար։ Ոչ միայն գրական-մշակութային կապերով, այլեւ «Հիւսիսի աստղ»ին մեծ յոյսերով սպասող հայ ժողովուրդին հոգեխառնութեամբ՝ Թումանեան միշտ քարոզեց եւ գործեց ռուս ժողովուրդին հետ բարեկամութեան եւ զինակցութեան օգտին։

Այդ մղումով էր, որ Հայաստանի անկախութեան նուաճումէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք ալ, Թիֆլիս մնալով եւ Ազգային Խորհուրդի ճամբով իր գործունէութիւնը շարունակելով, Թումանեան ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի հայեւռուս բարեկամութիւնը հեռու պահէ հակադրութեան եւ թշնամանքի որոգայթներէն։

Ամենայն Հայոց Բանաստեղծը անշուշտ կը գիտակցէր, որ ռուս մեծապետական մտածողութիւնը, յատկապէս բռնակալական կամ ամբողջատիրական իր հակումներով, կրնար ծանրագոյն փորձանքի մատնել ոչ միայն հայ ժողովուրդն ու Անդրկովկասի միւս ազգութիւնները, այլեւ ու մանաւանդ նոյնինքն ռուս ժողովուրդը։ Ահա թէ ինչո՛ւ Թումանեան շարունակ կը քարոզէր՝
«Մեր ապագան, ինչպէս միշտ ասել եմ եւ դուք էլ գիտէք, կապուած է Ռուսաստանի հետ, իսկ Ռուսաստանն ինչքան ազատ, էնքան լաւ, թէ մեզ համար, թէ աշխարհի»…

Այս առումով Թումանեանի վերջին առաքելութիւնը եղաւ անոր Հայաստան ժամանումը 1921ի Մարտին, պոլշեւիկներու խժդժութեանց դէմ Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութենէն անմիջապէս ետք, որպէսզի Սիմոն Վրացեանի «Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէ»ին եւ խորհրդայիններուն միջեւ հաշտեցման եզրեր գտնէ։

Այդ առաքելութիւնը սպասուած արդիւնքը չտուաւ, իսկ Թումանեան բռնուեցաւ դեղնախտէ։ Անմիջապէս վիրահատման պէտք է ենթարկուէր եւ ան ճամբայ ելաւ դէպի Մոսկուա՝ Պերլին անցնելու եւ հոն մասնագիտական գործողութեամբ բուժուելու համար։ Բայց խլիրդը խոր բոյն դրած էր մէջը եւ հայ գրականութեան փառքը կազմող «Հանճարեղ Լոռեցին» վախճանեցաւ Մոսկուայի մէջ՝ 1923ի Մարտ 23ին։

Յատկանշականօրէն, Ամենայն Հայոց Բանաստեղծին մղած վերջին պայքարը ուղղուեցաւ այսպէս կոչուած «Աբեղեանական ուղղագրութիւն»ը Հայաստանին պարտադրելու պոլշեւիկեան մոլորանքին դէմ։

Ի տես նորահաստատ խորհդային իշխանութեանց կողմէ փութկոտ հրահանգով հայոց Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը արգիլելու եւ Մանուկ Աբեղեանի մշակած խնդրայարոյց «ուղղագրութիւն»ը պետական պարտադիր օրէնքի վերածելու քայլին՝ Յովհաննէս Թումանեան հրապարակաւ յայտարարեց.-

«Ես՝ որպէս հայ գրող եւ հայ Գրողների Միութեան նախագահ, գալիս եմ յայտնելու իմ զարմանքը եւ բողոքելու էն վերաբերմունքին դէմ, որ ունեցել է Հայաստանի Լուսժողկոմը էս կարեւոր խնդրում: Պարոն Մ. Աբեղեանը մի առաջարկ է արել ու դրել հրապարակ: Շատ լաւ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

«Բայց Հայաստանի Լուսժողկոմը որտեղը՞ց է իմացել, թէ ե՛ւ Աբեղեանը, ե՛ւ ինքը Լուսժողկոմն էլ նրա հետ միասին անսխալական են, որ առանց քննութեան ենթարկելու առաջարկը, հրամանագրում է ընդունել եւ միայն դրանով գրել ու տպագրել:
«Պարոն Աբեղեանի առաջարկը ընդունելի է թէ չէ, դա դեռ քննելիք խնդիր է, հետեւաբար Լուսժողկոմի հրամանը անընդունելի է: Եւ եթէ էսպէս է, ապա նրան՝ Լուսժողկոմին, մնում է ուղղել իր արած սխալը, յետ վերցնել իր արած կարգադրութիւնը, խնդիրը համարել բաց եւ դնել քննութեան»:

Իր ապաժամ մահէն 10 ամիս առաջ՝ 1922ի Մայիս 17ին հրապարակուած Թումանեանի այս կտակը պարզապէս անտեսուեցաւ օրուան իշխանութեանց կողմէ՝ մինչեւ մեր օրերը նաեւ հայերէնի ուղղագրութեան մարզէն ներս երկփեղկելով հայոց սերունդները…

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail