ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Խոջալուի վտանգազերծումը. 25-26 Փետրուար 1992․ Արցախի ազատագրութեան յաղթարշաւին ռազմավարական առաջին նուաճումը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
Խոջալուի վտանգազերծումը. 25-26 Փետրուար 1992․
Արցախի ազատագրութեան յաղթարշաւին ռազմավարական առաջին նուաճումը
Ն. Պէրպէրեան
Փետրուարի վերջին այս օրերուն պահանջատէր հայութիւնը կը նշէ տարեդարձը Խոջալուի ազատագրումին։
Փետրուար 25էն 26 լուսցող գիշերը, 1992ին, Ստեփանակերտէն չորս մղոն դէպի հիւսիս գտնուող Խոջալուի մէջ, արձանագրուեցաւ ռազմաքաղաքական մեծ նշանակութեամբ դարձակէտ մը Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարի տարեգրութեան արիւնալի էջերուն։
Հայկական ջոկատները ընդհանուր յարձակողականի մը ձեռնարկեցին ատրպէյճանական հրետանիի մահասփիւռ կեդրոն դարձած Խոջալուի վրայ եւ, թշնամին անփառունակ պարտութեան մատնելով ու դուրս մղելով, վտանգազերծեցին Արցախի ոստանները Կրատ եւ այլ տիպի ռումբերու եւ հրթիռներու ամէնօրեայ տարափէն։
Յատկապէս մայրաքաղաք Ստեփանակերտն ու Բերդաձորը ամէնօրեայ ռմբակոծման թիրախ դարձած էին Խոջալուի կողմէ։ Շուշիի իրենց անառիկ դիրքերէն ազերի զինեալներու ծաւալած ռմբակոծման կիսատ թողած քանդումն ու արիւնահեղութիւնը ամբողջացնելու կու գար Խոջալուն։
Ասկերանի շրջանին մէջ ռազմագիտական կարեւոր դիրք գրաւող Խոջալուն նաեւ իրարմէ կտրած էր Մարտակերտն ու Ստեփանակերտը՝ անշարժութեան մատնելով անզէն հայութեան մարդկային թէ զինական օգնութիւն հասցնող հայկական ջոկատները։
Թէեւ Արցախ Դեկտեմբեր 1991ին արդէն հռչակած էր իր անկախութիւնը եւ ձեռնարկած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարման համակարգի ստեղծումին, այսուհանդերձ՝ Շուշին, Խոջալուն եւ Աղդամը ատրպէյճանական կամակոր ուժերու ձեռքին կը շարունակէին հանդիսանալ հայկական արծուեբոյնը պատուհասող եւ, մահ ու աւեր սփռելով, ծունկի բերելու ուղին ընտրած ատրպէյճանական բռնութեանց վտանգաւոր յենակէտները։
Խոջալուի վտանգազերծման գործողութիւնը մեծաթիւ զոհեր խլեց ոչ միայն ազերի զինեալներու, այլեւ խաղաղ բնակչութեան շարքերէն։ Պատահեցաւ նաեւ ահաւոր ողբերգութիւն մը, երբ հայկական ջոկատներու հսկողութեան տակ առճակատման գիծը կտրած եւ ատրպէյճանական կողմի առաջաւոր դիրքերը հասած ազերի բնակչութիւնը սպանդի ենթարկուեցաւ նոյնինքն ատրպէյճանական զօրքին կողմէ։
Խոջալուի այդ ողբերգութեան ծալքերը բարդ են եւ տակաւ առ տակաւ կը բացայայտուին վերջին տարիներուն։ Ինչպէս օրին, նոյնպէս եւ մինչեւ վերջերս միջազգային հանրային կարծիքը անվարան՝ հալած իւղի պէս կուլ կու տար ատրպէյճանական կողմի եւ անոր թափ տուող թրքական շրջանակներու հակահայ քարոզարշաւին տարածած անհիմն վերագրումներն ու մեղադրանքները։ Կը բաւէ համացանցի որոնող սպասարկութեանց տալ Արցախ բառը, որպէսզի Արցախի վերաբերեալ պատմական թէ այժմէական, քաղաքական թէ ընդհանուր տեղեկութեանց վերաբերեալ յղումներու շարքին, գլուխ ցցեն ատրպէյճանական եւ թրքական կայքէջերու «Խոջալուի Ցեղասպանութիւնը» հրամցնող… խեղաթիւրումները։
Թերեւս 1992ին եւ անոր հետեւող տարիներուն կարելի էր բացատրութիւն մը գտնել Արեւմուտքի կողմէ դրսեւորուած թրքանպաստ կողմնակալութեան համար՝ ընդդէմ Ռուսական գործօնի այդ ժամանակի դերակատարութեան ի նպաստ Արցախեան իրաւունքին ու արդարութեան վերականգնումին։ Բայց նոյնը կարելի չէ ըսել վերջին տարիներուն եւս յամեցող արեւմտեան կողնակալութեան մասին։
Ճիշդ է, իրենց խիղճը վարձու հանած թղթակիցներ ու պատմաբաններ միշտ ալ գտնուած են եւ, այս պարագային ալ, բացառութիւն չեն կազմեր բոլոր անոնք, որոնք այսպէս կոչուած «Խոջալուի Ցեղասպանութեան» սուտ վկաները կ՚ուզեն դառնալ՝ ձայնակցելով ատրպէյճանական եւ թրքական աղբիւրներու հակահայ քարոզչութեան։
Դժբախտաբար միեւնոյն դատապարտելի ընթացքին մէջ կը յայտնուին նաեւ միջազգային ատեաններու կողմէ եւ անոնց անունով հանդէս եկող որոշ հեղինակութիւններ, որոնք իրենց կարգին, այսօր եւս, կը շարունակեն արցախահայութեան վերագրել Խոջալուի մէջ «ազերիները ցեղասպանութեան ենթարկած ըլլալու յանցագործութիւն»ը։
18 տարի անցած է Խոջալու վտանգազերծումէն ասդին։ Վաւերագրական ամբողջ գրականութիւն մը արդէն գոյութիւն ունի, որպէսզի պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուող եւ հեղինակութիւն նկատուող անձնաւորութիւններն ու շրջանակները քիչ մը ժամանակ տրամադրեն եւ ստուգեն փաստերը, փոխանակ կուլ տալու ատրպէյճանական քաղցրապատ թոյները։
Իսկ վաւերական փաստերը բազում են՝ նոյնինքն Ատրպէյճանի այդ ժամանակուան նախագահ Մութալիպովի խոստովանութիւններէն սկսելով, հակահայ վերագրումները հետազօտած օտար լրագրողներու եւ պատուիրակութիւններու զեկոյցներէն անցնելով եւ Խոջալուի արիւնալի ողբերգութենէն վերապրողներու վկայութեանց հասնելով։
Կը բաւէ աչքի առջեւ ունենալ, իբրեւ խօսուն օրինակ, իբր թէ Խոջալուի ողբերգական դէպքերէն վերցուած հանրայայտ այն լուսանկարը, ուր գլուխը փաթթուած կին մը կ՚ողբայ կողք-կողքի շարուած դիակները մանուկներու…
Աւելի քան 15 տարի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հակահայ ապատեղեկատուութեան լծուած աղբիւրները ամէնուր տարածեցին այդ լուսանկարը՝ իբրեւ սահմռկեցուցիչ ապացոյցը…
Խոջալուի մէջ իբր թէ «հայերու գործած ցեղասպանութեան»։ Իսկ այսօր արդէն մասնագիտական փաստերով ապացուցուած է, որ խնդրոյ առարկայ լուսանկարը ոչ մէկ կապ ունի Խոջալուի հետ, փաստօրէն արխիւային լուսանկար մըն է 1983ին Թուրքիոյ արեւելեան շրջանները ցնցած մեծ երկրաշարժէն եւ կը ներկայացնէ քիւրտ մայր մը, որ կ՚ողբայ երկրաշարժին զոհ քիւրտ մանուկները։
Ահա՛ այսպիսի կեղծիքով եւ յերիւրանքով Ատրպէյճան եւ Թուրքիա յառաջ կը մղեն հակահայ ապատեղեկատուութեան իրենց արշաւը՝ այսպէս կոչուած «Խոջալուի մէջ հայերու գործած ցեղասպանութեան» թղթածրարը հնարելով։
Այսօր արդէն արար-աշխարհին ներկայացուած են փաստացի բաւարար տուեալներ, որպէսզի մէկանգամընդմիշտ պարզ ու յստակ դառնայ ամբողջական ճշմարտութիւնը՝ Խոջալուի մէջ ազերի անզէն բնակչութեան դէմ նոյնինքն ազերի բանակայիններու եւ զինեալներու գործադրած սպանդին մասին։ Ալիեւ հօր՝ Հայտար Ալիեւի մատնահետքերով սադրանք մըն էր եղածը սեփական ժողովուրդի զաւակներուն դէմ…
Եւ ի՞նչ նպատակով. մէկ կողմէ օրուան նախագահ Մութալիպովի դէմ ժողովուրդը գրգռելու եւ իշխանափոխութեան յեղաշրջում իրականացնելու նպատակով, ապա միւս կողմէ՝ Պաքուի եւ Սումկայթի մէջ հայերու բնաջնջումին դէմ բարձրացած միջազգային դատապարտանքի ալիքին պատասխանելու… «Խոջալուի մէջ հայերու գործած ցեղասպանութեան» յերիւրանքով եւ համապատասխան հակահայ ապատեղեկատուութեամբ։
Խոջալուի վտանգազերծման յաղթական գործողութիւնը վերյիշելով՝ Հայաստանն ու հայութիւնը անգամ մը եւս քաղաքակիրթ աշխարհին կը ներկայացնեն ատրէյճանական-թրքական հակահայ քարոզչութիւնը մերկացնող փաստական նիւթեր՝ տեսանիւթեր, լուսանկարներ եւ արխիւային փաստաթուղթեր։
Կը մնայ, որ քաղաքակիրթ աշխարհը ղեկավարող ուժերը արդարութեան եւ ճշմարտութեան չգերադասեն իրենց նաւթային ու ռազմաքաղաքական ինչ-ինչ հաշիւներն ու ախորժակները։
Կը բաւէ, որ վերջ տրուի քաղաքական աշխարհը երկու չափ եւ երկու կշիռով ղեկավարելու մեծապետական պատեհապաշտութեան։
Խոջալուի վտանգազերծումը, ի վերջոյ, միակ ելքն ու գրաւականն էր հայկական Արցախի ինքնապաշտպանութեան՝ ազատ ու անկախ ապրելու անոր բնական եւ անբռնաբարելի իրաւունքի նուաճումին։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ