ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Ընկեր ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆի առեւանգումով՝ Խոցեցին մեզ ուղղակի մեր ողնաշարէն

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – 28 Մարտ 2020 Ընկեր – ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Ընկեր ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆի առեւանգումով՝ Խոցեցին մեզ ուղղակի մեր ողնաշարէն

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Ընկեր ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆի առեւանգումով՝
«Խոցեցին մեզ ուղղակի մեր ողնաշարէն»

28 Մարտ 2020

Բարի լոյս՝ ինքնահաւատարմութեամբ կեանքը իմաստաւորող այն բոլոր հայորդիներուն, որոնք իրենց սրտին ու մտքին մէջ այսօր երկիւղածութեամբ մոմ կը վառեն եւ երախտագիտութեամբ խունկ կը ծխեն գաղափարի աննկուն մարտիկ ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆի յիշատակին։

Մարտ 28ի օրը, 35 տարի առաջ, Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի արեւմտեան շրջանին մէջ, Ճեմարանի անմիջական մերձակայքը, իր ինքնաշարժով ու ընկերակից-վարորդով, առեւանգուեցաւ եւ ցարդ լրիւ չբացայայտուած պայմաններու մէջ մեր ժողովուրդէն առյաւէտ խլուեցաւ ՀԱՅ ԴԱՏի պայքարին ՂԵԿԱՎԱՐ ԴՐՕՇԱԿԻՐը։

Յուշատետրի փոստով եւ առանձին տրուած վկայութեան խօսքով՝ լուսարձակի տակ բերուած են կեանքն ու վաստակը, յատկապէս ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆը Հ․Յ․Դ․ ղեկավարութեան պանթէոնի արժանաւոր ԱՆՄԱՀին։

«Յուսաբեր»ի խմբագրութենէն մինչեւ «Ազդակ»ի եւ «Դրօշակ»ի խմբագրապետութիւն, անցնելով Այնճարի «Յառաջ» Գոլէճի տնօրէնութեան դիրքէն իր ջամբած սերունդներու հայեցի դաստիարակութենէն եւ, ի պսակումն իր ԾԱՌԱՅԱԿԱՆ յաղթարշաւին, հասնելով Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի Կ․Կոմիտէի հերթապահութեան ու, հուսկ, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամակցութեան՝ ԸՆԿԵՐ ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ արժանաւորապէս նուաճեց ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐի պատուանդանը։

Բարի լոյս՝ համացանցի վրայ այսօր ընկեր Զէյթլեանի ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴով Հայաստանի ու հայութեան ԻՆՔՆԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ու ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ ուղին հարթելու ճանապարհներ որոնող հայ քաղաքական մտքի երախտաւորներուն։

Գաղափարական իր կողմնորոշումներով եւ Ազգի ու Հայրենիքի ամբողջական ազատագրութեան ՈՒՂԻՆ ՀԱՐԹԵԼՈՒ իր անկաշառ ԻՆՔՆԱՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՄԲ՝ ընկեր Զէյթլեան նաեւ այսօր ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ մեր երթին ՅԱՌԱՋԱՊԱՀ ՄԻՏՔն է։

Անձնապէս շատ ուշ հնարաւորութիւնը ունեցայ մօտէն ճանչնալու, ամէնօրեայ շփում ունենալու, նաեւ իր կեանքի վերջին տարիներուն՝ 1982էն 1985, «Դրօշակ»ի խմբագրութեան մէջ կրտսեր գործակիցը ըլլալու ընկեր Զէյթլեանի։

Բայց այդ երեք տարիները բաւարար եղան, որպէսզի ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ մէջ իրարմէ հեռու ապրուած մեր կենսափորձի կորսուած ժամանակը լեցնելու ծայրագոյն կեդրոնացումով՝ ընկեր Զէյթլեան իր վրայ վերցնէ մէջս «ԴՐՕՇԱԿ»Ի ԽՄԲԱԳԻՐԻ ԻՐ ՄՏԱՊԱՏԿԵՐԸ ՄՇԱԿԵԼՈՒ ԵՒ ԱՐՄԱՏԱՒՈՐԵԼՈՒ գաղափարական ինքնաբուխ պատասխանատուութիւնը։

Բարի լոյս ու միայն երախտագիտական խոնարհում՝ ՑԵՆԶին առջեւ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԴՐՕՇԱԿԻՐին, որու ողբերգական վախճանին 35րդ տարելիցն է այսօր։

Ի վերջոյ՝

«Դաշնակցութիւնը 1985ի Մարտ 28ին հարուածող վատոգիներն ու անարգները․․․ խոցեցին մեզ՝ ուղղակի մեր ողնաշարէն»։

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – 28 Մարտ 2020 Ընկեր – ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail