ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Ես մշտապէս ձգտեր եմ միայն մէկ բանի եւ պայքարած եմ միայն մէկ բանի՝ իմ հարազատ ժողովուրդիս ազատութեան եւ բարօրութեան համար

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Ես մշտապէս ձգտեր եմ միայն մէկ բանի եւ պայքարած եմ միայն մէկ բանի՝ իմ հարազատ ժողովուրդիս ազատութեան եւ բարօրութեան համար

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

Բարի լոյս

«Ես մշտապէս ձգտեր եմ միայն մէկ բանի
եւ պայքարած եմ միայն մէկ բանի՝
իմ հարազատ ժողովուրդիս ազատութեան
եւ բարօրութեան համար»

25 Փետրուար 2020

– Մարդ կրնայ հարիւր տուն ունենալ, բայց միայն մէկ Օճախ:

– Հոգս չէ մահս, այլ գործս, որ կիսատ մնաց:

– Ամէն հայ եթէ միմիայն իրեն համար ապրելու մասին չմտածէր, մեր աղէտներուն մեծ մասը պակաս կ՚ըլլար:

– Ես կեանքիս մէջ երբեք չեմ ձգտած անձնական երջանկութեան ու բարօրութեան։ Ես մշտապէս ձգտեր եմ միայն մէկ բանի եւ պայքարած եմ միայն մէկ բանի՝ իմ հարազատ ժողովուրդիս ազատութեան եւ բարօրութեան համար։ Ես չեմ փնտռեր իմ վաստակիս գնահատականը եւ կը փափաքիմ միայն այն, որ երջանիկ ըլլայ այն ժողովուրդը, որուն ես ծառայած եմ ամբողջ կեանքիս ընթացքին:

– Ամէն օր ձեր գլուխը բարձին դնելէ եւ քնանալէ առաջ, յիշեցէք, թէ այդ օրը ի՛նչ էք ըրած ձեր ազգին համար:

– Իմ կուսակցութիւնն իմ ազգն է:

– Իմ ազգը ճնշուածներու ազգն է:

– …Ես ո՜ւր, Օսմանեան փարլամէնթի անդամ ըլլալը՝ ո՛ւր: Այդ ոճրագործներու վոհմակները, որոնք հոդ նստած են, ես անոնց չեմ հաւատար։

– Ցարը ե՛ւ մեզի հետ է, ե՛ւ թաթարին․ անոր եւ անոր ճուտերուն նպատակն է մեզ իրար կոտորել տալ եւ մեր մէջ բանալ ատելութեան վիհ մը (1905)։

– Եթէ այս անգամ ցաւը զիս տանի, մարմինս օտար հողի վրայ չթողո՛ւս…անպայման Հայաստան փոխադրէք: [Կնոջ՝ Նուարդին փղձկումին վրայ] Եթէ կարելի չըլլայ փափաքս իրագործել, մարմինս Վառնա տարէք եւ թաղեցէք քրոջս՝ Նազելիի, գերեզմանին քով» (Օգոստոս, 1927)։

– Գործս կիսատ մնաց… (Օգոստոս 31, 1927, Անդրանիկի վերջին բառերը՝ մահէն առաջ)։

*
* *

Բարի լոյս ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԶՕՐԱՎԱՐին՝ ԱՆԴՐԱՆԻԿին, որ կը շարունակէ իբրեւ ԱՐԾԻՒ թեւերը լայն բացած ՍԱՒԱՌՆԻԼ հայաշխարհի երկնակամարին՝ ֆետայական ՔԱՋՈՒԹԵԱՆ ու ՀԵՐՈՍՈՒԹԵԱՆ իր երգով խանդավառելով հայոց սերունդները։

Փետրուար 25ի այս օրը հայ ժողովուրդը կը նշէ օրհնաբեր ծնունդը
իր անվախ ՖԵՏԱՅԻին եւ անպարտելի ԶՕՐԱՎԱՐին՝ ԱՆԴՐԱՆԻԿԻՆ (Օզանեան, 1866-1927), որու փոթորկալի կեանքն ու ԱՐՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾը հիմնական գիծերով ներկայացուած են Յուշատետրի փոստով։

Բարի լոյս՝ սեփական ժողովուրդին մէջ իր կուսակցութիւնը գտած եւ անկեղծ զինուորի ծառայութիւնը գերագոյն բաւարարութեան աղբիւրի վերածած ԱՆԴՐԱՆԻԿ անուն ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆին, որ իր ԱՆՁով ու ՎԱՍՏԱԿով սորվեցուց հայոց սերունդներուն, թէ միջոցը՝ կուսակցութիւնը պէտք չէ նոյնացնել, մանաւանդ գերադասել նպատակին՝ Ազգի եւ Հայրենիքի ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆն ու ԲԱՐՕՐՈՒԹԻՒՆը նուաճելու ծառայութեան։

Որքան ժամանակը թաւալի՝ այնքա՛ն կը պայծառանայ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ այս ԱՒԱՆԴը եւ ԱՐԺԷՔը Անդրանիկի։
– Որքա՜ն անհեթեթ կը հնչեն այսօր Անդրանիկը դաշնակցականի եւ հակադաշնակցականի բաժնելու եւ իրարու հակադրելու հեռաւոր թէ մօտաւոր անցեալի միջ-կուսակցական բանավէճերը։

– Այսօր եւս որքա՜ն այժմէական եւ ոգեշնչող կը հնչէ Անդրանիկի այնքան պարզութեամբ, այլեւ իրաւութեամբ կտակած պատգամը, թէ՝ «ձեր գլուխը բարձին դնելէ եւ քնանալէ առաջ, յիշեցէք, թէ այդ օրը Ի՛ՆՉ ԸՐԱԾ ԷՔ ՁԵՐ ԱԶԳԻՆ ՀԱՄԱՐ։

Բարի լոյս՝ իրենց բոլորանուէր ծառայութեան ու գերագոյն զոհաբերութեան դիմաց սեփական ժողովուրդին ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ մէջ միակ հատուցումը տեսնելու ԱՆԴՐԱՆԻԿՆԵՐՈՒ գաղափարապաշտ աւանդին, միայն ԾԱՌԱՅԱԾ ԸԼԼԱԼու անկորնչելի ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ։

Բարի լոյս՝ կեանքի վարագոյրը իջած պահուն «գործս կիսատ մնաց» աւաղող ՀԱՅՈՑ ԱՆՄԱՀՆԵՐուն։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail