ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Սուլթանովի գործողութիւններին հակակշիռ՝ ոչինչ չձեռնարկեցինք: Այդպէս վարուելով չարաչար պիտի պատժուենք ու հիմնայատակ կործանուենք

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – 22 Մարտ 2020

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Սուլթանովի գործողութիւններին հակակշիռ՝ ոչինչ չձեռնարկեցինք: Այդպէս վարուելով չարաչար պիտի պատժուենք ու հիմնայատակ կործանուենք

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Սուլթանովի գործողութիւններին հակակշիռ՝ ոչինչ չձեռնարկեցինք: Այդպէս վարուելով չարաչար
պիտի պատժուենք ու հիմնայատակ կործանուենք»

22 Մարտ 2020

Բարի լոյս՝ սեփական պատմութեան դասերը – յատկապէս դառն ու դաժան փորձառութիւններէն քաղուած դասերը – մտահան չընելու, ուղղակի ականջի օղ ընելու, այլեւ՝ չկրկնելու եւ սրբագրելու ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ իրենց կեանքի ու պայքարի ուղին հարթող ու հունաւորող Ազգի ու Հայրենիքի ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱԿՆԵՐՈՒՆ։

Մարտ 22ի այս օրը հայ ժողովուրդը կ՚ոգեկոչէ դարալիցը 1920 թուականի Շուշիի հայոց զանգուածային ջարդերուն եւ հայոց հինաւուրց օճախի քարուքանդ կործանումին։

Թուրք եւ թաթար ցեղասպաններու ձեռամբ աւելի քան քսան հազար անզէն հայերու սպանդը անշուշտ անպատասխան չմնաց․ ողջ Արցախի հայութիւնը պարզեց ապստամբութեան դրօշ եւ նոր ժամանակներ մուտք գործեց օտարի լուծէն ազատագրուելու անդառնալի ՈՒԽՏով։

Յուշատետրի փոստը ներկայացուցած է պատմական ամփոփ տեղեկանք եւ մէջբերած է վկայութիւն՝ անարգ թշնամիին հետապնդած դիտաւորութիւններուն եւ նպատակին մասին, ԱՐՑԱԽԸ ՀԱՅԱԹԱՓ ԸՆԵԼՈՒ ԵՒ ԻՒՐԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ՍԱԴՐԱՆՔԻՆ ՄԱՍԻՆ։

Բարի լոյս՝ հարիւր տարուան հեռաւորութենէն Շուշիի ԵՂԵՌՆԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆը ոգեկոչելու, Արցախի ԻՐՈՂԱԿԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄը ամրապնդելու եւ դէպի գալիքը հաստատաքայլ յառաջանալու յաղթարշաւը նուաճած ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ։

Անշուշտ քորոնավիրուսի կողմէ պատանդ վերցուած ողջ երկրագունդի այսօրուան ախտավարակ վիճակին մէջ, դժուար է սիրտ գտնել՝ խոկալու անցեալի դասերուն ու գալիքի անելիքներուն մասին, երբ ՆԵՐԿԱՆ – ոտքի մատներէն մինչեւ գլխու մազերը – բոլորս նետած է «Անհեթեթի թատրոն»ի յառաջապահ Սամուէլ Պեքէթի նկարագրած «Սպասելով Կոտոյին» հոգեվիճակին մէջ․․․

Ողջ մարդկութեան հետ բոլորս ալ – անհատապէս թէ հաւաքաբար – մեկուսացման մէջ պաշտպանուելու զգուշաւորութեան դատապարտուած ենք։

Բայց որոշապէս հայերս այն փոքր, բայց մեծ գործերու ընդունակ ածուն ենք, որ «Կոտոյին սպասելու» սիրտ չունի, որովհետեւ իր գոյութեան իրաւունքն ու արդարութիւնը նուաճելու համար՝ ՀԱՅԸ ԱՅՐԱԾ Է ՍՊԱՍՈՒՄԻ ԿԱՄՈՒՐՋՆԵՐԸ։

Ինքնամեկուսացման մէջ անգամ ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒՆ համար դադար ու հանգիստ չի ճանչնար ՑԵՂԱՍՊԱՆԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ ՅԱՐԱՏԵՒ ԿՌԻՒը, որու յաղթանակին անփոխարինելի երաշխիքը Ազգի ու Հայրենիքի ամբողջական ազատագրումն է։

Բարի լոյս՝ հարիւր տարի առաջ ծանրագոյն զոհերու եւ կորուստներու գնով Արցախի հայութեան մէջ արմատաւորուած ՅՍՏԱԿԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ, որ բոլորիս սորվեցուց, թէ միշտ արթուն պէտք է հսկել մեր իրաւունքին եւ արդարութեան անվտանգ պահպանումին, այլեւ անարգ թշնամիէն պէտք է խլել ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ ՈՒ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆը անակնկալի բերելու եւ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՐՈՒԱԾը հասցնելու նախաձեռնարկի հնարաւորութիւնը․․․

Իրաւունք չունինք սպասելու, որ դանակը ոսկորին հասնի․․․

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – 22 Մարտ 2020

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail