ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Վեղարաւոր աշուղը յուսացել է հայրենիքի ազատութիւնը, երգել է այն մեծ հաւատով ու ներշնչումով, բայց անցել են շատ ժամանակներ, եւ այդ ազատութիւնը չկայ…
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Վեղարաւոր աշուղը յուսացել է հայրենիքի ազատութիւնը, երգել է այն մեծ հաւատով ու ներշնչումով, բայց անցել են շատ ժամանակներ, եւ այդ ազատութիւնը չկայ…»
20 Մարտ 2020
Բարի լոյս՝ մահացու համաճարակէն զարհուրած երկրագունդի ողջ մարդկութեան փրկութեան դարման որոնող եւ դիմադրական կորով ներշնչող բոլոր ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ։
Բարի լոյս՝ հանուր մարդկութեան հետ ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐը դիմագրաւող հայ ժողովուրդի զգաստ զաւակներուն։
Մարդկային քաղաքակրթութիւնը ինքնապահպանման անսպառ ներուժ ունի եւ բնութեան հետ իր պայքարէն ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՀՆԱՐԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ միշտ ալ յաղթական դուրս եկած է։
Բարի լոյս՝ համաշխարհային ներկայ աղէտը դիմագրաւելու ընթացքին քաղաքակրթական անցեալի սխալները չկրկնելու, բնութեան օրէնքները յարգելու եւ ԵՐԿՐԱԳՈՒՆԴԻՆ ու ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ միջեւ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՕՐԷՆՔը վերահաստատելու ԶԳՕՆՈՒԹԵԱՆ։
Սպասելով ՀԱՄԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԻՆՔՆԱՄԵԿՈՒՍԱՑՄԱՆ այսօրուան ՄՂՁԱՒԱՆՋի յաղթահարումին՝ վերաբանանք մեր Փոքր Ածուի Ազգային Ժառանգութեան յուշատետրը եւ խոկումի ու խորհրդածութեան այսօրուան մեր նշխարով հաղորդուինք։
Բարի լոյս՝ Մարտ 20ի այս օրը, 236 տարի առաջ, վախճանած Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ տաղանդաւոր հոգեւորականին՝ ՊԵՏՐՈՍ ՂԱՓԱՆՑԻԻՆ, որ հայոց ժողովրդական տաղասացութեան տաղանդաւոր վարպետը հանդիսացաւ եւ իր աշուղական սիրուած երգերով նախակարապետը դարձաւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման շղթայազերծումին։
Յուշատետրի փոստը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցած է ընդհանրապէս մոռացումի մատնուած ԱՐԺԱՆԱՒՈՐ ՏԱՂԵՐԳԱԿԻՆ կեանքն ու ժառանգութիւնը։ Այստեղ պարզապէս կ՚արժէ շեշտել, որ հայ ժողովուրդը տակաւին 18րդ դարուն արդէն սթափած էր ԽԱՒԱՐԱՄԻՏ ԱՐԵՒԵԼՔի տարածած ու հուրով եւ սուրով պարտադրած ՍՏՐԿԱՄՏՈՒԹԵՆԷՆ։
Բարի լոյս՝ մեր ժողովուրդի սիրտն ու միտքը թունդ հանած ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՏԵՆՉը ՊԱՅՔԱՐԻ ԵՐԳԻ վերածած ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՏԱՂԱՍԱՑՆԵՐՈՒՆ, որոնց երգերուն արձագանգը մինչեւ մեր օրերը դէպի պայքարի դաշտ կ՚ուղղէ յաղթ քայլերը հայոց սերունդներուն։
Ահա՛ վկայութիւն մը Պետրոս Ղափանցիի ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ մասին․-
Է, ԻՄ ՎԱՐԴԻԿ, ԸԶՔԵԶ ՈՂԲԱՄ ԱՄԻ-ԱՄԻ
Աղբիւր՝ Շուշանիկ Նազարեան, «Պետրոս Ղափանցի․ Բանաստեղծութիւններ», 1990, Երեւան։
«Վարդ» խորհրդանիշով «Ազգին» նուիրուած երկրորդ բանաստեղծութիւնն Է: Խորագիր՝ «Առ ազգն իմ պատուելի խորհրդաբար նշանակութեամբ վարդի»: «Կարմելոս», «Լիբանան» եւ «Սանիր» լեռները, իրենց բարձրութեամբ ու անմատչելիութեամբ ազատասէր, ապստամբ քրիստոնեաների համար պայքարի խորհրդանիշներ են եղել: Ըստ աւանդութեան հռոմէացիները Կարմելոսի վրա պահապան զօրք են ունեցել եւ յաղթական կամար կանգնեցրել: Պ. Ղափանցին եւս փոխաբերական իմաստով է յիշում այդ լեռների անունները:
Թէոդիկն իր «Ամէնուն տարեցոյցի» մէջ (1915 թ., էջ 9) տպագրելով այս բանաստեղծութիւնը (1-5, 10, 11րդ տները), գրում է.- «Ինչ-ինչ տուներ յապաւեցինք սոյն միամիտ, հայրենաշունչ տաղին ուժգնութիւնն անեղծ պահելու համար եւ հրատարակելով զայն՝ ուզեցինք, մանաւանդ, վերարծարծել յիշատակն այն վեղարաւոր աշուղին, որ մոռացուած մըն է շատերէն, նոյնիսկ հայ մատենագրութեան պատմութեամբ զբաղուողներէն»:
Թէոդիկը Պ. Ղափանցուն աշուղ է կոչում՝ նրա երկերի ժողովրդական շունչը հաշուի առնելով: «Ամէնուն տարեցոյցի» արժանայիշատակ խմբագիրը «միամիտ ու հայրենաշունչ տաղ» խօսքերը գրում է սրտի մորմոքումով՝ ցանկանալով ասել, որ դեռեւս 150 տարի առաջ՝ «վեղարաւոր աշուղը» յուսացել է հայրենիքի ազատութիւնը, երգել է այն մեծ հաւատով ու ներշնչումով, բայց անցել են շատ ժամանակներ, եւ այդ ազատութիւնը չկայ…
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ