ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Սերունդներուն յանձնուած գաղափարական ու բարոյական ԱՆԲԱՍԻՐ ՎԱՐՔով ֆետայիներու անկորնչելի ԱՒԱՆԴ է Խմբապետ Մուշեղի ժառանգութիւնը
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Սերունդներուն յանձնուած գաղափարական ու բարոյական ԱՆԲԱՍԻՐ ՎԱՐՔով ֆետայիներու անկորնչելի ԱՒԱՆԴ է Խմբապետ Մուշեղի ժառանգութիւնը»
19 Մարտ 2020
Բարի լոյս եւ երախտիքի խունկ՝ հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած եւ անոր ՈՂՆԱՇԱՐը ՁԻԳ ու ԱՄՈՒՐ պահած 19րդ դարավերջի հայոց ազգային-ազատագրական շարժման ԱՆՄԱՀ ՖԵՏԱՅԻՆԵՐՈՒՆ։
Բարի լոյս՝ Հայաստանի եւ Հայութեան ազատագրական պայքարին յառաջամարտիկ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԽՄԲԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ոգեշնչող ԱՒԱՆԴին, որուն ճառագայթող դէմքն ու խորհրդանիշն է ԽՄԲԱՊԵՏ ՄՈՒՇԵՂ։
Մարտ 19ի այս օրը, 64 տարի առաջ, վախճանեցաւ հայոց լեռներու խոյանքին ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ՄԱՐՄՆԱՒՈՐՈՒՄը իւրովի շնչաւորած եւ անմահացուցած ՔԱՋԱՐԻ ՍԱՍՈՒՆՑԻՆ, որ անկեղծ զինուորի գաղափարապաշտութեամբ ու արժանաւորութեամբ իր անունը ՄԻԱԽԱՌՆԵՑ Հայաստանի ԱՆԿԱԽԱՑՄԱՆ եւ ՀԱՅԱՑՄԱՆ հերոսապատումին։
Յուշատետրի փոստով ներկայացուած ամփոփ տեղեկանքէն անդին, այսօր լուսարձակի տակ բերուելու եւ իբրեւ ներշնչման աղբիւր ոգեկոչուելու արժանի է ՂԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԽՄԲԱՊԵՏը ՄՈՒՇԵՂ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆի մէջ, որ պատանի տարիքէն անխոնջ կռիւ մղեց Ազգի եւ Հայրենիքի ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄԻՆ համար։
Բարի լոյս՝ վատթար թշնամիներուն դէմ բոլոր մարտերէն յաղթական դուրս եկած ԱՆՊԱՐՏԵԼԻ ՖԵՏԱՅԻԻՆ, որ զէնքը վար դրաւ միայն այն ատեն, երբ 28 Մայիս 1918ին Հայաստանի ազատ ու անկախ Հանրապետութեան նուաճումին եւ 18 Փետրուար 1921ին համաժողովրդական ապստամբութեան շղթայազերծումին իր պատմակերտ ներդրումը բերելէ ետք՝ ՀԱՅԱՑՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ու իր ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱԿ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ կտակեց գալիք սերունդներուն։
Խմբապետ Մուշեղի ՍԵՐՈՒՆԴը վեր է գաղափարական ամէն կարգի խծբծանքներէ՝ զերծ է մանաւանդ ԽՄԲԱՊԵՏ ՄԻՀՐԱՆի օրինակով դաշնակցական անունը չարաշահելու եւ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՍԵՓԱԿԱՆ ԱԳԱՐԱԿի պէս վարուելու բարոյական անկումի որոգայթներէն։
Գաղափարական ու բարոյական ԱՆԲԱՍԻՐ ՈՐԱԿՈՎ սերունդներուն յանձնուած Աւանդ է Դաշնակցական Խմբապետի ժառանգութիւնը, որուն ըստ արժանւոյն գնահատումը հիմնական նշանակութիւն ունի ՆՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆի ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴին, այլեւ ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ ՊԱՅՔԱՐի լծուած հայ ժողովուրդի ազգային միասնականութեան վերանորոգումին եւ հայ քաղաքական մտքի ներքին միասնութեան ամրագրումին մէջ։
Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջական ազատագրումի եւ լիարժէք վերականգնումի պայքարը, իր ողջ ներուժով թափ առնելու եւ յառաջ մղուելու համար, ներշնչման իր կիզակէտին կարեւորութեամբ պիտի հիմնուի Խմբապետ Մուշեղի օրինակով հերոսական ծնունդներու Աւանդին վրայ։
Յատկապէս հայրենական հողի վրայ հասակ նետող հայոց նոր սերունդներուն հաշւոյն, ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՐՏՔը ունինք միշտ յիշելու եւ յիշեցնելու հայ ազգային-ազատագրական շարժման ԱՆՁՆՈՒՐԱՑ ԽՄԲԱՊԵՏՆԵՐը, որոնց վարքն ու գործը երկար տասնամեակներ դուրս պահուեցաւ հայրենի հայութեան նորահաս սերունդներու դասագիրքերէն։
Դաշնակցական Խմբապետի ոգեշնչող Աւանդը լիարժէք ճանչնալու ամէն իրաւունք ունին հայրենի հողի վրայ կազմաւորուող հայոց նորահաս սերունդները, որոնք ի վերջոյ պիտի յաղթահարեն «Խմբապետ Շաւարշ»ի չարենցեան խեղանկարով «սնանելու» պոլշեւիկեան շարունակուող «ժառանգութիւն»ը։
*
* *
Խմբապետ Մուշեղին մօտէն ճանչցած էր սփիւռքահայ մեծատաղանդ բանաստեղծ, արձակագիր եւ հրապարակագիր Անդրանիկ Ծառուկեան, որ «Երազային Հալէպը» անուն իր հանրածանօթ գործին մէջ արձանագրած է հետեւեալ կենդանագիրը.-
Հսկայ մարմին մը, վրան առիւծի գլուխ մը եւ երկու աչքեր, լեռնային լճակներու պէս խաղաղ ու վճիտ աչքեր։ Ամէն ինչ այդ աչքերուն մէջ է։ Իր մտածումները, զգացումները, ապրումները հոն են, այդ աչքերուն մէջ, որոնց թափանցիկ պայծառութեան մէջ կը կարդաս իր պարզունակ հոգին։ Հոգի մը, որ ծալքեր չունի, ներքին ալեկոծումներ եւ բարդութիւններ չի ճանչնար, այլ անմեղ մանուկի աչքերով կը դիտէ աշխարհը, զարմացած եւ զարմանալու միշտ պատրաստ։
Ուսման բարիքները, ինչպէս եւ չարիքները անծանօթ են իր ուղեղին, որ դեռ մաքուր է, կաւիճէն չաղարտուած գրատախտակի մը պէս։ Մեսրոպեան տառերը հեգելու ժամանակ չէ ունեցած։ Իր կոշկոռած ձեռքերը հազիւ սորված են գութանին մաճը բռնել, անմիջապէս յետոյ հինգ մատներով գրկելու համար հրացանին պողպատը։ Ուրիշ գործ չի գիտեր, չէ ունեցած։ Ո՛չ արհեստ, ո՛չ ուսում։
Իր սպիտակ նժոյգով եւ հրացանով պատմութեան անցած եւ այնտեղ ալ մնացած՝ խմբապետ Մուշեղը հիմա պարզապէս եղած է ընկեր Մուշեղ մը, որուն հետ կը նստինք, կը խօսինք, կը խօսեցնենք։ Խօսիլ շատ չի սիրեր, մանաւանդ իր մասին։ Եւ մեր պատանեկան անյագուրդ ծարաւին գոհացում տալու համար է, որ երբեմն կը զիջի պատմել դրուագ մը։
«- Այդտեղ՝ տղերքը իսկոյն դիրք գրաւեցին։ Տղաներէն մէկը ծանր վիրաւորուեցաւ, ինչ որ կատաղութեան հասցուց ընկերներուն զայրոյթը եւ գրոհի անցան, փախուստի մատնելով թշնամին»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Սերունդներուն յանձնուած գաղափարական ու բարոյական ԱՆԲԱՍԻՐ ՎԱՐՔով ֆետայիներու անկորնչելի ԱՒԱՆԴ է Խմբապետ Մուշեղի ժառանգութիւնը
Միշտ տղերքն էին, տղաները, ինք չկայ։ Միշտ կը խօսի երրորդ դէմքով։ Անգամ մը միայն շեղում ունեցաւ.– «Այդ կռիւին, ներողութիւն սրա համար, ձիս զարնուեցաւ»։
Անձնական այդ միակ յիշատակութեան համար – ներողութի՜ւն…
Մուշեղին այդ համեստութիւնը եւ պարզութիւնը կանուխէն ազդած են վրաս եւ մէկէ աւելի յօդուածներ գրած եմ իր մասին։
Դիպուածական պատահմունք պէտք չէ եղած ըլլայ, որ «Թուղթ առ Երեւան»ի մէջ մեր ապրող մարտիկներէն միայն Մուշեղն է, որ կը յիշատակուի, երբ դեռ ողջ էին Դրօն, Ռուբէնը եւ ուրիշներ…
… Ի՞նչ եղած էր սակայն Մուշեղին գործը անցեալին։ Անձնուրաց եւ անվեհեր մարտիկ Սասունի լեռներուն վրայ՝ եզական պարագայ մը չէր։ Շատեր կային իրեն պէս։ Մուշեղին իսկական գործը, մեծ գործը, Կովկասի մէջ էր, Հանրապետութեան շրջանին։ Հայաստանը հայացնող հեծեալ մարտիկներու ջոկատին խմբապետն էր։
Սասունցիներու այդ գումարտակը, թիւով 200 հոգի, զինուորական հրամանատարութենէն անջատ միաւոր մըն էր, որ դրուած էր ուղղակի պատերազմական նախարար Ռուբէնի հրամանատարութեան տակ։
«- Գրաւոր կամ բերանացի հրաման տալու պէտք չունէի Մուշեղին,- կ՚ըսէր Ռուբէն։ Սեղանիս բացուած Հայաստանի քարտէսին վրայ թուղթէ պզտիկ դրօշակներ կը դնէի եւ բարձրաձայն կը կարդայի նշուած թրքական գիւղին կամ աւանին անունը։ Մուշեղը կը հասկնար ու կ՚երթար։ Ինծի զեկոյց տալու պէտք չունէր։ Գիտէի թէ ճշդուած վայրը մաքրուած է»…
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ