ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 7 Մարտ 1886 – Ցարական իշխանութիւնը կը ստիպուի վերաբանալու հայոց դպրոցները

Ցարական իշխանութիւնը կը ստիպուի վերաբանալու հայոց դպրոցները

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 7 Մարտ 1886 – Ցարական իշխանութիւնը կը ստիպուի վերաբանալու հայոց դպրոցները

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Յուշատետր

7 Մարտ 1886.
Ցարական իշխանութիւնը կը ստիպուի
վերաբանալու հայոց դպրոցները

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

Ն. Պէրպէրեան

Մարտ 7ին, 134 տարի առաջ, աւելի քան մէկ տարի փակ մնալէ ետք, Թիֆլիսի հայկական վարժարանները վերաբացին իրենց դռները հայ աշակերտութեան առջեւ։

Ոչ միայն Թիֆլիսի մէջ, այլեւ Ցարական Կայսրութեան ամբողջ տարածքին, ընդհանրապէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան պատկանող հայկական բոլոր դպրոցները այդ օրերուն փակուած էին՝ ցարական իշխանութեանց գործադրած ռուսացման քաղաքականութեան հետեւանքով։

Կայսրութեան հարաւային սահմաններուն վրայ «առանց հայու Հայաստան» մը ունենալու ձգտումը պետական քաղաքականութեան վերածուած էր ցարական իշխանութեանց համար։ Ընդհանրապէս Կայսրութեան տարածքին ապրող բոլոր ոչ-ռուս ազգութիւնները ռուսացնելու հետեւողական քաղաքականութեան մէկ մասն էր ատիկա։ Բայց յատկապէս մեր ժողովուրդը, որ 19րդ դարասկիզբին պարսկական եւ թրքական լուծէն ազատագրուելու մեծ յոյսերով իր ապագան կապած էր քրիստոնեայ Ռուսաստանի, արդէն սկսած էր իր մորթին վրայ զգալու այլասերիչ ծանր հետեւանքները ռուսական գաղութարարութեան։

Ինչպէս «Քրիստոնեայ Հայաստան» հանրագիտարանը համացանցի վրայ դիտել կու տայ, «Բոլոր ժամանակներուն ալ անկախութիւնը կորսնցուցած Հայաստանի համար թիւ մէկ խնդիրը եղած է հայապահպանումը, որուն գլխաւոր յենարանները եղած են հայոց Առաքելական եկեղեցին, մշակութային հաստատութիւնները, ազգային դպրոցները: Ու բոլոր ժամանակներուն ալ բոլոր նուաճողներուն հիմնական հարուածները վերջիններուն են ուղղուած: «Հնազանդեցնել եկեղեցին, խեղել մշակութային կեանքը, փակել ազգային դպրոցները» ոչ-բարձրաձայն հնչող կարգախօսը մշտապէս եղած է (առկայ է այսօր ալ) նաեւ ռուսներու գործելաոճին հիմնական ուղեցոյցը»:

Ցարական Կայսրութեան տարածքին, 1880ականներուն, խստացման նոր թափ ստացաւ ռուսացման քաղաքականութեան ալիքը, երբ 1884ի Փետրուար 16ին Ալեքսանդր 3րդ ցարը հաստատեց «Հայ լուսաւորչական եկեղեցական ուսումնարանների մասին կանոնները», որուն համաձայն՝ պաշտօնապէս կը բացառուէր նախակրթարանի տարրական աստիճանէն բարձր հայկական դպրոցներու գոյութիւնը։ Այսինքն՝ կրթութիւնը պէտք է տրուէր ռուսերէն լեզուով:

Ուշագրաւ է ընդգծել, որ ցարական այդ նոր կանոնակարգը որդեգրուեցաւ ճիշդ այն ժամանակ, երբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան գահը թափուր մնացած էր Գէորգ Դ. Կաթողիկոսի վախճանումով։ Կաթողիկոսական նոր ընտրութիւն դեռ չէր կատարուած: Եւ ճիշդ այդ ատեն, «անգլուխ» մնացած Ս. Էջմիածնի բնականոն գործունէութիւն չունենալու պայմաններուն մէջ, ցարական իշխանութիւնները փորձեցին խստացնել հայոց դպրոցները պետական հսկողութեան տակ առնող կարգը:

Բայց ցարական իշխանութեանց համար անսպասելիօրէն, Էջմիածնի Սինոդը մերժեց կիրարկել պետական նոր կանոնադրութիւնը՝ այն հիմնաւորումով, թէ հայկական դպրոցներու կառավարման գործը դարերէ ի վեր գտնուած է հայոց Վեհափառ Հայրապետներու իրաւասութեան ներքոյ, եւ թէ՝ Սինոդը չ՚ուզեր սրբապղծութեան երթալ։ Առ այդ՝ Ս. Էջմիածնի Սինոդը որոշեց նոր կանոնադրութեան կիրարկումը յետաձգելու խնդրանքով դիմել Ցարին, իսկ թեմերուն յանձնարարել, որ չկիրարկեն նոր կանոնադրութիւնը՝ պատճառաբանելով, թէ Էջմիածնի Սինոդէն չեն ստացած գործադրելու յանձնարարական։

Նոյն Սինոդի որոշումով՝ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ Սուքիաս Վարդապետ Պարզեան գործուղղուեցաւ Ս. Պետերբուրգ` բանակցութիւններ վարելու համար, իսկ հայաբնակ բոլոր շրջաններու եւ յատկապէս Թիֆլիսի մէջ հայկական թերթերը դժգոհութեան աղմուկ բարձրացուցին եւ հայ հասարակութիւնը ընդվզեցաւ ու բողոքի ուժեղ շարժում առաջացուց։

Ցարական իշխանութիւնը կը ստիպուի վերաբանալու հայոց դպրոցները

Ստեղծուեցաւ անորոշ վիճակ մը, որ շարունակուեցաւ մօտաւորապէս մէկ տարի: Իշխանութիւնները՝ հարցին նկատմամբ երկար ժամանակ անտարբեր ձեւանալէ ետք, 1885ի Փետրուար 5ին, անփոփոխ ձգելով Ցարի որոշումը, վճռեցին Էջմիածնի Սինոդին 12 օրուան պայմանաժամ տալ նոր կանոնադրութիւնը կիրարկելու։ Մերժում ստանալու պարագային՝ իշխանութիւնը սպառնաց փակել դպրոցները:

Սինոդը կրկին հրաժարեցաւ կատարելէ հրահանգը եւ հետեւանքը եղաւ այն, որ 1885ին Այսրկովկասի, Նոր Նախիջեւանի եւ Բեսարաբիայի մէջ փակուեցան մօտ 300 հայկական դպրոց, ինչը պատճառ դարձաւ համաժողովրդական յուզումի աննախընթաց ուժեղ ալիքի բարձրացման։

Թիֆլիսի հայ յեղափոխական Նարոդնիկական խմբաւորումը, օրինակ, հրատարակեց ու ցրուեց բողոքի թռուցիկ մը, ուր ցարական իշխանութեանց քայլը դատապարտեց իբրեւ «սարսափելի աւազակութիւն» եւ եզրակացուց.- «Իւրաքանչիւր հայ ընտանիք թող դառնայ առանձին հայ դպրոց»։

Իր կողմէ՝ «Մասիս» թերթը յուսադրեց մեր ժողովուրդին, որ տեղի չտայ, որովհետեւ այսօրինակ «բռնակալ իշխանութիւնը չի կրնալ մշտնջենական լինել»:

1885ի Մայիս 23ին, ներքին գործերու նախարար կոմս Դմիտրի Տոլստոյը ցարին զեկուցեց, որ նորահաստատ կանոններն ընդունած է ընդամէնը 1 դպրոց, իսկ 169 կրթարան գոցուած են: Կառավարչապետ Դոնդուկով-Կորսակովը՝ չգոհանալով իր գործած աւերով, արքունի շրջանակներուն փորձեց համոզել, որ Էջմիածնի Սինոդի անդամներուն աքսորի դատապարտեն` «Բարձրագոյնի կարգադրութիւնը չկատարելու համար»։

Բայց Ն.Գ. նախարարը առաջարկը գտաւ «արդարացի, սակայն` աննպատակայարմար», պատճառաբանելով որ ընթացքի մէջ էին կաթողիկոսական ընտրութիւնները:

Այդպէս, Ցարի հաստատումով՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան նոր գահակալ ընտրուեցաւ Մակար Կաթողիկոս, որ թէեւ կը համարուէր ցարին հնազանդ ու ժողովուրդին կողմէ «ցարընտիր» մակդիրն էր ստացած, այսուհանդերձ՝ իր շրջահայացութեամբ ու դիւանագիտական «խաղերով» կրցաւ հասնիլ այն արդիւնքին, որ 1885ի Դեկտեմբեր 17ին Ս.Պետերբուրգի մէջ կայացած խորհրդակցութեան ընթացքին ներքին գործոց նախարար Դմիտրի Տոլստոյը, լուսաւորութեան նախարար (ազգութեամբ հայ, արմատներով ջուղայեցի) կոմս Իվան Դելեանովը եւ Կովկասի կառավարչապետ Ալեքսանդր Դոնդուկով-Կորսակովը դարձեալ քննարկման նիւթ դարձուցին հայոց դպրոցներու հարցը եւ գացին զիջումներու։

Մակար Կաթողիկոս առաջարկած էր կանոնակարգին մէջ շեշտել, որ մէկդասեայ դպրոցը պէտք է ունենայ 3, երկդասեանը` 5 տարուան դասընթացք եւ խնդրած էր թոյլատրել ծխական դպրոցներուն կից ունենալ մէկամեայ լրացուցիչ դասարան` ամբողջ անցած դասընթացքը կրկնելու համար: Առաջարկին միտք բանին ու յետին նպատակը նախակրթական տարրականէն բարձր դպրոց ունենալն էր:

Մակար Կաթողիկոսի առաջարկած գրեթէ բոլոր կէտերն ընդունուեցան։

1886ի Յունուար 16ին Ցարը հաստատեց այդ եզրակացութիւնը, որուն հիման վրայ Ս. Էջմիածնի Սինոդը մշակեց նոր կանոնակարգ եւ վերստին բացուեցան հայկական դպրոցները:

Այդպիսով վերջ չգտաւ սակայն ազգային կրթօճախներ պահել-չպահելու «պատերազմը», որ շարունակուեցաւ թեթեւակի գրոհներով: 1886ի աւարտին Կովկասեան դպրոցներու հոգաբարձու Եանովսկին պահանջեց արգիլել հայոց պատմութեան եւ աշխարհագրութեան դասաւանդումը եւ յորդորեց լուսաւորութեան նախարարութեան` կարգադրել հայ կրօնի ռուսերէն լեզուով դասաւանդումը, հայերէն լեզուով արտօնելով ուսուցումը միայն աղօթքներուն:

Մակար Կաթողիկոս այս հարցին մէջ ալ դիմադրութիւն ցոյց տուաւ: 1888ի Յունիսին Այսրկովկաս գործուղղուեցաւ ներքին գործերու նախարարութեան խորհուրդի անդամ Գիրսը, որ հանդիպելով Կաթողիկոսին հետ` հիմնականին մէջ ընդունեց հայոց պահանջները, սակայն մերժեց հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ Հայաստանի աշխարհագրութեան դասաւանդումը:

1888ի Սեպտեմբեր 28ին Կաթողիկոսը հանդիպեցաւ Այսրկովկաս այցելած Ալեքսանդր 3րդ Ցարին եւ ստացաւ խոստումներ, որոնք թէեւ չյարգուեցան, բայց միւս կողմէ կանխեցին նոր գրոհները հայկական դպրողներու հայեցի կրթութեան առաքելութեան դէմ ու ժամանակաւոր «զինադադար» հաստատեցին։

Այդ «զինադադար»ը հիմնովին խզուեցաւ 1903ի Յունիս 12ին, երբ ցարական իշխանութիւնը լայնածաւալ յարձակումի ձեռնարկեց՝ որդեգրելով «Հայկական եկեղեցական հողերը եւ գոյքը յարքունիս բռնագրաւելու մասին» օրէնքը, որ ոչ միայն ունեզուրկ կը դարձնէր հայոց եկեղեցին, այլեւ փակման վտանգին առջեւ կը կանգնեցնէր Եկեղեցւոյ եկամուտներով պահուող հայոց դպրոցները:

Բայց արդէն հայ ազգային-ազատագրական շարժման յաղթարշաւի ժամանակները թեւակոխած էինք ազգովին եւ հայոց եկեղեցապատկան դպրոցները պետականացնելու Ցարական Կայսրութեան հակահայ քայլը բախեցաւ հայոց միահամուռ ծառացումին ու վիժեցաւ։

Իր ատենին լուսարձակը կը կեդրոնացնենք հայեւռուս կնճռոտ յարաբերութեանց եւ Ցարական Իշխանութեանց վարած Հայաստան առանց հայու քաղաքականութեան այդ փուլին վրայ եւս։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail