ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Մարդ կայ, որ հազար արժէ, Հազար կայ, որ մէկ չարժէ, Այն մարդն, որ հազար արժէ, Անգէտին մօտ փող մի չարժէ

Art-A-Tsolum – Depictions of Agriculture – 7,500 years old petroglyphs of ukhtasar mountains armenia

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Մարդ կայ, որ հազար արժէ, Հազար կայ, որ մէկ չարժէ, Այն մարդն, որ հազար արժէ, Անգէտին մօտ փող մի չարժէ

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Մարդ կայ, որ հազար արժէ,
Հազար կայ, որ մէկ չարժէ,
Այն մարդն, որ հազար արժէ,
Անգէտին մօտ փող մի չարժէ»

29 Մարտ 2020

Բարի լոյս՝ սէգ ճակատին ՆԱՀԱՊԵՏ ՔՈՒՉԱԿի, որ իր անմահ «ՀԱՅՐԷՆՆԵՐ»ով յաւերժ թեւածող երգի վերածեց մեր ժողովուրդի սրտին բաբախումները՝ ամենայն պարզութեամբ, հարազատութեամբ ու խորութեամբ։

Բարի լոյս՝ հայոց հինաւուրց աշխարհի սէրն ու կարօտը պանդուխտ հայու անմար կրակով ջերմացուցած, գեղեցկացուցած եւ հայոց սերունդներուն իբրեւ անկորնչելի ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ կտակած մեր տաղերգակներուն՝ աշուղներուն եւ գուսաններուն, որոնց արժանաւոր ՆԱՀԱՊԵՏն է Նահապետ Քուչակ։

Յուշատետրի փոստով նախաճաշակ մը փոխանցուած է Քուչակի ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԱԿԱՆ զուլալ աղբիւրին մասին, որու ՄՏԵՐՄՈՒԹԵԱՆ ԾՈՑին կրնայ անձնատուր ըլլալ բոլոր ժամանակներու հայ մարդը՝ կեանքի իր ուրախ թէ տխուր, յուսահատ թէ գօրեպինդ պահերուն։

Բարի լոյս՝ հայոց երգերուն մէջ միայն թախիծ եւ մելամաղձոտութիւն գտած հոգիներուն առջեւ ՎՃԻՏ եւ ԶԳԱՅՈՒՆ ՍԻՐՈՅ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐԸ ԲԱՑՈՂ լուսապսակ Քուչակին, անոր «Հայրէններ»ուն փոխացած գողտրիկ, այլեւ մնայուն զգայնութիւններուն․-

«Քանի՜ ու քանի՜ ասեմ,
վարդ մի՛ սիրեր, փուշ ունի,
Գընայ՝ մանուշակ սիրէ,
փուշ չունի, անուշ հոտ ունի,
Վարդըն բացուած մի՛ սիրեր,
որ գայ ի ծոցըդ թառամի,
Վարդըն պուլպուլիկ սիրէ,
որ գայ ի ծոցըդ ու բացուի»։

Իր ժամանակին երգիչն է միանգամայն Նահապետ Քուչակ, որ Հայաստան աշխարհը ասպատակած՝ աւերած ու աւարած տափաստանային խուժաններու եաթաղանին դէմ ԵՐԳԵԼՈՎ ՄԱՀՈՒԱՆ ՅԱՂԹԵԼՈՒ ուղին լուսաւորեց։

Որոշապէս քորոնավարակի համաճարակին դէմ անզօրութեան մատնուած ինքնամեկուսացած հայուն եւ ընդհանրապէս մարդ էակին համար՝ Նահապետ Քուչակի մտերմութեան մէջ զօրանալու եւ գալիքին հոգու խաղաղութեամբ նայելու պատեհութիւնը ունինք այս պահուն։

Բարի լոյս կեանքին՝ Քուչակի հետ երգելով․-

«Մարդ կայ, որ հազար արժէ,
Հազար կայ, որ մէկ չարժէ,
Այն մարդն, որ հազար արժէ,
Անգէտին մօտ փող մի չարժէ»։

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – 29 Մարտ 2020 – Մարդ կայ, որ հազար

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail