Սահակ Տէր-Թովմասեան (1892-1960) Փետրուար 18ի Ապստամբութեան գաղափարապաշտ դրօշակիրը․ Հայաստանի ազատագրութեան հաւատաւոր յառաջամարտիկը

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Սահակ Տէր-Թովմասեան (1892-1960) Փետրուար 18ի Ապստամբութեան գաղափարապաշտ դրօշակիրը․ Հայաստանի ազատագրութեան հաւատաւոր յառաջամարտիկը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

Յուշատետր

Սահակ Տէր-Թովմասեան (1892-1960).

Փետրուար 18ի Ապստամբութեան գաղափարապաշտ դրօշակիրը․
Հայաստանի ազատագրութեան հաւատաւոր յառաջամարտիկը

Ն. Պէրպէրեան

Մարտ 18ի այս օրը վախճանած է Հայաստանի Անկախութեան Սերունդի գաղափարապաշտ դրօշակիրներէն՝ 18 Փետրուար 1921ի համաժողովրդական ապստամբութիւնը գլխաւորած Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէի քարտուղար Սահակ Տէր-Թովմասեան։

Փարիզեան հիւանդանոցի մը մէջ, 18 Մարտ 1960ին, վատառողջ սրտի հիւանդութեամբ եւ ընդհանրապէս քայքայուած առողջութեամբ անկողնին գամուած՝ առյաւէտ աչքերը փակեց պայքարի երկար ճամբայ կտրած երախտաշատ դաշնակցականը։
19րդ դարավերջին թափ առած հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարը ծնունդ տուաւ անձնազոհ նուիրեալներու երախտաշատ փաղանգի մը՝ տարբեր անհատականութեանց եւ ինքնատիպ արժանաւորներու ընդգրկուն համապատկերով հարստացնելով հայոց պատմութեան նորագոյն ժամանակաշրջանը։

Քաջ Ֆետային, Խոնարհ Հերոսը, Խրոխտ Ահաբեկիչը, Անկեղծ Զինուորը, Գաղափարի Մարտիկը, Մարտունակ Պատանին, Յառաջադէմ Ուսանողը, Անբասիր ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆը, Բոցաշունչ Բանաստեղծը, Յանձնառու Մտաւորականը, Աննկուն Յեղափոխականը, Կամքերու Դարբինը եւ բազում ուրիշ, նոյնքան խորհրդանշական մտակերպարներ միս ու ոսկորով մարմնաւորեցին ու շնչաւորեցին Հայկական Յեղափոխութիւնը։

Սահակ Տէր-Թովմասեան կը պատկանէր Դաշնակցութեան երրորդ սերունդին, որ հայ իրականութեան մէջ իր աչքերը բացաւ 19րդ դարու վերջին տասնամեակին, մանուկ եւ պատանի տարիքին տեսաւ, լսեց ու ապրեցաւ Հայկական Յեղափոխութեան ալեկոծումներն ու վերիվայրումները, պանծալի սլացքներն ու ահաւոր անկումները եւ, թրծուելով Դաշնակցութեան անդրանիկ սերունդի շունչով ու հետեւելով անոր կենդանի օրինակին՝ հազիւ երիտասարդ տարիքին հասած, իր կարգին անմնացորդ նետուեցաւ պայքարի դաշտ։

Սահակ Տէր-Թովմասեանի անունը անջնջելիօրէն կապուած կը մնայ 1921ի Փետրուար 18ի համաժողովրդական ապստամբութեան՝ խորհրդային նորահաստատ կարգերուն դէմ առաջին ազգային ծառացումին, հանդիսանալով անձնուէր քարտուղարը բողոքի այդ շարժումը ղեկավարած Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէին։

Ան ծնած է 1892ին, Վասպուրականի Շատախ գաւառի Ջերմաձոր գիւղը։ Միջնակարգ ուսումը ստացաւ Վանի մէջ եւ անմիջապէս վերադարձաւ իր ծննդավայր գիւղը, ուր եւ անդամագրուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։ Իշխանի, Ռուբէնի եւ Արամ Մանուկեանի շունչով կազմաւորուեցաւ անոր դաշնակցականի նկարագիրը։

1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք էր, որ նորահաս երիտասարդ Սահակ ուշադրութիւն գրաւեց հանրային իր աշխոյժ գործունէութեամբ։ Օսմանեան Սահմանադրութեան աւետած ազատութեան, եղբայրութեան եւ հաւասարութեան խոստումներուն հաւատք չընծայելու գաղափարական կողմնորոշումին դրօշակիրներէն եղաւ՝ Շատախի «Տիգրիս» եւ «Նոր Տիգրիս» խմորատիպ պարբերականներուն իր բերած աշխատակցութեամբ։ Շատախի հայութեան զինման եւ ինքնապաշտպանութեան համար անդուլ աշխատող մը դարձաւ եւ պատահական չէր, որ Ատանայի կոտորածին եւ այլուր պարզուած հակահայ ոտնձգութեանց դէմ ընդվզող ու իթթիհատական խոստմնադրուժ իշխանութեանց դէմ ըմբոստացման դրօշը պարզող առաջին շրջաններէն եղաւ Շատախի հայութիւնը։ Սահակ Տէր-Թովմասեան վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցաւ Շատախի ըմբոստացման ղեկավար ու ոգեշնչող գործիչներու շարքին։

Առաջին Աշխարհամարտի օրհասական օրերուն, Վանի եւ ընդհանրապէս Վասպուրականի հայութեան ինքնապաշտպանութեան դժուարին կռիւներու կազմակերպումին եւ ղեկավարումին մէջ եւս, կարեւոր ներդրում ունեցաւ Սահակ Տէր-Թովմասեան։ Իբրեւ այդպիսին՝ Շատախի մարտունակ հայութեան հետ, ան թէ՛ վայելեց թրքական զօրքերը պարտութեան մատնելու եւ Վասպուրականը ազատագրելու յաղթանակին բերկրանքը, թէ՛ ցմրուր ճաշակեց յաղթանակին յաջորդած եւ ռուսական զօրքերու նահանջին հետ ողջ Արեւմտահայաստանի վերապրող հայութեան Երկիրը պարպելու եւ իբրեւ գաղթական Արեւելահայաստան ապաստանելու ճակատագրին դառն բաժակը։

Հայաստանի անկախութեան կերտման հերոսամարտներու ընթացքին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնաւորման ու շինարարութեան ամբողջ տեւողութեան, Սահակ Տէր-Թովմասեան կանգուն մնաց պատնէշի վրայ եւ իր հետ կանգուն պահեց Շատախի գաղթական հայութիւնը։ Այդ պատճառով ալ, երբ քեմալական Թուրքիոյ սալին ու պոլշեւիկեան Ռուսաստանի մուրճին միջեւ իյնալով՝ կործանուեցան Հայաստանի անկախութիւնն ու ազգային պետականութիւնը, Սահակ Տէր-Թովմասեան անվարան եւ անսակարկ զոհաբերութեան ոգիով փութաց տէր կանգնելու հայ ժողովուրդի անփոխարինելի ձեռքբերումին։

Այդ մղումով էր, որ Սահակ Տէր-Թովմասեան 1921ի Փետրուարեան համաժողովրդական ապստամբութեան յառաջապահներէն եղաւ եւ նորակազմ Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէի քարտուղարը դարձաւ։ Ապստամբութեամբ վերանուաճուած կարճատեւ անկախութեան շրջանին ան աչքի զարկաւ յառաջապահ իր ծառայութեամբ։

Ապստամբութեան վախճանէն ետք, Սահակ Տէր-Թովմասեան իր կարգին, Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ, անցաւ Թաւրիզ (Ատրպատական), ուր շատ կարճ ժամանակ մնալէ ետք վերջնականապէս հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր եւ գործեց մինչեւ իր մահը՝ 18 Մարտ 1960։

Սահակ Տէր-Թովմասեանի փարիզեան քառասնամեայ գործունէութիւնը ունեցաւ համակ անձնուիրումի եւ հաւատաւոր դաշնակցականի անսակարկ ծառայութեան պատմութիւն մը։ Մինչեւ վերջին շունչ աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ Դաշնակցութեան տարագիր կազմակերպութեան հունաւորման, տարածման եւ արմատաւորման գործին՝ հետեւողականօրէն Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի կառոյցին ղեկավար մարմիններուն մաս կազմելով, Հ.Յ.Դ. իրերայաջորդ Ընդհանուր Ժողովներուն իբրեւ շրջանէն պատգամաւոր ընտրուելով։

Դաշնակցականի կարգապահութիւնը, գաղափարական յանձնառութիւնը եւ, մանաւա՛նդ, ինքնահաւատարմութիւնը նկարագրի տիրական յատկանիշները եղան Հայ Ազգային-Ազատագրական Շարժման այս ինքնատիպ դրօշակիրին։

Սահակ Տէր-Թովմասեան երբեք չհաշտուեցաւ Հայաստանի անկախութեան կորուստին եւ հայ ժողովուրդի հայրենի հողի վրայ վերապրող հատուածին պարտադրուած խորհրդային ամբողջատիրութեան հետ։ Տարագիր իր գործունէութեան ամբողջ շրջանին, իբրեւ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ, ան մշտական կապի եւ գործակցութեան մէջ մնաց Կովկասեան տարագիր՝ գերեվարեալ ազգերու կազմակերպութեանց հետ։

Իսկ Երկրորդ Աշխարհամարտի դժուարին տարիներուն, Նացիական տիրապետութեան տակ ինկած հայութեան ֆիզիքական պաշտպանութեան գործը նորովի լարում տուաւ Սահակ Տէր-Թովմասեանի կազմակերպական տաղանդին։
Յատկապէս Զինադադարէն ետք, կուսակցական առաքելութեամբ, ան ուղարկուեցաւ Գերմանիոյ Շթութկարտ շրջանը, ուր աւելի քան երեք հազար հայ ռազմագերիներ ու տարագիրներ խմբուած էին։ Անոնց ազատ արձակման, տեղափոխման կամ տեղաւորման աշխատանքներուն մէջ մեծապէս բարեբեր դերակատարութիւն ունեցաւ Սահակ Տէր-Թովմասեան։

Խորհրդային ամբողջատիրութիւնը հասկնալիօրէն բնաւ չներեց անձնազոհ ու հաւատաւոր այս մեծ հայուն։ Իր կեանքի վերջալոյսին, 1959ին, երբ սրտի կաթուածով արդէն անկողին գամուած էր, տեղի ունեցաւ Խրուշչովի Փարիզ այցելութիւնը։ Խորհրդային իշխանութեանց պահանջով՝ ֆրանսական իշխանութիւնները ժամանակաւոր աքսորի ենթարկեցին այսպէս կոչուած Խորհրդային Միութեան «թշնամի» ֆրանսացիները, որոնց ցուցակին վրայ կար նաեւ անունը Սահակ Տէր-Թովմասեանի։ Անկողինէն շարժելու անկարող հայ գործիչին իսկ չկամեցան խնայել խորհրդային գործակալները, որոնք անզիջող մնացին ֆրանսական իշխանութիւններէն՝ Սահակ Տէր-Թովմասեանը աքսորելու իրենց պահանջին մէջ։ Խորհրդային այդ անարգ հալածանքը կարելի եղաւ ձախողութեան մատնել՝ միայն ֆրանսական քաղաքական ուժերու բարձրագոյն միջամտութեանց շնորհիւ։

Միշտ պատնէշի վրայ արթուն հսկող Հայկական Յեղափոխութեան անձնուէր պահակի ինքնատիպ կերպարն է Սահակ Տէր-Թովմասեան։

Սահակ Տէր-Թովմասեան նաեւ բեղուն մասնակցութիւն բերաւ դաշնակցական մամուլին, յատկապէս «Յառաջ»ին, ոչ միայն հայ ազգային-ազատագրական շարժման նուիրուած յուշագրութիւններով, այլեւ՝ հայ ժողովուրդի քաղաքական ուղին յուզող հարցերու լուսաբանութեամբ։

Իբրեւ իր սերունդին արժանաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը՝ Սահակ Տէր-Թովմասեան գործիչային առաքելութեամբ շրջեցաւ Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայօճախները, Հայաստանի ազատագրութեան գաղափարին շուրջ համախմբելով եւ խանդավառելով նորահաս սերունդները։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail