ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Ուրիշ ելք չկայ․ կա՛մ հայն է թուրքին քշելու Արցախից, կա՛մ թուրքը` մեզ: Կռուելո՛ւ ենք․․․
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
Բարի լոյս
«Ուրիշ ելք չկայ․ կա՛մ հայն է
թուրքին քշելու Արցախից,
կա՛մ թուրքը` մեզ: Կռուելո՛ւ ենք»․․․
27 Փետրուար 2020
Սումգայիթեան ցեղասպանութիւնը կազմակերպուել էր ղարաբաղեան հարցի կապակցութեամբ: Դա հրէշաւոր արձագանքն էր Լ․Ղ․Ի․Մ․ի հայ բնակչութեան ազատ կամարտայայտութեան` մարզը Ադրբեջանական Խ․Ս․Հ․ կազմից հանելու եւ Հայկական Խ․Ս․Հ․ կազմին վերադարձնելու` իր ձեւով դեմոկրատական շարժմանը:
Այդ յանցագործութեան նպատակն էր ղարաբաղեան խնդրի հնարաւոր լուծումն արգելափակելը, հայերին նոր, արիւնալի գործողութիւնների հեռանկարով վախեցնելը, ինչի արդիւնքում մերոնց կը ստիպէին հրաժարուել Ղարաբաղեան Շարժումից։
Պատերազմ է, եւ ուրիշ ելք չկայ․ կա՛մ հայն է թուրքին քշելու Արցախից, կա՛մ թուրքը` մեզ: Կռուելու ենք։ …Դաժանութիւնը մենք թուրքից սովորեցինք, թուրքը մեզանից սովորեց քաղաքականութիւն վարել։
Սումգայիթեան ցեղասպանութիւնն իր դաժանութեամբ նոր իրողութիւն չէր, դրա ակունքները գնում էին դէպի պատմութեան
խորքերը` դէպի Բաքւում հայերի ջարդերը 1918 թ., 1920 թ. Շուշիի հայութեան կոտորածը, Նախիջեւանի հայերի հետեւողական ու շարունակական ոչնչացումը ազերիների կողմից եւ այլ նմանատիպ փաստեր: Սումգայիթեան դահիճների դատավարութիւնը կատակերգութիւն էր, ուրիշ ոչինչ․ այդ դահիճները Բաքւում յայտարարւում էին ազգային հերոսներ:
Վերջապէս Արցախում եմ, ու թէկուզ պատերազմ է ու մահ, երջանիկ եմ եւ հանգիստ, որ մաքառողների եւ տառապողների հետ եմ, իսկական ընկերներիս հետ: Երեւանում սիրտս պայթում էր, յոգնել էի ամէն ինչից, խորհրդարանից, կուշտ դժգոհութիւններից, մաղձից, նախանձից, ամէն ինչից զզուել էի. եկայ Արցախ` իբրեւ փրկութիւն: Այստեղ էլ ամէն ինչ խառնուած է մարդկային յարաբերութիւններում, բայց հո՞ Երեւան չի, ուր չես հասկանում` ո՞վ է թշնամիդ, ո՞վ է բարեկամդ․ այստեղ մարդիկ մէկ բռունցք են թշնամու, պատերազմի, անասելի այս դժուարութիւնների, ամէն պահ դարանից երեւացող մահուան դիմաց։
Հատուած՝ «Սամուէլ Շահմուրադեանը Արցախեան Ազատամարտում» յօդուածէն, հեղինակ՝ Մարինէ Գէորգեան – «ԷՋՄԻԱԾԻՆ» հանդէս՝ կայքէջի յղում․-
http://ysu.am/files/Samvel-shahmuradyan.pdf
*
* *
Բարի լոյս՝ արդար արեգակը ամէն առաւօտ ՀԱՅՈՒ ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ու ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐԻ ՎՃՌԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ողջունող Հայաստանին ու Հայութեան։
ԱՐԴԱՐ է հայաշխարհին իր լոյսը բաշխող ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ արեգակը, որովհետեւ կոչուած է ՈՒԺԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ներարկելու ամէնէն դաժան ցեղասպանութեան ենթարկուելով հանդերձ վերականգնելու ԿԱՄՔով եւ ԿՈՐՈՎով լեցուած մարտունակ հայութեան։
Փետրուարի վերջին օրերն են ահա եւ պահանջատէր ողջ հայութիւնը, աշխարհի չորս ծագերէն, կը խոնարհի յիշատակին առջեւ մեր ժողովուրդի անմեղ, անզէն զոհերուն, որոնք 27էն 29 Փետրուար 1988ին վայրագօրէն յօշոտուեցան Ատրպէյճանի մայրաքաղաքին՝ Պաքուի եւ յատկապէս անոր արուարձաններէն Սումգայթ նաւթարդիւնաբերական քաղաքին մէջ։
Յուշատետրի փոստով ամփոփուած է Սումգայթի եղեռնագործութեան սեւ ու մութ էջը՝ արդար դատի ու դատաստանի դեռ չարժանացած հակահայ ցեղասպանութեան վերջին՝ մանրանկար արարը․․․
Բարի լոյս՝ Սումգայթի փոկրոմին դասերը միշտ ի մտի պահելու եւ Ազգի ու Հայրենիքի ամբողջական ազատագրութեան պայքարի ընթացքին ՀԱՄԱԹՐՔՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔի դիմագրաւումին միշտ կազմ ու պատրաստ գտնուելու ԱՐԹՆԱՄՏՈՒԹԵԱՆ։
Սումգայթը ունեցաւ նաեւ իր անվեհեր ՎԿԱՆ եւ ԿԵՆՍԱԳԻՐը՝ ՍԱՄՈՒԷԼ ՍԱՐԳԻՍԻ ՇԱՀՄՈՒՐԱԴԵԱՆ (1955-1992) անուն-ազգանունով գրողն ու գաղափարի մարտիկը, նաեւ՝ վերանկախացեալ Հայաստանի խորհրդարանի անդամը, որուն վերեւի խոհերն ու խոկումը առաւելագոյնս կ՚իմաստաւորեն մեր օրը։
Բարի լոյս՝ ոչ միայն ամէն բանէ առաջ եւ վեր հակահայ ցեղասպանը Հայաշխարհի բոլոր ուժերու լարումով դիմագրաւելու մեր ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԳՕՏԵՊՐԿՈՒՄին, այլեւ ու մանաւանդ՝ մեր սեփական տունը կարգի բերելու եւ ազգային դիմադրականութեան մեր պետական թէ հասարակական կռուաններն ու ամրոցները ներքին ցեցերու եւ մակաբոյծներու չարիքին դէմ անխոցելի պահելու եւ միշտ պաշտպանելու ԽՍՏԱՊԱՀԱՆՋՈՒԹԵԱՆ։
Ինչպէս որ օրին Սամուէլ Շահմուրադեան ահազանգ կը հնչեցնէր Ղարաբաղեան Հարցի քաղաքական-կուսակցական չարաշահումներուն դէմ՝ հատուածական ամէն կարգի շահախնդրութիւններէ Արցախը վեր պահելու հրամայականը շեշտելով, նոյնպէս եւ այսօր մենք պարտքը ունինք իշխանութեան աթոռակռուի ամէն կարգի փորձութիւններէ ու շահարկումներէ զերծ պահելու ՀԱՅ ԴԱՏԻ շարունակուող պայքարին ՅԱՌԱՋԱՊԱՀ ԱՄՐԱԲԵՐԴ ԱՐՑԱԽը։
Արցախի ԻՐՈՂԱԿԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԻՒՆը նուաճումն ու ձեռակերտն է համաթրքական ոսոխին դէմ անվարան ու քաջաբար կռուի դաշտ նետուած՝ ինկած ու մարտիրոսացած, այլեւ յաղթանակած ողջ հայութեան ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԻՆ, որ խտացաւ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԱԶԱՏԱՄԱՐՏի ԲՌՈՒՆՑՔին մէջ։
Ինչպէս 32 տարի առաջ, այնպէս եւ այսօր, ոեւէ քաղաքական ուժ, իշխանաւոր վերնախաւ կամ կուսակցական հատուած դատապարտուած է անփառունակ վարկաբեկումի եւ դատապարտանքի, եթէ փորձէ Արցախեան Ազատամարտին բերած իր բաժին մասնակցութիւնը, որքան ալ նկատառելի կշիռ ունենայ ատիկա, ծառայեցնելու իր մասնակի ինչ-ինչ հաշիւներուն՝ սեփական դրամագլուխը ուռճացնելու գձուձ շահատակութիւններուն։
Բարի լոյս՝ ո՛չ մէկ չարիք մոռանալու, հայասպան ոսոխը անպայման արդար դատաստանի առջեւ կանգնեցնելու եւ մեր հերոսներու ազատագրած ՀԱՅՐԵՆԻ ՏԱՃԱՐը ամէն գոյնի փերեզակներէ մաքրելու յանձնառութեամբ ոտքի կանգնողներուն, որոնք իրենց սրտին ու մտքին մէջ այսօր մոմ կը վառեն Սումգայթի նահատակներու հոգիին համար։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ