ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 17 Մարտ 1905 – Վիտոշի խորհուրդը եւ Քրիստափորի կտակը՝ Քաղաքական Յանդգնութիւն, Յեղափոխական Կամք եւ Գերագոյն Զոհաբերութիւն

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Քրիստափոր Միքայէլեան (1859-1905)

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 17 Մարտ 1905 – Վիտոշի խորհուրդը եւ Քրիստափորի կտակը՝ Քաղաքական Յանդգնութիւն, Յեղափոխական Կամք եւ Գերագոյն Զոհաբերութիւն

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Յուշատետր

17 Մարտ 1905.
Վիտոշի խորհուրդը եւ Քրիստափորի կտակը՝
Քաղաքական Յանդգնութիւն, Յեղափոխական Կամք եւ Գերագոյն Զոհաբերութիւն

Ն. Պէրպէրեան

Որքան թաւալի ժամանակը եւ որքան կուտակուի անցեալի փոշին, այնքան կը շեշտուի այժմէական նշանակութիւնը ժողովուրդներու եւ ազգերու կեանքն ու պատմութիւնը խտացնող անմահութեան պահերուն։

Այդպիսի՛ պահ է, հայ ժողովուրդի ազգային գիտակցութեան մէջ, 17 Մարտ 1905ը, երբ Պուլկարիոյ Վիտոշ լերան լանջին, Հայ ազգային-ազատագրական շարժման անզուգական ղեկավարը՝ Քրիստափոր Միքայէլեան եւ իր գործակից Վռամշապուհ Քենտիրեանը զոհուեցան, Սուլթան Համիտի ահաբեկման համար պատրաստուած ռումբի փորձարկման ընթացքին։

Վիտոշի Խորհուրդը ինչպէս իր օրին եւ այնուհետեւ ամբողջ տասնամեակներ, նոյնպէս եւ այսօր կը շարունակէ լուսաւորել ու առաջնորդել ուղին ոչ միայն հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարին, այլեւ՝ ընդհանրապէս Հայաստանի եւ հայութեան ազգային վերածնունդին եւ դէպի նոր ժամանակներ յեղափոխական վերանորոգ թռիչքին։

Այդպէս է, որովհետեւ Մեծ Մարդասպանը ահաբեկելու իր քաղաքական յանդգնութեամբ, ահաբեկման կազմակերպումը անձնապէս ղեկավարելու իր յեղափոխական կամքով եւ, մանաւա՛նդ, յանուն Սուրբ Գործին գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու իր կենդանի օրինակով՝ Քրիստափոր հայոց սերունդներուն կտակեց բոլոր ժամանակներուն համար ուղի լուսաւորող Գաղափարի Փարոս մը։

Ոչ միայն խօսքով, այլեւ գործով Քրիստափոր մարմնաւորեց անսակարկ անձնուիրումը՝ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան պայքարին։
Գերագոյն զոհաբերութեամբ՝ Քրիստափոր բոլոր ժամանակներու հայութեան համար հաստատեց, որ երբ կայ մարտունակութիւնը եւ երբ աներեր է ի հարկին անհաւասար ուժերով կռուի դաշտ նետուելու կամքը՝ յեղափոխականը ի վիճակի է վերահաստատելու Դաւիթի եւ Գողիաթի առասպելին օրինաչափութիւնը, բռնակալ մեծ կայսրութեան մը գերագոյն խորհրդանիշ Սուլթանին դէմ… համարձակօրէն քալելով։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Քրիստափոր Միքայէլեան (1859-1905)

Հայոց Պատմութեան այդ անմահ պահը կը խորհրդանշէ 17 Մարտ 1905ը։

1859ին Գողթն գաւառի Ագուլիս գիւղը ծնած Քրիստափոր Միքայէլեան կոչումով ուսուցիչ էր։ 1880ին աւարտած էր Թիֆլիսի Ուսուցչանոցը եւ 1885ին մեկնած էր Մոսկուա՝ իր ուսումը կատարելագործելու համար։ Բայց Երկրի կանչը՝ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան պայքարին մեծ խարոյկը վառելու կոչումը, 1887ին, Մոսկուայի յեղափոխաշունչ միջավայրէն տուն դարձուց ուսումը կիսատ թողած Քրիստափորին։ Իր ծննդավայր Ագուլիսի մէջ ուսուցչութեամբ պարապող Քիստափորը ժամանակ չկորսնցուց եւ աշխոյժ լծուեցաւ Կովկասի հայութեան ծոցին մէջ խմորուող յեղափոխական տրամադրութիւններու եւ շարժումներու միաւորման աշխատանքին։

Արմենական եւ Հնչակեան կուսակցութիւնները, յաջորդաբար 1885ին եւ 1887ին, արդէն կեանքի կոչուած էին, բայց մեծ էր պահանջը բոլոր հայ յեղափոխականներու կազմակերպական դաշնակցումին ու զինակցութեան, որպէսզի հայոց ազգային-ազատագրական պայքարը կարենար օսմանեան բռնատիրութեան անողոք հարուածներուն դիմադրել, նաեւ՝ շրջանցել ցարական Ռուսաստանի կաշկանդումներն ու հալածանքները։

Քրիստափոր լծուեցաւ Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան կազմութեան եւ գաղափարական լայնախոհութեամբ ու, միաժամանակ, յեղափոխական մարտունակութեամբ հզօր իր անհատականութեան շնորհիւ՝ յաջողեցաւ իրագործել յեղափոխական հայորդիներու դաշնաւորումն ու միաւորումը, եթէ ոչ մէկ ու միեւնոյն կուսակցութեան առաջացումով, բայց անպայման հայ ժողովուրդի Հաւաքական Ուժը երկաթեայ կազմակերպութեամբ օժտող եւ Ազգային Պատասխանատուութեան Ոգիով յեղափոխական պայքարը ղեկավարող Դաշնակցութեան յաղթարշաւով։

Դաշնակցութեան Գործին ղեկավարութիւնը Քրիստափորին կանուխէն տարաւ Ժընեւ, ուր ցարական հալածանքներէն ձերբազատուած՝ Հայկական Ազատամարտի մեծ առաջնորդը լծուեցաւ շարժման ազգային-քաղաքական ուղղութիւնը հունաւորելու, եւրոպական ազատախոհ շրջանակներուն մօտ Հայկական Հարցին նկատմամբ համակրանքի նկատառելի ալիք բարձրացնելու, «Փրօ-Արմենիա» ֆրանսերէն հրատարակութիւնը իրագործելու եւ մեծ պետութեանց մօտ դիւանագիտական յարաբերութիւններ մշակելու եւ ծաւալելու աշխատանքին։

Եւ երբ 1898ին գումարուեցաւ Հ.Յ.Դ. Երկրորդ Ընդհանուր Ժողովը, որ հետեւեցաւ 1895-1896ի համիտեան կոտորածներուն եւ գումարուեցաւ հակայեղափոխական՝ պահպանողական ու պարտուողական համակերպումի տրամադրութիւններու սաստկացման մթնոլորտին մէջ, Քրիստափոր չէր կրնար այլեւս արտասահման մնալ։ Վերադարձաւ Կովկաս եւ բոլոր ուժերով լծուեցաւ Յեղափոխական Կռիւը նորովի յառաջ մղելու եւ ահագնացնելու պայքարին։ Այդ մղումով էր, նաեւ, որ իրագործեց Հայկական Ազատամարտի նիւթական կռուաններու ապահովման հետամուտ «Փոթորիկ»ի ծրագիրը, որ ունեւոր հայ մեծահարուստներէն նուիրահաւաքն էր յանուն Սուրբ Գործին, ի հարկին բռնի եղանակով։

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Քրիստափոր Միքայէլեան (1859-1905)

Իսկ երբ 1904ին գումարուեցաւ Հ.Յ.Դ. Երրորդ Ընդհանուր Ժողովը, ուր որոշուեցաւ Սուլթան Ապտիւլ Համիտի ահաբեկումը, Քրիստափոր բնականաբար պիտի ստանձնէր որոշումին գործադրութեան ամբողջական պատասխանատուութիւնը, եւ ստանձնե՛ց։

Դաշնակցութեան հիմնադիրը գերագոյն պարտքի զգացումով ձեռնամուխ եղաւ Մեծ Բռնակալի ահաբեկման գործողութեան ծրագրումին եւ գործադրութեան։

Միեւնոյն մղումով ալ անձամբ ղեկավարեց ահաբեկման գործողութեան բոլոր հանգրուաններուն մանրամասն ծրագրումն ու նախապատրաստութիւնը։

Եւ այդ ճամբուն վրայ Քրիստափորի բաժին հանուեցաւ ճակատագրի դառն խաղը։

Վիտոշի լանջին, Կարմիր Սուլթանը ահաբեկելու կոչուած ռումբը վաղահաս պայթեցաւ փորձարկման պահուն՝ զգետնելով մեծ յեղափոխականն ու զինակիցը։

Քրիստափոր բախտը չունեցաւ անձամբ իրագործելու Մեծ Մարդասպանին ահաբեկումը։ Բայց իր նահատակութեամբ վառեց հայոց Յեղափոխական Յանդգնութեան գաղափարական անմար խարոյկը, որ մինչեւ մեր օրերը կը կռանէ կամքերը եւ կ՚ոգեւորէ փաղանգը հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան համար իրենց գերագոյնը նուիրաբերելու պատրաստ հայոց Գաղափարի Մարտիկներուն։

Գերագոյն Յանդգնութեան, Զոհաբերութեան ու Վճռականութեան խորհուրդը լուսէ պսակով նուիրագործող եւ անմահացնող օրն է 1905 թուականի 17 Մարտը։

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Քրիստափոր Միքայէլեան (1859-1905)-3

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail