ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Մենք կը կրենք քարերը եւ երանի նրան, ով կը գայ այդ քարերով ազգային ինքնուրոյնութեան շէնքը կառուցանելու

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Մենք կը կրենք քարերը եւ երանի նրան, ով կը գայ այդ քարերով ազգային ինքնուրոյնութեան շէնքը կառուցանելու

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

Բարի լոյս

«Մենք կը կրենք քարերը եւ երանի նրան, ով կը գայ այդ քարերով ազգային ինքնուրոյնութեան շէնքը կառուցանելու»

24 Փետրուար 2020

Քանի որ ուսումնասիրութիւններ կատարելու համար երբեք ժամանակ չի պակասելու, մինչդեռ եթէ մի քառորդ դար էլ անտարբեր գտնուենք հայկական նիւթերը հաւաքելու, շատ ու շատ նիւթեր բոլորովին անհետանալու են, ուստի իմ անմիջական նպատակը ոչ թէ ուսումնասիրութիւն տալն է, այլ եւրոպական ուսումնասիրութեան լոյսով հայկական նիւթերը որոնելը, գտնելը, կորստից ազատելը:

․․․ Մենք կը կրենք քարերը եւ երանի նրան, ով կը գայ այդ քարերով ազգային ինքնուրոյնութեան շէնքը կառուցանելու եւ համամարդկային էվոլիւսիոնի (բնաշրջման) օրէնքները գծելու։

Երուանդ Լալայեան

․․․

Երկար տարիների յամառ, քրտնաջան եւ զրկանքներով լի կեանքը քայքայեր էր Ե. Լալայեանի առողջութիւնը, բայց նա դեռեւս լի էր իր սիրած գործը շարունակելու բուռն ցանկութեամբ։ Երբ սրտի ծանր հիւանդութեամբ պառկած ժամանակ, նրա բարեկամներից մէկը՝ Պ. Աբէլեանը հարցնում է, թէ ինչպէ՞ս է զգում իրեն, նա պատասխանում է՝ «Եթէ առողջանամ՝ այնքան պէտք է աշխատեմ, որ նորից հիւանդանամ»։

Ե. Լալայեան վախճանուեց 1931թ. Փետրուարի 24իՆ: Նրա մահը չափազանց մեծ կորուստ էր հայագիտութեան համար։ Մի անգամայն իրաւացի է պրոֆ. Խ. Սամուէլեանը, երբ Ե. Լալայեանի մասին գրել է.-

«Յիրաւի, Ե. Լալայեանը ծաւալել է մի այնպիսի էքսպանսիվ աշխատանք, գլուխ բերել այնպիսի հսկայ գործ, որի նմանը թէ՛ արտասահմանում եւ թէ Ռուսաստանի գիտական-հետազօտական ասպարէզներում կատարել են յատուկ ընկերութիւններ՝ ինստիտուտներ՝ կազմակերպուած հաւաքական ուժերով, կոլեկտիվ ջանքերով, խմբական էքսպեդիցիաներով։ Այսօր Ե. Լալայեանը մեզ թողել է սոսկ իր անհատական ջանքով, իր միանձնեայ գործունէութեամբ կատարած աշխատանքի մի ահագին ժառանգութիւն, որը պատիւ կը բերի ամէն մի գիտական կազմակերպութեան կամ ինստիտուտի, եթէ այն կատարուած լինէր վերջինիս նոյնիսկ հաւաքական ուժերով:

(Կ․Վ․ Մելիք-Փաշայեան, «ԵՐՈՒԱՆԴ ԼԱԼԱՅԵԱՆ – Ծննդեան 100ամեակի առթիւ»)

Երուանդ Լալայեան

*
* *

Բարի լոյս՝ Ազգի քաղաքակրթական արարումներուն պահապան կանգնելու, Հայրենիքի կոթողական հարստութեանց յուշարար վկան դառնալու, այլեւ Ժողովուրդի կենսակերպին ու իւրայատկութեանց նիւթեղէն թէ հոգեմտաւոր մասունքները վերծանելու առաքելական ծառայութեան կոչուած հայոց անմահ մեծերուն, որոնց լուսաբաշխ համաստեղութեան մէջ իր արժանի գահը ունի ԵՐՈՒԱՆԴ ԼԱԼԱՅԵԱՆ (1864-1931)։

Փետրուար 24ի այս օրը, 89 տարի առաջ, Երեւանի մէջ վախճանեցաւ հայոց ազգագրական եւ քաղաքակրթական ժառանգութեան յայտնաբերման, բանահաւաքման, ուսումնասիրութեան, վերծանման եւ աշխարհով մէկ ծանօթացման գործին իր կեանքն ու ողջ կարողութիւնը նուիրաբերած ազգագրագէտ ու բանահաւաք, հնագէտ ու բանասէր Երուանդ Լալայեանը։

Յուշատետրի փոստը որոշ չափով լուսարձակի տակ բերած է Լալայեանի մեծարժէք ՎԱՍՏԱԿը, մանաւանդ՝ հայոց «ազգային ինքնուրոյնութեան շէնքը կառուցանելու» երթին յառաջապահ ջահակիրը ըլլալու անոր ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ՎԱՐՔԱԳԻԾը։
Բարի լոյս՝ մոմի պէս լոյս բաշխելով շիջանելու եւ հանգելու, այլեւ՝ սեփական գերագոյնը նուիրաբերելով հաւաքական մեր գալիքի ուղին լուսաւորելու ԿՈՉՈՒՄՈՎ իրենց անմահութիւնը նուաճող ԱՐԺԱՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ։

Լալայեանի ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴը շատ անդին կ՚անցնի բանասէրի կամ հնագէտի անոր մասնագիտական կարողութիւններէն ու արժանիքներէն, որոնք ի դէպ որոշ պարագաներու ինքնին կոթողական արժէք կը ներկայացնեն։

Եր․ Լալայեան երեւոյթին ՄԵԾՈՒԹԻՒՆը կը կայանայ, նաեւ ու մանաւա՛նդ, անոր ԳՈՐԾն ու ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆը առաջնորդող այն խոր գիտակցութեան մէջ, որ ժամանակը կը սպառնայ Ազգի եւ Հայրենիքի բազմադարեան հարստութեանց – նիւթեղէն թէ ոգեղէն, կիսաւեր թէ քարուքանդ, միայն մասամբ պահպանուած գրաւոր թէ բանաւոր արարումներ -, եթէ ինք չկարենայ իրեն բաժին ինկած կեանքի ժամանակը լրիւ յատկացնելու «քարերը կրելու» ծառայութեան, որպէսզի «մեր ազգային ինքնուրոյնութեան շէնքը կառուցանելու» եկողները իրենց տրամադրութեան տակ ունենան ստոյգ ոչնչացումէ փրկուած հայոց քաղաքակրթական ու ազգագրական հարստութիւնները։

Բարի լոյս՝ հայոց փոքր ածուն մէկ հոգիի ոգեղէն զօրութեամբ լեռն ի վեր բարձրացնելու, մեծ ածուներու մէջ ընկերութիւններու եւ հիմնարկներու հաւաքական աշխատանքին արգասիք եղող հզօրութեամբ փոքր մեր ածուին փառքը նուաճելու ՀԱՅԿԵԱՆ ԱՇԽԱՏՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ։

Ի զուր չէ, որ հայ ժողովուրդին կը պատկանի ՔԱՐէն ՀԱՑ ՀԱՆԵԼՈՒ աստուածային շնորհքն ու հրաշքը միանգամայն։

Պայմանաւ՝ որ եկող-գացող ցեցերը չկարենան մինչեւ արմատը կրծել ու ջլատել ՀԱՅՈՑ ԿԵՆԱՑ ԾԱՌը։

Պայմանաւ՝ որ Պարոյր Սեւակի ահազանգին միշտ ունկնդիր մնան մեր սերունդները, յաղթահարեն մակաբոյծ սաղմերը ՍՆԱՓԱՌՈՒԹԵԱՆ եւ ՍՆԱՊԱՐԾՈՒԹԵԱՆ, ու Երուանդ Լալայեանի ՈՒՂԻին տէր ու պահապան կանգնելով՝ հպարտութեամբ կրեն եւ գալիք սերունդներուն հասցնեն պատմութեան աւերակոյտէն փրկած Ազգի եւ Հայրենիքի ԿԵՆՍԱԿՈՓ ՔԱՐԵՐը։

Բարի լոյս՝ քարերու անկորնչելի երգով մեր ուղիին շունչ եւ թռիչք ջամբողներուն։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail