ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Հայաստանի Հանրապետութիւնը եղել է, կայ եւ կը մնայ Արցախի անվտանգութեան թիւ մէկ երաշխաւորը
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը եղել է,
կայ եւ կը մնայ Արցախի
անվտանգութեան թիւ մէկ երաշխաւորը»
20 Փետրուար 2020
2018թ. Դեկտեմբերի 9ին Հայաստանում տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններում «Իմ Քայլը» դաշինքը Հայաստանի ժողովրդից ուժեղ մանդատ է ստացել՝ Արցախի Հանրապետութեան սուբյեկտութեան մակարդակը բարձրացնելու եւ Արցախեան հիմնահարցի կարգաւորման բանակցային գործընթացում Արցախի՝ որպէս հակամարտութեան հիմնական կողմի ներգրաւուածութեանն ուղղուած քայլեր անելու համար:
(…) Հարկ եմ համարում ընդգծել, որ Արցախի ներգրաւուածութիւնը բանակցային գործընթացում մեզ համար քմահաճոյք չէ, ոչ էլ առաւել եւս նախապայման, այլ պարզ արձանագրումն այն բանի, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման հարցում առանցքային նշանակութիւն ունի Արցախի ներգրաւուածութիւնը:
Բանակցութիւնների՝ մինչեւ այժմ յայտնի շրջանակը, ըստ էութեան, ներառում է շահագրգիռ բոլոր կողմերին, բացի մէկից: Այդ բանակցութիւններում ներկայացուած է Ադրբեջանը՝ ի դէմս նախագահ Ալիեւի: Վերջինս, ի դէպ, ներկայացնում է նաեւ, ինչպէս ինքն է ասում, Լեռնային Ղարաբաղի ադրբեջանական համայնքը, որովհետեւ այդ համայնքի ներկայացուցիչները, հանդիսանալով Ադրբեջանի քաղաքացի, մասնակցել են Ադրբեջանի նախագահական ընտրութիւններին եւ, հետեւաբար, Ադրբեջանի նախագահին տուել են նաեւ իրենց ներկայացնելու լիազօրութիւն, հետեւաբար բանակցային սեղանի շուրջ Ադրբեջանի նախագահի ներկայութիւնն ապահովում է նաեւ ժամանակին Ղարաբաղում ապրած ադրբեջանցիների ներկայութիւնը:
Այդ բանակցություններում ներկայացուած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ ի դէմս երկրի վարչապետի, որը տուեալ դէպքում հանդէս է գալիս որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդի կողմից ընտրուած ներկայացուցիչ: Հետեւաբար, Հայաստանի ժողովուրդը նոյնպէս ներկայացուած է բանակցային գործընթացում:
Ի դէմս Ե․Ա․Հ․Կ․ Մինսկի Խմբի համանախագահութեան՝ բանակցային գործընթացում ներկայացուած է նաեւ միջազգային հանրութիւնը:
(…) Բայց գլխաւոր հարցը հետեւեալն է՝ իսկ բանակցային գործընթացում ո՞վ է ներկայացնում Արցախի ժողովրդին կամ, ինչպէս որոշ դէպքերում ասւում է, Ղարաբաղի հայութեանը: Խնդիրն այն է, որ բանակցային գործընթացում այսօր Արցախի ժողովրդին ներկայացնելու լիազօրութիւն, լեգիտիմութիւն ունեցող որեւէ ներկայացուցիչ չկայ, որովհետեւ բանակցային սեղանի շուրջ ներկայ չէ Արցախի ժողովրդի կամ, ինչպէս մեր որոշ գործընկերներ գերադասում են ասել, Ղարաբաղի հայութեան քուէն, լիազօրութիւն ստացած որեւէ սուբյեկտ:
Բազմիցս ասել եմ, որ Հայաստանի վարչապետը չի կարող նման լիազօրութիւն կատարել՝ այն պարզ պատճառով, որ Արցախի ժողովուրդը Հայաստանի ընտրութիւններին չի մասնակցում, չի քուէարկում եւ, ուրեմն, Հայաստանի վարչապետը չի մտնում Արցախի ժողովրդին ներկայացնելու լիազօրութիւն ունեցող անձանց շրջանակի մէջ: Եւ սա ոչ թէ քմահաճոյքի, նախապայմանի, այլ սովորական լեգիտիմութեան հարց է, իսկ լեգիտիմութիւնը ժամանակակից յարաբերութիւնների առանցքային գործօն է ոչ միայն ներ-քաղաքական, այլեւ միջ-պետական եւ միջազգային յարաբերութիւններում:
Ի դէպ, անհեթեթ են բոլոր այն մեկնաբանութիւնները, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կամ վարչապետն այս դիրքորոշմամբ իրենց ուսերից թօթափում են պատասխանատուութիւնը եւ այն դնում Արցախի իշխանութեան կամ ժողովրդի վրայ: Որեւէ շահարկման տեղ չթողնելու համար հարկ եմ համարում ընդգծել՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եղել է, կայ եւ կը մնայ Արցախի անվտանգութեան թիւ մէկ երաշխաւորը եւ կը շարունակի իր ներգրաւուածութիւնը խաղաղութեան գործընթացում (…)»։
(Հատուած՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ունեցած ծրագրային ելոյթէն, 2019ի Մարտ 12ին գումարուած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստին)։
*
* *
Բարի լոյս՝ Հայաստանի եւ Արցախի վերամիացումը նուաճելու հաստատակամութեամբ ոտքի կանգնող, եւ մեր ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան արդար արեգակին իր հայեացքը սեւեռող ԻՐԱՒԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ։
Փետրուար 20ի այս օրը, 1988 թուականին, քաղաքամայր Երեւանի կեդրոնի ամբողջ տարածքը ժամադրավայրը հանդիսացաւ պահանջատիրական ցոյցերուն եւ հաւաքներուն հարիւր հազարներով պայքարի դաշտ իջած հայորդիներու, որոնք մէկ մարդու պէս իրենց բռունցքը դէպի երկինք պարզած՝ «ՂԱՐԱԲԱՂ» եւ «ՄԻԱՑՈՒՄ» պահանջքն ու կարգախօսները արձակեցին եւ վանկարկեցին։
Արցախի Հադրութի շրջանէն Փետրուար 12ին թափ առած Արցախեան Պահանջատիրութեան բուռն ալիքը վարակեց բովանդակ Հայաստանը․ հանրապետութեան բոլոր շրջաններէն մեր ժողովուրդը խուռներամ փութաց Երեւան՝ քաղաքական հաւաք եւ ցոյց կազմակերպելու օփերայի եւ կառավարութեան շէնքերուն յարակից հրապարակներուն վրայ․ անմահ Եռագոյնը ծածանեցաւ բռունցք բարձրացուցած ժողովուրդին գլխավերեւը՝ թունդ-թունդ հանելով սիրտն ու միտքը աշխարհով մէկ ցրուած համայն հայութեան, որ ազգային-գաղափարական պառակտման ու երկփեղկման 70ամեայ ամօթալի էջը փակելու պատմական իր քայլը նետեց ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺ դառնալու ուղղութեամբ։
Յուշատետրի փոստով հակիրճ ներկայացուած են օրհնաբեր այդ ժամանակաշրջանի ընդհանուր մթնոլորտն ու զարգացումները․ նաեւ՝ հետագայ երթը եւ դիմագրաւած խնդիրները Արցախեան Շարժումին։ Այստեղ լուսարձակի տակ բերուած է Հայաստանի եւ հայութեան մերօրեայ՝ 2018ի յեղափոխական զարթօնքին բացած հորիզոնը Արցախի իրողական ազատագրումը իրաւականօրէն ամրագրելու եւ միջազգային ճանաչման արժանացնելու համազգային մեր երթին առջեւ։
Բարի լոյս՝ Արցախը Հայաստանին վերամիացնելու ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒԽՏը վերանորոգած ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ։
Բարի լոյս՝ բազմահազար ազատամարտիկներու գերագոյն զոհաբերութեամբ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ եւ, մանաւա՛նդ, ՍՐԲԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ՄԵՐ ՀՈՂԻՆ տէր ու պահապան կանգնելու հայ ժողովուրդի ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, որու յաղթանակին անփոխարինելի երաշխիքն է Ազգի եւ Հայրենիքի ՊԵՏԱԿԱՆ ՏՈՒՆԸ ԿԱՐԳԻ ԲԵՐԵԼՈՒ ԵՒ ՀԶՕՐԱՑՆԵԼՈՒ մերօրեայ հայութեան յեղափոխական վերածնունդը։
Բարի լոյս՝ ԱՐՑԱԽԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Է ԵՒ ՎԵՐՋ վճռակամութեամբ աշխարհին ճակատաբաց ներկայացող երիտասարդ հայութեան։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ