ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Ալեքսանդր Թամանեան (1878-1936) Ազատ ու անկախ Հայաստանի գլխաւոր ճարտարապետը

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Ալեքսանդր Թամանեան (1878-1936) Ազատ ու անկախ Հայաստանի գլխաւոր ճարտարապետը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Ալեքսանդր Թամանեան (1878-1936) Ազատ ու անկախ Հայաստանի գլխաւոր ճարտարապետը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

Յուշատետր

Ալեքսանդր Թամանեան (1878-1936).
Ազատ ու անկախ Հայաստանի գլխաւոր ճարտարապետը

Ն. Պէրպէրեան

Հայաստանի անկախութեան ամրապնդման եւ հայոց ազգային պետականութեան հիմնաւորման պատմակերտ գործին մէջ իր անկորնչելի ներդրումն ու մեծարժէք աւանդը ունի հայ ժողովուրդի ճարտարապետական հանճարին արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Ալեքսանդր Թամանեան, որուն ծննդեան տարեդարձը կը նշենք Մարտ 4ի այս օրը։

Ոչ միայն իբրեւ ճարտարապետի, այլեւ իբրեւ հայ մարդու եւ քաղաքացիի, Ալ. Թամանեան լուսաւոր ուղի ու վաստակ կապեց իր անունին՝ հայոց սերունդներուն կտակելով մեծագործ իր կեանքէն սորուած կարեւորագոյն դասն ու պատգամը.-
«Ընտրիր վատ ճանապարհ, բայց ոչ վատ ընկեր»։

4 Մարտ 1878ի օրը, ռուսաստանեան Էկատերինոդար (այժմ՝ Կրասնոդար) քաղաքը ծնած Յովհաննէս Թամանեանի որդի Ալեքսանդրը կոչուած էր դառնալու հայկական ճարտարապետութեան բազմադարեան հարստութիւնը իւրովի վերաթարմացնող եւ նորոգող մեծանուն վարպետ մը, որ իր անջնջելի դրոշմը դրաւ մեր ժամանակներու հայոց մայրաքաղաքին ճարտարապետական ծրագրաւորման, կառուցման եւ զարգացման հեռանկարներուն վրայ։

Ճարտարապետի իր ուսումն ու մասնագիտական խորահմուտ պատրաստութիւնը Ալեքսանդր Թամանեան ստացաւ Ս. Փեթերսպուրկի Գեղարուեստի Ակադեմիայի բարձրագոյն ուսումնարանի ճարտարապետութեան բաժանմունքին մէջ, որմէ շրջանաւարտ եղաւ 1904ին՝ նկարիչ-ճարտարապետի պատուոյ յիշատակութեամբ։

Ուսման աւարտին Թամանեանի նախաձեռնած ճարտարապետական առաջին ծրագիրը եղաւ Ս. Փեթերսպուրկի 18րդ դարուն կառուցուած հայոց եկեղեցւոյ վերանորոգումը, որ իրմէ խլեց երկու տարի եւ պսակուեցաւ փայլուն արդիւնքով՝ հայկական աւանդական ոճի պահպանման սկզբունքին վրայ ճարտարապետական նորարարութեամբ ուշագրաւ լուծումներ իրականացնելով։

20րդ դարասկիզբի ռուս երիտասարդ ճարտարապետներու մտերիմն ու գործակիցը եղաւ Թամանեան, որ Ս. Փեթերսպուրկի, Մոսկուայի թէ Ցարական Կայսրութեան գլխաւոր քաղաքներուն ու շրջաններուն մէջ, իր անունին կապեց ճարտարապետական մեծ ծրագիրներու՝ համալիրներու նախագծումն ու կառուցումը։

Ճարտարապետական նոր-դասական ուղղութեան եւ գեղազարդումի յառաջապահներէն էր Թամանեան, որուն սկզբնական իրագործումները (ինչպէս Մոսկուայի մէջ իշխան Ս.Ա. Չերպաթովի հոյակերտ բնակարանն ու Մոսկուայի մերձակայ երկաթուղագծի աշխատաւորներու Առողջարանային Համալիրը) մեծ հռչակ ապահովեցին հայ ճարտարապետին։ Իր այդ վաստակով Թամանեան 1914ին արժանացաւ թէ՛ ճարտարապետութեան ակադեմիկոսի կոչումին, թէ՛ Ս. Փեթերսպուրկի Դումայի Ոսկեայ շքանշանին։ Իսկ 1917ին ընտրուեցաւ կայսերական Գեղարուեստից Ակադեմիայի խորհուրդի անդամ՝ փոխ-նախագահի կարգավիճակով։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Ռուսաստանի տարածքին ճարտարապետական իր այդ բեղուն գործունէութեան շրջանին, Թամանեան իր սրտին ու մտքին մէջ շարունակ ճգնեցաւ հայկական ճարտարապետութեան վերանորոգման ծրագիրներու վրայ՝ նախագծելով ուշագրաւ կառուցումներ (ինչպիսին էր 1911ին իր յղացած Անիի թանգարանի ծրագիրը), որոնք սակայն իրականացման հնարաւորութիւն չունեցան։

Այդ պատճառով ալ 1919ին, երբ իր անկախութիւնը նուաճած Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ պաշտօնապէս Երեւան հաստատուելու եւ գործելու հրաւիրուեցաւ, Ալեքսանդր Թամանեան անվարան ընդառաջեց՝ կեանքի իր երազին իրագործումին լծուելու ամենայն խանդավառութեամբ։

Սիմոն Վրացեան, իր «Կեանքի Ուղիներով» յուշագրական շարքի Ե. հատորին մէջ, ամբողջութեամբ լոյս ընծայած է Ալ. Թամանեանի կողմէ 12 Օգոստոս 1920ին պատրաստուած «Հայաստանի Շինարարութեան Ծրագիր»ը, որ լաւագոյնս կը խտացնէ հայ մեծ ճարտարապետին շինարարական եւ ազգային-գաղափարական առաջադրանքները՝ մանուկ հանրապետութեան ամրապնդման եւ հետագայ զարգացման ուղիներուն վերաբերեալ։

Թամանեանի համար ճարտարապետական եւ շինարարական թիւ 1 խնդիրը եղաւ հայոց նոր մայրաքաղաքը ծայրամասային գաւառի իրավիճակէն դուրս բերելը՝ նախագծելով կառուցումը հայոց նորաստեղծ պետականութեան հետագայ զարգացումը հունաւորող արդիական մայրաքաղաքին։ Արդիական՝ թէ՛ նոր ժամանակներու պետական կեդրոնական նստավայրերու պատկերացումով, թէ՛ նաեւ ազգային-աւանդական՝ հայկական ճարտարապետութեան իւքնուրոյն ոճը վերաթարմացնելու եւ նորովի հարստացնելու առաջադրանքով։

Ամբողջ Հայաստանի շինարարական ապագան կը յուզէր Թամանեանին եւ անոր ծրագիրը սահմանափակուած չէր միայն մայրաքաղաք Երեւանով։ Այդ մեկնակէտով ալ ան առաջադրեց կառավարութեան առընթեր ստեղծել հանրապետութեան Գլխաւոր Ճարտարապետի հաստատութիւնը, ինչ որ որդեգրուեցաւ օրուան կառավարութեան կողմէ եւ Թամանեան անձամբ ստանձնեց այդ պատասխանատուութիւնը։

Մայրաքաղաքի եւ միւս քաղաքներու թէ գիւղերու շինարարութեան նախագիծներու կողքին, Թամանեան յատուկ կարեւորութիւն ընծայեց հայոց յուշարձաններու վերականգնման, վերանորոգման եւ պահպանման գործին՝ համապատասխան պետական պաշտպանութեան տակ առնելով հայկական ճարտարապետութեան կոթողները։

Թամանեան արագօրէն ձեռնարկեց իր ծրագրին գործադրութեան, բայց Հայաստանի Հանրապետութեան կործանումով եւ օրուան ղեկավարութեան դէմ ծաւալած պոլշեւիկեան հալածանքին հետեւանքով՝ կիսատ մնաց գործը Թամանեանի, որ Հանրապետութեան կառավարութեան անդամներուն հետ 1921ին անցաւ Պարսկաստան։ Բարեբախտաբար, խորհրդային նորահաստատ իշխանութիւնները իմաստութիւնը ունեցան վերստին Երեւան հրաւիրելու հայոց մեծ ճարտարապետին եւ Թամանեան 1923ին վերջնականապէս վերադարձաւ հայրենի իր հողին ու ժողովուրդին՝ վերստանձնելով Հայաստանի Գլխաւոր Ճարտարապետի պատասխանատուութիւնը։

Այնուհետեւ մինչեւ 20 Փետրուար 1936ի իր մահը, Ալեքսանդր Թամանեան ապրեցաւ ու գործեց Երեւանի մէջ՝ հայոց նոր մայրաքաղաքի բնակարանային աճին, գեղազարդման, կանաչապատման եւ յուշարձաններով շնչաւորման մեծ գործին ճարտարապետական իր ուրոյն լուծումները տալով։

Երեւանի կողքին ան նախագծեց քաղաքաշինական զարգացման յատակագիծները Լենինականի՝ Գիւմրիի, Գաւառի եւ Էջմիածնի։ Իսկ Թամանեանի ճարտարապետական հանճարին անմահ վկաները դարձան Օփերայի համալիրն ու Երեւանի կեդրոնական հրապարակը։

Այդ ամէնով Թամանեան արժանաւորապէս մարմնաւորեց ազատ ու անկախ Հայաստանի գլխաւոր ճարտարապետի կերպարը՝ իր շունչը միախառնելով արդի ժամանակներու հայոց մայրաքաղաքին։

Ալեքսանդր Թամանեան իր անջնջելի դրոշմը դրած է արդի ժամանակներու հայոց մայրաքաղաքին ճարտարապետական հմայքին ու գեղեցկութեան վրայ։

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Ալեքսանդր Թամանեան (1878-1936) Ազատ ու անկախ Հայաստանի գլխաւոր ճարտարապետը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail