ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Հայաստանի անկախութիւնը վերականգնելու եւ Արեւմտահայաստանն ազատագրելու պայքարը
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Հայաստանի անկախութիւնը վերականգնելու եւ Արեւմտահայաստանն ազատագրելու պայքարը»
18 Մարտ 2020
Բարի լոյս՝ հայ քաղաքական մտքի դեգերումներուն առաջնորդ գաղափարի մարտիկներուն, որոնց հաւատաւոր եւ երախտաշատ ներկայացուցիչներէն է Մարտ 18ի այս օրը, 60 տարի առաջ, Փարիզի մէջ վախճանած ՍԱՀԱԿ ՏԷՐ-ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ։
1921ի Փետրուար 18ի համաժողովրդական ապստամբութեան յառաջամարտիկ դրօշակիրներէն է հայոց Վասպուրական աշխարհի ծնունդ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆի ինքնատիպ այս դէմքը, որ ԱՆՁՆՈՒԷՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ իր կեանքը իմաստաւորեց յանուն Հայաստանի անկախութեան եւ Արեւմտահայաստանի ազատագրման մղուած ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐով։
Յուշատետրի փոստով ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուած է ԱՒԱՆԴը 1921ի Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէի արժանաւոր քարտուղարին, որ յառաջապահ դիրք գրաւեց Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք տարագիր դարձած Դաշնակցութեան վերականգնումն ու վերանորոգումը հունաւորած ՍԵՐՈՒՆԴին մոհիկաններու փաղանգին մէջ։
Բարի լոյս՝ Հայաստանի ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ եւ Արեւմտահաստանի ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ գաղափարական պայքարը ՍՐԲԱԳՈՐԾԱԾ մօտաւոր անցեալի այդ ՀԱՒԱՏԱՒՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴին, որ ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՉԱՐԻՔԻ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ դէմ անվեհեր ծառացաւ եւ գաղափարական անհաշտ պայքար մղեց՝ կործանուած ազատ ու անկախ Հայաստանը վերականգնելու եւ հողահաւաքով ու հայահաւաքով հզօրացնելու յարատեւ կռուի բոլոր ճակատներուն վրայ։
Վերանկախացեալ Հայաստանի ազգային պետականութիւնը ԼԻԱՐԺԷՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՄԲ ուժեղացնելու այսօրուան իր ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ երթին ընթացքին՝ մեր ժողովուրդը ուսանելի շատ խորհուրդ եւ օրինակելի մեծ աւանդ պիտի գտնէ Սահակ Տէր-Թովմասեանի Սերունդին ԱՆՍԱԿԱՐԿ ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ մէջ։
Բարի լոյս՝ Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջական ազատագրութեան համար շարունակուող պայքարին մէջ մեր ժողովուրդի ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԻ ԵՒ ԿԱՄՔԻ ԴԻՐՔԵՐուն արթուն հսկելու ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ