ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Մենք հանդէս ենք գալիս որպէս ախտահանողներ – Մենք հանդէս ենք գալիս որպէս ախտահանողներ

Մենք հանդէս ենք գալիս որպէս ախտահանողներ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Մենք հանդէս ենք գալիս որպէս ախտահանողներ – Մենք հանդէս ենք գալիս որպէս ախտահանողներ

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Մենք հանդէս ենք գալիս որպէս ախտահանողներ»

26 Մարտ 2020

Բարի լոյս՝ ժամանակի ոգիին հետ քայլ պահող հեռատեսներուն, որոնք անցեալի ԱՒԱՆԴը չեն նկատեր իր դարը ապրած եւ սպառած ԲԵՌ, այլ զայն ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԼՈՎ՝ գալիք սերունդներուն կը յանձնեն իբրեւ անկորնչելի ՄՂԻՉ ՈՒԺԸ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ։

Իսկ նոր բարի լոյս՝ բոլոր այն կարճատեսներուն, որոնք առաւօտ մը կ՚արթննան եւ յանկարծ կ՚անդրադառնան, որ սպառած են իրենց ժամանակը՝ յանուն ՆՈՐին – անծանօթ ու անորոշ, անվէմ ու անդէմ ՑՆՈՐՔին – դարերուն դիմացած յենասիւններով կոթողները քանդելով եւ, փոխարէնը, սպասելով․․․ աւազի վրայ դղեակներու կառուցման։

Մարտ 26ի այս օրը վախճանած է, 1958 թուին, ԱԶԱՏ ՎՇՏՈՒՆԻ գրչանունով նորագոյն հայ գրականութեան ողբերգական մէկ շրջանի խորհրդանշական դէմքերէն մէկը, որ «խորհրդային մարդ», «խորհրդային ժողովուրդ», «խորհրդային հայրենիք», «խորհրդային արուեստ եւ գրականութիւն» ու նմանօրինակ՝ «ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ» այլեւայլ բաներ ստեղծելու ՑՆՈՐԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ զոհ դարձուց իրեն շնորհուած բանաստեղծական տաղանդը։

Յուշատետրի փոստով եւ քաղուածաբար արտատպուած վկայութեամբ մը՝ ընդհանուր գաղափար մը փոխանցուած է «ԽՈՐՀՐԴԱՅՆԱՑՄԱՆ ՉԱՐԻՔ»ին գործած աւերին մասին՝ թէ՛ ընդհանապէս հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան, թէ՛ հայ գրականութեան յառաջընթացը խանգարելու առումներով։

Բարի լոյս՝ Ազգի ու Հայրենիքի, այլեւ հանուր մարդկութեան հազարամեակներու քիրտ ու մաքառումով նուաճած ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ իբրեւ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՍՐԲՈՑ փարելու եւ, գնայուն արժէքներու եւ հեշտանքներու դէմ, մնայուն հարստութիւններն ու վայելքները ոգի ի բռին պաշտպանելու ՔԱՂԱՔԱԿՐԹԱԿԱՆ ՈԳՈՐՈՒՄԻՆ։

Յատկապէս ողջ երկրագունդը զարհուրանքի մատնած համաճարակային ԱՂԷՏի այս օրերուն՝ վերապրելու եւ գոյատեւելու առիթին արժանացողները ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆը թող ունենան իրենց հասած քաղաքակրթական անեզր հարստութեան հետ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՄԲ վարուելու։

Մասնակին ու ժամանակաւորը, հեշտն ու շռայլը ի վերջոյ չեն արժեր այնքան, որ ամէն քայլափոխի սերունդներու ԿՈՒՏԱԿԱԾը եւ ԿՏԱԿԱԾը այսպէս մսխելով ու փոշիացնելով՝ մեծ ու հզօր եւ փոքր ու տկար պետութիւններով եւ բոլոր-բոլորով կոտրած տաշտակով ԱՆՃՐԿԱԾ կանգնինք ինչ որ․․․ քորոնավիրուսի առջեւ։

Բարի լոյս՝ ամէն օր ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐը լուրջի առնելու ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՄԲ պայծառ արեգակը ողջունողներուն։

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Մենք հանդէս ենք գալիս որպէս ախտահանողներ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail