ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Թուրքական պառլամենտի անդամը անցնում է Թուրքիայի դարաւոր ոխերիմ թշնամու կողմը՝ Թուրքիայի դէմ կռուելու համար
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Թուրքական պառլամենտի անդամը անցնում է
Թուրքիայի դարաւոր ոխերիմ թշնամու կողմը՝
Թուրքիայի դէմ կռուելու համար»
27 Մարտ 2020
Արդէն եկել հաւաքուել էին դաշնակցական բոլոր հռչակաւորները։
Երբ ես Թիֆլիս եկայ, արդէն այնտեղ էր բազմահռչակ Անդրանիկը, որ յետոյ մի ժողովի մէջ, զինուորի պարզամտութեամբ պատմում էր, թէ ինքը Վառնայի մօտ իր փոքրիկ հողամասն էր մշակում, երբ առաջարկ ստացաւ Կ․Պոլսի դաշնակցական կոմիտէից՝ անմիջապէս մեկնել Կովկաս եւ իրեն դնել Թիֆլիսի կոմիտէի տրամադրութեան տակ։
Թիֆլիսում էին Քեռին եւ ուրիշները, շուտով եկաւ եւ Համազասպը, որ Սիպիր էր աքսորուած։ Կ․Պոլսից եկաւ նաեւ Գարեգին Փաստրմաճեանը (Արմէն-Գարօ)՝ օսմանեան պառլամենտի անդամը։
Այս մարդուն շատ լաւ էինք ճանաչում Թիֆլիսում։ Մի համեստ, շատ սիրելի եւ անուշ բնաւորութեան տէր էր՝ չօժտուած առանձին մեծ արժանաւորութիւններով։ Բախտը տուել էր նրան իբրեւ տեռորիստ յայտնի դառնալու մի յաջող դէպք․ նա 1896ին Բանկ-Օթոմանը գրաւած հերոսներից էր։ Եւ ահա մօտ 20 տարի այդ փառքի անցնելուց յետոյ՝ Արմէն-Գարօն թողնում էր պառլամենտական խաղաղ նստարանը, նորից ընդգրկելու արեան արհեստը։ Նա Թիֆլիս էր եկել կամաւորական խմբերից մէկի գլուխն անցնելու համար։
Աւելի մեծ անտակտութիւն Դաշնակցութիւնն իր կեանքում չէր արել։ Ոչ մի բան այնքան չկատաղացրեց երիտթուրքերին, որքան այն հանգամանքը, որ թուրքական պառլամենտի անդամը անցնում է Թուրքիայի դարաւոր ոխերիմ թշնամու կողմը՝ Թուրքիայի դէմ կռուելու համար։
Հայերի պետական դաւաճանութեան ապացոյց է այն լուսանկարը, որ ներկայացնում է պառլամենտի այդ անդամին՝ իր զինուորների հետ։ Եւ այդ փոքրիկ մարդն իր փոքրիկ փառասիրութեամբ, ով գիտէ, որքան ուժ է տուել այն ձեռքին, որ ստորագրում էր թշուառ թուրքահայութեան բնաջնջման վճիռը։
Զարհուրելի է այս մասին մտածելն անգամ։
Տես՝ Լէօ, «Անցեալից»։
https://books.google.gr/books…
*
* *
Բարի լոյս՝ մեր ուղին անցեալի խարխափումներու եւ անկումներու բեռէն ձերբազատելու, ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ եւ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ հունով դէպի յառաջ մղելու ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐին։
Բարի լոյս՝ հայոց այսօրուան դեդեւումներու եւ կաղացումներու խորքին, ՀԱՏՈՒԱԾԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԱՆՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ արատները տեսնող եւ անոնց յաղթահարման ձգտող ԴԱՇՆԱԴՐՈՒՄԻ ՈԳՈՐՈՒՄՆԵՐՈՒՆ։
Մարտ 27ի այս օրը, 1923ին, վախճանած է Հայկական Յեղափոխութեան ԱՍՊԵՏԱԿԱՆ ՈԳԻՆ խորհրդանշող ԱՐՄԷՆ ԳԱՐՕն, որու ազգային-քաղաքական ԱՒԱՆԴին ոգեշնչող ու միաւորող ՆԵՐՈՒԺը հայ քաղաքական միտքը չկրցաւ, այլեւ չուզեց սերունդներուն ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՈՒՂԵՑՈՅՑ դարձնել ըստ արժանւոյն։
Յուշատետրի փոստը լուսարձակի տակ առած է յիսուն տարեկանին Ազգի եւ Հայրենիքի ԽՈՐ ՑԱՒՈՎ խոցուած եւ ինկած ՄԵԾ ՈՒ ԱՆՄԱՀ ՀԱՅ ՀԵՐՈՍԻՆ կատարած Արութեան Գործերը։
Իսկ ամէնօրեայ խոկումի այս սիւնակով հաշուեյարդար կատարենք եւ իրարու հարց տանք, թէ ինչո՛ւ մենք բոլորս՝ մեր կազմաւորումով, դաստիարակութեամբ թէ հոգեկերտուածքով, մինչեւ այսօր ի վիճակի չենք եղած միեւնոյն պրիսմակով արժեւորելու ԱՆԿՈՐՆՉԵԼԻ ՎԱՍՏԱԿը Հայաստանի եւ Հայութեան ԱՆԿԵՂԾ ԶԻՆՈՒՈՐԻՆ։
Յատկապէս Արմէն Գարօ Դաշնակցութեան մէջ գործած եւ ղեկավար դերակատարութիւն ունեցած այն ԴԷՄՔն է, որ մահուան բերմամբ եւ ըստ ամենայնի չտեսաւ, հետեւաբար եւ չճաշակեց դառնագոյն բաժակը 1921էն սկսեալ հայ քաղաքական միտքը երկփեղկած գաղափարական թունաւոր հակադրութիւններուն եւ պայքարներուն։
Բարի լոյս՝ հայ քաղաքական միտքը միաւորող արժէքները ոգեշնչման աղբիւրի վերածելու, իսկ զիրար հակադրութեան մղող ազգային-քաղաքական տարակարծութիւններն ու գաղափարական վէճերը անաչառութեամբ համադրելու եւ ներդաշնակութեան առաջնորդելու ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԶԳՕՆՈՒԹԵԱՆ։
Արմէն Գարօ միայն զոհաբերութեամբ եւ հերոսութեամբ անցաւ հայոց պատմութեան քառուղիներէն եւ ոչ մէկ ԼԷՕ իրաւունք պէտք է վերցնէ թունաւորելու մեր սերունդներու հաւաքական յիշողութիւնը՝ ցեխարձակման թիրախ դարձնելով Արմէն Գարօ ԱՆԲԱՍԻՐ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆԸ։
Դժբախտաբար մեր շուրջ եւ մեր օրերուն դեռ կ՚ապրին Լէոյի վերապրուկները, որոնք կամայ թէ ակամայ ջուր կը լեցնեն ջաղացքին նաեւ իրենց հակադիր բեւեռի բոլոր պատեհապաշտներուն, որոնք ինչպէս հեռաւոր անցեալին՝ նաեւ այսօր կը շարունակեն հայ քաղաքական մտքի երկփեղկման մէջ փնտռել իրենց պատուանդանը՝ անցեալի ԱՐԺԱՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒ հաշւոյն սեփական ասպարէզ ապահովելու ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԵԱՄԲ։
Բարի լոյս՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՍՊԵՏՈՒԹԵԱՆ բոլոր ՀԱՒԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք դարձուցած են ամօթալի էջը ՓԱՌՔԻ ՎԱՇԽԱՌՈՒՆԵՐՈՒՆ եւ, ինքնամաքրման ուղիով, լծուած են նորահաս սերունդներուն ամէն բանէ անդին ՀԱՅ ԸԼԼԱԼՈՒ ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆը ներշնչելու աշխատանքին։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ