ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Գովէ՛, կամ` լռէ՛ – Հայ քննադատը հետաքրքիր վիճակի մը մէջ կը գտնուի մեր օրերը,

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Գովէ՛, կամ` լռէ՛ – Հայ քննադատը հետաքրքիր վիճակի մը մէջ կը գտնուի մեր օրերը,

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

Բարի լոյս

«Գովէ՛, կամ` լռէ՛»

23 Փետրուար 2020

Հայ քննադատը հետաքրքիր վիճակի մը մէջ կը գտնուի մեր օրերը, եւ ստուգիւ ո՞ր կողմը դառնալը եւ ի՞նչ կերպով իր պաշտօնը կատարելը ինքն ալ լաւ չի գիտեր։ Եթէ քիչ մը ինքնակամօրէն իր կարծիքը յայտնէ, եւ եթէ պակասութիւն կամ թիւր կարծիք մը երեւան հանէ ու հերքէ, շուտով թշնամի կը համարուի․ կ՚ամբաստանուի ու կը դատապարտուի անողոքաբար։ Հայու մը համար` ուղիղ դատում մը ընելը անոր թշնամութիւն ընել կամ անոր հորը փորել է, չար մտքով եւ չար կամքով։

Գրականութեան մէջ ալ նոյն բանն է։ Հայը չի կրնար երեւակայել տակաւին, թէ հեղինակի մը պատիւը եւ մտածումները իրարու հետ յարաբերութիւն չունին։ Հեղինակը կրնայ յարգի անձ մը ըլլալ, եւ իր մտածումները՝ անարգ կամ անբանաւոր, ինչպէս որ սիրուն ծառ մը կրնայ անհամ պտուղ տալ եւ անշուք թուփը՝ շատ համեղ բերք մը։ Հայը չի հասկնար կամ չ՚ուզեր հասկնալ այս հասարակ ճշմարտութիւնը։ Գովէ՛, կամ` լռէ՛. ահա ա՛յս է իր կամքը։

․․․

Զգայուն հոգիներու համար ամէնէն անտանելի կը սեպուին լեզուի հարուածները, որոնք հոս փսփսուքի ձեւով, հոն զզուանքի կերպով եւ ուրիշ տեղ մը կծու ակնարկութեամբ կը յայտնուին, եւ հազիւ թէ ժամանակ մը ետքը տրուած վէրքը կ՚իմանանք։

Մինչեւ անոնց արձագանգին մեզի հասնիլը՝ ստութիւնը արմատ կը ձգէ սրտերու մէջ, եւ անկէ ետքը՝ եթէ բան չունիս աշխատէ զայն փոխելու։

Դաշտի մը վրայ գտնուած ծաղիկներու բոլորտիքէն գէշ խոտեր հանելը աւելի դիւրին է, եւ մեր ձեռքը այնքան փուշերու ենթակայ չ՚ըներ։

Կրթութեան պակասութիւն,- պիտի ըսեն ոմանք։

Այո՛, բայց երբ այդ պակասութիւնը տմարդութեան սահմանէն ելլող հին ախտի կերպարանք մը կ՚առնէ եւ ընտանի կեանքը կը թունաւորէ, առաքինի մարդերուն կ՚իյնայ անոր դէմ դնել, պատուոյ օրէնքները կրօնքի պատուիրաններու պէս յարգելով։

Պէտք չէ անտարբեր սրտով թող տալ, որ կծու լեզուներ բարի անուն մը բզքտեն հրապարակաւ, վասն զի պատուոյ խնդիրներու մէջ անհոգութիւն ընել, կամ՝ ինծի չի վերաբերիր ըսելով ուրիշ կողմ նայիլ, նաեւ ինքնասէր դրութեան հետեւանք է։

Երեւակայելու է միշտ, որ այս ախտը ողորմ չունի, ամէն տեղ կը տարածուի եւ բան չի խնայեր․ կարգ ըստ կարգէ ամէնուն միսը ուտել կ՚աշխատի, ե՛ւ հարուստին ե՛ւ աղքատին վրայ շան ոջիլի պէս կը փակի։

Պատիւը հասարակութեան ժառանգութիւն է․ անոր դէմ գործել ուզողը այն թէութեան մէջ կը գտնուի՝ ուր չարագործ մը օրէնքը ոտքի տակ կ՚առնէ․ ամէնուն պարտքն է այս օրէնքը յարգել տալ, վասն զի ամէնուն հանգստութիւնը անկէ կախուած է։

․․․

Ժողովուրդ մը չի կրնար իրեն համար բարոյական մը հնարել եւ ընդհանուր բարոյականը ոտքի տակ առնել։ Եթէ յանդգնի ընել, ա՛լ աւելի կը նախատուի՝ նենգութիւնը իր միւս պակասութիւններուն վրայ աւելցնելով։ Ընտրելի է, որ աշխատի անոնց առաջքը առնելու եւ օր մը անկէ փրկուելու։

Վէրք մը՝ թէ՛ բարոյական եւ թէ նիւթական, պէտք է յայտնուի, որ բոյժ գտնէ։

Մեզի համար գովելի է այն մարդը, որ պակասութիւն մը կը յայտնէ, կը նկարագրէ, եւ դարման կը փնտռէ։ Երբեք անիկա չի կրնար պախարակուիլ՝ երբ մտքի խոտորումը եւ սրտի կեղտը կը դատէ եւ բարոյական ապականութիւնը կը դատապարտէ ճշմարիտ քաղաքավարութեան օրէնքներուն համեմատ։

(Ստեփան Ոսկան, «Մեր թերութիւնները»)

ՍՏԵՓԱՆ ՈՍԿԱՆ (Ոսկանեան, 1825-1901)

*
* *

Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրենիքի պայծառ գալիքը նուաճելու յանձնառութեամբ իրենց օրը իմաստաւորող հայ մարդոց, որոնց քաղաքացիական կազմաւորման հիմքին սերմանուած ու արգասաւորուած պէտք է ըլլայ – յանուն ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ պայքարին – բոլոր ուժերով գօտեպրկումի միշտ կազմ ու պատրաստ գտնուելու ՄՇԱԿՈՅԹը։

Բարի լոյս՝ քաղաքացիական ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴՐՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՈՎ ապրելու եւ արարելու ներքին լարումին։ ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ՈԳԻ՝ որ աճելու եւ հզօրանալու համար, ամէն բանէ առաջ եւ վեր, պէտք ունի սեփական ազգի եւ հասարակութեան թէ՛ արժանիքներուն, թէ՛ թերութիւններուն ԼԻԱՐԺԷՔ ԻՄԱՑՈՒԹԵԱՆ ու ԱՆԿԵՂԾ ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՒՄԻՆ՝ նոյնինքն ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ արմատաւորումին, որուն անմահ ջահակիրներէն եղաւ Փետրուար 23ի այս օրը, 119 տարի առաջ վախճանած՝ 19րդ դարու հայոց Ազգային Զարթօնքի յառաջամարտիկներէն ՍՏԵՓԱՆ ՈՍԿԱՆ (Ոսկանեան, 1825-1901)։

Յուշատետրի փոստով ներկայացուած են հայ մտքի եւ հրապարակագրութեան ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԱԼԻՆ փառքն ու ողբերգութիւնը։ Ստեփան Ոսկան մինչեւ մեր օրերը, ազգային ու քաղաքացիական ՍԹԱՓՈՒԹԵԱՆ եւ ԶԳԱՍՏՈՒԹԵԱՆ իր պատգամով, այժմէական ՈՒՂԵՑՈՅՑ կը հանդիսանայ ամբողջական ազատագրումի իր երթը ինքնամաքրման ճանապարհով յառաջ մղող պահանջատէր հայութեան։

Բարի լոյս՝ ազգային ու հասարակական մեր կեանքը եւ հայուն հաւաքական ուժը խոցող կեղծիքի եւ սուտի, խաբէութեան եւ նենգութեան, հանրային անբարոյականութեան ամէն կարգի ոջիլներէն ձերբազատուելու եւ մաքրուելու ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏ ԶԳՕՆՈՒԹԵԱՆ։

Թէեւ անձնապէս Ստեփան Ոսկան տկարացաւ մեր ժողովուրդին ներուժին եւ ինքնահաւատարմութեան նկատմամբ իր տածած հաւատքին մէջ եւ ի վերջոյ դադրեցաւ հայերէն լեզուով գրելէ, այդուհանդերձ՝ հայոց սերունդներուն աւանդ կտակեց մեր ժողովուրդի ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆԻՆ անվեհեր տէր ու պահապան կանգնելու վճռականութիւնը։

Բարի լոյս՝ Հայաստանի եւ Հայութեան վաղուան պայծառ գալիքը ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆի արժէքներուն վրայ խարսխելու, թերիները անվախօրէն մատնանշելով անոնց դարման գտնելու ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԱՐԹՆՈՒԹԵԱՆ եւ ԱՐՈՒԹԵԱՆ։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail