ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Պապերի դրած օրէնքն առաջին Իգիդ չէր ասւում էն տղամարդը, Որ չէր խոնարհւում սուրբ աղ ու հացին Արար աշխարհի օրէնքների դէմ Ես նրանից մեծ օրէնք չգիտեմ
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Պապերի դրած օրէնքն առաջին․
Իգիդ չէր ասւում էն տղամարդը,
Որ չէր խոնարհւում սուրբ աղ ու հացին․
Արար աշխարհի օրէնքների դէմ
Ես նրանից մեծ օրէնք չգիտեմ»
21 Մարտ 2020
Բարի լոյս՝ աշխարհը ղեկավարող ընդհանուր օրէնքներու հիմքին մեր իւրայատուկ արժէքները պահպանելու եւ հիմնաւորելու, այլեւ ՍԵՐՈՒՆԴԷ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԱԾ ՈՒ ՓՈԽԱՆՑՈՒԱԾ ՄԵՐ ՍԵՓԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐԸ միախառնելու եւ հաստատագրելու ՀԱՅՈՒ ԱՒԱՆԴԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ։
Բարի լոյս՝ հայրենի հողին ու ջուրին, հայոց բարձրաբերձ լեռներուն եւ ամեհի ձորերուն, արգասաբեր դաշտերուն եւ լերկ ժայռերուն, արժանապատուութեան դատաստանին եւ աւանդութեան ուժին հետ հաշտ ու համերաշխ ապրելու, ինքնուրոյն սրբութիւններ արարելու, սերունդէ սերունդ լաւագոյնն ու վսեմը փոխանցելու եւ ինքնուրոյն ուղի հարթելու ՀԱՅՈՒ ԻՆՔՆԱՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՆԵՐՈՒԺԻՆ։
Մարտ 21ի այս օրը հայ ժողովուրդը կ՚ոգեկոչէ մահուան 78րդ տարելիցը հայոց անմահներու պանթէոնին մէջ արժանաւոր իր պատուանդանը նուաճած ՎԱՀԱՆ ՄԻՐԱՔԵԱՆի, որ «Լալուարի որսը» անուն իր դիւցազներգական գլուխ-գործոցով հայ գրականութեան պարգեւեց Յովհաննէս Թումանեանի «Անոյշ»ին համարժէք բանաստեղծական երկուորեակը։
Յուշատետրով ամփոփ անդրադարձ մը կատարուած է Վ․ Միրաքեանի կեանքին ու գործին։ Ստորեւ տրուած է նաեւ պատառիկ մը՝ «Լալուարի որսը» երկարաշունչ բանաստեղծութենէն, որ այնքան զեղուն յոյզերով գունագեղ եւ հիւթեղ բնապատկերը կը խտացնէ Հայաստան Աշխարհին։
Բարի լոյս՝ քորոնավիրուսի համաճարակի աղէտին պատճառած համաշխարհային անդոհանքին ու մղձաւանջին մէջ ներամփոփման իր ապահով անկիւնը փնտռող ընթերցողին, որ «Լալուարի որսը» գործին գլխաւոր հերոսներուն – Որսկան Աւագի, անոր դստեր՝ Ալ-Վարդի եւ այս վերջինին հետ փոխադարձ սիրով կապուած քաջ Գող Կարոյի – ՍԻՐԱՅԻՆ ԴԺԲԱԽՏՈՒԹԵԱՆ ընդմէջէն կը հաղորդուի ազգային ու տոհմիկ մեր աւանդութեանց եւ սովորոյթներուն հետ անհաշտ երիտասարդ զոյգի անմեղ սիրոյ ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ։
Արժանապատուութեան եւ Բարի Անուան ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ու ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ հայ հայրը՝ Որսկան Աւագը «հայու ատաթ»ի սիրոյն չվարանեցաւ որսկանի իր անվրէպ փամփուշտներով վերջ տալու իր միակ զաւկին՝ աղջկան եւ անոր սիրեցեալի մատղաշ կեանքերուն, իր կարգին խելագարուած՝ լեռներուն եւ ժայռերուն մէջ․․․ ապաստան փնտռելով։
Բարի լոյս՝ մեր ժառանգած արժէքներուն եւ աւանդութեանց հանդէպ ԻՆՔՆԱՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆը բնութեան եւ ժամանակի հոլովոյթին հետ վերանորոգելու, բարեկարգելու եւ արմատաւորելու ՈՂՋԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ։
Աւանդապահութիւնը անցեալի ինքնքնպատակ պաշտամունք չի նշանակեր, մանաւանդ անցեալի սովորութիւններուն եւ մտայնութեանց կուրօրէն գերի դառնալ չի նշանակեր։
Ինչպէս որ ժամանակին հետ քայլ պահելու հրամայականով չեն կրնար արդարացուիլ անցեալէն եկած ամէն արժէքի ու աւանդի նկատմամբ ԹԵՐԱՀԱՒԱՏՈՒԹԻՒՆՆ ու ԱՐՀԱՄԱՐՀԱՆՔը։
Ամբողջ մարդկութիւնը ահա ահաւոր գին կը վճարէ ներհակ այդ ուղղութիւններով բեւեռացման երթալու քաղաքակրթական իր մոլորանքին։ Ո՛չ արհեստագիտական «յառաջդիմութեան» առասպելականացումը, ո՛չ ալ սովորոյթի կամ աւանդապահութեան ինքնանպատակ պաշտամունքը կրնան օգնել ՄԱՐԴՈՒՆ ԵՒ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԻՆ։
Բարի լոյս՝ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ողբերգականութիւնը լուսարձակի տակ բերող եւ գալիքը ԻՆՔՆԱԹԱՐՄԱՑՄԱՆ ՈՒՂԻՈՎ հունաւորելու հրամայականը շեշտող հայ մտքի եւ մշակոյթի մշակներուն, բոլոր ժամանակներու ՀԱՅ ՀՈԳԻԻ ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱԿՆԵՐՈՒՆ։
*
* *
Ծագում է մանուկ արեւը գարնան
Կովկաս լեռների ձիւնէ պատնէշից,
Զարթնում են մէկ-մէկ սարերն աննման
Ձմրան անվրդով քնի մշուշից.
Տեսե՞լ էք արդեօք լեռների երկիր,
Ուր գագաթները ձիւնի փայլելիս
Խաղում են, շոյում երկնքի գրգիռ,
Ադամանդեղէն համբոյրներ տալիս։
Ուր հայրենիքում փայլակ-կայծակի
Գիշերուայ դրոշմած գաղտնի համբոյրներ
Երգում են երկրին սէրը երկնքի,
Դողում են սիրուց սարեր ու ձորեր։
Լեռների աշխարհ, Գուգարք հարազատ,
Սիրում եմ հողըդ ու ջուրդ անարատ,
Սարերիդ կորած մութ ամպերի մէջ
Սիրում եմ մենակ ման գալով անվերջ։
Սեւ-սեւ ծերպերով ահեղ ցիրուցան
Լեռներդ են կանգնած բնութեան արձան,
Եւ նրանց կրծքից, ծարաւի համար
Սառն աղբիւրներդ են հոսում անհամար։
Դէ, արի՛, իմ գրիչ, սեւ֊սեւ վշտերի,
թափիր երգերիդ յանգն ու ելեւէջ.
Երգի՛ր դու հուրը սեւ-սեւ աչերի,
Գիշերից մռայլ, դժոխքից անշէջ։
Արի՛, հետեւի՛ր սիրուն Ալվարդին,
Տե՛ս թէ նա ինչպէ՞ս, կամ ինչո՞վ շանթեց,
Որ ջահելները մոռցան ջիրիդին,
Իսկ զուռնան այրուած բայաթին հնչեց։
Վահան Միրաքեան, «Լալուարի որսը»։
http://tert.nla.am/…/…/Ardy/1951-1980/lalvari_vorsy_1967.pdf