ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ԴՐՕ հետզհետէ ազատագրուեց քաղաքական հմայքից Ռուսաստանի վերաբերմամբ, ռուսական օրիէնտացիան այլեւս

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ԴՐՕ հետզհետէ ազատագրուեց քաղաքական հմայքից Ռուսաստանի վերաբերմամբ, ռուսական օրիէնտացիան այլեւս փրկարար դեղ

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«ԴՐՕ հետզհետէ ազատագրուեց քաղաքական հմայքից Ռուսաստանի վերաբերմամբ, ռուսական օրիէնտացիան այլեւս փրկարար դեղ ու դարման չէր նրա աչքին։ Բայց ռուսասիրութիւնից, ժողովրդական իմաստով, նա երբեք չհրաժարուեց»

8 Մարտ 2020

Տեսական հարցերը նրան [ԴՐՕին] շատ չէին հետաքրքրում։ Դրա համար բաւարար նախապատրաստութիւն էլ չունէր։ Իր միտքը փիլիսոփայական չէր։ Գործնական հարցերն էին նրա համար կեանքից բխող փիլիսոփայութիւնը։

․․․Գործնական հիմնաւորումներ ունէր եւ նրա քաղաքական տեսութիւնը։

Եթէ սէրը տեղ կարող է գտնել քաղաքականութեան մէջ, Դրօն ռուսասէր էր, ինչպէս սովորութիւն էր ասել՝ ռուսական օրիէնտացիայի հետեւող մարդ։

Ռուսաստանը նա ըմբռնում էր երկու իմաստով, նախ՝ իբրեւ Հայաստանի մօտիկ մեծ պետութիւն, եւ երկրորդ՝ որպէս ժողովուրդ։
Նրա տրամաբանութիւնը պարզ էր եւ, եթէ ուզում էք, տարրական․ մէկ կողմից մահմետական թրքութիւն, որ պատմականօրէն թշնամի էր քրիստոնէութեան եւ հայութեան, միւս կողմից ծովածաւալ քրիստոնեայ կայսրութիւն, որ պատմականօրէն թշնամի էր մահմետականութեան։ Փոքրիկ Հայաստանը ու փոքրաթիւ հայ քրիստոնեայ ժողովուրդը երկընտրանք չունէր, պէտք է յենուէր քրիստոնեայ Ռուսաստանի վրայ ընդդէմ հակահայ Թուրքիոյ։
Սա այն քաղաքական փիլիսոփայութիւնն է, որին, ժամանակավրէպ յետադարձութեամբ, այսօր հետեւում են արտասահմանի հայ քաղքենիները։

Մոսկուայում մօտից հետեւելով ռուսական արեւելեան քաղաքականութեան եւ աւելի խորը ծանօթանալով պատմութեան եւ, հետագային, արտասահմանում աւելի մօտից տեղեակ դառնալով աշխարհի գործերին, Դրօն հետզհետէ ազատագրուեց քաղաքական հմայքից Ռուսաստանի վերաբերմամբ, ռուսական օրիէնտացիան այլեւս փրկարար դեղ ու դարման չէր նրա աչքին։

Բայց ռուսասիրութիւնից, ժողովրդական իմաստով, նա երբեք չհրաժարուեց։ Մեր մէջ այժմ սակաւաթիւ չեն մարդիկ, որոնք Ռուսաստանից հիասթափուած՝ իրենց բացասական զգացումները – երբեմն կոյր ատելութեան հասնող – կը փոխադրեն եւ ռուս ժողովրդի ու ռուս մշակոյթի վրայ։

Դրօն մինչեւ վերջ էլ վառ պահեց իր հոգում սէրը դէպի մեծ ու բազմաչարչար ռուս ժողովուրդը։

Եւ յիրաւի՝ ինչպէ՞ս կարելի է չսիրել եւ ատել մի ժողովուրդ, որ Պուշկիններ, Տոլստոյներ, Դոստոյեւսկիներ, Չեխովներ է պարգեւել մարդկութեան, որ մշակոյթի սքանչելի կոթողներ է կերտել, որ պակաս չի տառապել եւ այսօր էլ պակաս չի տառապում բռնակալութիւնից, քան բոլշեւիկեան վարչաձեւին ենթակայ ուրիշ ժողովուրդներ։

Ոչ միայն գիտակցութեամբ, այլեւ ենթագիտակցութեամբ՝ Դրօի մէջ այս ըմբռնումը շատ ուժեղ էր։ Թերեւս դրա պատճառներից մէկն էլ այն էր, որ մանկութիւնից սկսած Դրօն ապրել եւ սնուել էր ռուսական միջավայրում, շնչել էր ռուսական մթնոլորտի օդը։

(Սիմոն Վրացեան, «Կեանքի Ուղիներով», Դ․ հատոր, էջ 207-208, Պէյրութ, 1965)

*
* *

Բարի լոյս՝ հայոց երկնակամարին թեւածող մրրկածին ԴՐՕի անմահ ՈԳԻով հաղորդուելու եւ վերանորոգուելու պատրաստ մարտունակ հայութեան։

Բարի լոյս՝ Մարտ 8ի կանանց միջազգային օրը ողջունելու ընդհանուր բարձր տրամադրութեան մէջ, հայոց պատմութեան էջերուն վրայ հակելու եւ ոգեշնչուելու ՀԱՅՈՒ ԽՈՀԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ։

Մարտ 8ի այս օրը, 1956 թուականին, դաշնակցական մամուլը գուժեց, որ «հաստաբուն կաղնին ինկաւ»։ 72 տարեկանին մեր կեանքէն առյաւէտ հեռացաւ ԴՐՕ, որու կեանքին ու գործին նուիրուած է Յուշատետրի այսօրուան փոստը։

Դրօ ԵՐԵՒՈՅԹ է եւ անկորնչելի ԱՒԱՆԴ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ։ Սիմոն Վրացեանի բնութագրական «ՄՐՐԿԱԾԻՆ»ը կատարելապէս կը բնորոշէ ԳՈՐԾն ու ՆԿԱՐԱԳԻՐը մեր նորագոյն պատմութեան վրայ իր անջնջելի դրոշմը ձգած անզուգական Դրօի, որ որքան պաշտամունքի հասնող հիացմունքի, այնքան ալ բուռն մերժումի եւ դատապարտանքի ալիք բարձրացուցած է իր անունին շուրջ։

Բարի լոյս՝ հակասական բոլոր արժեւորումներով հանդերձ, հայոց սերունդներու մտքին ու սրտի հորիզոնին միշտ նժոյգի վրայ դէպի թշնամին արշաւող ՅԱՆԴՈՒԳՆ ՀԵՐՈՍի մտապատկերով ներկայացող մեծն ԴՐՕին։

Բարի լոյս՝ յատկապէս հայրենի հողի վրայ եւ հեճուկս խորհրդային 70ամեայ հակադաշնակցական հալածանքին, մեր ժողովուրդի հոգիին մէջ պահպանուած ԱՌԱՍՊԵԼԱԿԱՆ ԴՐՕին, որ 1988ի համաժողովրդական շարժման շղթայազերժման հետ իբրեւ յեղափոխական վերանորոգ երգ անդադար հնչեց հայոց շրթներէն։

ԴՐՕի ներշնչումով միշտ այժմէական նիւթ կայ խորհրդածելու։

Այսօրուան խոկումին կիզակէտ ընտրուած է Դրօի ռուսասիրութիւնը, որուն մասին Վրացեանէն մէջբերուած է թէեւ հակիրճ ու խիտ, բայց խօսուն եւ խորիմաստ վկայութիւն մը։

ԴՐՕ պարզապէս միսը միսէն ու ոսկորը ոսկորէն ԾՆՈՒՆԴն է մեր ժողովուրդին՝ քաղաքական Ռուսաստանին մեծ յոյսեր կապելու եւ հիասթափուելու, բայց ռուս ժողովուրդին եւ անոր մշակոյթին միշտ փարած մնալու իր ՀՈԳԵԿԵՐՏՈՒԱԾՔով։

Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրենիքի պետական անկախութիւնը ժողովուրդի ազատութեամբ հզօրացնելու այսօրուան մեր ոգորումին մէջ, «Ռուսական օրիէնտացիայի» առումով, նաեւ ԴՐՕէն անհրաժեշտ դաս քաղելու ազգային-քաղաքական ՍԹԱՓՈՒԹԵԱՆ։

Որքան ալ ըստ ամենայնի դժուար ըլլայ՝ նոյնիսկ անկարելի թուի քաղաքական Ռուսաստանն ու ռուս ժողովուրդը իրարմէ զատորոշելը, Հայաստանի եւ Հայութեան երթը բնաւ դիւրին լուծումներ չէ ունեցած եւ այսօր ալ, աւելի քան երբեք, հայ քաղաքական միտքը կոչուած է որոնելու, քննելու եւ ճշդելու, թէ ո՞ր Ռուսաստանին մէջ կը կայանայ՝ կը գտնուի մեր երկար ճամբու ընկերը։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail